Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
«Պէտք է զգօն ըլլալ, որ միշտ մենք մեզ նորոգենք, մեր մօտեցումները նորոգենք, պահելով սակայն էականը, պահելով այն ինչ որ սրբութիւն սրբոց է»
«Հորիզոն»ի Հարցազրոյց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Մհեր Գարագաշեանի հետ
Մ.Գ.- Մեր երիտասարդական միաւորները, այսինքն՝ Գանատայի Երիտասարդական միութիւնը, Գանատայի Պատանեկան միութիւնը, առաւել եւս «Արմէն Գարօ» Ուսանողական միութիւնը, այս երեքը միասին մեր կենսական օղակներն են, ըլլա՛յ Գանատայի մէջ, ըլլա՛յ համընդհանուր կերպով իբրեւ դաշնակցական մեծ ընտանիքի անդամ պատանիներ-երիտասարդներ: Մենք մեծ կարեւորութիւն կ’ընծայենք իրենց կենսունակութեան եւ եռանդուն աշխատանքներուն:
Պէտք է ըսել, որ մեր երիտասարդները յուսախաբ չեն ըրած մեզ: Բնականաբար կ’ունենանք դժուարութիւններ, բայց կը հաւաստիացնեմ, որ իրե՛նք կը գտնեն լուծումը: Մեր կուսակցութիւնը գործի կուսակցութիւն է, եւ մեր երիտասարդները նո՛յն դաստիարակութեամբ կը մեծնան. անոնք կը գիտակցին, որ մեր միութիւնները միայն ժողովական կեանքի համար չեն, քով քովի գալու տեղեր չեն, Հայ Դատի մասին դաստիարակութիւն կամ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կոփում ստանալու վայրեր չեն միայն, այլեւ՝ այդ բոլորը գործի վերածելու համար եկած են իրենք:
Ասոնց լաւագոյն ու ցայտուն օրինակը Լոռիի շրջանին մէջ իրենց իրագործած ճամբարներն են, սկսած Վանաձորի ճամբարով, որուն արդիւնքներէն խանդավառուած՝ Սպիտակի շրջանը եւս, արդէն երկրորդ տարին է, որ կ’իրականացնէ նմանօրինակ ճամբար: Վերջինիս պարագային, այս տարի եւս տեղւոյն կոմիտէն ստանձնեց մարդուժ տրամադրելու պարտականութիւնը, իսկ ԳԵՄ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը հոգաց ծախսերը: Շուրջ 200 պատանի այս տարի կրցան Սպիտակի ճամբարին մասնակցիլ եւ 10 օրուան ընթացքին ունեցան դաստիարակչական ու ժամանցային ճոխ ծրագիր: Մեր ԳԵՄ-ականները այս տարի շուրջ 20 հոգինոց կազմով մասնակցեցան Վանաձորի ճամբարին, որուն ընթացքին պարբերաբար այցելեցին նաեւ Սպիտակի ճամբար: Այս ծիրին մէջ, մեր հեռանկարային նպատակը Լոռիի մարզի չորս գլխաւոր քաղաքներուն՝ Վանաձորի, Սպիտակի, Ստեփանաւանի եւ Ալավերտիի պարմանի-պարմանուհիներուն հասնիլն ու սպասարկելն է:
Թէ ի՛նչ է արդիւնքը այս ճամբարներուն՝ նախ հաստատեմ, որ Լոռիի մէջ բնակող պատանիները անհամբեր կը սպասեն մեր տղոց. այս փաստը ինքնին ոչ միայն խորհրդանշական, այլեւ շօշափելի կամուրջ է Հայաստանի եւ սփիւռքի երիտասարդութեան միջեւ:
Գանատայի մեր կառոյցի Լոռիի շրջանին յանձանձումով, մեր կազմակերպական տեղւոյն միաւորին՝ Լոռիի Մարզային կոմիտէին հետ ունինք յատուկ աշխատելակերպ ու կապ, նմանօրինակ ճամբարներ եւ այլ ծրագրեր իրականացնելու: Առաւել եւս՝ առաջադրած ենք ժողովուրդի ծառայութեան միտուած որոշ ծրագիրներ իրականացնել ապագային: Այսինքն Գանատան եւ Լոռիի շրջանը բաւական ճամբայ կտրած են, իրագործումներու ոլորտը յաճախակիօրէն կ’ընդլայնուի, եւ այս ճամբարները անոնց մէկ կարեւոր արտայայտութիւնը կը նկատուին:
Հ.- Ուրեմն մօտ ապագային կը նախատեսէ՞ք միւս քաղաքներուն մէջ ալ ճամբարներ իրականացնել:
Մ.Գ.- Անշո՛ւշտ. ո՛չ միայն մենք կը նախատեսենք, այլ պահա՛նջքը կայ: Այս առնչութեամբ մարդուժի եւ նիւթականի հարցերով խնդիրներ կան, զորս պէտք է լուծենք: Առայժմ աստիճանական յառաջխաղացում կայ. այսինքն՝ Վանաձորի մեր ճամբարին կը մասնակցին 300 պատանի, ահաւասիկ Սպիտակը աւելցաւ՝ 200 պատանիներով, եւ ընդհանուր թիւը հասաւ 500-ի, որոնց տարիքը կը տարուբերի 12-17-ի միջեւ, երբեմն նոյնիսկ աւելի փոքրեր ալ կու գան:
Ստեփանաւանը ունի այդ կարիքն ու պահանջքը եւս, բայց մենք քայլ առ քայլ պէտք է նախապատրաստենք այս ճամբարային ծառայութեան մարդուժը եւ նիւթականը գոյացնենք: Չեմ բացառեր, որ շուտով Ստեփանաւանը կը ներառենք այս ծիրին մէջ: Ժամանակացոյցը չեմ կրնար ճշդել, բայց մտադրութիւնը յստակ է: Կը մտածուի նաեւ Ստեփանաւանի մէջ կազմակերպել ճամբար մը, որուն Ալավերտիի պատանիներն ալ կարելիութիւնը ունենան մասնակցելու:
Ըսեմ նաեւ, որ մենք մեծապէս կը քաջալերենք մեր տղաքը, որպէսզի երթան եւ ծառայեն, քանի որ ատիկա իրենց համար դաստիարակչական եւ հոգեփոխիչ փորձառութիւն մըն է՝ հայրենիքին մէջ ներդրում ունենալու, հայրենիքին եւ ուղղակի ժողովուրդին հետ շփուելու եւ անդրադառնալու, որ հայրենաշինութիւնը պատ պատել չէ միայն, այլեւ ծրագիր ու աշխատանք է, հոգատարութիւն է ժողովուրդին հանդէպ: Ասոր շնորհիւ մեր երիտասարդները անմոռանալի պահեր կ’ապրին, որոնք իրենց խոր ու կոփիչ դրոշմը կը ձգեն իրենց ներաշխարհին մէջ: Միւս կողմէ, հայրենի մեր ժողովուրդն ալ կը տեսնէ, թէ ինչ իմաստ ունի «դաշնակցական երիտասարդ» կոչումը, կ’անդրադառնայ, որ այն հարենանուէր ծառայութիւն կը նշանակէ:
Հ.- Անկախ երիտասարդականի ճամբարներէն, ՀՅԴ Գանատայի շրջանը Լոռիի եւ Ջաւախքի մէջ ինչպիսի՞ ծրագիրներ կրցաւ իրականացնել եւ ինչպիսի՞ ծրագիրներ ունի մօտ ապագային:
Մ.Գ.- Ծրագիրները, որոնք ցարդ իրականացուցած ենք, իրողութեան մէջ կազմակերպական զօրակցութիւն են մեր այնտեղի կազմին: Ընդհանրապէս իրենց կեդրոնները յատուկ հոգածութեան առարկայ դարձած են մեզի համար, յատկապէս Վանաձորինը, որ անցնող տարի օժտուեցաւ հարկ եղած ներքին սարքաւորումներով՝ համակարգիչներով ու կահոյքով, ոչ միայն գործածական դառնալու համար մեր կոմիտէին կամ երիտասարդականին կողմէ, այլ ժողովրդային տան վերածելու հեռանկարով: Որոշ նորոգութիւններ ըրած ենք Ստեփանաւանի կեդրոնին, հիմա կը ծրագրենք Սպիտակի կեդրոնի նորոգութիւնը:
Միտք բանին հետեւեալն է. դուն քու կառոյցդ հաստատելէ ետք, երկրորդ հանգրուանը ինքնաբերաբար կ’ըլլայ ժողովուրդին բացուիլ եւ ծառայութիւններ մատուցել: Հետեւաբար մեր մեքենան հոն զօրացնելը ինքնանպատակ չէ, այլ անոնք մեր առաջին քայլերն էին, որոնցմով մենք կրնանք անցնիլ ժողովրդային ծառայութեան:
ՀՅԴ Գերագոյն Մարմնի ճամբով Լոռիի մարզային կոմիտէէն արդէն ծրագիրներ փոխանցուած են մեզի, որոնք այժմ կը սերտուին մեր կողմէ: Ըսեմ նաեւ, որ Լոռիի հետ ուղղակիօրէն կապուած է Ջաւախքը, հոն եւս երիտասարդական կեդրոնին համար բաւական մեծ ներդրում ունեցանք, որուն մէջ մեծ էր դերը ՀՕՄ-ի Գանատայի ընտանիքին: Այդ կեդրոնը ինքնին մշակութային ուսանողական կեդրոն պիտի ըլլայ եւ պիտի ծառայէ մեր երիտասարդութեան: Մէկ խօսքով՝ կան ծրագիրներ, որոնք ամբողջացուցած ենք, եւ ծրագիրներ, որոնք շուտով ճամբայ կ’ելլեն:
Հայ Դատի յանձնախումբի պատուիրակութիւնը Գանատայի ժառանգութեան նախարար Փապլօ Ռոտրիկէզի հետ
Հ.- Հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին Արցախի մէջ տեղի ունեցաւ «Համագործակցութիւն յանուն արդարութեան եւ խաղաղութեան» խորագրով Արցախի բարեկամներու համաժողովը, որուն մասնակցեցան մօտ 30 երկիրներէ (որոնց շարքին նաեւ՝ Գանատայէն) աւելի քան 150 քաղաքական-հասարակական գործիչներ եւ մտաւորականներ: Գանատական բեմին վրայ ինչպիսի՞ անդրադարձ կրնայ ունենալ նման միջոցառումի մը քաղաքական դէմքերու մասնակցութիւնը:
Մ.Գ.- Այս համաժողովին, որուն նախաձեռնութիւնը եւ գործադրութիւնը համատեղ ստանձնած էին Արցախի Հանրապետութեան կառավարութիւնը եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, եւ որուն համար զօրաշաժի ենթարկուեցան Դաշնակցութեան բոլոր շրջանները, համախմբուեցան զանազան երկիրներէ եկած աւելի քան 150 քաղաքական դէմքեր, կառավարական գործիչներ, ակադեմականներ եւ լրագրողներ: Իմ կարծիքովս, ինքնին հոն այդ բոլորը համախմբելը մեծ նշանակութիւն ունի Արցախի ճանաչման հիմք ստեղծելու հարցով:
Մեր պարագային, բաւարարուեցանք նահանգային եւ քաղաքապետական մակարդակի պաշտօնատարներու մասնակցութեամբ, որովհետեւ դաշնակցային երեսփոխանները չափազանց զբաղ էին նոյն օրերուն տեղի ունենալիք Գանատական ընտրական գործընթացով,: Գանատայէն մասնակցեցան Օնթարիոյի նահանգային խորհրդարանի անդամ Արիս Պապիկեանը, Քեպէգի նահանգային Ազգային Ժողովի անդամ Կի Ուելէթը, Թորոնթոյի քաղաքապետական խորհրդի անդամ Ճիմ Քարիճիանիսը եւ Մոնթրէալի քաղաքապետական խորհրդի անդամ Մէրի Տերոսը, որոնց կ’ընկերակցէին Թորոնթոյի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Յարութ Մաթոսեանը եւ Քեպէգի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամ Աբրահամ Նիզիպլեանը: Գանատայի պատուիրակութիւնը իր ներդրումը ունեցաւ համաժողովի ընթացքին եւ անկէ դուրս՝ տեսակցութիւններ ունեցաւ զանազան դէմքերու հետ՝ Արցախ թէ Հայաստան: Հայաստանի մէջ օրինակ անոնք հանդիպեցան ՀՀ ԱԺ-ի Հայաստան-Գանատա բարեկամական խումբին հետ:
Կրնամ ըսել, որ բոլորն ալ մեծապէս տպաւորուած ու հիացած վերադարձած են: Կը հաւատամ, որ շուտով կը տեսնենք այս բոլորին արդիւնքները ե՛ւ ներքին առումով՝ մեր գաղութային կեանքէն ներս, ե՛ւ գանատական քաղաքական բեմին վրայ, ե՛ւ Հայաստանի հետ փոխ յարաբերութիւններու առումով:
Հ.- Հոկտեմբեր 21-ին Գանատայի մէջ տեղի ունեցան դաշնակցային ընտրութիւնները, ի՞նչ հիման վրայ Հայ Դատի յանձնախումբը աջակցութիւն ցուցաբերեց կարգ մը թեկնածուներու եւ ի՞նչ ակնկալիքներ ունի անոնցմէ:
Մ.Գ.- Հայ Դատի յանձնախումբի կողմնորոշումները միշտ կ’ըլլան նոյն սկզբունքներէն մեկնած. այսինքն թէ հայաշատ շրջաններու մէջ թեկնածուներուն, որոնք հայկական քուէին հետ առնչութիւն ունին, եւ թէ այլ ընտրատարածքներու թեկնածուներուն հետ հանդիպումներով կը ճշդենք, թէ որքանո՛վ իրազեկուած են հայկական հարցերով, որքանո՛վ պատրաստակամ են հայ համայնքին կոչերուն անսալու եւ անոր ձայնը հասցնելու խորհրդարան:
Պէտք է ըսել, որ մինչեւ այսօր ընդհանրապէս հիասթափութիւններ չենք ունեցած: Բոլոր այն թեկնածուները, ինչ կուսակցութեան ալ որ պատկանին, որոնք մեր կամ այլ շրջաններէն ընտրուած են՝ մեր զօրակցութիւնը վայելելով, Գանատայի խորհրդարանին կամ Գանատայի կառավարական այլազան օղակներու մէջ մեզի աջակից եղած են:
Մեր գլխաւոր առաջադրանքները կ’ըլլան՝ համայնքի կարիքներուն հասնիլը, Հայաստանի եւ Արցախի գծով ծրագիրները, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ամրապնդումը եւ մեր պահանջատիրութեան թիրախները: Բնականաբար այդ ծիրին մէջ կ’իյնայ նաեւ ուրացման կամ ժխտողականութեան թրքական արշաւին դէմ պայքարը: Հակառակ որ թրքական կողմին համար՝ երկու առիթով հայոց ցեղասպանութեան փաստը ընդունած ու ապա ամրագրած Գանատան կորսուած գործադաշտ է, անոնք առիթ չեն փախցներ ամէն քայլափոխի բողոքելու եւ շրջելու անիւը: Պարզ օրինակ մը տամ. քանի մը ամիս առաջ էր, որ Եարմութ քաղաքին մէջ բացումը տեղի ունեցաւ Սառա Քորնինկի յուշարձանին, որ իր ծննդավայրին՝ Եարմութի մէջ գործող համանուն միութեան նախաձեռնութեամբ եւ մեր համագործակցութեամբ իրականացաւ: Յուշարձանի բացման յաջորդ օրն իսկ թրքական հիւպատոսարանէն բողոքի նամակ գացած էր Եարմութի պաշտօնատարներուն, որ ցեղասպանութեան խնդիր չկայ եւ նման մաշած յանկերգներ: Ասոնք մեզի համար նորութիւններ չեն:
Հետեւաբար ընտրական մեր հաշուարկներուն մէջ այս հարցերը կը դրուին եւ մանաւանդ՝ Արցախի ինքնորոշման հարցը կը դրուի, որմէ եթէ տեղեակ չեն՝ զիրենք տեղեակ կը պահենք, եւ այսպիսով կ’ունենանք բարեկամներու ցանց մը, որոնց մեծամասնութիւնը այսօր անդամ են Գանատա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խումբին:
Հայ Դատի յանձնախումբին գլխաւոր նպատակը միշտ հայութեան ու մեր համայնքի շահերն են: Մեր սկզբունքը երբեք չենք փոխած, եւ երբեք այս կամ այն կուսակցութեան կողմը մեր կշիռը չենք դներ, այլ ովքեր որ մեր իրաւունքներուն ջահակիրներն են, անոնք են որ կը ստանան մեր զօրակցութիւնը:
Հ.- Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիական օդանաւորդութեան կոմիտէի նախագահ Տաթեւիկ Ռեւազեանի հետ ձեր հանդիպումը ի՞նչ նպատակ կը հետապնդէր:
Մ.Գ.- Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիական օդանաւորդութեան կոմիտէի նախագահ Տաթեւիկ Ռեւազեանը ժամանած էր Գանատա՝ մասնակցելու Քաղաքացիական Օդանաւորդութեան Միջազգային Կազմակերպութեան (ICAO) ժողովին: Երբ իմացանք իր ժամանման մասին, հանդիպեցանք իր հետ եւ խորհրդակցեցանք Գանատա-Հայաստան օդանաւային կապի արդիւնաւէտ տարբերակներու եւ այդ գծով մեր օժանդակութեան կարելիութիւններուն մասին:
