կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-11-21 20:30
Առանց Կատեգորիա

Պատմական Մեծ Դէմքեր. Խրիմեան Հայրիկ Եւ Իր Ժամանակները

Պատմական Մեծ Դէմքեր. Խրիմեան Հայրիկ Եւ Իր Ժամանակները

Գէորգեան ճեմարան

Սուրբ էջմիածնի վանական կեանքէն ներս ռուսական կառավարութեան տեւական միջամտութիւնները եւ կաթողիկոսի հեղինակութիւնը հակակշիռի տակ պահելու եւ սինոտը գերադաս նկատելու քայլերը ծանր կը ճնշէին Հայրիկի վրայ: Կառավարութիւնը նաեւ քանի անգամ փորձեց հակակշիռի տակ առնել Գէորգեան ճեմարանը:

Պոլոժենիայի կանոնադրութեան համաձայն, կաթողիկոսական շատ մը իրաւասութիւններ սինոտին փոխանցուած էին: Սինոտի պրոկուրորը Կանչելին էր, վրացի մը. քարտուղարը` Աւետիք Եզեկեան: Կառավարութիւնը կ՛աշխատէր հայ եկեղեցւոյ ղեկավարման կարգը ռուս եկեղեցւոյ կառավարման համակարգին նման կաղապարել: Արդարեւ, Պետրոս Մեծի օրով, 1721¬ին Մոսկուայի եւ համայն Ռուսաստանի պատրիարքութիւնը վերցուած էր եւ պատրիարքական իրաւասութիւնները փոխանցուած էին սրբագոյն սինոտին. ռուս եկեղեցւոյ ղեկավարութիւնը կազմուած էր երեք մետրոպոլիտէ (Պետերբուրգի, Մոսկուայի եւ Քիեւի), տասնչորս արքեպիսկոպոսէ եւ յիսուն եպիսկոպոսէ (պատրիարքութիւնը վերականգնեցաւ 1917¬ի յեղափոխութենէն ետք): Հայրիկ կարելի բոլոր միջոցներով կը պայքարէր կառավարութեան միջամտութիւններուն դէմ. կը դիմադրէին նաեւ Էջմիածնի միաբանները: Կանչելի կաթողիկոսին եւ միաբաններուն դիմադրութեան կ՛աշխատէր հակապետական եւ յեղափոխական բնոյթ տալ: Անոր ձեռքին գործիք էր Աւետիք Եզեկեան:

***

Էջմիածնի միաբաններէն յիշենք քանի մը դէմքեր:

Արիստակէս եպիսկոպոս Սեդրակեան, Սուրմալուի Խալֆալու գիւղէն, եղած էր Երնջակի Սուրբ Կարապետ եւ Վաղարշապատի Սուրբ Գայիանէի վանքերու վանահայր եւ Տաթեւի, Արցախի ու Վրաստանի առաջնորդ եւ Ճեմարանի ուսուցիչն էր:  Ան հետազօտած ու նկարագրած էր հայոց պատմութեան ու մշակոյթի յիշատակարաններ, եղած էր հայկական բանահիւսութեան նմուշներու առաջին հաւաքողներէն, ուսումնասիրած էր հայագիտութեան եւ լուսաւորական շարժման պատմութեան հարցեր եւ աշխատութիւններ ունէր հայ եկեղեցւոյ պատմութեան ու դաւանաբանութեան վերաբերեալ:

Մեսրոպ վարդապետ Մովսիսեան, Զանգեզուրի Շիկահող գիւղէն, բանահիւսութեան մագիստրոս, գիտական աշխատութիւններու հեղինակ, Երեւանի եւ Շուշիի թեմական դպրոցներու տեսուչ եղած էր եւ մասնակցած Զուարթնոցի պեղումներուն:

Գարեգին վարդապետ Յովսէփեան, Արցախի Չարդախլու (այժմ` Մաղաւուզ) գիւղէն, մանկավարժ եւ հայագէտ, արուեստաբան եւ փիլիսոփայութեան դոկտոր, Գէորգեան ճեմարանի ուսուցիչ եւ մատենադարանապետն էր:

