կարևոր
3349 դիտում, 1 տարի առաջ - 2023-05-31 17:54
Քաղաքական

Թուրքիոյ Նոր Դարաշրջանի Դուռն Ու Թուրը

Թուրքիոյ Նոր Դարաշրջանի Դուռն Ու Թուրը

Թուրքիոյ ընտրութեանց երկրորդ փուլի ընտրապայքարի վերջին օրերուն, Էրտողանի կողմէ բազմիցս կրկնուած եւ «Թուիթըր»-ով դայլայլուած նշանախօսքերէն մէկն էր․ «Միասին բանանք Թուրքիոյ նոր դարաշրջանի դուռը»։ Ու թէեւ իր ակնարկած՝ «նոր դարաշրջան»-էն երկու տասնեակ տարիներ անցած են, ան յոխորտանքով կ՛արծարծէր «Թուրքիոյ դարաշրջան»-ի տեսլականը։

Երկրորդ փուլի ընտրութենէն՝ 28 Մայիսէն քանի մը օր առաջ, Էրտողան արդէն ապահով կը զգար, որ պիտի վերաշահի նախագահական աթոռը, երբ առաջին փուլին, քուէներուն հինգ առ հարիւրը ապահոված՝ ծայրայեղ ազգայնական եւ ծագումով ազերի հանրածանօթ Սինան Օղանի հետ համաձայնութեան հասած էր, եւ վերջինը իր համակիրներուն թելադրած էր քուէ տալ Էրտողանի: Եւ ահա, Էրտողան հինգ տարիով երկարաձգած է Անգարայի Սպիտակ Տան պայմանագրութիւնը, իբրեւ վարձակալ։

ժողովրդավարական որոշ տրամաբանութեան մը հետեւող՝ վարձք ու վարձակալ հասկացութիւնները չեն համապատասխաներ սուլթանամէտ ղեկավարին ոճին, մանաւանդ որ այդ նախագահական վիթխարի պալատը ինքն է, որ կառուցած է, եւ կարիքն ալ չունի պայմանագրեր ստորագրելու՝ համարատու կամ հաշուետու ըլլալու համար։

Ըստ իր պաշտօնը երկարաձգած՝ «վերընտրուած» բռնապետին, ընտրութիւնները ընթացած են «արդար եւ հեզասահ», Թուրքիան եւ իր ժողովուրդը «փաստած են, թէ կը մնան ժողովրդավար տիպար պետութիւն մը»։

Էրտողանի (առանց մոռնալու նախորդները) Թուրքիա եւ ժողովրդավարութի՞ւն: Աւելի դառն հեգնանք կարելի՞ է երեւակայել…

Էրտողանի հաւաստիքները չեն համոզած ընդդիմադիր ճակատն ու անոր թեկնածու Քըլըճտարօղլուն, որ քուէարկութեանց աւարտին, երբ յստակացած էին արդիւնքները, շեշտեց, թէ Էրտողան օգտագործած էր պետութեան իրաւասութեան տակ գտնուող բոլոր կառոյցները եւ անարդարօրէն կերտած էր իր յաղթանակը։ Տեղին է շեշտել, թէ ընդդիմադիր ճակատը չէր կրցած միակամութեամբ գործել, յատկապէս երբ Էրտողանի վարչակարգը, օրին, կրցած էր շինծու պատճառաբանութիւններով չէզոքացնել մեծ կարողութիւններու տէր եւ ժողովրդականութիւն վայելող Պոլսոյ քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլուն։

Ըստ սովորութեան, «սուլթան»-ին անդրանիկ այցելութիւններուն հասցէները պիտի ըլլան Ատրպէյճանն ու Հիւսիսային Կիպրոսի Թրքական Հանրապետութիւնը: Թուրքիոյ համաթուրանականներուն հաշիւներով, երկուքն ալ Թուրքիոյ հողերուն երկարաձգումներն են:

Անակնկալ մը չէր մօտիկ ապագային կատարուելիք այցելութիւններուն մասին տեղեկութիւնը։ Այդպէս ալ հաստատեց Էրտողանի վարչամեքենային հլու կամակատար՝ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն, որ թրքատիպ «Լափալիսեան ճշմարտութիւն» մը արձակեց, նշելով, որ միշտ այդպէս եղած է, միշտ այդպէս պիտի ըլլայ։ Շարունակելով, ան յայտնեց, թէ յառաջիկայ «հնգամեայ փլան»-ին մէկ գլխաւոր խորագիրը պիտի ըլլայ բուռն պայքար Քրտական Աշխատաւորական Կուսակցութեան դէմ, թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ՛ Սուրիոյ մէջ։ Ան նոյնիսկ ազդարարեց արեւմուտքը, յատկապէս Միացեալ Նահանգները, ու զանոնք մեղադրեց թէ կը շարունակեն թիկունք կանգնիլ քիւրտերուն։

Քանի մը ամիս առաջ, հազարաւոր զոհեր խլած ահաւոր երկրաշարժն ու տնտեսական գետնի վրայ կայծակնային սղաճը ոչ մէկ շօշափելի կացութիւն ստեղծեցին, եւ կարելի չեղաւ շրջանցել իրավիճակը։
Իսկ թէ յաղթանակի պարագային՝ ի՞նչ պիտի ըլլար Քըլըճտարողլուի «աճենտա»-ն․․․։

Կարելի է երկար կանգ առնել Թուրքիոյ ընտրութիւններուն ստեղծած՝ Արեւմուտքի արձագանգներուն առջեւ, սակայն պէտք է արձանագրենք գոնէ մէկ կէտ. սկզբնապէս Էրտողանի հանդէպ քննադատական կեցուածք ցուցաբերող եւրոպացիք եւ ամերիկացիք վերջին օրերուն իրենք զիրենք պատրաստած էին ողջունելու Էրտողանի իշխանութեան վերապրումը: Պատմութիւնը հոս ալ հեգնանք մը ունի. Արեւմուտքը, ժողովրդավար եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպան Արեւմուտքը դարձեալ պատրաստ է հանդուրժելու բռնատէր Էրտողանը, այնպէս, ինչպէս կը հանդուրժէին Սուլթանը, իթթիհատականներն ու Աթաթիւրքը:

Հայորդիին համար, ընդվզեցուցիչ էր «նէօ-սուլթան»ին մէկ յոխորտանքը, երբ յայտարարեց. «Այսօր Թուրքիան յաղթեց, Ատրպէյճանը յաղթեց, Ղարաբաղը յաղթեց»։

Այս երրեակ յաղթանակին ի լուր, Հայաստանի «ազգընտիր վարչապետ»-ը շտապօրէն շնորհաւորական նամակ մը յղեց Էրտողանի, նոր թեւեր տալով բազմիցս սնանկացած իր յոյսերուն։ Քաղաքական դէտերու ուշադրութենէն չվրիպեցաւ, որ Փաշինեան եղած էր առաջին շնորհաւորողներէն մէկը, այն ալ… Մայիս 28-ի տօնին օրը:

Իշխանաւորներու շրջանակը կրնայ դարձեալ ինքնարդարացում փնտռել, թէ՝ փրոթոքոլը այդպէս կը պահանջէ: Սակայն այդ փրոթոքոլը ինչո՞ւ նոյն փութկոտութիւնը չի ցուցաբերեր այլ առիթներով եւ կը բանի մի՛շտ ի նպաստ Թուրքիոյ…

Եզրակացնենք. Թուրքիոյ նոր դարաշրջանի դուռն ու թուրը Էապէս անփոփոխ գիծի վրայ պիտի ընթանան յառաջիկայ հինգ տարիներուն։

«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական