կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-07-18 16:52
Առանց Կատեգորիա

Երբ Հայրենասիրութիւնը Կրօնական-Դաւանական Համոզումներէն Վեր Է...

Երբ Հայրենասիրութիւնը Կրօնական-Դաւանական Համոզումներէն Վեր Է...

9 ապրիլ 2019-ին տեղի ունեցած իսրայէլեան Քնեսեթի (խորհրդարան) ընտրութիւններուն ադրիւնքները ցոյց տուին, թէ ըստ երեւոյթին յաջորդ կառավարութիւնը պիտի կազմուէր աջակողմեան առանցքի շուրջ:

Սակայն ամէն ինչ արագ փոխուեցաւ: Նեթանիահուի կողմէն ղեկավարուած Լիքուտ կուսակցութիւնը, որ քուէարկութեան արդիւնքներուն առաջին դիրքը գրաւած էր, աջակողմեան կառավարութիւնը ամբողջացնելու համար կարիքը ունէր թէ՛ կրօնամոլ «Շաս» ու «Եհոտաթ Հաթորաթ» եւ թէ՛ աշխարհիկ-ազգայնական «Իսրայէլը մեր տունն է» կուսակցութիւններուն:

ԶԻՆՈՒՈՐԱԳՐՈՒԹԻՒՆ: Ահա այն նիւթը, որ տագնապ ստեղծեց նոյնինքն աջակողմեան առանցքին մէջ, եւ հոն փաստուեցաւ, թէ աջակողմեան բոլոր կուսակցութիւնները միակարծիք չեն բոլոր հարցերուն շուրջ: Երբ «Իսրայէլը մեր տունն է» կուսակցութեան ղեկավար Լիպըրմանը բարձրացուց հարետիներու (ծայրայեղ ուղղափառ հրեաներ) համար ազգային ծառայութեան կամ զինուորագրութեան ստիպողականութեան օրինագիծը, կրօնամոլ կուսակցութիւնները մերժեցին առաջարկը, իր կարգին, «Իսրայէլը մեր տունն է» կուսակցութեան ղեկավար Լիպըրմանը Նեթանիահուն մեղադրեց կրօնամոլներուն զիջումներ կատարելու յանցանքով, հետեւաբար ձախողեցաւ նոր կառավարութեան կազմութիւնը, եւ արտակարգ ընտրութիւնները նկատուեցան անձնականացում:

«Իսրայէլը մեր տունն է» կուսակցութեան եւ կրօնամոլ կուսակցութիւններու միջեւ տագնապը ամէն ինչէ առաջ տեսաբանական-գաղափարաբանական է: Առաջին ուղղութիւնը կը հաւատայ, որ ազգի անդամները անխտիր, առանց որեւէ կրօնական-դաւանական խտրականութեան, պէտք է կատարեն իրենց ազգային պարտքը՝ պարտադիր արձանագրուելով ազգային ծառայութեան կամ բանակին մէջ, իսկ երկրորդը, հաւատալով մեսիականութեան առասպելին (օր մը «Աստուած» օծեալ մը պիտի ուղարկէ աշխարհ՝ հրէական հին հողերը վերադարձնելու հրեաներուն), հետեւաբար կը նախընտրէ կրօնը ուսումնասիրել, քան ծառայել պետութեան:

Նմանօրինակ քաղաքական եւ հասարակական վէճեր շատ տարածուած էին 19-րդ դարու ընթացքին՝ Եւրոպայի մէջ, այդ վէճերուն ընդմէջէն աշխարհիկութիւնը (որոշ տեղեր վերջինս կը դրսեւորուէր ազգայնական դիմագիծով) յաղթութեամբ դուրս եկաւ եւ օգնեց արեւմտեան ժամանակակից քաղաքակրթութեան ձեւաւորման հոլովոյթին:

Այսօր մեր շրջանին մէջ վերստին թարմացաւ աշխարհիկ-ազգայնականութեան եւ կրօնամոլութեան միջեւ տագնապը՝ ազդանշանը տալով աշխարհիկ-ազգայնականութեան յաղթանակին:

Երբ ազգ մը կամ հայրենիք մը վտանգի մէջ է, մանաւանդ կենաց մահու կռիւ մղելու ժամանակ, ամէն ոք (բացի առողջապահական պատճառներ ունեցողներէ), առանց նկատի առնելու, թէ ի՛նչ կը պաշտէ, ինչպէ՛ս կը պաշտէ, ո՛ւր կը պաշտէ, ի՛նչ կրօնական խորհրդանիշ կը կրէ, պէտք է ծառայէ իր հայրենիքին՝ իր բոլոր կարելիութիւններով:

Ինչպէս իսրայէլի, նմանապէս Հայաստանի մէջ, այնքան ատեն որ արցախեան հարցը չէ լուծուած, մեսիականութեան հայրենիքի աւետման առասպելը ոչ իրապաշտ եւ անտրամաբանական կը թուի հայկական կեանքին մէջ:

Ծանօթ.- Այս յօդուած չի միտիր քաջալերել «Իսրայէլը մեր տունն է» կուսակցութեան դիրքորոշումները՝ նկատի ունենալով անոր ազգայնամոլական ուղղութիւնը: Յօդուածին նպատակը միայն ու միայն աշխարհիկ-ազգայնականութիւնը լուսարձակի տակ բերելն է, մանաւանդ երբ հայաստանեան քաղաքական-հասարակական կեանքին մէջ ալ նմանօրինակ խնդիրներ կան:

 ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