Կարապետ վարդապետ Տէր Մկրտչեան, Նախիջեւանի Ցղնա գիւղէն, աստուածաբան, պատմաբան եւ բանասէր, փիլիսոփայութեան դոկտոր, Գէորգեան ճեմարանի դասախօս էր, «Արարատ» ամսագիրի խմբագիր եւ ուսումնական վարչական յանձնաժողովի անդամ:

Կոմիտաս վարդապետ Սողոմոնեան, Քէօթահիայէն, երգահան, երգիչ, երաժշտասէր, բանահաւաք, խմբավար ու մանկավարժ, Գէորգեան ճեմարանի երաժշտութեան ուսուցիչ էր: Ան պատարագի մշակումը սկսաւ 1892¬ին: Մայր տաճարին մէջ քառաձայն պատարագի երգեցողութիւնը ընդհանրացաւ:

Նահապետ վարդապետ Նահապետեան, Ախալցխայէն, Գէորգեան ճեմարանի ուսուցիչ, տեսուչ, ուսումնական յանձնաժողովի նախագահ, կաթողիկոսի դիւանատան կառավարիչ եւ գաւազանակիր եւ նաեւ տպարանական յանձնաժողովի նախագահն էր: Կովկասի փոխարքայ իշխան Կալիցինի հրամանով ան Վահան վարդապետ Տէր Գէորգեանի հետ Ռոստով աքսորուեցաւ:

Գալուստ Տէր Մկրտչեան, Ջաւախքի Ծուղրութ գիւղէն, հայագէտ, պատմաբան, բնագրագէտ, աղբիւրագէտ եւ թարգմանիչ, դպիրի աստիճանով Էջմիածնի միաբան էր եւ «Արարատ» ամսագիրի խմբագիր: Անոր հայագիտական հետազօտութիւնները բազմաբնոյթ են` հայ հին մատենագիտութիւն, վիմագրութիւն, հնագրութիւն, ձեռագրագիտութիւն, միջնադարեան հայ առակագրութիւն, ազգագրութիւն եւ բանահիւսութիւն, վարքագրութիւն եւ վկայաբանութիւն, դրամագիտութիւն եւ աղանդաւորական շարժումներու արձագանգներ Եւրոպայի մէջ: Մեծ է անոր ներդրումը բնագրագիտութեան եւ աղբիւրագիտութեան մէջ:

Մայր տաճարին լուսարարն էր Ղեւոնդ եպիսկոպոս:

***

Գէորգեան ճեմարանը, վանքին արեւելեան կողմը, կարմիր ներկուած սրբատաշ քարերով, երկյարկանի շէնք էր, ունէր մատենադարան, աշակերտներու կացարաններ, խոհանոց, փուռ, ճաշարան եւ լուացքի տուն:

Ըստ Պոլոժենիային, Ճեմարանը հոգեւոր վարժարան էր, որուն նպատակը հոգեւորականներ պատրաստելն էր:

Ճեմարանը ունէր շուրջ երկու հարիւր աշակերտ: Կ՛ընդունուէին հայկական ծխական դպրոցի չորրորդ դասարանը աւարտած ուշիմ եւ շնորհազարդ տղաք` բոլոր գաւառներէն:

Ճեմարանը կու տար բազմակողմանի ընդհանուր կրթութիւն: Կը դասաւանդուէին հայերէն լեզու` աշխարհաբար եւ գրաբար, հայոց պատմութիւն, հայ մատենագրութիւն, մատենագիտութիւն, գրականութիւն, աշխարհագրութիւն, ընդհանուր պատմութիւն, թուաբանութիւն, փիլիսոփայութեան պատմութիւն, բնագիտութիւն, տիեզերագիտութիւն, հոգեբանութիւն, տրամաբանութիւն, Սուրբ Գիրք, եկեղեցական երաժշտութիւն, հայ եկեղեցական իրաւունք, ռուսերէն, ֆրանսերէն, գերմաներէն, ընկերաբանութիւն եւ քաղաքատնտեսութիւն:

Կոմիտաս վարդապետ

Ճեմարանը ունէր բազմակողմանի զարգացման տէր նուիրեալ եւ որակեալ դասախօսներ` Գարեգին վարդապետ Յովսէփեան, Կարապետ վարդապետ Տէր Մկրտչեան, Կոմիտաս վարդապետ, Յուսիկ վարդապետ Զօհրաբեան, Սեդրակ Մադինեան, Ստեփանոս Պալասանեան, Կարապետ Կոստանեան, Մանուկ Աբեղեան, Մինաս Բերբերեան, Հրաչեայ Աճառեան, Յակոբ Մանանդեան, Սիրական Տիգրանեան, Յովհաննէս Յովհաննիսեան, Լէօ, Երուանդ Տէր Մինասեան, Ստեփանոս Կանայեան եւ Մկրտիչ Նալեան: Վերակացուներն էին Յովսէփ Գրիգորեան եւ Գէորգ Ղազարեան:

Աշակերտները կ՛արթննային, առտուան ժամը 6:00¬ին, կը լուացուէին: Ժամը 7:00¬ին սերտողութիւն, ապա` նախաճաշ: Դասաւանդութիւնները կը սկսէին ժամը 8:00¬ին: Ժամը 12:00¬ին` կէսօրուան ճաշ, ապա` ժամ մը հանգիստ, որմէ ետք նորէն դաս մինչեւ ժամը 5:00: Այնուհետեւ երկու ժամ` սերտողութիւն: ժամը 7:00¬ին` ընթրիք: Առտու եւ երեկոյ, դէպի արեւելք դառնալով` աղօթք: Ճեմարանը ունէր իր տարազը:

Յաճախակի առիթներով աշակերտական պտոյտներ կը կազմակերպուէին:

Շրջանաւարտները աւարտական շարադրանք կը ներկայացնէին, որ կը պաշտպանէին քննական յանձնաժողովին առջեւ: Այնուհետեւ անոնք կամ կը ձեռնադրուէին, կամ ալ ուսումը կը շարունակէին ռուսական եւ եւրոպական համալսարաններու մէջ:

Հոգեւոր կոչումը լաւագոյն միջոց կը նկատուէր ազգին ծառայելու:

Հայ ուսուցիչներուն ալ կոչեր եղան քահանայանալու եւ ժողովուրդին մէջ գիւղերը երթալու, փակուած դպրոցները ըստ կարելւոյն փոխարինելու համար: Շատեր անսացին այդ կոչին:

Ճեմարանի մէջ կը մշակուէին հայկական դպրոցներու կրթական ծրագիրները, կը կազմուէին դասագիրքեր ու ձեռնարկներ:

Ճեմարանը կը պահուէր Էջմիածնի վանքի եկամուտներու, հանգանակութիւններու, նուիրատուութիւններու ու կտակներու միջոցով:

Ճեմարանի վերատեսուչը կաթողիկոսն էր, որ գործերը կը վարէր ուսումնական խորհուրդին եւ տեսուչին միջոցով:

***

Նախօ քեռի

Ճեմարանի պահակը Նախօ Քեռին էր, Մոկաց գաւառի Գենեկանց գիւղէն: Գենեկանց (Սուրբ Գայիանէ-Գինէ), Մոկսյէն արեւմուտք, բառ հովիտի լանջին, Սուրբ Նշան եւ Սուրբ Գէորգ եկեղեցիներով եւ Գենեկանից Սուրբ Աստուածածին վանքով, պատմական գիւղ էր: Կարիքն ու զրկանքը ստիպած էին Նախօ Քեռին հրաժեշտ տալու հարազատներուն, դուստրերուն` Ալմաստի, Սիսէի եւ Դելբարի եւ չքնաղ ծննդավայրին եւ հասնելու Էջմիածին:

Բացառիկ յիշողութեան տէր, աւանդապահ ու ստուգապատում ասացող, Նախօ Քեռիի «Դաւիթ եւ Մհեր» պատումը գրի առաւ Մանուկ Աբեղեան: Իր հարուստ իմացութեամբ, պարզութեամբ ու պարտաճանաչութեամբ Նախօ Քեռի սիրուած էր թէ՛ միաբաններէն, թէ՛ աշակերտներէն եւ թէ դասախօսներէն:

***

Հայրիկ իր սպիտակ ձիուն վրայ

Խրիմեան Հայրիկ 26 յուլիս 1898-ին, Գարեգին եւ Կորիւն Վարդապետներուն ու երկու շաթիրներու ընկերակցութեամբ, իր սպիտակ ձին հեծնելով ուղեւորութեան ելաւ դէպի Սիւնիք եւ Արցախ:

Հայրիկ ու իր ուղեկիցները անցան Օշականէն, Աշտարակէն, Մուղնիէն, հասան Բջնի, եւ Ծաղկունեաց լեռները կտրելով յուլիս 30-ին հասան Սեւանի վանք:

Սեւանի վանքէն անոնք ճամբան շարունակեցին դէպի Նոր Բայազիդ (այժմ` Գաւառ), Դարալագեազ (Վայոց ձոր) եւ Սուրբ Խաչ վանքէն, լեռնային դժուարանցանելի ճամբաներով բարձրացան Սիւնեաց լեռները:

Ամէն տեղ հայ գիւղացիներ խանդավառ ընդունելութիւն ցոյց տուին Հայրիկի եւ ձիով կամ հետիոտն ուղեկցեցան գիւղէ գիւղ:

Հայրիկ եւ իր ուղեկիցները օգոստոս 12-ին  հասան Տաթեւ: Վանքին զանգակները երկար կը ղօղանջէին: Ժողովուրդը սրտայոյզ աղաղակներով դիմաւորեց հայոց հայրապետին մուտն ի տաճար:

Օգոստոս 13-ին Հայրիկ Տաթեւէն ճամբայ ելաւ դէպի Գորիս: Հալիձորի, Շինուհայրի, Խոտի եւ Քարահունջի գիւղացիները աղ ու հացով դիմաւորեցին կաթողիկոսը:

Հայրիկ շուրջ 200 ձիաւորներու ուղեկցութեամբ ճամբան շարունակելով հասաւ Գորիս, ուր ժողովրդային ընդունելութեան արժանացաւ: Գաւառապետ, քաղաքապետ, պետական պաշտօնէութիւն եւ երեւելիներ կամարի տակ աղ ու հացով դիմաւորեցին զինք: Իսլամներու կրօնապետը բարի գալուստի խօսք արտասանեց:

Հայրիկ եւ իր ընկերակիցները Մանուչար բէկ Մելիք Հիւսէյինեանցի տան հիւրերը եղան:

Օգոստոս 14-ի առաւօտուն Հայրիկ Գորիսէն շուշեցիներու ուղարկած կառքով ճամբայ ելաւ դէպի Շուշի, ուր հասաւ յաջորդ առաւօտ: Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ հրապարակին վրայ շքեղ կամար մը կապուած էր: Տասնեակ հազարաւոր հայեր եւ թուրքեր ծափերով ու կեցցէներով ողջունեցին Հայրիկի մուտքը Շուշի:

Եկեղեցւոյ մէջ կանոնական աղօթքէ ետք Հայրիկ իջեւանեցաւ Ղուկասեաններու տունը:

Հայրիկ այցելեց նաեւ ռուսաց եկեղեցին եւ թուրքերու մզկիթը:

Իր խօսքը թուրքերուն ուղղելով Հայրիկ ըսաւ.

