կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-03-05 23:31
Աշխարհ

Հարցազրոյց Պօղոս Սնապեանին Հետ. 1979

Հարցազրոյց Պօղոս Սնապեանին Հետ. 1979

Հանդիսութիւնը կայացաւ մարտ ամսուան ընթացքին (յուսամ` չեմ սխալած): Տօնախմբութիւնը սոսկ ներմիութենական չէր, այլ շրջանի բազմաթիւ միաւորներէն ստուար թիւով ներկաներ կային: Այդ ժամանակաշրջանին հազուադէպ էին այդպիսի հաւաքներ:

Սրտերն ու հոգիները լեցուած էին ջերմութեամբ:

Հանդիսութիւնն ու բանախօսութիւնը անցան շատ ջերմ ու յաջող:

Յաւակնոտութիւնը չունիմ ընկեր Պօղոս Սնապեանը այս համեստ գրիչով ներկայացնելու: Իր գործակիցները եւ տարեկիցները աւելի մօտէն ծանօթ են իրեն: Եթէ բաւարար չափով չեն ներկայացուցած զայն, գալիք օրերը կը սպասենք անոնց գրիչներուն: Սակայն միայն մէկ բան ընդգծեմ:

ԿԱՐՕ Վ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Անոր` ընկեր Սնապեանի բամբ ձայնը սքանչելիօրէն ցոլացուց իր պայծառ մտքով մշակած գաղափարները. ներկաները կարծես հիփնոսացած ու կախարդուած էին:

Յետ հանդիսութեան նորակազմ խմբագրական կազմս բանախօսին հետ հարցազրոյց մը ունեցանք:

Անժխտելի իրականութիւն է, որ մեր երեք հոգինոց «խմբագրութիւնը», այդ մարզին ծանօթութենէ զուրկ, «Կորիզը» հրատարակելու դողդոջուն փորձ մը ըլլալով` տատամսոտ ու վարանոտ ձեւով կը տանէինք ասուլիսը. ընկեր Պօղոսէն միայն սորվելիք ունէինք… եւ անոր հայեացքէն ու ուշադրութենէն չվրիպեցաւ այդ մէկը:

Մթնոլորտը աւելի քան ջերմ էր: Հակառակ յոգնաբեկ ըլլալուն, անսահման համբերութեամբ կ՛արձագանգէր մեր հարցումներուն ու խարխափումներուն:

Ջերմութիւնը այնքան բարձր էր, որ ան իր սիրտն ու հոգին բանալով մեր առջեւ` պատմեց մեզի, թէ ինչպէ՛ս դուրս եկած կամ հեռացուած էր ՀՅ Դաշնակցութենէն եւ տասնութը տարիներ դուրս մնացած էր իր ընտանիքի ջերմ յարկէն` ՀՅԴ-էն:

Այո՛, անոր սիրտն ու հոգին կը յորդէին ջերմութեամբ, երբ մանրամասնեց կատարուածը` որպէս դաստիարակիչ օրինակ:

«Նայիրի» գրական պարբերականի ողնայար Անդրանիկ Ծառուկեանին եւ Եդուարդ Պոյաճեանին հետ միասին կը հրատարակէինք պարբերականը` որպէս խմբագիրներ, յօդուածագիրներ եւ այլն: Պարբերականը ունէր բաւական լուրջ դժուարութիւններ, իսկ մեր ծարաւ հոգիները ակնկալութիւններ եւ պահանջներ ունէին, նախ մենք մեզմէ` սփիւռքահայ մտաւորականութենէն, հայ ազգէն… եւ` ՀՅ Դաշնակցութենէն, երբ յանկարծ Գահիրէէն Պէյրութ եկաւ ընկեր Վահան Նաւասարդեանը:

Մենք, մեր կարծիքով, գտած էինք կարծես մեր պահանջներուն գոհացում տուող ղեկավարը:

Փափաք յայտնեցինք զինք տեսնել: Ընդառաջեց, եւ երեքս գացինք ժամադրավայրը` հանդիպումի:

Երկար-բարակ խօսեցանք: Բացինք մեր պահանջներու «տետրակը», համբերութեամբ ունկնդրեց մեզ, լսեց մեր մեղմ ու բորբ արտայայտութիւնները, ուստի նաեւ` մեր պահանջները, որոնք կը հասնէին կարմիր գիծերուն, երբեմն նոյնիսկ` անկէ անդին անցնելով:

Խօսակցութիւնը շիկանալով` հասաւ այնտեղ, երբ Ծառուկեանը սպառնալիք կարդաց.

– Եթէ մեր պահանջներուն գոհացում չտաք, մենք ալ Դաշնակցութենէն դուրս կու գանք:

Այժմ չեմ կրնար բացատրել, թէ Ծառուկեանը ինչո՞ւ ինքն իրեն թոյլ տուաւ այդպէս արտայայտուիլ: Արդեօք ինչո՞ւ ինքն իրեն արտօնեց սպառնական ոճով խօսիլ կուսակցութեան մը եւ անոր գլխաւոր ղեկավարին հետ, որ կուրծք տուած էր Օսմանեան թէ Խորհրդային կայսրութեանց դէմ` անտեսելով անոնց ոչ միայն սպառնալիքները, այլեւ անոնց մահաբոյր քայլերը` միշտ անոնց դէմ պայքարելով ի շահ հայ ազգին:

Պատասխանը չուշացաւ.

– Ընկերնե՛ր, ձեզի պէս հարիւրներ ու հազարներ անդամակցած են այս կուսակցութեան, սակայն չդիմանալով անոր իրականութեան` դուրս եկած են եւ` ուծացած:

Եւ այսպէս, երեքս դուրս եկանք մեր սեփական տունէն` ՀՅԴ-էն:

Ճամբան, երբ կ՛ուղղուէինք դէպի խմբագրատուն, Անդրանիկ Ծառուկեան երկու-երեք քայլ կ՛առնէր ու կանգ առնելով` կը կրկնէր անդադար.

– Տo՛, մենք գացինք պահանջներ ներկայացնելու եւ ոչ թէ Դաշնակցութենէն դուրս գալու: Այս ի՞նչ եւ ինչպէ՞ս եղաւ:

Ու այդպէս, ոլոր-մոլոր, թախծոտ հասանք խմբագրատուն:

Եւ մենք հեռացանք ու հեռացուեցանք Հայ յեղափոխական դաշնակցութենէն:

Կարճ ժամանակ ետք ընկերս` համագիւղացի Պոյաճեանը, չդիմանալով դուրսի «ցուրտին», զղջումնագիր-աղերսագիր տալով` վերադարձաւ շարքերը:

«Նայիրի»-ի խմբագրատունը մնացինք երկուքով` Ա. Ծառուկեանն ու ես:

Ամիսներ անցան, ու խմբագրատուն սկսան այցելել, սողոսկիլ, խորհրդային դեսպանատունէն պաշտօնեաներ թէ պատասխանատուներ. մէկ խօսքով` կասկածելի անձնաւորութիւններ:

Իմ նկատողութիւններս` Ծառուկեանին, թէ այսպիսիներուն հետ մենք գործ ունենալու չենք, անպատասխան մնացին, եւ Ծառուկեան անդրդուելի շարունակեց այդպէս: Գիտցածէն ու չգիտցածէն ետ չմնաց:

Զինք համոզելու փորձերս ամուլ մնացին ու անհնար:

Այդ պարագային ինծի կը մնար կապերս խզել «Անդրանիկ»-ին ու «Նայիրի»-ին հետ:

Չերկարեմ. այդպէս ես տասնութ տարիներ դուրս մնացի իմ պաշտած կուսակցութենէս, իմ տունէս, ընտանիքէս, սակայն` հաւատարիմ մնալով անոր, իմ դաւանած սուրբ գաղափարներուն:

Չմոռնանք, որ ժամանակաշրջանը կը յատկանշուէր թունդ հակադաշնակցական սուր ու կոյր պայքարով, թոյնով ու մոլուցքով… 1958 տխուր թուականն ալ եկաւ մթնոլորտը կարմիր արեամբ ներկելու:

Սակայն ես հաստատ մնացի իմ գաղափարական դաւանանքիս` ՀՅԴ-ի ծրագրին-կանոնագրին, եւ իմ իմացած ու չիմացած անոր որոշումներուն, թէեւ… շարքերէն դուրս:

Կը գրէի ու հրապարակաւ կը պաշտպանէի ՀՅԴ-ն, անոր գաղափարաբանութիւնը, որոշումները, կեծուածքները, թեզերը, եւ որպէս լեռնականի կարծր բնաւորութեան տէր անձ` իմ մտքերս ու մտածումներս կը յայտնէի անձնական հրատարակութիւններով, փոքր գրքոյկներով թէ պրակներով…

Եւ այնպէս պատահեցաւ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան տօնին` պաշտելի մայիս 28-ի մասին եւ անոր պաշտպանական ու գովական տողերով յագեցած պրակ մը հրատարակած էի. օրուան պատասխանատուն, կուսակցութեան գլխաւորը (անունն ու հանգամանքը չյիշեց… Կ. Մ.), կանչեց զիս ու լուրջ ոճով մը ըսաւ.

– Պօղո՛ս, ա՛լ կը բաւէ, մի՛ յամառիր, դուն գիտես, թէ ինչպէ՛ս պիտի վերադառնաս քու տունդ:

Եւ ես վերադարձայ ՀՅԴ-եան շարքերը` իր կանոնագիրին տարրն ու ոգին յարգելով:

Խօսքը ընկեր Պօղոսը մեզի ուղղելով` գոչեց.

– Տղա՛ք, ձեզի կ՛ըսեմ, թէ ան, որ չի կրնար իր սեփական «ես»-ը ձգել ու նետել ՀՅԴ-ի ոտքերուն տակ, հաւաքական ոտքերուն տակ, ան չի կրնար դաշնակցական ըլլալ ու մնալ: Կուսակցութիւնն է մեր «ես»-ը, եւ ոչ թէ` անհատական «ես»-ը:

Պօղոս Սնապեան

Ընկեր Պօղոսը հաւանաբար Նիկոլ Աղբալեանի «Մտածումներ»-ու եւ անոր դասախօսութիւններու միտքն ու գիրը ի մտի ունէր:

Այս բոլոր վերյիշելով` խթան մը զգացի վերստին կարդալու Աղբալեանի «Մտածումներ» գրքոյկը, որ կարծես մերօրեայ փուլին համար գրուած է: Վերստին կարդացի ընկեր Հրաչ Տասնապետեանի «Ո՞վ է դաշնակցականը» պրակը:

Որքա՜ն այժմէական, որքա՜ն դաստիարակիչ:

Դառն ապրումներ կրելով կը գրեմ վերի տողերը։ Նուաստս երկիցս անցուցած եմ իմ անձնական «ես»-ը տրորելու եւ շպրտելու Դաշնակցութեան հաւաքական «ես»-ին ոտքերուն տակ:

Դաշնակցական դառնալու եւ դաշնակցական մնալու համար բաւարար չէ դաւանիլ անոր ծրագիրին, կանոնագիրին, որոշումներուն… եւ այլն: Ասոնց հետ միատեղ հարկաւոր է ունենալ անկեղծ արիութիւնը, անսակարկ արիութիւնը` սեփական «ես»-ը նետելու հաւաքական «ես»-ին ոտքերուն տակ: Այս մէկը չի նշանակեր, որ դաշնակցականը պարտաւոր է ստրկանալ կամ վիզ ծռել: Չշփոթենք: Այս գաղափարը բացատրելու համար էջեր լեցուած են Աղբալեանի կողմէ, իր մտածումներուն մէջ, որոնց վրայ չեմ յաւակնիր յաւելումներ կատարելու, կամ դաս տալու, սակայն, որպէս համեստ դաշնակցական` ուզեցի միտքս ու սիրտս բանալ ու փռել, նետել ընկերներուս առջեւ, մանաւանդ` երիտասարդ ընկերներուս:

Քեսապ
15 յունուար 2020