կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-06-11 10:52
Արցախ

Արցախեան Մշակութային Օրերու Մեկնարկ Լիբանանում

Արցախեան Մշակութային Օրերու Մեկնարկ Լիբանանում

Երէկ երեկոյեան, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան եւ «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին նախաձեռնած Արցախեան մշակութային օրերը ընթացք առին Այնճարի «Սարգիս Զէթլեան» ժողովրդային տան մէջ:

Ձեռնարկը կազմակերպուած էր գործակցութեամբ Այնճարի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղին: Մասնաճիւղի վարչութեան անունով բացման խօսքը կատարեց Լալիկ Խօշեան, որ ողջունեց Արցախի պատուիրակութեան այցելութիւնը Այնճար եւ անդրադարձաւ Այնճարի ու Արցախի միջեւ ստեղծուած անքակտելի կապին, որ արդէն ունի խոր արմատներ:

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան եւ «Լիւսի Թիիւթիւնճեան» ցուցասրահի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան ներկայացուց Համազգայինի Արցախի գրասենեակի գործունէութիւնը` անդրադառնալով Հայաստան-Լիբանան, ինչպէս նաեւ Արցախ-Լիբանան մշակութային կապերու հոլովոյթին, որ արդէն իսկ երկար ճամբայ կտրած է, եւ այս կամրջումը յաւելեալ աշխուժութիւն տուած է գաղութի մշակութային ու գրական կեանքին: Ապա Հաւաթեան անդրադարձաւ Արցախի նորաստեղծ գրասենեակին առաքելութեան եւ բազմագաւառ գործունէութեան:

 Համազգայինի Արցախի գրասենեակի տնօրէն Հերմինէ Աւագեան իր կարգին ներկայացուց գրասենեակի գործունէութեան եւ աշխատանքային մարզերը, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ Արցախի ժամանակակից գրականութեան եւ երիտասարդ գրողներուն, որոնց հետ գրասենեակը ստեղծած է կենդանի կապ: Ան ներկայացուց նաեւ Համազգայինի Արցախի գրասենեակի մշակութային տարեգիրքի անդրանիկ թիւը, որ պիտի ունենայ պարբերական բնոյթ եւ որուն կ՛աշխատակցին արցախցի մեծ թիւով մտաւորականներ եւ մշակութային գործիչներ: Այս առիթով ան անդրադարձաւ նաեւ իր հեղինակած «Պատերազմ… աչքեր… ծաղիկներ…» գործին, որ պատմուածքներու շարք մըն է, որ կը ներկայացնէ իր պատանեկան տարիքի ականատեսի վկայութիւնը արցախեան պատերազմի մասին:

Գեղանկարչուհի Լիանա Քոչարեան ներկայացուց Արցախի գեղանկարչական մարզը եւ մասնակից արուեստագէտներուն մասին ներկայացուց իր վկայութիւնները: Ան վկայեց, որ արցախցի գեղանկարիչները իրենց տաղանդով պատրաստ են նուաճելու միջազգային համբաւ:

 «Արցախ կարպետ» ընկերութեան տնօրէն Սեւակ Խաչատրեան, անհրաժեշտ բացատրութիւններ տուաւ արցախեան գորգարուեստին եւ հիմնարկին ծաւալած գործունէութեան մասին: Ան յայտնեց, որ աւելի քան հարիւր արցախցի կիներ կ՛աշխատակցին այս հաստատութեան մէջ Ստեփանակերտի, Շուշիի եւ այլ շրջաններու մէջ: Հիմնարկը կը վայելէ պետական հովանաւորութիւն:

Արցախեան ձեռարուեստի մասին խօսք առաւ արուեստագիտուհի Սաթենիկ Հայիրեան` ներկայացնելով արցախեան տարազներու եւ այլ ձեռագործներու նմուշներ:

 Աւարտին արցախցի տաղանդաւոր երգիչ Արթուր Խաչենց մեկնաբանեց ազգագրական-ազգային եւ աշուղական երգեր:

Արցախի պատուիրակութեան անդամները իրենց խոր հիացմունքը եւ շնորհակալութիւնը յայտնեցին այս առիթին համար` գնահատելով Համազգայինի նախաձեռնութիւնը:

Ձեռնարկի աւարտէն ետք ներկաները ծանօթացան ցուցահանդէսին ներկայացուած գեղանկարներուն, գորգերուն, գրականութեան եւ ձեռային աշխատանքներուն:

Յատնենք, որ այսօր էլ Մարաշի հայրենակցական միութեան «Գերմանիկ» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ արցախեան ժամանակակից գրականութեան ներկայացման ձեռնարկը, որուն ընթացքին խօսք պիտի առնէ Արցախի գրասենեակի տնօրէն Հերմինէ Աւագեան, ինչպէս նաեւ գեղարուեստական բաժինով իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ արցախցի տաղանդաւոր երգիչ Արթուր Խաչենց: