կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-01-23 15:46
Հասարակություն

Մենք նորն ենք ու հինը, բայց ամէնէն կարեւորը՝ հինի ու նորի միջեւ կամուրջող ուժն ենք. Նուբար Վարդանեան

Մենք նորն ենք ու հինը, բայց ամէնէն կարեւորը՝ հինի ու նորի միջեւ կամուրջող ուժն ենք. Նուբար Վարդանեան

Yerkir.amավելի վաղ տեղեկացրել էր, որ հունվարի 18-ին Նիդերլանդների Ալմելո քաղաքում, նախաձեռնությամբ ՀՅԴ Նիդերլանդների «Արամ Մանուկյան» կոմիտեի, տեղի է ունեցել ՀՅԴ հիմնադրության 129-ամյակի հանդիսավոր տոնակատարությունը, որի ընթացքում ելույթով հանդես է եկել նաև ՀՅԴ «Արամ Մանուկյան» Կոմիտեի ներկայացուցիչ Նուբար Վարդանյանը: Yerkir.am-ը ներկայացնում է Նուբար Վարդանյանի խոսքն ամբողջությամբ:

Մեծարգոյ Դեսպան, արժանապատիւ քահանայ հայր,  յարգելի ՀՅԴ Բիւրոյի եւ ԿԿ-ի ներկայացուցիչներ, միութեանց եւ կազմակերպութեանց յարգելի ներկայացուցիչներ, սիրելի ժողովուրդ, համակիրներ, երիտասարդներ, պատանիներ եւ կուսակցական ընկերներ

Ահաւասիկ տարի մը եւս գլորուեցաւ, եւ դուք դարձեալ, ձեր յանգիստը եւ աշխատանքը մէկդի դնելով, ընդառաջեցիք մեր կոչին, փութացիք ՀՅԴ տօնակատարութեան համար ճշդուած վայր՝ նշելու ՀՅԴաշնակցութեան հիմնադրութեան ամեակը: Այս առիթով եւ ձեր ներկայութեան համար ձեզ շնորհակալութիւն յայտնելու իրաւունքը մեզ չենք վերապահել: Ի՞նչպէս շնորհակալութիւն յայտնել մէկ կուսակցութեան անունով,  որ ժողովուրդի ծոցէն ծնունդ առէր է: Դաշնակցութիւնը մեր ժողովուրդի, մեր ազգի ստեղծագործութիւնն է, ստեղծագործութիւն, որ եկաւ կարիքն ու պարտադրանքը բաւարարելու համար 19-րդ դարի վերջերը, յեղափոխական գործով մշակն ու բանւորը ազատագրելու, կեղեքողը ահաբեկելու, ազատութիւն հաստատելու՝ մահի գնով ազատութիւն: Այս յեղափոխական գործին մէջ, ինչպէս ՀՅԴ պատմութեան սկիզբը ընդունուած էր, կայ միայն ու միայն բարոյական բաւարարութիւն եւ պարտաաւորութիւն, չկայ իրաւունքի եւ պահանջի խնդիր: Հետեւաբար, մեր ժողովուրդի խնդիրները եւ դժուարութիւնները յաղթահարելու համար դաշնակցականը ունի միայն բարոյական բաւարարութեան եւ պարտաաւորութեան խնդիր: Այս ունինք ձեզ ըսելու սիրելի ժողովուրդ:  Իսկ յաճախ Դաշնակցութեան հանդէպ ժողովուրդի բարոյական բաւարարութեան եւ պարտաւորութեան զգացումն է, որ զինք կը մղէ դէպի Դաշնակցութեան տօնակատարութեան վայր:

