Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Փլուզման, մինչեւ իսկ ոչնչացման սեմին ենք։
Բնութեան հետ կապ չունի պատահածը։
Այո՛, անբնական է եւ անհանդուրժելի։
Կարելի չէ ներկայ օրերու պատահարները բաղդատել Դեկտեմբեր 7, 1988-ի կործանարար երկրաշարժին հետ։ Նման բնական աղէտի մը առաջքը առնելը շատ աւելի դժուար է, նոյնիսկ եթէ բնակարաններն ու շէնքերը աւելի զօրաւոր հիմերու վրայ կառուցուած ըլլան։
33 տարի ետք, Դեկտեմբեր 2021-ին քաղաքական բեմահարթակին վրայ պատահած անցուդարձերը երկրաշարժէն շա՛տ աւելի ցնցիչ ու քանդիչ են, նաեւ շատ աւելի լայն տարածք կը հարուածեն, քան Գիւմրին ու Սպիտակը պատուհասած բնական աղէտը: Բնութիւնը չէ, որ յանկարծ պոռթկալով զոհեր կը խլէ, այլ քաղաքականութիւն կոչեցեալ բնագաւառը, ուր մեր անկարողութիւնը, տկարութիւնն ու անհանդուրժողութիւնը միաձուլուելով՝ մեր հայրենիքը հասցուցած են փլուզման սեմին, «շնորհիւ» յամառ եւ եսասէր «հերոսի» մը եւ անոր խմբակին, նաեւ շարունակ լուսանցքի մէջ պահուող ընդդիմութեան մը։
Եթէ երեսուն տարիէ ի վեր նման աւարտ կը սպասուէր, կամ նախկին ղեկավարները իսկապէս այս սցենարը պատրաստած էին, ինչո՞ւ իրենց կարգին «հինցած» նորերը չկրցան ոգի ի բռին գործի լծուիլ եւ շրջանցել դէպի անդունդ տանող այս ընթացքը, յատկապէս 44-օրեայ պատերազմի անկիւնադարձային օրերուն։ Ամէն աղէտ «հիներուն» վերագրելը ինչո՞վ կ’արդարանայ, իսկապէս արդարացում ունի՞: Յետոյ՝ ի՞նչ կը լուծէ…
Աւելի քան տարի մը առաջ սկիզբ առած պարտութիւնը սրընթաց կը շարունակուի, եւ այդ ալ՝ ամենայն շռայլութեամբ, խախտելով Սահմանադրութիւնը, օրէնքներն ու ընթացակարգը։
Պարտութիւն, որ նոյնքան դժուար էր ընդունիլ, տեսնելն ու յայտարարելը, որքան Նոյեմբեր 9, 2020-ի ահաւոր իրականութիւնը։ Եւ ահա, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբի նախագահը, խղճի եւ մտքի ամենայն հանդարտութեամբ, հեզասահօրէն եւ առանց տատամսումի, մինչեւ իսկ անտեսելով պատմութիւն, բանականութիւն եւ աղաղակող դառն ճշմարտութիւններ, յայտարարեց, որ Երեւանը պատրաստ է, առանց որեւէ նախապայմանի, Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու մեկնարկին։
Այսպիսի «կաֆ» մը՝ անհաւասարակշիռ եւ անհեռանկար արտայայտութիւն մը, թեւեր տուաւ մեր վաղեմի թշնամիին, որ արդէն իսկ պատրաստած էր իր պահանջները եւ աքցանի մէջ առած՝ հայկական կողմը: Անգարան կը կրկնէ, թէ այս նոր էջը պիտի բացուի միայն ու միայն Պաքուի հետ խորհրդակցաբար եւ անոր հետ համակարգումով։ Անշուշտ, պահ մը մոռնանք, թէ Պաքուն արդէն այլապէս մտած է Անգարայի ստամոքսը եւ անոր հետ խորհրդակցելու դիրքի վրայ չէ:
Նմանօրինակ իրավիճակ ինչպէ՞ս կրնայ բխիլ Հայաստանի շահերէն…։ Հոս այլեւս անտեղի է շարունակելը եւ բացատրութիւններ գտնելն ու յօրինելը։
Երկու երկիրները յարաբերութիւններու կարգաւորման համար յատուկ ներկայացուցիչներ նշանակած են: Անգարայի ներկայացուցիչն է Միացեալ Նահանգներու մէջ նախկին դեսպան Սերտար Քըլըճ, որուն յամառ կարծիքը կ’ըսէ, թէ Հայոց Ցեղասպանութիւն տեղի չէ ունեցած եւ այդ գծով ալ, տարիներ շարունակ հետեւողական ձեւով լոպինկի աշխատանք տարած է։ Հայաստանի ներկայացուցիչն է Ազգային ժողովի փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեան… յաւելեալ մեկնաբանութիւն աւելորդ է, իսկ յոյս կապե՞լը…։
Մութ ամպերով պատուած է հայոց երկինքը. ամանորի օրերուն ստեղծուած է դաժան իրավիճակ մը, որմէ դուրս գալու միակ միջոցը՝ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ստեղծելն է եւ ըստ այնմ յարատեւօրէն պայքարիլը։
ՀԱՅՐԵՆԻՔ – Պոսթըն
Խմբագրական
hairenikweekly.com