Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Լիբանանցիներուն պոռթկումը վերածուեցաւ երկրին պատմութեան մէջ արտակարգ եւ աննախընթաց երեւոյթի մը, որուն կարեւորութիւնը կը կայանար անոր մէջ, որ լիբանանցի ժողովուրդը իր արդարացի ցաւը արտայայտեց քաղաքակրթութեամբ` մերժելով խուլիկաններուն մուտքը իր շարքերուն մէջ եւ մնալով կառչած ցոյցերուն խաղաղ բնոյթին:
Ժողովրդային բողոքի ցոյցերը շարունակուեցան նաեւ երէկ: Չորրորդ օրն ըլլալով լիբանանցիները փակ պահեցին Լիբանանի տարբեր շրջանները եւ հսկայ բազմութիւններով փակեցին փողոցները` «Յեղափոխութիւն» գոռալով, իշխանափոխութիւն պահանջելով, ինչպէս նաեւ պահանջելով վերջ տալ համայնքային դրութեան:
Առաւօտեան ժամը 8:00-էն մինչեւ երեկոյեան կէս գիշեր Ռիատ Սոլհի, Նահատակաց հրապարակի, Կեդրոնական Պէյրութի փողոցներուն, Թրիփոլիի Նուր հրապարակին, Զուքի, Ղազիրի, Ժիպէյլի, Շեքքայի եւ Ժալ Էլ Տիպի մայրուղիներուն, Պեքաայի, Պաալպեք-Հերմելի, Սայտայի, Սուրի, Նապաթիէի, Պաաքլինի, Շուֆի, Ալէյի, Զահլէի, Հալպայի, Աքքարի, Խալտէի եւ Ժիէի մէջ բողոքի ցոյցերը ընթացան նոյն թափով` բազմամարդ, խաղաղ եւ քաղաքակիրթ:
Ցոյցերուն ընթացքին քաղաքացիները բարձրացուցին միայն մէկ դրօշակ, որ Լիբանանի դրօշակն էր, ինչպէս նաեւ քանի մը անգամ երգեցին Լիբանանի քայլերգը:
Ակներեւ էր եւ դիպուկ յատկապէս երեկոյեան ժամը 6:00-ին բոլոր շրջաններուն մէջ հաւաքուած ցուցարարներուն կողմէ Լիբանանի քայլերգին երգեցողութիւնը:
Ցուցարարները առաւօտեան կանուխ ժամերուն հրապարակներէն հեռացան` կոչ ուղղելով բոլորին այսօր աւելի մեծ թիւով ներկայանալու ցոյցի վայրերը` շարունակելու համար իրենց պահանջատիրական շարժումը:
Լիբանանի մէջ իշխանափոխութիւն պահանջող այս շարժումին միացան նաեւ արտերկրի լիբանանցիները:
Փարիզի, Պարսելոնայի, Լոնտոնի, Իտալիոյ, Շուէտի, Ինտոնեզիոյ, Նիկերիոյ, Կիպրոսի, Աւստրալիոյ, Գերմանիոյ, Միացեալ Նահանգներու, Քանատայի եւ Յորդանանի մէջ ապրող արտերկրի լիբանանցիները լիբանանեան դեսպանատան դիմաց կազմակերպեցին զօրակցական ցոյցեր, որոնց ընթացքին բաժնեցին իրենց հարազատներուն ցաւը` իրենց կարգին կոչ ուղղելով վերջ տալու երկրին մէջ տիրող փտածութեան եւ կոչ ուղղելով վերացնել համայնքային դրութիւնն ու կերտել քաղաքացիական պետութիւն:
Վարչապետ Սաատ Հարիրի, որուն խնդրած կարճ ժամկէտը կ՛աւարտի այսօր երեկոյեան ժամը 7:00-ին, երէկ Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ նախագահեց կառավարութեան սեղմ նիստի մը, որուն ներկայ գտնուեցան արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ, մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ, ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ, հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոս, ներքին գործոց նախարար Ռայա Հասան, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան եւ ճարտարարուեստի նախարար Ուաէլ Պու Ֆաուր:
Նիստին ընթացքին մշակուեցաւ տնտեսական բարեկարգումներու փաստաթուղթ մը:
Նախարար Կիտանեան անգամ մը եւս շեշտեց ժողովուրդին պահանջներուն գոհացում տալու անհրաժեշտութիւնը եւ ներկայացուց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքին ընկերային-տնտեսական պատկերացումը` հաստատելով նաեւ նախագահներու, երեսփոխաններու եւ նախարարներու ամսականները նուազեցնելու իմաստով իրենց հաւանութիւնը:
Կեդրոնական կոմիտէին եւ պլոքին պատկերացումը ներառուեցաւ վարչապետին մշակած բարեկարգումի փաստաթուղթին մէջ:
Բարեկարգումի փաստաթուղթը որդեգրած կարգ մը կէտերէն են. ներկայ եւ նախկին նախարարներու եւ երեսփոխաններու աշխատավարձերը յիսուն առ հարիւրով նուազեցնել, դրամատուներու եւ ապահովագրութեան ընկերութիւններու վրայ 25 առ հարիւր համեմատութեամբ տուրքեր պարտադրել, պետութեան սնտուկները, ինչպէս` գաղթականներու, հարաւային Լիբանանի եւ Բարեկարգումի եւ վերակառուցման սնտուկները ջնջել, լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն հանգստեան թոշակներու կրճատումները ջնջել, վերաշխուժացնել տնտեսական վերահսկողութեան խորհուրդին աշխատանքը, լիբանանեան արտադրութիւնները քաջալերել եւ ներածուած արտադրութիւններուն վրայ յաւելեալ տուրքեր պարտադրել, Կեդրոնական դրամատունն ու մնացեալ դրամատուները երեք միլիառ տոլարի դրամաշնորհներ կը յատկացնեն, իւրացուած գումարները պետութեան վերադարձնելու օրէնքի վաւերացում, բնակարանային վարկերու տրամադրման վերսկսում, դրամատուներու շահերուն վրայ տուրքերը բարձրացնել, բջիջային հեռաձայնի մարզի սեփականաշնորհում, ինչպէս նաեւ նախարարներու, երեսփոխաններու եւ պետական պաշտօնատարներու դրամատնային հաշիւներուն գաղտնիութիւնը վերացնել:
Նիստէն ետք Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ նիստին ընթացքին համաձայնութիւն գոյացած է 2020-ի պետական ամավարկը վաւերացնելու առանց տուրքերու յաւելումի կամ նոր տուրքեր պարտադրելու:
Աւելի ուշ նշուեցաւ, որ քաղաքական գրեթէ բոլոր ուժերը համաձայն գտնուած են տնտեսական կացութիւնը փրկելու առումով վարչապետ Հարիրիի նախաձեռնութեան:
Միւս կողմէ, նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր նիստէն ետք կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Աքրամ Շեհայէպի եւ երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթի խորհրդատու Հուսամ Հարպի ներկայութեամբ, մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին դրուատեց Լիբանանի մէջ ընթացող քաղաքակիրթ ցոյցերը` ընդգծելով, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը եւ Ժողովրդավարական հանդիպումը յարգանքով կը հետեւին ժողովուրդի պահանջներուն:
Ան նշեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախարարները իրենց հրաժարականը պիտի չներկայացնեն, որովհետեւ անիկա առիթ պիտի չտայ իրենց ներդրում ունենալու այս դժուար պայմաններն ու կացութիւնը դիմակայելու իմաստով:
«Կառավարութեան մէջ մնալու մեր նպատակն է բարեկարգումներ գործադրել եւ երկիրը ամբողջական քայքայումէ փրկել», ըսաւ ան:
Կառավարութիւնը այսօր Պաապտայի մէջ պիտի գումարէ իր նիստը, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին: Նիստին ընթացքին պիտի քննարկուի կառավարութեան որդեգրած տնտեսական բարեկարգումներու ծրագիրը:
Նիստին պիտի նախագահէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն` ներկայութեամբ վարչապետ Հարիրիի:
Կը նախատեսուի, որ նախագահ Աուն այսօր լիբանանցիներուն յղէ պատկերասփռուած պատգամ մը:
Նշենք, որ Աուն շաբաթ օր իր այցելուներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին յայտնած էր, որ երկրին դիմագրաւած տնտեսական տագնապին յստակ լուծում մը պիտի երաշխաւորուի:
Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ շաբաթ, 19 հոկտեմբեր 2019-ին, կէս գիշերին յայտարարեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախարարներուն հրաժարականը:
Կառավարութեան մէջ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախարարներն էին` փոխվարչապետ Ղասսան Հասպանի, աշխատանքի նախարար Քամիլ Պու Սլէյման, ընկերային հարցերու նախարար Ռիշար Գույումճեան եւ վարչական բարեկարգումի պետական նախարար Մայ Շիտիաք:
Ժահժահ այս յայտարարութիւնը կատարեց Հզօր հանրապետութիւն համախմբումին գումարած նիստէն ետք: Ան շեշտեց, որ ներկայ կառավարութիւնը անկարող է տիրող տնտեսական տագնապին լուծումներ գտնել:
Ժահժահ շեշտեց, որ լիբանանցիներուն ընկերային յեղափոխութիւնը աննախընթաց է Լիբանանի պատմութեան մէջ, որովհետեւ անիկա ո՛չ կուսակցական եւ ո՛չ ալ համայնքային հաւաք է եւ շարժում:
Ժահժահ ընդգծեց, որ Լիբանանի ժողովուրդը իր ղեկավարներուն նկատմամբ վստահութիւնը կորսնցուցած է:
Ժահժահ քննադատեց բարեկարգումներ չորդեգրելու կառավարութեան մօտեցումը եւ կոչ ուղղեց կազմելու նոր կառավարութիւն մը, որ ներկայ կառավարութիւնը բաղկացնող քաղաքական ուժերու մեծամասնութենէն տարբեր ըլլայ:
Երէկ կէսօրէ ետք Ժահժահ հարցազրոյցի մը ընթացքին ցաւ յայտնեց, որ երկու ամիսէ ի վեր Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ բարեկարգումներ իրականացնելու, սակայն անոր ջանքերը կը մնան անպատասխան:
Ան կոչ ուղղեց վարչապետ Հարիրիին կազմելու նոր կառավարութիւն մը` աւելցնելով, որ ինք տակաւին կ՛ակնկալէ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախարարներուն հրաժարականը:
Երէկ երեկոյեան կատարած իր յայտարարութեան մէջ Ժահժահ քաղաքական բոլոր ուժերուն կոչ ուղղեց կառավարութենէն հրաժարելու եւ Լիբանանի մէջ քաղաքական նոր կեանք մը սկսելու:
Ան նշեց, որ ներկայ տագնապը կառավարութեան եւ ժողովուրդին միջեւ անվստահութեան խոր տագնապ մըն է, որ կարելի չէ լուծել առանց արմատական որոշումներ որդեգրելու:
Ան հաստատեց, որ հարցը կը գտնուի անոր մէջ, որ պատասխանատուները քաղաքական կամք չունին բարեկարգչական այս քայլին դիմելու:
Իր կարգին, երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէ Սիւննի խորհրդակցական հանդիպումին իր անդամակցութիւնը սառեցուց: Ան նշեց, որ իր որոշումը տուած է, որովհետեւ նախարար Հասան Մըրատ մերժած է կառավարութենէն հրաժարիլ:
Քարամէ հաստատեց, որ իր արժանապատուութիւնը չ՛արտօներ, որ երկրին վարչապետը չճանչնայ Սիւննի խորհրդակցական հանդիպումը եւ մերժէ խօսիլ զայն ներկայացնող նախարարին հետ:
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ երեկոյեան հարցազրոյցի մը ընթացքին կոչ ուղղեց ընտրական նոր օրէնքով խորհրդարանական ընտրութիւններ կատարելու:
Ան նշեց, որ կարգ մը նախարարներ, որոնց շարքին` արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ պէտք է հրաժարին` աւելցնելով, որ կարելի չէ անոնց հետ մնալ նոյն կառավարութեան մէջ:
Կառավարութեան վաղուան նիստին մասնակցելու մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ժոմպլաթ յայտնեց, որ այդ նիստին իրենք պիտի մասնակցին` հիմնուելով իրենց ներկայացուցած տնտեսական փաստաթուղթին վրայ:
Սէյիտ Հասան Նասրալլա շաբաթ, 19 հոկտեմբերին, կէսօրէ առաջ արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը` իմամ Հիւսէյնի քառասունքին առիթով:
Այս շրջագիծին մէջ ան անդրադարձաւ Լիբանանի մէջ տիրող ներկայ կացութեան, որուն մասին նշեց, թէ Հըզպալլա կը յարգէ լիբանանցիներուն բողոքը` ընդգծելով, որ անոնք պատգամը ուժգնութեամբ կրցած են հասցնել բոլոր պատասխանատուներուն:
Ան շեշտեց, որ բարեկարգում չի նշանակեր տուրքեր պարտադրել` նկատել տալով, որ տուրքերը պէտք է պարտադրել հարուստներուն, ընկերութիւններուն եւ դրամատուներուն վրայ եւ ոչ թէ համեստ դասակարգին:
«Այսօր, այս զգայուն կացութեան ընթացքին կարելի չէ իշխանութիւնը տապալել: Չենք զօրակցիր կառավարութեան հրաժարականին, իսկ ներկայ իշխանութիւնը պիտի չտապալի», ըսաւ սէյիտ Նասրալլա:
Ան իր խօսքը ուղղելով ցուցարարներուն յայտնեց, որ անոնք իրենց ժամանակը կը վատնեն, իրենք զիրենք եւ երկիրը կը յոգնեցնեն, որովհետեւ իշխանութիւնը պիտի չկարենան տապալել:
Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ Լիբանանի մէջ տիրող տնտեսական տագնապը 30 տարուան կուտակումներու հետեւանք է: «Ոչ ոք պէտք է խուսափի իր պատասխանատուութիւնները ստանձնելէ, ներառեալ` մենք», նշեց ան:
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Ափրիկէ սկսած իր հովուապետական այցելութիւնը առանց աւարտելու վերադարձաւ Լիբանան:
Ռայի պատրիարքը, որ երէկ հասաւ Պքերքէ, յայտնեց, որ ինք կը զօրակցի լիբանանցի ժողովուրդի պահանջներուն` մերժելով հանրային կալուածներուն դէմ գործուած խափանարարական արարքները:
Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց տնտեսական արտակարգ իրավիճակ յայտարարելու, ինչպէս նաեւ օրական դրութեամբ կառավարութեան նիստեր գումարելու` ներկայ հարցերուն լուծումներ գտնելու եւ զանոնք գործադրելու նպատակով:
Կը նախատեսուի, որ Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը այսօր գումարէ արտակարգ նիստ մը եւ բաւական խիստ ոճի հաղորդագրութիւն մը հրապարակէ` իբրեւ անդրադարձ երկրին մէջ տիրող ներկայ իրավիճակին:
Լիբանանեան բանակը իր կարգին կոչ ուղղեց քաղաքացիներուն իրենց իրաւունքներուն, արժանապատուութեան եւ օրապահիկին համար խաղաղ կերպով ցոյց կատարելու` առանց արտօնելու, որ անոնք հանրային կալուածներուն դէմ յարձակում գործեն:
Լիբանանեան բանակը ամբողջական զօրակցութիւն յայտնեց ժողովուրդին արդարացի պոռթկումին` զայն յորդորելով անսալ ապահովութեան ուժերուն ցուցմունքներուն:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն պաշտօնատար մը երէկ գիշեր հարցազրոյցի մը ընթացքին զօրակցութիւն յայտնեց լիբանանցի ժողովուրդին խաղաղ ցոյց կատարելու իրաւունքին: Ան նշեց, որ տասնամեակներ շարունակ տիրող վատ ընտրանքները Լիբանանը զետեղած են տնտեսական քայքայման եզրին` մաղթելով, որ այս ցոյցերը Պէյրութը մղեն դէպի տնտեսական բարեկարգումներ:
Նշենք, որ պետական հաստատութիւններու պաշտօնեաները, ինչպէս նաեւ Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութիւնը այսօր ընդհանուր գործադուլ յայտարարած են: Դրամատուներու միութեան որոշումով դրամատուները այսօր` երկուշաբթի, 21 հոկտեմբեր 2019-ին, իրենց դռները փակ պիտի պահեն, իսկ կրթութեան նախարարութիւնը կոչ ուղղեց պետական եւ սեփական դպրոցներու ու համալսարաններու տնօրէններուն, որ իրենց գտնուած վայրին համաձայն որոշեն, թէ այսօր իրենց դռները փա՞կ պիտի պահեն, թէ՞ դպրոցական սովորական օր մը պիտի ունենան::