Ըսեմ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան զօրացման ի խնդիր, միջազգային հրապարակի վրայ մեր պետականութեան ամրապնդման ի խնդիր, մենք միշտ պատրաստ ենք մեր անվերապահ աջակցութիւնը բերելու:
Հ.- Գանատայի հայ գաղութէն ներս տիրական ներկայութիւն է ՀՅԴ-ն. հետեւաբար ինչպիսի՞ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ այսօր Գանատայի մէջ ՀՅԴ կառոյցը, որպէս հայ համայնքի հիմնական ներկայացուցիչ:
Մ.Գ.- Բնականաբար մնայուն մարտահրաւէրը գանատահայ գաղութը հայ եւ մարտունակ հաւաքականութիւն պահելու հրամայականն է: Հայապահպանումը ինքնին տարբեր քաղաքներու մէջ նոյն աստիճանաչափերը չունի: Հոն ուր որ կայ հայ դպրոց, հոն ուր որ հոծ է հայութիւնը, ինքնաբերաբար շատ աւելի առաջ գացած է այդ երեւոյթը:
Երկրորդը կը հանդիսանայ հայկական կռուաններէն, այսինքն՝ դպրոց-եկեղեցի-ակումբ ուժական եռանկիւնէն դուրս գտնուող օղակին հասնիլ, 21-րդ դարու երիտասարդներուն հասնիլ, որպէսզի իրենց գիտելիքներով եւ պատրաստուածութեամբ՝ իրենց ներդրումը ունենան Հայ Դատի աշխատանքներուն մէջ, իրենց կարողութիւնները ծառայեցնեն հայ համայնքի յառաջընթացին: Ասոնք մնայուն օրակարգ են մեզի համար:
Հետեւաբար պէտք է զգօն ըլլալ, որ միշտ մենք մեզ նորոգենք, մեր մօտեցումները նորոգենք, պահելով սակայն էականը, պահելով այն ինչ որ սրբութիւն սրբոց է: Պէտք է նկատի առնենք, որ երբ կը ճիւղաւորուինք, ու կը տարածուինք՝ պէտք է ըլլանք 21-րդ դարու կշռոյթով աշխատող մարդիկ:
Միեւնոյն ժամանակ մեր համայնքային կեդրոնները ֆինանսական մեծ պատասխանատուութիւն կ’ենթադրեն, որոնք այլեւս կարելի չէ միայն ճաշկերոյթով, պարահանդէսով եւ նուիրատուութիւններով պահել. անոնք պիտի շարունակուին վստահաբար, բայց արդէն իսկ քայլեր առնուած են եւ տակաւին կ’առնուին, որպէսզի կարողանանք մնայուն նիւթական կռուաններ ստեղծել, որոնցմով կարենանք մեր կազմակերպական ու հաւաքական կեանքը առաջ տանիլ:
Եզրափակելու համար, թող ինքնագովութիւն չհնչէ, բայց ըսեմ, որ գանատահայ գաղութը, ոչ անպայմանօրէն մեր վկայութեամբ, այլ դուրսէն դիտողի վկայութեամբ, մանաւանդ արեւմտեան աշխարհի իրականութեան մէջ, իւրայատուկ երեւոյթ է: Եւ մենք նախանձախնդիր ենք, որ մնայ այդպէս եւ աւելի’ զարգանայ, իր կարգապահութեամբ, իր աշխատունակութեամբ եւ իր հայեցի դիմագիծով: Ամենամեծ մարտահրաւէրը կը կարծեմ այս եզակիութիւնը պահպանել եւ առաջ տանիլն է: Ահագին պատասխանատուութիւն կը զգաս ուսերուդ, երբ կ’ըսեն՝ դուք ուրիշ էք. այդ կը նշանակէ, որ մենք շատ ընելիք ունինք, որպէսզի այդ մէկը պահենք եւ օրինակ ծառայենք ուրիշներուն:
Հուսկ, այն կապը, զոր ունինք Հայաստանի հետ, այն կապը, զոր ունինք Արցախի հետ, մեր անցեալին հետ, մեր մշակութային ժառանգին հետ, որոնք հաւաքաբար մեր ազգային սնունդի աղբիւրներն են, պէտք է անպայմանօրէն կարենանք ամրագրել եւ ամէն գնով զարգացնել :
Հարցազրոյցը վարեց
Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան
Horizonweekly.ca