կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-06-27 10:37
Տարածաշրջան

Արատ Դինքը վճռակամ է

Արատ Դինքը վճռակամ է

Հրանդ Տին­քի որ­դին Արատ Տինք նա­խորդ շա­բաթ հինգշաբ­թի օր դա­տարան ներ­կա­յացաւ իր դէմ ուղղո­ւած մե­ղադ­րանքնե­րուն պա­տաս­խա­նելու հա­մար։ Արատ Տինք եւ իր հետ միասին 18 ան­ձեր նա­խապէս հրա­պարա­կաւ ելոյթ ու­նե­ցած եւ զօ­րակ­ցութիւն յայտնած էին «Այս յան­ցանքին մեր­ձա­կից չենք ըլ­լար» ըսող ակա­դեմա­կան­նե­րուն։ Այս խո­րագի­րով շրջա­բերա­կան մը հրա­տարա­կուած էր, ուր կը քննա­դատո­ւէր Թուրքիոյ զի­նեալ ու­ժե­րու քրտաբ­նակ քա­ղաք­նե­րու մէջ ձեռ­նարկած զի­նուո­րական գոր­ծո­ղու­թիւննե­րը։ Այդ շրջա­նին Մար­տի­նի Նու­սա­յիպին, Շըր­նաք եւ Տի­յար­պե­քիրի Սուր թա­ղամա­սին մէջ զի­նուո­րական ծանր յար­ձա­կումներ տե­ղի ու­նե­ցած էին, այդ թա­ղերու խա­ղաղ բնա­կիչ­նե­րուն դէմ։ Զի­նուո­րական գոր­ծո­ղու­թիւնը կը բա­ցատ­րո­ւէր, իբ­րեւ թէ ահա­բեկ­չութեան դէմ պայ­քա­րով։ Այս պայ­մաննե­րու տակ բո­ղոք ներ­կա­յաց­նողնե­րը կը պա­հան­ջէին որ վերջ տրո­ւի այս մար­դասպան գոր­ծո­ղու­թեան։

Արատ Տինք եւ 18 ան­ձեր լսե­լով որ այդ բո­ղոքա­գիրը ստո­րագ­րող ակա­դեմա­կան­նե­րու դէմ դատ յա­րու­ցո­ւած է, իրենք եւս կրկնե­ցին նոյն յայ­տա­րարու­թիւնը, ըսե­լով որ եկէք մեզ ալ դա­տեցէք։

Այս շրջա­նակով կա­տարո­ւած դա­տավա­րու­թեան խիստ յան­դուգն ելոյթ մը ու­նե­ցաւ Արատ Տինք եւ ըսաւ, որ դոյզն իսկ չի զղջար իր արար­քին հա­մար։ «Եթէ զղջման ար­ժա­նի կէտ մը կայ, այն է որ խոս­տա­ցած էի այս ձայ­նը բարձրաց­նել ու լսե­լի դարձնել շատ աւե­լի լայն զան­գո­ւած­նե­րու եւ չեմ յա­ջողած այդ խոս­տումիս մէջ։ Ար­դա­րեւ միակ անոր է որ կը զղջամ»։ Դա­տարա­նը լսե­լով Արատ Տին­քի պաշտպա­նու­թիւնը որո­շեց սպա­սել մե­ղադ­րեալ ակա­դեմա­կան­նե­րու Սահ­մա­նադ­րա­կան ատեան կա­տարած դի­մու­մը եւ վճիռ կա­յաց­նել այդ դի­մու­մի պա­տաս­խա­նի յստա­կացու­մէն ետք։

«Ակօս»