Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
ԱՐԴԵՕՔ ԿԸ ՏԵՍՆԵ՞ՆՔ – 1
Երեւանի իշխանաւորներուն ձախաւեր ու կործանարար վարքագիծը քննադատողները մերթ ընդ մերթ, օր աւուր կը զգուշացնեն, որ մեր հայրենիքը կրնայ մօտ ատենէն ամբողջականօրէն իյնալ Թուրքիոյ տիրապետութեան տակ, թէ՝ բախտաւոր պէտք է նկատենք մենք մեզ, եթէ Երեւանի շուրջ պատառիկ մը հող մնայ Հայաստան անունով:
Եկէ՛ք, իրականութիւնները դիտենք աւելի՛ ցաւցնող ակնոցով, չոր իրականութիւնները ՏԵՍՆԵԼՈՒ տրամաբանութեամբ, քով-քովի բերենք ընդհանուր պատկերին մասնիկները եւ տեսնենք, որ Հայաստան արդէն իսկ ինկա՛ծ է Թուրքիոյ եւ անոր գործակից՝ Ազրպէյճանի տիրապետութեան տակ, գրաւումը իրականացած է կալուած առ կալուած:
Երեւցող բաժինները, որ խորքին մէջ համազօր են ծփացող սառցալերան երեւցող մասին, բացայայտ են: Արցախը կորսուած է (առայժմ), Հայաստանէն հարիւրաւոր (ըստ որոշ գնահատականներու՝ աւելի քան հազար) քառ. քլմ. տարածութիւն անցած է Ազրպէյճանին, կը գտնուի անոր ուղղակի կամ անուղղակի գրաւումին տակ: Իշխանաւորները որքա՛ն ալ փորձեն այս բոլորին մեղքը նետել այլոց ճիտին, աղաղակող ճշմարտութիւնները բացայայտ են, միայն մտային կոյրերն ու ճշմարտութիւնը բարձրաձայնողներուն դիմաց խուլ ձեւացողներն են որ կը մերժեն տեսնել այս իրականութիւնը:
Յիշեալ ու այլ բացայայտուած իրականութիւններուն կողքին, կան եւ օրէ օր կ’աւելնան նոր փաստեր, Հայաստանի վրայ թրքական տիրապերութիւնը ապացուցող նորութիւններ: Իսկ թէ անոնց մասին կը խօսուի՞, թէ՞ չի խօսուիր՝ ճշմարտութենէն բան չի փոխեր:
Ցանկը երկար է. արձանագրենք քանի մը փաստ.
• Հայաստանի շուկաները ողողուած են ամէն տեսակի թրքական արտադրութիւններով, որոնք ուղղակի հարուածի տակ կը դնեն հայ արտադրողները, գիւղացի թէ գոծարանատէր, այս կամ այն կալուած: (Մասնիկ մըն է ոռոգման ջուրի աղբիւրներու կորուստը): Այսպէսով, Թուրքիա ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՏԻՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ կը տարածէ Հայաստանի վրայ, իսկ երբ երկրի մը տնտեսութիւնը նուաճուած է, պէտք չունինք սպասելու, որ թրքական լիրան փոխարինէ Դրամը:
• Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի բանտերուն մէջ գերի ու պատանդ բռնուած են բազմաթիւ հայորդիներ՝ զինուորներ, պետական ու քաղաքական մարդիկ: Անոնց «յանցանք»ը ունի նոյն հասարակ յայտարարը. դէմ են Ազրպէյճանի հակահայ վարքագիծին, Արցախի գրաւումին, դէմ են թուրք-ազերիական ծրագիրներուն իրողական գործակատարը դարձած՝ Երեւանի վարչախումբի քաղաքական ընթացքին (եւ թող մէկը չըսէ, թէ ասոնք թշնամիին գործակատարը չեն):
• Ազրպէյճան շուրջ երեք տարի առաջ ոչինչ տալով կորզեց ականապատ դաշտերու քարտէսները: Հիմա դարձեալ քարտէս կ’ուզէ, Երեւան պատրաստ է ոչինչի փոխարէն տալու քանի մը «հատոր»: «Գերիները քանի մը շաբաթ եւս կը դիմանան»ը մոռցուած է: Եթէ Որբերեան հիմա ապրէր, «Գիւղիս ճամբան» սքանչելի բանաստեղծութեան մէջ բոլորովին այլ իմաստով պիտի գրէր «Մոռացումը առաւ ինձմէ ամէն բան, Հին երազներս ամպերու պէս կ’անհետին» տողերը…:
• Հայաստանի իշխանութիւնները միայն ձեւական խօսքերով է որ կը հոգան բանակն ու կը փորձեն (իբրեւ թէ) վերականգնել զայն, մինչդեռ Թուրքիա եւ Ազրպէյճան կրկին ու կրկին կը պնդեն, որ Հայաստանին բանակ ու զէնք պէտք չեն (չմտնենք մանրամասնութիւններու մէջ, իսկ ազերիական այ՛դ «վարկածին կ’արձագանգեն մեր «ազգընտիր»ն ու գործակիցները), հետեւաբար, թշնամին նա՛եւ զինուորական իր կամքը կը պարտադրէ Հայաստանին: Եթէ այս մասին կասկած կայ ոեւէ մէկուն ուղեղին մէջ, կը նշանակէ, թէ ուղեղները… շոգիացած են:
• Թշնամական կողմը քանի մը տարի առաջ, 44-օրեայ պատերազմէն ետք, հրապարակ նետեց զգայացունց պահանջ մը (շատեր տարիներէ ի վեր կը յիշեցնեն սա), թէ՝ Հայաստան պէտք է վերատեսութեան ենթարկէ իր Սահմանադրութիւնը կամ ունենայ նոր Սահմանադրութիւն: Նիկոլ Փաշինեան վերջերս պաշտօնապէս որդեգրեց նա՛եւ այս պահանջը եւ հրապարակ նետեց «նոր սահմանադրութեան մը պէտք ունինք»-ը: Սա, շատ մը այլ բաներու կողքին, ի յայտ բերաւ, թէ «Նիկոլին ճեպը» ո՞վ բաներ կը նետէ. «նախկիննե՞ր»ը, թէ՞ Թուրքիա…: Այսինքն, Թուրքիա իր կամքը կը պարտադրէ (Նիկոլին ձեռքերով) մինչեւ իսկ Հայաստանի հիմնական օրէնքներուն կալուածին վրայ: Ուրեմն, տնտեսական, քաղաքական, օրէնսդրական եւ զինուորական «գրաւումը»՝ թրքական տիրապերութիւնը կը հասցնէ աւելի համապարփակ տարողութեան:
***
Վերոյիշեալ «գրաւումները» մէկը միւսէն աւելի՛ վտանգաւոր են, սակայն կ’ուզենք յատուկ կարեւորութեամբ կանգ առնել վերջին կէտի՝ նոր սահմանադրութեան մը պարտադրանքին վրայ, որովհետեւ անիկա ունի նոյնինքն Հայաստան-պետութեան ու մինչեւ իսկ ողջ Հայ ժողովուրդի լինելութեան սպառնացող ենթաբաժանումներ: Այս մասին ամէն օր կը խօսին մտաւորականներ, պատմաբաններ, օրէնսգէտ-սահմանադրագէտներ, նա՛եւ ընդդիմադիրներ ու այս իշխանութեան ձախաւերութիւնը մատնացոյց ընողներ: (Ըստ իշխանաւորին, գործակիցներուն ու զանոնք թմբկահարող գիտունիկներուն՝ անոնք բոլորը ապուշ են, ոչինչ գիտեն-կը հասկնան, որովհետեւ Աստուած 2018-ին ամենագէ՜տ Նիկոլ-փրկիչը տուած է Հայաստանին, որ պատրաստ է մինչեւ իսկ Հայկ Նահապետը ղրկելու գրողին ծոցը…):
Թուենք նաեւ վտանգուած ենթաբաժանումներէն մէկ քանին, որոնք միայն թրքատիպ ներշնչումներէ չեն բխիր, սակայն գլխաւոր շահարկողը Թուրքիան է՝ Ազրպէյճան կոչեցեալ «եղբօր» հետ (վաղը կու գայ նաեւ օրը, երբ Էրտողան Ալիեւին նման «եղբայր» պիտի կոչէ Փաշինեանը):
– Հայոց պատմութեան եւ Հայաստանի քարտէսի վերախմբագրումի փաստը, այնպէս մը, որ նոր սերունդը քայլ առ քայլ խզուի մեր պատմութենէն ու ԱԶԳԱՅԻՆ աւանդներէն, ամբողջական Հայաստանի գաղափարէն, պատմական իրականութենէն (դարձեալ խօսի՞նք «կեղծ քաթեկորիաներ»ու մասին):
– Հրաժարում՝ պատմականօրէն հայապատկան հողերու պահանջատիրութենէն, նոյնինքն Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ արդար հատուցման պահանջատիրութենէն: Սա պիտի տանի պաշտօնական Երեւանի կողմէ ընդունելու, որ Արցախը, Նախիջեւանը, Արեւմտեան Հայաստանն ու պատմական այլ հողեր երբեք հայութեան չեն պատկանած: Պիտի հետեւի, որ Սիւնիքը, Երեւանը, Սեւանն ու Հայաստանի մնացեալ տարածքներն ալ թուրք-ազերիական նկատելու յոխորտանքները ճիշդ են:
– Նոր սահմանադրութեան մը (Թուրքիայէն ներածուած) ծրագիրը կ’ընդգրկէ մեր զինանշանը, դրօշն ու անկախ պետականութիւն խորհրդանշող շատ բաներու «վերախմբագրումը», այնպէս մը, որ թրքական տիրապետութիւնը, այսինքն՝ Թուրքիոյ կամքը տարածուի նաեւ նման աւանդներու վրայ:
– Յստակ է, որ Հայ Եկեղեցւոյ դերակատարութեան եւ դիրքին նսեմացման, լուսանցքայնացման ծրագիրը նոր մակարդակ պիտի նուաճէ «նոր սահմանադրութեան» ճամբով: Մինչդեռ կարելի չէ անտեսել, որ Եկեղեցին, իբրեւ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆ եւ էական միջնաբերդ, անպայման կապուած չէ այս կամ այն հոգեւորականի անուան հետ, այլ այդ հոգեւորականները իրե՛նք ծառաներն են Եկեղեցւոյ, Ազգին, ու այլոց նման՝ պահապանները՝ մեր պատմութեան ու իրաւունքներուն: Թուրքիա վաղը կրնայ իր տիրապետութեան տակ անցած Հայաստանի մէջ ալ Եկեղեցւոյ վստահիլ այն դերը, որ սուլթան մը իրականացուց 1463-ին, հաստատելով Պոլսոյ պատրիարքութիւնը:
– Թրքական տիրապետութեան քայլ առ քայլ տարածումը ուղիղ հարուածի տակ պիտի դնէ Հայաստան-Սփիւռք կապերը: Համայնավարներու օրով ալ այդ կապերը հարուած կրած էին, սակայն այդ օրերուն կար դուրսէն հասնող պարտադրանք, որ յամենայնդէպս նման չէր այսօրուան վտանգին, որովհետեւ անկախ Հայաստանի կառավարիչ «ազգընտի՜ր» Փաշինեան, գործակիցներն ու մինչեւ իսկ Սփիւռքի հարցերու (ան)գործակատարը կրկին ու կրկին բացայայտած են, որ Հայաստան եւ իրենց իշխանութիւնը – հետեւաբար նաեւ Թուրքիոյ կամքը քայլ առա քայլ յառաջ տանող խմբակը – Սփիւռքի ներուժը չեն տեսներ մեր պահանջատիրութեան լծակից-յենարանի տրամաբանութեամբ, այլ ինչ որ «հայ-դատական» է, մերժելի է իրենց համար, որովհետեւ ա՛յդ է Հայաստանը գործնապէս գրաւած Թուրքիոյ պահանջը, ճամբու քարտէսը, որուն մէկ օրինակը դրուած է իրենց «ճեպը»:
– Նոր սահմանադրութիւնը, ինչպէս կ’ահազանգեն իրազեկներ՝ նոր եւ աւելի հատու հարուած պիտի հասցնէ նաեւ Հայ Ընտանիքին: Նախանշանները բացայայտ եղան վերջին տարիներուն, երբ «Եւրոպա մեզմէ որոշ պահանջներ ունի՝ իր ընտանիքին մէջ ընդունելու» արդարացումով՝ միասեռականներու եւ սեռափոխուածներու դատին պաշտպանութիւնը հնչեց կառավարութեան ու խորհրդարանի բեմերէն (որո՞ւ հոգը, թէ մինչեւ իսկ Եւրոպայի կարգ մը անդամներ վերապահ են կամ կը մերժեն նման ընտրանք): Այս կալուածին մէջ, թուրք-ազերիական ուղղակի տիրապետութեան հարց չի տեսնուիր, թէեւ մեր թշնամիներուն համար սա այլապէս «ազգային արժանիք» է…
***
Կը տեսնե՞նք Հայաստանի վրայ թրքական տիրապերութեան տարածումը՝ նոյնինքն այս վարչախումբին հլու կամակատարութեամբ: Չե՞նք տեսներ, որ Հայաստան արդէն իսկ ինկած է Թուրքիոյ տիրապետութեան տակ, ամբողջականը կամակատարներուն առաքելութեան վերջին բաժինն է…:
Տեսնելն ու զգալը միայն սկիզբն են գործին, որուն նպատակն է անկախութեան պահպանումը, հողերու ազատագրումը եւ թրքական ամէն տեսակի վտանգի չէզոքացումը: Այլ խօսքով, այս վարչախումբին հեռացումը միայն սկիզբը պիտի ըլլայ աւելի քան հազար մղոն տաժանակիր ճամբորդութեան:
Սարգիս Մահսերեճյան