կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-05-29 11:22
Առանց Կատեգորիա

Հարցազրոյց պատմաբան Աշոտ Մելքոնեանի հետ

«Ախուրեան-Արաքս սահմանը չէ, որ իրաւականօրէն պէտք է համարել Հայաստան-Թուրքիա սահմանները, այլ՝ Ուիլսընեան համաձայնագրով նախատեսուած սահմանները։

Չորեքշաբթի, 27 Մայիս 2020-ին, «Հորիզոն»ի տեղեկատուական բաժանմունքը հարցազրոյց մը ունեցաւ պատմաբան, պատմական գիտութիւններու Դոկտոր-Փրոֆեսոր, Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութեան Ազգային Ակադեմիայի անդամ ու Ակադեմիայի Պատմութեան Ինստուտի տնօրէն՝ Փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեանին հետ, արծարծելով՝ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան՝ 28 Մայիս 1918-ի Անկախութիւնը։
Հարցազրոյցի ընթացքին քննարկուեցան՝ Անկախութեան օրերուն տարածաշրջանի քաղաքական ենթահողը, պատմական իրադարձութիւններն ու դերակատարները։ Արծարծուեցան նաեւ Ա. Հանրապետութեան ունեցած դերը, որպէս ներկայ Հայաստանի գոյութեան երաշխիք, ինչպէս նաեւ պատմափիլիսոփայական դասերը, որ պէտք է քաղել Ա. Հանրապետութեան օրերէն։ Հարցազրոյցի երկրորդ բաժինով քննարկուեցան Մոսկուայի եւ Կարսի պայմանագիրներուն պատմական հանգամանքները, էութիւնը, վաւերականութիւնն ու յետագայ զարգացումները։
Փրոֆեսոր Մելքոնեան նաեւ խօսեցաւ Սեւրի եւ Ուիլսընեան իրաւարար վճիռի անժամանցելիութեան եւ կարեւորութեան մասին։
Հարցազրոյցը կատարեց՝ Քրիստափոր Միքայէլեան։

«Պետականութիւնը ժողովուրդի մը կազմակերպման ամենէն բարձր ձեւերէն մէկն է։
20րդ դարի սկսզբնաւորութեան հայ ժողովուրդը գաղափարապէս այնքան հասունցած էր, որ պատրաստ էր Ազգային Պետականութիւն ստեղծելու։ 1918-ին ծնունդ առած Անկախութիւնը ունէր իր ենթահողը. Վանի ինքնապաշտպանութիւնն ու Արամ Մանուկեանի ստեղծած Ազգային Պետականութեան նախատիպը եղաւ անդրանիկ Հանրապետութեան անկախութեան երաշխիքը։ Արամ Մանուկեան հսկայական փորձ կուտակելով, 1917 թուականէն իսկ կը պնդէր Երեւանի մէջ ստեղծելու Հայաստանի Անկախ Հանրապետութիւնը»։

«Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը եղաւ այսօրուան Հանրապետութեան անմիջական նախատիպը։
Ա. Հանրապետութիւնը այնքան զօրաւոր գաղափարական հիմք ունէր, որ Խորհրդային Հայաստանն ու ներկայ Հայաստանը որդեգրեցին անոր պետական կառոյցները, Սահմանադրութիւնն ու Ազգային մտածելակերպի յատկութիւնները»։

Առավել մանրամասն՝ տեսանյութում.