Փոխարժեքներ
21 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքի անդամ երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ, Ամալ շարժումին եւ Մէյս Ժապալ քաղաքապետարանի խորհուրդին` Աշուրայի առիթով կազմակերպած սուգի հաւաքին ընթացքին արտասանած խօսքին մէջ ընդգծեց, որ անկարելի չէ յաղթահարել Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական եւ ընկերային տագնապները: Կարողութիւն ունինք դիմադրելու եւ շրջանցելու այս մարտահրաւէրները, եթէ կամքն ու վճռակամութիւնը ունինք, ըսաւ ան` աւելցնելով, որ ասոր ապացոյցը Իսրայէլի դէմ Լիբանանի ձեռք բերած յաղթանակն է:
Քասեմ Հաշեմ ըսաւ նաեւ, որ տակաւին առիթ կայ կառուցողական աշխատանք տանելու` նկատի ունենալով, որ տարբեր քաղաքական կողմերու երկխօսութիւնները յոյս կը ներշնչեն: Իբրեւ Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոք, կը մերժենք միջին եւ աղքատ դասակարգերու ծանրաբեռնել տնտեսական յաւելեալ պարտաւորութիւններով, որովհետեւ յստակ են այլընտրանքային լուծումները, իսկ պատասխանատուութիւնը կը պահանջէ նախաձեռնութիւն եւ պատրաստակամութիւն` հեռու կուսակցական եւ համայնքային հաշուարկներէ:
Հաշեմ եզրափակեց իր խօսքը նշելով, որ եթէ Լիբանանի համար համայնքները հարստութիւն են, ապա համայնքային մոլեռանդութիւնը անէծք է, եւ ա՛յդ է այս երկրին տագնապին հիմքը: Հարցերը պիտի չլուծուին, մինչեւ որ հասնինք քաղաքացիական պետութեան, որ ունենայ մէկ ընտրատարածք` ըստ համամասնական օրէնքի եւ առանց կախեալ ըլլալու համայնքներէն:
«Ազդակ»