Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան համար Ընդհանուր Ժողովը կը հանդիսանայ կազմակերպական այն բարձրագոյն օղակը, որ տիրող ընդհանուր կացութեան լոյսին տակ կը ճշդէ յաջորդ ժամանակաշրջանի ընդհանուր ռազմավարութիւնը եւ պարտականութիւն կու տայ գործադիր մարմիններուն, որ անոնք մարտավարական լուծումներով ի կատար ածեն մշակուած ռազմավարութիւնը:
Հայութեան ու Հայաստանին համար ճակատագրական այս օրերուն, շատ էին Ընդհանուր Ժողովէն եղած սպասելիքները: Յաճախ, այդ սպսելիքներուն մէջ կը խառնուէին ռազմավարականն ու մարտավարականը, եւ ատոր պատճառով, հաւանաբար ոմանց մօտ սպասելիքները չեն արդարացուած, իսկ ատոր մեղաւորը Ընդհանուր Ժողովը չէ, որովհետեւ մարտավարական սպասելիքներ ունեցողները, պէտք է ակնկալիքներ ունենան գործադիր օղակներէն, որոնց պարտականութիւնն է ճշդուած ռազմավարութեան համապատասխան մարտավարութիւն մշակելը, եւ որուն գործընթացը նոր սկսած է:
Հիմա, երբ Ընդհանուր Ժողովը իր ըսելիքը ըսած է, կարգը գործադիր մարմիններունն է, որոնք պարտաւոր են ճշտուած ռազմավարութեան համահունչ քայլերու ծրագիր մշակել մարտավարական յստակ ու հետեւողական ուղղութիւններով: Այդ մշակումը առաջին հերթին պէտք է բխի դէպի նպատակակէտ տանող տուեալներէ, չըլլայ հակազդեցութիւններու շղթայ եւ չդառնայ ամբոխային տրամաբանութեան պատանդ: Իսկ, երբ կը խօսինք ՀՅ Դաշնակցութեան ընելիքներուն մասին, մշակուածը առաւելագոյն արդիւնաւէտութեամբ գործադրելու միակ նախապայմանը համադաշնակցական կազմակերպական ամրութիւնն է եւ համադաշնակցական ողջ ներուժի ներգրաւումը:
Հ.Յ. Դաշնակցութեան 34րդ Ընդհանուր Ժողովը իր առաջին բանաձեւով ու յայտարարութեամբ ըսաւ «Ողջ հայութիւնը, Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւնները, յայտնուած են մեր նորագոյն պատմութեան ճակատագրական փուլի մը մէջ, որ աննախադէպ սպառնալիքներ ստեղծած է Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ անվտանգութեան համար»։ Այս հաստատումը անոնց համար է, որոնք դեռ չեն գիտակցիր պահի լրջութիւնն ու սպառնաիլիքներուն ծանրութիւնը: Իսկ, այս հաստատումը կատարած Հ.Յ. Դաշնակցութեան համար, յառաջիկայ քայլերը չեն կրնար չտարբերիլ նախորդներէն, որովհետեւ «աննախադէպ սպառնալիքներ»ուն դէմ դնելը աննախադէպ միջոցներ կը պահանջէ:
Փակագիծերը քիչ մը բանալով, Ընդհանուր Ժողովը աւելի կը յստակեցնէ «աննախադէպ սպառնալիքներ»ու տարողութիւնը, ընդգծելով, որ «Հայաստանի իշխանութիւններու վարած ապազգային քաղաքականութիւնը պիտի յանգեցնէ Հայաստանի թրքացման եւ Արցախի՝ հայաթափման»։
Արցախի հարցին կապակցութեամբ Ընդհանուր Ժողովը նախ կը հաստատէ, թէ այնտեղ բոլորովին այլ կացութիւն կը տիրէ, իսկ Հայաստան դադրած է Արցախի անվտանգութեան երաշխաւորը ըլլալէ, ապա կը շեշտէ, որ «Արցախի մէջ ստեղծուած նոր կացութիւնը անհրաժեշտութիւն կը յառաջացնէ ՊԱՅՔԱՐի նոր մօտեցումներու եւ ռազմավարութեան որդեգրման՝ մեկնակէտ ունենալով արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքի լիարժէք իրացումը»։ Աւելին, յանձնառու կը դառնայ, որ «ՀՅԴ-ն իր ողջ ներուժով, համահայկական կառոյցի կարողականութեամբ և նուիրումով ձեռնամուխ պիտի ըլլայ Հայաստանի և Արցախի Հանրապետութիւններու անվտանգութեան, տարածքային ամբողջականութեան, ինքնիշխանութեան, կայունութեան ու զարգացման ապահովման եւ ժողովուրդի կենսամակարդակի բարձրացման ու ընկերային արդարութեան հաստատման աշխատանքներուն»։
Հայաստան-Թուրքիա երկխօսութիւնը եւ անոր ընթացքին ՀՀ իշխանութիւններու պարտուողական մօտեցումները Հայաստանի թրքացման լուրջ ու հիմնաւոր մտավախութիւն կը յառաջացնեն Հ.Յ. Դաշնակցութեան մօտ: Ուստի, Ընդհանուր Ժողովը շատ յստակ կը պնդէ «Հայաստանի եւ Թուրքիոյ հանրապետութիւններու միջեւ դիւանագիտական եւ տնտեսական յարաբերութիւններու հնարաւոր հաստատումը չի կրնար ըլլալ ի հաշիւ Արցախի եւ համայն հայ ազգի անժամանցելի իրաւունքներուն: Միայն Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ու հատուցման պարագային է, որ կարելի կը դառնայ հայ-թրքական ամբողջական հաշտեցումը»:
Հայաստանի թրքացման քաղաքականութիւնը վիժեցնելու բազմաթիւ ուղղութիւններու կողքին, Հ.Յ. Դաշնակցութիւնը յատուկ ռազմավարական դեր կը վերապահէ նաեւ Սփիւռքին, հաստատելով, որ «Սփիւռքը իբրեւ գլխաւորաբար Հայոց Ցեղասպանութեան ծնունդ, Արեւմտահայաստանի բռնագրաւման արդիւնք եւ արեւմտահայերէնի պահպանման կռուան՝ ռազմավարական նշանակութիւն ունի հայութեան մղած պայքարին համար»:
Եթէ փորձենք ամփոփել ութ օրերու վրայ երկարող արտակարգ այս ժողովին ըսելիքը, ապա կարճ կը նշենք, որ հայութիւնն ու հայրենիքը կանգնած են աշխարհաքաղաքական կարեւորութեան, ինքնիշխանութեան եւ ազգային անժամանցելի իրաւունքներու անէացման ու կորուստին առջեւ: Հայութեան ու Հայաստանի լինելիութեան սպառնացող վտանգը կու գայ թուրք-ատրպէյճանական երկեակէն, որոնց ջրաղացին ջուր կը թափէ ՀՀ իշխանութիւններու ապազգային ու պարտուողական քաղաքականութիւնը: Իսկ այս ընթացքը շրջելու միակ միջոցը, նոր մօտեցումներով ու միջոցներով ընդդիմանալ սպառնացող արտաքին ու ներքին բոլոր վտանգներուն, հայութեան միահամուռ դիմադրութեամբ ու ազգային ազատագրական պայքարի ակունքներէն բխող վճռակամութեամբ: