կարևոր
0 դիտում, 3 տարի առաջ - 2021-03-06 12:14
Քաղաքական

․․․Գոնէ դիւանագիտութիւնը պահենք անձեռնմխելի

․․․Գոնէ դիւանագիտութիւնը պահենք անձեռնմխելի

«Դիւանագիտութեան արուեստին կէսը՝ ոչինչ ըսելն է, յատկապէս խօսելով»
Ուիլիըմ Տարընթ (1885 – 1981, գրագէտ, փիլիսոփայ եւ պատմագէտ)

Հայաստանի քաղաքական ներքին իրավիճակը մեծ թափով կ՛ուղղուի դէպի անդունդ, անոր կողքին, եւ դժբախտաբար, արտաքին յարաբերութեանց բնագաւառն ալ, այսինքն՝ արտաքին գործոց նախարարութիւնը, շատ փայլուն պատկեր մը չի ներկայացներ։

Նոյեմբեր 9-ի տխրահռչակ զինադադարէն անմիջապէս ետք, նոյնիսկ ներքին քաղաքական զարգացումներէն շատ աւելի արագ՝ ի յայտ եկաւ կացութիւնը, երբ օրուան արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան (որ նախքան այդ պաշտօնը ստանձնելը՝ Մ.Ա.Կ.-ի մօտ Հայաստանի դեսպանն էր) ներկայացուց իր հրաժարականը։ Այդ քայլը օրին հարցադրումներու դուռ բացաւ, մանաւանդ երբ վարչապետի աթոռին կառչած Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, թէ յատուկ հրամանագիրով մը պահանջած է Մնացականեանի հրաժարականը, մինչդեռ վերջինը իր հրաժարական նամակին պատճէնը հրապարակելով, «բռնեց» վարչապետին սուտը եւ յստակացուց, որ ի՛նք հրաժարած է պաշտօնէն։

Իրադարձութեանց մօտէն հետեւողներուն համար, յստակ էր, թէ «բանն ինչո՞ւմն էր» եւ թէ՝ ի՞նչ պատահած էր գաղտնի եւ յայտնի զրոյցներու ետին։

Կարճ խօսքով, Մնացականեան փոխարինուեցաւ իր օգնականներէն Արա Այվազեանով։

Մինչ այդ, Երեւանի մթնոլորտը այլ ուղղութեամբ սրած էր արագօրէն, շուքի մէջ ձգելով արտաքին յարաբերական դաշտին կարեւորութիւնը: Եթէ պահ մը վերադառնանք այդ օրերու տաք նիւթերուն, պիտի յիշենք, որ ատրպէյճանական քարոզչական մեքենան որքան դրամ ծախսեց, որպէսզի աղաւաղեալ ձեւով ներկայացնէ ռազմական գետնի վրայ կատարուածը, աշխատեցաւ աշխարհը համոզել, որ նախայարձակը Հայաստանն էր, նոյնիսկ մեղադրելով հայկական կողմը, թէ քիմիական ռումբեր գործածած է անմեղ բնակչութեան դէմ։

Պատերազմի աւարտէն եւ արտաքին գործոց նախարարի փոփոխութենէն աւելի քան երեք ամիս ետք, ոչ մէկ շօշափելի յառաջդիմութիւն կարելի եղած է արձանագրել, սկսելով գերիներու փոխանակումներէն, հասնելու մինչեւ տարրական փրոթոքոլային բնոյթ ունեցող յարաբերական աշխատանքներու ոլորտը։

Առանձին յիշատակումի արժանի է Ազգային ժողովին առջեւ Արա Այվազեանի չնաշխարհիկ այն յայտարարութիւնը, թէ Թուրքիոյ կողմէ Հայաստանի հետ պետական սահմանը փակ պահելու եւ շրջափակում կիրարկելու որեւէ պատճառ չի տեսներ: Իր «գիւտը» զարգացնելով՝ Այվազեան շեշտեց, թէ «շրջափակման վերացումը կամ շրջափակումը դրական երեւոյթ է։ Պէտք է Հայաստանի եւ Արցախի շուրջ անվտանգային մթնոլորտ ձեւաւորուի, իսկ ատոր համար բարենպաստ միջավայր պէտք է ստեղծուի` չխախտելով կարմիր գիծերը եւ պետական շահերը»:

Արտաքին գործոց նախարարը, այդ հաստատումները կատարելով, չանդրադարձաւ թէ ինքզինք կը հակասէ, խախտելով վերոյիշեալ՝ պետական շահերն ու կարմիր գիծերը։ Միթէ յստակ չէ՞ր, թէ քանի մը ամիս առաջ, թրքական բանակը, ձեռքերը սոթտած (․․․եւ անշուշտ լաւապէս զինուած) Արցախի դիրքերուն վրայ ոգի ի բռին կը պատերազմէր ազերիներու կողքին, հետն ալ բերած է ահաբեկչական վոհմակներ:

Աւելի՛ն, արտաքին գործոց նախարարը այս արտայայտութիւնը կատարեց այդ օրերուն, երբ Կարսի մէջ նոր աւարտած էին թուրքեւատրպէյճանական ռազմափորձերը։

Այսքանն ալ բաւարար չէր կարծէք, եւ ահա, այլ խեղկատակութիւն մը եկած է լրջօրէն հարուածելու հայրենի դիւանագիտական բազուկը։

Ցայսօր, ստոյգ են այն լուրերը, թէ վարչապետի «Իմ Քայլ»-ական հաւատարիմերէն՝ Լիլիթ Մակունցը թեկնածու է Ուաշինկթընի մօտ դեսպանութեան պաշտօնին։

Քաջատեղեակ ենք որ Մակունց անգլերէն կը խօսի, իսկ փորձառութի՞ւն, կարողութի՞ւն, դիւանագիտական տեսութի՞ւն․․․ տեսողութի՞ւն։

Աւա՜ղ, այսքան ապիկարութիւն, խեղճութիւն եւ բոպիկութիւն։ Եթէ ձախաւերութեան մրցում մը կայ ինքն իրեն հետ, գոնէ դիւանագիտութիւնը պահենք անձեռնմխելի։ Արդեօք բաւարար չէ՞ այլեւս․․․Enough is enough, պիտի ըսէր անգլիախօս մը:

ՀԱՅՐԵՆԻՔ – Պոսթըն
Խմբագրական