– Կրօնները Աստուծոյ աչքին առջեւ ծաղկեփունջ են, երբեմն մէկ ծաղկէն հոտ քաշէք, երբեմն միւսը: Դուք տարբեր հաւատքով եղբայրներ իրար քով կ՛ապրիք եւ ատոր համար ալ իբրեւ մէկ երկրի զաւակներ պիտի լինէք հաշտ ու համերաշխ:

Շուշի տօնական տեսք ստացած էր եւ ամէն կողմ ժողովրդային ուրախութիւններ, հրախաղութիւն, ձիարշաւ եւ նուագածութիւն տեղի կ՛ունենային:

Երկու օր Շուշիի մէջ հանգստանալէ ետք Հայրիկ իր շքախումով շրջագայութեան ելաւ դէպի Ամարասի վանք, Ճարտար, Գիշի, Նորշէն եւ Խրամորթ գիւղերը եւ Խաչեն գաւառը կտրելով հասաւ Գանձասարի վանք: Վերադարձի ճամբուն վրայ ան այցելեց Առաջաձոր, Սէյդեշէն, Դաշբուլաղ (Այժմ` Աստղանէն), Խնածախ եւ Խանքենդ (այժմ` Ստեփանակերտ) գիւղերը եւ ամէնուրեք ժողովրդային սիրալիր ընդունելութեան արժանացաւ:

Շուշի վերադառնալէն ետք, ի պատիւ Հայրիկի տեղի ունեցան հանդիսաւոր ճաշկերոյթներ: Հայրիկ այցելեց քաղաքին եկեղեցիները, քարոզեց եւ յարաբերութիւն հաստատեց ժողովուրդին հետ:

Հերհեր գիւղի Տէր Եղիշէ քահանայ Տէր Մանուէլեան Հայրիկի նուիրեց արաբական գեղեցիկ նժոյգ մը:

Շուշիէն հրաժեշտ առնելով Հայրիկ ուղղուեցաւ դէպի Ղարաղշլաղ (Բերդաձոր): Գիւղացիք եկեղեցական թափօրով եւ աղ ու հացով դիմաւորեցին զինք: Թափօրին առջեւէն կը քալէին երկու եզներ, որոնց կոտոշներուն վրայ վառած մոմեր փակցուցած էին, իսկ երկու հոգի ալ կալէն հանուած ցորենը մազերու մէջ լեցուցած մօտեցան Հայրիկի:

Ալեհեր ծերունի մը արտասուաթոր աչքերով մօտեցաւ Հայրիկի եւ ըսաւ.

– Հայրիկ ջան, ոտքդ դրիր մեր հողի վրայ, Աստուծու սիրտը կը քաղցրանայ մեր վրայ. օրհնի՛ր այս ցորեն, օրհնի՛ր այս մատաղցուն, որոնք  այս օրուայ յիշատակի համար քեզ նուէր ենք բերել:

Հայրիկ ինք ալ յուզուեցաւ, օրհնեց եւ ճամբան շարունակեց:

Զաբուղէն եւ Տեղէն անցնելով Հայրիկ հասաւ Գորիս, ուրկէ սեպտեմբեր 3-ին գնաց Տաթեւ, հոնկէ` Լոր, Գետաթաղ, Դարբաս, Ուզ (Ոյծ), Բռնակոթ, Մազրա (Մուծք) եւ Սիսիանի լեռնանցքը կտրելով մտաւ Բիչանակ (Բջնակ) եւ հասաւ Նախիջեւան քաղաքը:

Նախիջեւանէն ճամբան շարունակելով Հայրիկ այցելեց Նորշէն, Դաւալու (այժմ` Արարատ գիւղ), Խոր Վիրապի վանք, Ղամարլու (այժմ` Արտաշատ), իջաւ Զանգիբասար (Երեւանէն հարաւ, թրքաբնակ գօտին, որուն կեդրոնն էր Ուլուխանլուն` ներկայ Մասիս քաղաքը) եւ սեպտեմբեր 12-ին հասաւ Սուրբ Էջմիածին:

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

– Սիւնիք Եւ Արցախ Ուղեւորութիւններ

Ազդակ