|
Փոխարժեքներ
09 01 2026
|
||
|---|---|---|
| USD | ⚊ | $ 381.39 |
| EUR | ⚊ | € 445.43 |
| RUB | ⚊ | ₽ 4.7442 |
| GBP | ⚊ | £ 512.86 |
| GEL | ⚊ | ₾ 141.58 |
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կոչ ըրած է ամերիկահայերուն, որ դիմեն իրենց շրջանի ծերակուտականներուն եւ Ներկայացուցիչներու տան անդամներուն, որպէսզի անոնք դէմ դնեն յատկապէս Արցախի ականազերծման նպատակին տրամադրուելիք ամերիկեան օժանդակութիւնը կրճատելու կառավարութեան փորձին։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ #SaveArtsakhAid արշաւին միանալու այս դիմումին իւրայատուկ կերպով իր մասնակցուիւնը բերած է 15ամեայ Լոռի Թալերօ Գազանճեան, որ 90 երկվայրկեաննոց տեսանիւթով մը կը բացատրէ, թէ Միացեալ Նահանգներու 2021ի ամավարկին մէջ Արցախին առնուազն 1․5 միկլիոն տոլար տրամադրելը կենսական է շրջանի բնակչութեան ապահովութեան համար։
Լոռին անդամ է Սան Ֆերնանտօ հովիտի ՀԵԴի Կրտսերներու «Սարդարապատ» մասնաճիւղին։
Տեսանիւթը դիտելու համար այցելել anca.org/JoinLori կայքէջը, իսկ Արցախի եւ Հայաստանի համար ամերիկեան յաւելալ աջակցութիւն ապահովելու Հայ Դատի ջանքերուն կարելի է ծանօթանալ՝ այցելելով anca.org/aid կայքէջը։
Նշենք, որ Արցախի եւ Հայաստանի համար ամերիկեան յաւելալ աջակցութիւն ապահովելու Հայ Դատի առաջարկներուն կը զօրակցին առաւել քան 30 ծերակուտականներ եւ Ներկայացուցիչներու տան 75 անդամներ։