Փոխարժեքներ
21 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Ֆրանսայի Հայ Դատի յանձնախումբը յայտնեց, թէ 9 Նոյեմբերի գիշերը ստորագրուած հրադադարը չի լուծեր Լեռնային Ղարաբաղի հայոց հարցը, ուրեմն պէտք է շարունակուի զօրաշարժը:
Յանձնախումբը հաղորդագրութեամբ մը իր անսահման երախտագիտութիւնը կը յայտնէ հայկական դիմադրականութեան բոլոր մարտիկներուն, որոնք՝ ուժերու աղաղակող անհաւասարութեան պայմաններուն մէջ, վճռակամօրէն դէմ դրին թշնամիին յարձակումներուն եւ պահպանեցին հայաբնակ հողերը: Նույն ժամանակ, յանձնախումբը կը դատապարտէ ոճրագործ կրաւորականութիւնը արեւմտեան գերտէրութիւններուն, որոնք թոյլ տուին, որ աատրպէյճա-թրքական դաշինքը պարտադրէ իր օրէնքը եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ գործէ պատերազմական ոճիրներ, որոնք հաստատուեցան եւ ապացուցուեցան: Ըստ Ֆրանսայի Հայ դատի յանձնախումբին ատրպէյճանական բանակի շարքերուն մէջ ճիհատականներու ներկայութիւնը պէտք է ոչ միայն դատապարտութեան արժանանար, այլ նաեւ՝ պայքար մղուէր: Ակներեւ դարձաւ, որ բռնապետութիւնները աւելի հզօր են քան ժողովրդավարական վարչակարգերը, եւ հայ բնակչութիւնները լքուեցան իրենց ճակատագիրին, ինչպէս 1915ի Ցեղասպանութեան ընթացքին:
Ինչ կը վերաբերի հրադադարին՝ Ֆրանսայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաստատէ, որ անիկա ընդունուեցաւ ռազմական սպառնալիքի պայմաններու տակ, ի հակադրումն Լեռնային Ղարաբաղի հարցի կարգաւորման՝ Մինսքի խումբի հիմնարար սկզբունքներուն, որոնք կը բացառեն բռնութիւնը: Այդ առումով՝ այս փաստաթուղթը հիմնական թերութիւն մը ունի:
Այս ամբողջին լոյսին տակ, Ֆրանսայի Հայ Դատի յանձնախումբը կոչ կ՛ընէ ժողովրդավար երկիրներուն, որոնք լքեցին հայկական բնակչութիւնները, իրենց մեղքը քաւելով՝ ճանչնալու Արցախի կառավարութեան օրինականութիւնը: Նախ եւ առաջ, անմիջապէս կը դիմէ Ֆրանսայի իշխանութիւններուն, որ ճանչնան Արցախի Հանրապետութիւնը, դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատեն անոր իշխանութիւններուն հետ եւ ապահովեն Ստեփանակերտի մէջ հիւպատոսական ներկայութիւն: Յանձնախումբը կոչ կ՛ընէ նաեւ խորհրդարանական խմբակցութիւններուն՝ շուտով արձագանգելու երեսփոխաններ Կի Թեսիէի եւ Ֆրանսուա Փիւփոնիի՝ Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման մասին բանաձեւին:
ՓԱՐԻԶ, «Նոր Յառաջ»