կարևոր
0 դիտում, 10 տարի առաջ - 2014-06-24 13:04
Առանց Կատեգորիա

Որպէս Պսակ Պօղոս Սնապեանի Շիրիմին

Որպէս Պսակ  Պօղոս Սնապեանի Շիրիմին

Պօղոս Սնապեանի  սիրտը  դադրեցաւ բաբախելէ:

 

Վերջին տարիներուն  անոր յոգնատանջ  սիրտը յաճախ  ահազանգ հնչեցուցած էր:

 

Սակայն մնացած էր  անդրդուելի, պարտուիլ չգիտցող, դիմադրող....ու այդպէս ալ հեռացաւ:

 

Քաղաքներ կան  որոնց պարունակը,    թաղամասերը, ճանապարհները,    սպասումները  եւ պոռթկումները  ամբողջական կը դառնան  իրենց հետ աճած, մեծցած եւ հասած  մարդոց  կենսագրութեամբ:

 

Ու կան գրողներ որոնք իրենց կնիքը   կը դնեն   այդ քաղաքներուն վրայ:

 

Պէյրութը  ամէնէն աւելի եղաւ Պօղոս Սնապեանի խառնուածքին, անոր բռկումներուն, ջղայնութեան, խարազանումներուն մէջէն առագաստ նետող քաղաք եղաւ:

 

Իրմով մենք ապրեցանք ամբողջ  գրականութեան մը  ճակատագիրը: Պէյրութը  Պօղոս Սնապեանով եւ  Պօղոս Սնապեանը  Պէյրութով:

 

Յակոբ Օշականէն  ստացուած  գրական աւանդները,  հաւատամքը, խօսքին  վեհութիւնը անոր գրչին տակ մնացին առանցքային:

 

Կրնայիր համաձայն չըլլալ  իր հետ  բայց պարտադիր  պիտի  լսէիր  անոր խօսքերը:

 

Այդպէս տարիներու  թաւալքին հետ  ան դարձաւ  Սփիւռքի անունով խօսող,    եւ  անոր գրական  ճակատին  հիմնական ձայնը:

 

Ոչ  թէ դարձաւ այլ նուաճեց այդ իրաւունքը:

 

Նոյնիսկ իր ընդդիմախօսները որոնք ինչ ինչ առիթներով վէճի,  հակակարծիք ըլլալու կամ դէմ արտայայտուելու   առիթներով հանդէս եկան  ուշադիր էին  անոր իւրաքանչիւր բառին, շեշտին, իւրաքնաչիւր տողին եւ իւրաքանչիւր նախադասութեան: 

 

Գրականութիւնը իր նուիրական տունը դարձուցած  այս խիզախ  մարդը նախ եւ առաջ ըսելիք ունէր:

 

Ըսելիքը  տեղ հասցընելու խնդիր ունէր:  

 

Սնապեան  եղաւ բախտաւոր խմբագիր:Սիրեց իր շրջապատը եւ    ատոր դիմեց  քաղեց  անմնացորդ սէր  եւ ջերմութիւն:

 

Իր խօսքին, իր ըսելիքին հանդէպ անվերապահ  ուշադրութիւն գոյացուց:

 

Այնքան մը , որ վերջին տարիներու իր    խմբագրած «Ազդակ Գրական»ի խիզախ  «Խմբագրի խօսք»ին   դիմաց      «ուղղափառ»   մնացած Պէյրութը ժխտական ոչինչ տեսաւ  եւ ընդհակառակը  անոր խօսքերը ընդունոեցան  որպէս    տարիներու փորձ ունեցող մտաւորական  աւագի  մը  խօսքերը:

 

Սիրեց   ու հոգատար  ներկայութիւն եղաւ բոլոր անոնց որոնք իր  բառին, իր ըսելիքին, իր խնամտար վերաբերմունքին դիմաց   ականջ տուին, ուշադրութիւն ընծայեցին եւ   մանաւանդ  սորվիլ ուզեցին : 

 

Կեանքի պատերազմներուն մասնկացած, գրականութեան մեծ ու փոքր   պայքարներուն  մասնակից եղած    Պէյրութի  ազդու     գրողին    էութիւնը հոգնիլ    ու    դադար չունեցաւ:

 

Ասոր վկայութիւնը  իր  բեղուն  կենսագրութեան  բոլոր տարեթուերն են   ու  հիմնական ապացոյցը այս խօսքին   անոր հետ հանդիպման իւրաքանչիւր    առիթի   նոր գիրքի մը ընծայագրումն էր՝  սիրով եւ ձիրուցան   գեղագրութեամբ  մակագրելով   ու  ըսելով  

 

 -Հրամմէ՛ ահա նոր մը:

 

Սնապեան    առանձինն  կատարեց  հրատարակաչական մարմիններուն  գործը: Տպեց, խմբագրեց, ներկայացուց, վերատպեց , հանրութեան մատչելի դարձուց:

 

Յակոբ Օշականը  այցի բերաւ մեր տուները  եւ  այդ սրբազան  անունը  ցանեց մեր յիշողութեան  եւ խղճին մէջ:

 

Զարմանալիօրէն   երբ  կը քալէր    Պուրճ Համուտի իր այնքան փայփայած փողոցներուն մէջ  կարծէք Յակոբ Օշականն էր որ կը քալէր  իր կողքին: Այդպէս էր կարծէք ու  մինչեւ իր կեանքի  վերջին րոպէն  վստահ եմ,   շնչեց ապրեցաւ, զգաց, սիրեց, «կռուեցաւ», խօսեցաւ, ըսաւ   ու եղաւ Յակոբ Օշականով:

 

Բայց չմնաց անոր շուքին տակ:

 

Պօղոս Սնապեանի  յատկապէս գրադատական էջերը,     տպաւորապաշտ գրութիւնները, գրողներու մասին եղած  վերլուծական  տողերը բնորոշեցին իր էութիւնը:

 

Որովհետեւ ան գրականութեան տաճար   մտած էր իր ուրոյն հետքը թողնելու:

 

Պօղոս Սպապեանի թողած բացը     անկարելի պիտի ըլլայ լրացնել  յատկապէս  երբ  ի մտի ունենանք ամէն օր  մտաւորական   արժէքներէ պարպուող  սփիւռքը:

 

Սնապեան, որ նորերուն հանդէպ  եղաւ պահանջկոտ  եւ հիներուն հանդէպ  նախանձախնդիր երկար տարիներ  մաքառեցաւ Վազգէն Շուշանեանի, Յակոբ Օշականի եւ այլոց  ձեռագիրներուն       հրապարակումը դարձնելով  առաքելութիւն: Ու գաղտնիք չէ,  որ յատկապէս  այս  երկու անուններուն  ի Հայաստան աշխարհ դարձը կը պարտինք  իր քրտնաջան եւ յամառ ճիգերուն:Սիրցուց Շուշանեանը  եւ   ու նաեւ  ճանչցուց  մեծն Յակոբ Օշականը:

 

Կարեւոր հանգրուան մըն է Սնապեանի      Խորհրդային Հայաստանի տարիներուն   գրած  ու  խմբագրած   գործերը  երբ  ան Սփիւռքի մէկ կարեւոր  հատուածին  անունով    ստանձնեց   «Երկաթեայ վարագոյր»ի ետին  եղող  Հայաստանի  մտաւորական    կեանքին մէջ երեւելի  դարձած շատ մը տհաճ բարքերը խարազանողի դերը: Այստեղ  վստահօրէն կան վիճելի «Սպիտակ բիծեր» ու այս առումով  պէտք է  նշել, որ վիճարկելի է  մանաւանդ   անոր  գրչին պատկանող  եւ Կոստան Զարեանի  դէմ ուղղուած   «Աւազախրած նաւը» (Պէյրութ  1964) հատորին մէջ ստորագրուած «Արուեստին արարչական սրբութիւնը  եւ Կ. Զարեանի ստութիւնը» յօդուածը:

 

Սնապեան նաեւ        քննադատեց   1937-ի դէպքերը  եւ այդ տարիներու բռնադատումներուն զոհ  գացած դէմքերուն մասին  յատուկ աշխատասիրութիւններ հրապարակեց:

 

Իր   գրական   այս «Ընթացքը» պատճառ դարձաւ որ  ան Հայաստանի մէջ  դառնայ անբաղձալի տարր եւ անոր մուտքը երկիր  արգիլուի:Այդ արգելքը տեւեց մինչեւ 1991   թուական ու  անկէ  ետք  Սնապեան գրեթէ ամէն  ամառ  գտնուեցաւ    Երեւանի մէջ: Անոր համար Հայսատան գալը    տեսակ մը տօնախմբութիւն էր:

 

Տարի մը առաջ  երբ  իր մահկանացուն կնքեց  բանաստեղծ Աբրահամ Ալիքեանը Սնապեան  անոր   թաղման յաջորդող օրերուն  խոր զարմանքով եւ ընդվզումով լեցուն  յօդուած մը ստորագրեց  բողոքելով, թէ  գաղութի ղեկավարութիւնը ինչու  այդքան  կ'աճապարէր  անոր  թաղում  ի կատար ածել  առանց   արժանի բանաստեղծին  արժանի  յարգանքը ընծայելու եւ հապճեպօրէն  զինք  հողին  յանձնելու:

 

Սնապեան այս տողերը որպէս  պսակ  պիտի ընդունի   բոլոր անոնց կողմէ  որոնք   տարբեր պատճառներով ներկայ չեղան   վերջին հրաժեշտ տալու  իրեն:Մէկու մը, որ ապրեցաւ Հայաստանի հողին կարօտով եւ մէկու մը որ  իր  մինչեւ կեանքի   վերջին րոպէն մնաց  Յակոբ Օշականի հաւատարիմ աշակերտն ու զինուորը:

 

Սագօ Արեան