կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-06-03 19:17
Հասարակություն

Պայքարող քեսաբահայերի մասին

Պայքարող քեսաբահայերի մասին

Վստահ եմ, որ մեր ժողովուրդին մեծամասնութիւնը, ինծի նման, կը խորհի, որ կեանքը Քեսապի մէջ,  ազատագրումէն  եւ ժողովուրդի վերադարձէն ետք, բնական դարձած է եւ, հետեւաբար, մտահոգուելու կարիք չկայ այլեւս:

Հաւանաբար նաեւ այս համոզումին հետեւանք է վերջին տարիներուն հայութեան վերաբերումը քեսապահայութեան հանդէպ: Կարիք չի զգացուիր  առաջնակարգ օրակարգ նկատելու քեսապահայութեան վիճակը, որովհետեւ քեսապահայերը իրենց տուները վերադարձած են եւ` բնականոն  կեանքի լծուած: Մանաւանդ որ ազգային կառոյցները վերանորոգուած են եւ ազգային-եկեղեցական կեանքը մտած է  իր բնականոն հունին մէջ:

Բոլորովին տարբեր էր, սակայն, Քեսապի եւ քեսապահայութեան վիճակը մայիսի առաջին  օրերուն, երբ առիթ ունեցանք երկու օրերու վրայ հանդիպումներ ունենալու քեսապահայութեան այն հատուածին հետ, որ վերադարձած է իր հայրենի հողին վրայ շարունակելու իր գոյատեւումը` հակառակ բազմաթիւ դժուարութիւններու:

Շատ ցնցիչ էր առաջին տպաւորութիւնը եւ տխուր:

Սուրիոյ պատերազմի սկիզբէն ի վեր Քեսապը չէինք  տեսած: Տակաւին մեր մէջ կենդանի էր 2010-ին, Մուսա Լեռ կատարած ժողովրդային ուխտագնացութեան վերադարձի ճամբուն վրայ  քեսապահայութեան հետ մեր ունեցած  ջերմ եւ հարազատ  հանդիպումը Ս. Աստուածածնայ տօնին առիթով:

Օրին Քեսապը լեցուն էր ժողովուրդով, այցելուներով: Լեցուն էին պանդոկներն ու ճաշարանները: Մարդիկ իրենց արդար քրտինքով իրենց  խաղաղ կեանքը կ՛ապրէին` ազգային ոգիով լեցուն եւ առանց  ապրուստի մեծ մտահոգութիւններու:

Քեսապի աշխուժ շուկան նախանձելի էր:

Իսկ հիմա՜, գրեթէ մութ էր Քեսապը: Ելեկտրականութիւնը իւրաքանչիւր 3 ժամը անգամ մը կ՛ընդհատուէր, մեծ թիւով տուներ այրած, քանդուած կամ կողոպտուած էին: Սարսափելի էր տեսնել տուներ` առանց դռներու եւ պատուհաններու: Քեսապի գիւղերուն մէջ լուսաւորուած տուները թիւով քիչ էին: Վառելանիւթի տագնապ կար, եւ շատ պարտիզպաններ դժուարութիւն ունէին վառելանիւթ ապահովելու պարտէզներու աշխատանքներուն համար: Կար տակաւին աւելին, կարկուտը աւեր գործած  էր, ծաղկած ծառերը տերեւաթափ եղած էին, իսկ փրկուած պտուղի հատիկները` ծանօրէն  վիրաւորուած…

Շատ դժուար էր ի տես այս իրականութեան  քնանալ  գիշերը. աչքերնուս առջեւ տառապող քեսապահայութիւնն էր իր անհամար դժուարութիւններով: Կար նաեւ առօրեայ տագնապը. երկրին մէջ սղութիւնը շատ դժուարացուցած էր ապրուստ ապահովելը…

Առաւօտեան, սակայն, մենք ականատես եղանք այլ պատկերի մը, որ յուսադրիչ է, ոգեշնչող եւ հպարտութիւն առթող:

Կայ պայքարող քեսապահայութիւն մը, Քեսապի մէջ կամ հազարաւոր քիլոմեթրեր Քեսապէն հեռու, որ հայու արժանավայել ոգիով կը պայքարի կանգուն պահելու համար  Կիլիկեան Հայաստանէն մնացած  վերջին հայկական գիւղախումբը, Մուսա Լերան Վագըֆ գիւղի կողքին:

Հողին, պատմութեան եւ ազգին կառչած հայութիւն մը կայ հոս, որ ամէն գնով կ՛ուզէ կանգուն պահել  հայկական Քեսապն ու իր շրջակայ գիւղերը: Սովորական մարդիկ են անոնք, բայց`  քաջ ու հայրենասէր. անոնք կը կոչուին  համայնքապետներ` տէր հայր, վարդապետ, պատուելի, ազգային-կուսակցական կեանքի նուիրեալներ, ուսուցիչներ կամ  պարտիզպաններ…

Հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն` քեսապահայութիւնը կը պայքարի գոյատեւելու կամքով: Դպրոցները, համայնքային եւ ազգային կառոյցները մեծ ճիգ կը թափեն մեղմացնելու համար ժողովուրդին դժուարութիւնները:

Առաւօտեան առիթ ունեցանք այցելելու պարտիզպաններէն ոմանց պարտէզները` ականատես ըլլալով այն մեծ աշխատանքին, որ կը տանին Քեսապի պարտիզպանները որակաւոր բերք ստանալու համար:

Կէսօրին շուրջ երկու ժամուան  հանդիպում  էր պարտիզպաններուն հետ` քննելու համար  իրենց ունեցած դժուարութիւնները եւ առաջարկելու լուծումներ: Մեծ հետաքրքրութիւն կար ակումբի սրահին մէջ հանդիպումին մասնակցող շուրջ 80 պարտիզպաններուն մօտ: Անոնք սուրիական պատերազմին պատճառով հեռու մնացած էին գիւղատնտեսական վերջին տարիներու նորութիւններէն…

Երեկոյեան Համազգայինի 90  եւ Քեսապի «Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղի 30-ամեակի զոյգ առիթներուն նուիրուած  ձեռնարկն էր «Ազգային Սահակեան» սրահին մէջ: Մասնաճիւղի երիտասարդ վարչութիւնը, հակառակ պատերազմական իրավիճակին, կազմակերպած էր կոկիկ ձեռնարկ մը` վառ պահելով Համազգայինի բարձրացուցած ջահը: Շատեր  վառելանիւթի տագնապի պատճառով  քանի մը քիլոմեթր քալելով եկած էին իրենց զօրակցութիւնը յայտնելու Համազգայինին…

Յուզիչ էր տեսնել հայորդիներ, որոնք, կքած ըլլալով հանդերձ ապրուստի խիստ դժուարութեան ծանրութեան տակ, չէին դժուարացած իրենց ներկայութեամբ քաջալերելու Համազգայինի գործունէութիւնը:

Քանի մը օր ետք Սայաթ Նովային նուիրուած ձեռնարկ կազմակերպուած էր, եւ այս բոլորը` պատերազմական վիճակի մէջ գտնուող Քեսապի մէջ:

Շատեր սկսած էին իրենց ճաշարաններն ու պանդոկները նորոգել եւ պատրաստուիլ  ամրան եղանակին` յուսալով, որ համեմատական խաղաղութիւնը կրնայ օժանդակել, որ Քեսապ ունենայ մեծաթիւ այցելուներ:

Երկու օր ետք, սակայն, դարձեալ հրթիռներ ինկան Քեսապի գիւղերուն վրայ, դարձեալ եղան վիրաւորներ: Բնականաբար այս զարգացումը ժխտական ազդեցութիւն պիտի ունենայ եւ աւելի պիտի դժուարացնէ ժողովուրդին ապրուստը, սակայն ժողովուրդին կամքն ու յոյսը կոտրելու բոլոր փորձերը  ապարդիւն մնացին:

Շրջանէն դուրս գտնուող քեսապահայերը նաեւ բոլոր միջոցներով թիկունք կը կանգնին իրենց հայրենի գիւղերուն, ինչ որ օրինակելի է եւ ուրախացնող (անշուշտ, երբ  2014-ին Քեսապը յարձակումի ենթարկուեցաւ, ամբողջ հայութիւնը ոտքի կանգնեցաւ):

Այսօր քեսապահայութիւնը կանգուն  է եւ կը պայքարի: Կան լուրջ դժուարութիւններ, որոնց լուծումը  միայն քեսապահայութեան  ճիտին պարտքը չէ:

Բոլորս պարտաւոր ենք բոլոր միջոցներով օժանդակելու պայքարող հայութեան այս հատուածին եւ անով կրնանք հպարտանալ ազգովին:

ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ, Մուսա Լեռ-Այնճար
Ազդակ