Սա մեր հարստութիւնն է, մեր ազգի հարստութիւնը, որ ինչքան ալ փորձեն պատկերը պղտորեն, պատմութիւնը աղաւաղէն, կայ ու կը մնայ միայն մէկ ճշմարտութիւն, որ միշդ պիտի վերընձիւղուի ցոյց տալու համար, որ սա ժողովուրդի կուսակցութիւնն է, ոչ անպայման քաղաքական ընտրութիւններ յաղթելու եւ որոշ ժամանակահատուած իշխելու եւ յետոյ՝ անպայման պարտուիլ, քայքայուիլ եւ քաղաքական դիակ դառնալ, ինչպէս միշդ եղած է եւ կը կրկնուի: Հոս է հիմնական տարբերութիւնը Դաշնակցութեան եւ միւս քաղաքական կուսակցութիւններու միջեւ, հոս պէտք է փնտռել գաղտնիքը, թէ ի՞նչու այս կուսակցութիւնը մեր ժողովուրդի մէջ իր մնայուն տեղը ունի, եւ Դաշնակցութիւն-ժողովուրդ յարաբերութիւնը չէ պայմանաւորուած լոկ քաղաքական մէկ պահին արձանագրուած ընտրութիւններու արդիւնքներուն հետ: Աւելին, Դաշնակցութիւնը իր կուռ կառոյցով, արժեքներով եւ դաւանանքով վերածուած է ազգային կազմակերպութեան, եւ փոխանցուած սերունդէ սերունդ, իւրաքանչիւր սերունդ իր կնիքը դնելով այս կազմակերպութեան վրայ ստեղծած է պատմութեան մէկ հատուած, որ կարտացոլէ հայոց նորագոյն պատմութեան հիմնական էջերը:

Հպարտ ենք, որ ՀՅԴ-ն իր տեղն ու դերը ունի նաեւ Հոլանտայի մէջ իր ուղեկից կազմակերպութիւններու հետ միասին, որոնք ստեղծուած են ժողովուրդի կարիքները բաւարարելու: Հայապահպանումէն մինչեւ հայակերտում, մշակոյթի պահպանում, գրականութեան տարածում, Հայ դատի պայքար, եւ երիտասարդութեան քաղաքականացում: Բոլոր ուղղութիւններով մեր ընկերները եւ համակիրները գործի լծուած են հասնելու համար դէպի մէկ ճշդուած նպատակ, իւրաքանչիւրը իր հնարաւորութիւններով, իւրաքանչիւր միութիւն իր ձեւով եւ ոճով: Իրողութիւն է, որ այսօրուայ աշխարհին մէջ ազգային եւ միութենական գործը ջուրի հոսանքին հակառակ երթալ կը նշանակէ: Արեւմուտքի կողմէ քաջալերուած եւ աշխարհին հրամցուած Համաշխարհայնացումը եւ անհատը որպէս այսօրուայ աշխարհի հիմնական առանցք նկատելու քաղաքականութիւնը եկած է ազգայինը քանդելու եւ զայն փոխարինելու  իրենց ստեղծած արժեհամակարգով, զայն պարտադրելով փոքր ազգերու եւ թերզարգացած երկիրներու վրայ, արժեզրկելով միութիւնը, հաւաքականութիւնը եւ կազմակերպութիւնը եւ ամէն ինչը անհատի առանցքին շուրջ ձեւաւորելով: Սա մէկ ծայրահեղութիւն է, որ եկաւ շրջելու 20-րդ դարի լայն տարածութիւն ունեցող հաւաքականի գաղափարը՝ փորձելով ճզմել անհատականութիւնը: Եւ այսպէս, պատմութեան ընթացքին անհատի եւ հաւաքականի այս կատաղի պայքարը միշդ եղած է՝ մէկը փորձելով ճզմել միւսին: Դաշնակցութիւնը առաջին իսկ օրէն գիտցաւ մէկտեղել երկուքը՝ անհատը եւ հաւաքականը, իւրաքանչիւրին իր արժեքը տուաւ առանց մէկը հակադրելու միւսին եւ այսպէսով հաւաքականին մէջ անհատը իր անուրանալի դերը եւ տեղը ունեցաւ: Արեւմուտքի այսօրուայ կեանքին մէջ եւ պայմաններու բերումով, ուր շեշտը դրուած է անհատին վրայ, վտանգուած է հայութեան հաւաքականութիւնը, եկեղեցին եւ հայ ընտանիքը: Հայութեան համար հարկաւոր է երկուքի՝ անհատի եւ հաւաքականի, հաւսարապէս համակեցութիւնը. անհատը իր ստեղծագործութիւնով, եւ հաւաքականը իր դիմադրողականութեամբ ապազգային եւ ազգը պառակտող հոռի երեւոյթներուն եւ փորձերուն դեմ: Այս երկրին մէջ հաւաքականը եւ անհատը ի մի բերելով վերջին տարիներուն բազմաթիւ յաջողութիւններ ունեցանք: Ստեղծեցինք երիտասարդական միութիւն, որ կարողացաւ անցնող 10 տարիներուն ազգասեր, նուիրուած, ճիշդ քաղաքացիի յատկանիշներով օժտուած երիատսարդներ պատրաստել, եւ բազմաթիւ երիտասարդներ, որպէս շրջանաւարտներ երիտասարդական միութեան, փոխանցեցին ջահը նորէկներուն, որոնք միութեան առաքելութիւնը պիտի շարունակէն՝ անկասկած: Եւ աւելին, ահա քիչ առաջ, խումբ մը՝ բաղկացած 6 երիտասարդներէ, ընդունելով ՀՅԴ ծրագիրը, խօստանալով ենթարկուիլ կուսակցութեան կանոնագրին, իրենց երդումը կատարեցին եւ միացան Դաշնակցութեան մեծ ընտանիքին. բարի եկաք, սիրելի երիտասարդներ, հպարտ ենք ձեզմով, հպարտ ենք ձեր ընտրութեամբ, եւ գիտակից անոր մեծ արժէքին:

Անցնող շրջանը յատկանշուեցաւ մէկ այլ կարեւոր իրադարձութիւնով, երբ անհրաժեշտութիւնը զգացուեցաւ համախմբելու կանանց հնարաւորութիւնները եւ կարողականութիւնը ի խնդիր հայութեան տարբեր հատուածներու, շերտերու հոգսերը հոգալու, ի հարկին օժանդակութիւն եւ բարեսիրական գործեր կատարելու: Դաշնակցութիւնը նախաձեռնեց, հայ կինը ընդառաջեց եւ հիմնադրուեցաւ Հոլանտայի հայ օգնութեան միութիւնը: Այսօր միութիւնը աճելու, առաւել հզօրանալու, իր գործունէութիւնը ընդարձակելու ուղու վրայ է: Հայ կինը, որ պատմութեան նեղ օրերուն հայ յեղափոխականի, մարդու, ֆեդայի, հայդուկի եւ ազատամարտիկի կողքին հայրենիքի պաշպանութեան գործին մէջ իր դերն ու աւանդը ունեցաւ, մեծ արժէք կը նկատուի ՀՅԴ-ի համար եւ իր հիմնական տեղն ու դերը ունի դաշնակցութեան շարքերուն եւ իր ուղեկից միութիւններուն մէջ:

Հետեւաբար Դաշնակցութեան շուրջ համախմբուեցաւ հայ կինը, հայ մարդու եւ հայ երիտասարդի կողքին: Կը մնար մեզի համար սերմը մեր կորիզին, հիմնաքարը մեր վաղուայ երիտասարդին, այլ խօսքով՝  հայ պատանին: Այսօր ականատեսը պիտի ըլլաք հայ պատանիի համախմբան այս ազգային կազմակերպութեան շուրջ: Մեր երիտասարդներու ջանքերու շնորհիւ այսօր կը յայտարարենք Հոլանտայի պատանեկան միութեան հիմնադրութիւնը: Պատահական չէր, որ մեր զաւակներու, պատանիներու այս կազմաւորուածութեան առիթը համընկնիր Դաշնակցութեան օրուայ հետ: Քանզի հայ պատանին է վաղուայ ապագան, Հայաստանի եւ Հայութեան դատի պաշտպանութեան կռուանը:

Հայ մարզիկը եւ հայ սկաուտը մեր ուշադրութիւնը գրաւած են միշդ, եւ կազմեցին ՀՄԸՄ-ի մէջ թրծուած  մէկ կամաւոր բանակ: Հետեւաբար կը յայտարարենք, որ 100 ամեայ այս միութիւնը մեր հոգածութեան միշդ պիտի արժանանայ: Հոլանտայի  ՀՅԴ ընտանիքը պատրաստակամ է ընել իր կարելին օժանդակելու այս միութեան ծրագրերը: Այսօր միութիւնը կանգնած է անկիւնադարձային իրադարձութեան առջեւ: Տարիներու աշխատանք, քրտինք եւ նուիրատւութիւններ, յոյս ունենալով, որ այս միութիւնը իր սեփական կեդրոնը պիտի ունենայ այս օտար երկրին մէջ: Երազը իրականութիւն դառնալու շեմին կանգնած ենք: Վարձքերնիդ կատար քոյրեր եւ եղբայրներ, սկաոտւներ եւ մարզիկներ, եւ միւթեան առաքելութեանը հաւատացող սիրելի ժողովուրդ:

 

Այս բոլորը կը վերաբերի  աշխարհակեդրոն, օտար, հայկականութենէ հեռու այս երկիրին մէջ կատարուած եւ կատարուելիք աշատանքներու մէկ մասին:

Այս բոլորին առջեւ վերջերս հայկական քաղաքական կեանքի բարդ եւ ալեկոծուած, անկանխատեսելի իրադարձութիւններու զարգացումները դժբախտաբար կը վտանգէ մեր միասնականութիւնը: Ամբագորգոռ, անպատասխանատու, տղայական յայտարարութիւններ, եւ առանց հաշուարկելու թէ ինչ հետեւանքներ կունենան: Միացնելու փոխարէն հակառակին ականատեսն ենք, բաժանարար գիծեր, հիներ ու նորեր, սեւեր ու սպիտակներ, յեղափոխականներ ու հակայեղափոխականներ: Անհրաժեշտ է վերականգնել մակարդակը: Իսկ  քաղաքական կուսակցութիւնները ժողովուրդը միացնողի դերը պէտք է ստանձնեն: Եթէ ոչ ոք իր վրայ այս պատրաստակամութիւնը եւ նախաձեռնութիւնը կը վերցնէ, ապա մենք մեզի թիրախ ըլլալու տեղ կը դնենք կասեցնելու ժողովուրդի մէջ բաժանարար գծերի յառաջացումը, ճիշդ այնպէս, ինչպէս մայր մը իր զաւակին հիւանդութիւնը, թշուառութիւնը իր մէջ կը ցանկանայ տեսնել միայն թէ իր զաւակը հանգիստ ըլլայ, ուստի կուգանք ըսելու՝

-մենք նորն ենք ու հինը, բայց ամէնէն կարեւորը՝ հինի ու նորի միջեւ կամուրջող ուժն ենք մենք,

-մենք սեւն ենք ու սպիտակը, բայց ամէնէն կարեւորը՝ Հայաստանի խորհրդանիշ եռագոյնն ենք մենք,

-դուրսի ու ներսի Դաշնակցականներն ենք մենք, բայց ամէնէն կարեւորը՝ դուրսն ու ներսը՝ հայրեինքի ու սփիւռքի զաւակները միացնողն ենք մենք,

-այսօրուայ արհեստականօրէն հրապարակ նետուած յեղափոխականի ու հակայեղափոխականի թոհ ու բոհին մէջ հայ յեղափոխականին արիւնով հայրենիք կերտած 130 ամեայ ՀՅԴաշնակցութիւնն ենք մենք: