Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Hամազգային հայ կրթական և մշակութային միության Երևանի գրասենյակի նախաձեռնությամբ՝ մայիսի 24-ին ՀՀ ԳԱԱ գրկանության ինստիտուտի դահլիճում կայացավ բանասիրական գիտությունների դոկտոր Վարդան Դևրիկյանի «Վասպուրականի արծիվը հայ գրականության անդաստանում» գրքի շնորհանդեսը։
Միջոցառմանը ելույթ ունեցավ ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ, Համազգայինի ԿՎ ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչյանը։
Ստորեւ ներկայացնում ենք նրա խոսքը․
Սրբազան Հայր, յարգելի մասնագէտներ, սիրելի բարեկամներ,
Համազգայինի կողմէ այսօր պաշտօնապէս հանրութեան տրամադրութեան տակ դրուող Վարդան Դեւրիկեանի «Վասպուդականի Արծիւը հայ գրականութեան անդաստանում» հատորը կը հրատարակուի Խրիմեան Հայրիկի ծննդեան 200ամեակի առիթով: Արդ Մկրտիչ Խրիմեան ծնած է 1820 թուականի ապրիլի 20ին Վանի Այգեստան քաղաքամասին մէջ: Յամենայնդէպս հատորը ամիսներէ ի վեր պատրաստ է եւ աւելի քան երկու տարիներու այս յապաղումը ունի իր բազում բանաւոր պատճառները. մարդկութիւնը կրծող համավարակը, համայն հայութիւնը տագնապեցնող հայրենիքի անմխիթար կացութիւնը, Համազգայինի նստավայրի՝ Լիբանանի պարզած տագնապահար պատկերը, բայց մասնաւորաբար՝ հեղինակի բազմազբաղութիւնն ու գիրքի պարունակութիւնը տեւապէս հարստացնելու գովելի ու բծախնդիր դրական մարմաջը. ընդունինք նաեւ, որ կամքէ անկախ պատճառներով այս շնորհահանդէս մէկէ աւելի անգամներ յետաձգուեցաւ: Հրապարակային շնորհակալութիւն կը յայտնենք հեղինակին իր կատարած մասնագիտական աշխատանքին համար: Ինք ստանձնած է նաեւ պատրաստել այլ երախտաւորի մը՝ Հայր Ղեւոնդ Ալիշանին վերաբերող հատոր մը նո՛նպէս անոր ծննդեան 200ամեակի առիթով: Երկուքն ալ, Խրիմեան ու Ալիշան, իրենց արժանաւոր տեղը ունին հայկական Զարթօնքի ռահվիրաներու փաղանգին մէջ:
Ամէն պարագայի մենք ձեր ներողամտութիւնը կը խնդրենք այսօր ներկայացուող գիրքի տպագրութեան եւ շնորհահանդէսի յապաղումին համար: Պէտք է ըսել նաեւ, որ այս շնորհահանդէսը ծրագրուած էր կատարել Արցախ՝ Գանձասարի վանքէն ներս, որ յատուկ խորհուրդով կապուած է Խրիմեան Հայրիկի անունին. Արցախը եւ յատկապէս Գանձասարը հայութեան ազատագրական ոգիի կիզակէտներէն են: Անոր եկեղեցին կը կրէ Խրիմեանի աւազանի անունը, իսկ ԺԷ. եւ ԺԸ. դարերու խաչմերուկին այդտեղ եղած կամ ատկէ անցած են նորագոյն ժամանակներու հայ ազատագրական պայքարի նշանաւոր առաջին գործիչներէն՝ Իսրաէլ Օրի, Յովսէփ Էմին եւ Գանձասարի Եսայի Հասան-Ջալալեան կաթողիկոսը:
Իսկ Խրիմեան Հայրիկ ի՛նքը արդէն դիմադրութեան եւ ազատագրական պայքարի մղիչ հիմնական ուժերէն հանդիսացաւ: Բացայայտ, հրապարակային ու խիզախ կերպով Օսմանեան իշխանութիւններու երեսին նետեց Երկաթէ շերեփի ձեռնոցը, երբ երկաթի հումքը հազիւ նետուած էր դեռ իր ազդելու ջերմաստիճանին չհասած ձուլարանի կրակին մէջ:
«Si vis pacem para bellum». լատիներէնով այս նշանաւոր նախադասութիւնը, «եթէ խաղաղութիւն կ’ուզես, պատրաստէ՛ պատերազմը», բազմաթիւ անգամներ լսեցինք ու կարդացինք վերջին տարիներուն մեր հայրենիքի անհեթեթ քաղաքական վիճակը մեկնաբանելով: Խաղաղութիւնը բարի կամեցողութեամբ եւ գեղեցիկ նախադասութիւններով չեն վաստկիր. սովորաբար զայն կը պարտադրեն: Մենք պատերազմի չպատրաստուեցանք, պատերազմը եկաւ, պիտի գար անխուսափելիօրէն. պատերազմին պատրաստ չըլլալով՝ բնականաբար պարտուեցանք հազարաւոր զոհեր տալով ու վտանգելով մեր պետութեան գոյութիւնը: Մեր անմիջականօրէն հետագայ կեանքը հարկ է այդ պարտութեան աչքին խորքին նայելով դասաւորել՝ մտածելով գալիք յաղթանակներուն եւ զանոնք կարելի դարձնող ուղիներուն եւ միջոցներուն մասին:
Ինչպէս այլապէս գիտենք եւ կ’իմանանք նաեւ այսօր ներկայացուող երկէն, Խրիմեան Հայրիկ ինքնապաշտպանութեան կենսական անհրաժեշտութեան մասին խօսած է «Երկաթէ շերեփ»էն առաջ՝ արդէն 1877-ին ծայր առած ռուս-թրքական պատերազմի շրջանին հայկական գաւառներու մէջ տեղի ունեցած հայկական ազգաբնակչութեան դէմ հալածանքներու եւ ջարդերու առիթով: Ան հայութիւնը կը յորդորէ, որ ինքզինք պաշտպանէ, որովհետեւ իշխանութիւնները երբեք պիտի չպաշտպանեն կայսրութեան հայ ազգաբնակչութիւնը. ընդհակառակը՝ կառավարութիւնը պիտի քաջալերէ նախայարձակ քիւրտերը, որոնք արդէն իշխանութիւններէ՛ն ստացած են հայը կոտորելու եւ հարստահարելու հրահանգը:
Երբ, ռուս-թրքական պատերազմի աւարտէն ետք, Խրիմեան Հայրիկ Պոլսոյ պատրիարքին կողմէ կը գործուղուի Պերլինի վեհաժողով գլխաւորելով հայկական պատուիրակութիւնը շրջապատին կը հասկցնէ, թէ ինք այդտեղ պիտի խօսի «բոլորին հասկնալի լեզուով՝ արցունքի լեզուով»: Իսկ Պերլինէն վերադարձին, յուսախափ ու ձեռնունայն, Մկրտիչ Խրիմեան հրապարակային կերպով կը քարոզէ Հայոց պատմութեան անցած «Երկաթէ Շերեփ»ի խօսոյթը, որպէսզի կարելի ըլլայ ստանալ կեանքի եւ ինչքի ապահովութեան անբռնաբարելի տարրական իրաւունքները՝ պահպանելով հանդերձ ինքնութիւնն ու ինքնուրոյնութիւնը:
Երկաթէ շերեփի յորդորը Խրիմեան Հայրիկի հասարակական գործունէութեան ամենէն ցցուն դրուագն է թերեւս, բայց անիկա առանձին երեւոյթ չէ: Ան երկաթէ շերեփը կ’ուզէ գործածել պարզապէս արժանապատիւ խաղաղութիւնը բերելու եւ հաստատելու իր բազմաչարչար ժողովուրդին համար: Քանի անգամներ օսմանեան իշխանութիւններուն կողմէ իր աշխատանքի վայրերէն այլուր տարագրուած է ան գաւառի հայութեան հանդէպ անմարդկային վերաբերումին դէմ բողոքելուն համար: Ան հրաժարած է Կոնստանդնոպոլսոյ հայոց պատրիարքի պաշտօնէն չհանդուրժելով գաւառի հայ ազգաբնակչութեան դէմ կատարուած հարստահարութիւններու եւ այլ մեծ ու փոքր ոճիրներու հանդէպ ցուցաբերուած անտարբերութիւնն ու անգործութիւնը: Ան նպաստած է հայկական գաղտնի կազմակերպութիւններու ստեղծումին գաւառի հայ ազգաբնակչութեան հալածանքներուն դիմադարձելու նպատակով: Մէկ խօսքով՝ իր գրական արտադրութիւններուն չափ եւ անոնցմէ աւելի՝ ան ունեցած է խրոխտ հասարակական գործունէութիւն, որ աննկատ չէ անցած օսմանեան իշխանութիւններուն կողմէ. ան պետական որոշումով աքսորուած է իր ժողովուրդէն հեռու՝ Երուսաղէմ:
Հասարակական բեղուն իր գործունէութեան կողքին՝ Խրիմեան Հայրիկ փայլուն կերպով զբաղած է նաեւ սերունդներու դաստիարակութեամբ, իբրեւ ժարանգաւորաց դպրոցներու հիմնադիր ու ղեկավար, բայց նաեւ՝ որպէս հասարակութեան դաստիարակ. «Պապիկ եւ թոռնիկ» երկը միայն նոր սերունդին ուղղուած խրատներ չեն, այլ՝ հայ հասարակութեան բոլոր խաւերուն:
Կեանքը ցոյց տուաւ, որ մեր հասարակութիւնը աւելի քան երբեք պէտք ունի Խրիմեան Հայրիկի նման հասարակական գործիչներու՝ հայրենասէր, հաւատաւոր, անհրաժեշտօրէն իրեն պէս որակաւոր ու գործունեայ: Այսօր ժողովուրդ ու պետութիւն զգետնած վերջին պատերազմի, անոր ծագումի եւ արդիւնքի առարկայական քննարկումը տակաւին չէ կատարուած. ատկէ կը խուսափին պարտութեան անմիջական պատասխանատուները, որոնք դժբախտաբար կը շարունակեն իրենց պաշտօնավարութիւնը արհամարելով քաղաքական բանականութեան բոլոր սկզբունքները: Այդ պատճառով կը շարունակուի հայոց պետութեան արիւնահոսութիւնը, քանի արիւնահոսութեան հիմնական պատճառը չէ վերցուած: Հայրենիքով եւ սփիւռքներով՝ ամբողջ ազգ մը երկար ատեն թմբիրի մէջ շուարած մնալէ ետք՝ այս օրերուն վերջապէս արթննալու վրայ է. մինչեւ վերջերս ցուցաբերուած զանգուածային անտարբերութիւնը ազգը կ’առաջնորդէր դէպի կործանում:
Վերջին քառասնամեակի ընթացքին հայութեան ելեւէջները հարեւանցի միայն դիտելով կարելի է եզրակացնել, որ խորհրդային ժամանակշրջանի վերջին տասնամեակին հայրենիքի զանգուածներու ազգային ջիղը աւելի զգայուն էր, քան՝ անկախութեան հռչակումէն երեսուն տարիներ ետք: Ատիկա կը նշանակէ, թէ ապազգային ուժեր տասնամեակներ շարունակ իրենց քանդիչ գործունէութիւնը անարգել զարգացուցած են ՀՀ իշխանութիւններու կուրացած աչքերուն տակ: Հայրենիքէն ներս հայութեան ինքնապահպանման բնազդը կարեւոր չափով փթացած էր:
Այս կացութեան հիմնական դարմանը մէկ է: Առանց սպասելու յարմար պայմաններու ստեղծման ձեռնարկել ազգային դաստիարակութեան վերածաղկումին ո՛չ միայն հանրային կրթութեան մարզէն ներս, այլ առհասարակ հասարակութեան վրայ ժողովրդային համալսարաններու միջոցով եւ զանգուածային լրատուամիջոցներու նպատակասլաց օգտագործումով: Ազատութեան ու փրկութեան առաջնորդող կրթական-դաստիարակչական նոր ծրագիրը կը սպասէ իր հեղինակին:
Խրիմեան Հայրիկի այսօր հանրութեան ներկայացուող հատորը այդ հսկայ ծրագրի մէկ ջնջին մասնիկը կը ներկայացնէ միայն:
Մկրտիչ Մկրտիչեան
Երեւան, 24 մայիս 2022