կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-09-08 12:50
Սփյուռք

«Նախագահ Աունի Իշխանութիւնը Ներքին Եւ Արտաքին Շրջափակումի Ենթակայ Է. Այդ Իշխանութենէն Գոհ Չեմ, Որովհետեւ Չկրցանք Երազը Իրականացնել» Շեշտեց Յակոբ Բագրատունի

«Նախագահ Աունի Իշխանութիւնը Ներքին Եւ Արտաքին Շրջափակումի Ենթակայ Է. Այդ Իշխանութենէն Գոհ Չեմ, Որովհետեւ Չկրցանք Երազը Իրականացնել» Շեշտեց Յակոբ Բագրատունի

Համուտ հասան Աքքարէն եւ Հարաւային Լիբանանէն բարեսիրական միութիւններ, ուրեմն ինչո՞ւ պիտի արգիլենք «Տաֆա» արշաւին աշխատանքները: Ընդհակառակն` անոնք Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի հրապարակին վրայ` իրենց յատուկ տարազներով եւ յստակ անուանացանկերով օժանդակութիւն բաշխեցին: Աւելի՛ն. ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի «Շաղզոյեան» կեդրոնին, այսինքն` Հայկական երեսփոխանական պլոքի գրասենեակին կից` «Վահան Թէքէեան» դպրոցին մէջ բաշխեցին սննդեղէնի իրենց օժանդակութիւնները: Բարեսիրական ոչ մէկ միութիւն կրնայ բողոքել, որ Պուրճ Համուտի մէջ իր գործունէութիւնը արգելակուած է», հաստատեց երեսփոխանը:

Պէյրութի նաւահանգիստին պայթումը քաղաքականացնելու եւ շահագործելու մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ հսկայական պայթումին պատասխանատուութեան առումով առաջին սլաքը ուղղուեցաւ Հըզպալլայի` նաւահանգիստին մէջ զինամթերք ունենալու պատճառաբանութեամբ, երկրորդ սլաքը` Իսրայէլի: «Ֆրանսական ուժերն ու ամերիկեան «Էֆ. Պի. Այ.» գաղտնի սպասարկութիւնը եկան ըսելու, որ ո՛չ Հըզպալլան է, եւ ո՛չ ալ Իսրայէլը: Այս բոլորը քաղաքական կեցուածքներ եւ արտայայտութիւններ են: Նոյնիսկ երբ մենք կը խօսինք անկախ հետաքննութեան մասին, անիկա կը մնայ յարաբերական, որովհետեւ իւրաքանչիւր պետութիւն իր շահերը կը հետապնդէ եւ նոյնիսկ եթէ անոր շահերը Լիբանանի մէջ չեն գտնուիր, ապա Լիբանանի պայմանները պիտի շահագործէ: Սակայն մենք` իբրեւ լիբանանցիներ, պէտք է համաձայնինք յստակ սկզբունքներու շուրջ. անոնցմէ է այն իրողութիւնը, որ լիբանանցի քաղաքացին կարմիր գիծ է եւ պէտք չէ անոր ապրուստը շահագործել», ըսաւ ան:

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի պահուն, ինք ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութեան մը հետ կը գտնուէր նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի մօտ:

«Մեր հանդիպումը աւարտեցաւ ժամը 6:00-ին, սակայն Հարիրիի փափաքով աւելի երկար մնացինք` քննարկումները շարունակելու: Երբ պայթումը պատահեցաւ, իր մօտ էինք: Աւելի ուշ փորձեցինք վերադառնալ Պուրճ Համուտ, «Շաղզոյեան» կեդրոն, սակայն Թապարիսի կողմէ անկարելի եղաւ այդ մէկը: Հետեւաբար, ծովային ճամբով վերադարձանք` ականատես ըլլալով այն իրողութեան, որ պայթումին տարողութիւնն ու պատճառած քանդումը հսկայական էին: Իսկական աղէտ մը… ինքնաշարժներուն մէջ անշարժացած դիակներ եւ մեծ թիւով վիրաւորներ կային», ըսաւ ան:

Ան մեղադրեց լիբանանեան տեղեկատուութեան մարզը, որ կը կեդրոնանայ միայն մայրաքաղաք Պէյրութի վրայ, առանց Պուրճ Համուտին ակնարկութիւն կատարելու` աւելցնելով, որ պայթումէն ժամ մը ետք հասած են Պուրճ Համուտ, ուր արդէն իսկ հասած էր նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը` իր ժողովուրդին հետ ըլլալու, վնասուած ու տուժած քաղաքացիներուն նեցուկ կանգնելու եւ վիրաւորներուն ապաքինում մաղթելու, առանց տեղեկատուութեան ու քարոզչութեան արշաւի մարմաջի:

«Պուրճ Համուտ այցելութենէս ետք ուղղուեցայ Քարանթինա, Մար Մըխայէլ, Ժըմմէյզէ, Էշրեֆիէ, Ժեհթաուի, ուր ամբողջական քանդում կը տիրէր:

«10 երկվայրկեանի մէջ մենք տասնեակ տարիներու պատերազմի համազօր քանդում վկայեցինք», ըսաւ ան:

Պատասխանելով հարցումի մը, թէ ՀՅ Դաշնակցութիւնը ի՞նչ ծրագիրներ ունի օժանդակելու ժողովուրդին, յատկապէս անօթեւան քաղաքացիներուն, ձմրան սեմին` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն նախքան Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումը արդէն իսկ ունէր «Քորոնա»-ի համաճարակի շտապ մը` օժանդակելու համար ժողովուրդին:

«Անշուշտ մենք` իբրեւ համայնք, ոչ մէկ երկրէ օժանդակութիւն կը ստանանք, ի տարբերութիւն Լիբանանի մէջ եղող այլ համայնքներու: Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Իրան, Սէուտական Արաբիա, եւրոպական երկիրներ յստակ կերպով կ՛օժանդակեն լիբանանեան համայնքներուն, երբեմն ուղղակի եւ երբեմն ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու ընդմէջէն: Մեր պարագային, Հայաստանը չի կրնար մեզի օգնել, որովհետեւ ան օժանդակութեան կարիք ունի, սակայն, հակառակ անոր, Հայաստան Լիբանան ուղղարկեց օժանդակութեան երեք օդանաւեր: Ամէն պարագային, պայթումին առաջին իսկ օրէն Արամ Ա. վեհափառին հետ համախորհուրդ կազմուեցաւ Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինը, որուն կը նախագահէ Լիբանանի Հայոց Թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանը: Այս մարմինին մաս կը կազմեն հայկական երեք համայնքները, երեք կուսակցութիւններն ու երեք բարեսիրական միութիւնները:

Նախքան Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինին կազմութիւնը, հայկական երեք կուսակցութիւնները ժողովուրդին հասան` անոնց սննդեղէն ապահովելով, անոնց դիմաց դարմանատուներ բանալով, ինչպէս նաեւ պատսպարան ապահովելով անտուն մնացած քաղաքացիներուն: Օրինակ պայթումին գիշերը Լիբանանահայ օգնութեան խաչի կեդրոնի դարմանատան մէջ բուժուեցան 220 վիրաւորներ: Խալիլ Պատաուիի դարմանատունը նաեւ օժանդակեց ժողովուրդին:

Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինի կազմութենէն անմիջապէս ետք ցանկագրումը կատարուեցաւ պայթումի պատճառով արձանագրուած վնասներուն, քաղաքացիները ներկայացան Պէյրութի, Ռըմէյլի, Էշրեֆիէի եւ Պուրճ Համուտի համապատասխան կեդրոնները, եւ ըստ այնմ ճարտարապետներու կողմէ կատարուեցան ստուգումներ:

«Մարմինին կողմէ շրջան առ շրջան ցանկագրումը կատարուելէ ետք արդէն իսկ սկսանք հատուցումները կատարել:

«Այսօր, պայթումէն ամիս մը ետք, Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինը սկսաւ հատուցումներ տրամադրելու ժողովուրդին, որպէսզի անոնք նորոգեն իրենց վնասուած բնակարանները:

Առաջին 210 ընտանիքները` Քարանթինայի, Ժըմմէյզէի, Էշրեֆիէի եւ Պուրճ Համուտի շրջաններէն, ստացան այդ գումարը:

«Ցարդ արձանագրուած են 1485 ընտանիքներ, որոնց բնակարանները վնասուած են: Սակայն թիւերը հաստատ աւելի մեծ են: «Վստահ եմ կան քաղաքացիներ, որոնք ամչցան ներկայանալու: Տակաւին մենք չենք խօսիր վաճառատուներուն եւ գործարաններուն մասին:

«Նախքան այս, մեր երիտասարդները ուղղուեցան աղէտի գօտիի շրջանները եւ օժանդակեցին ժողովուրդին», յայտնեց ան:

Անդրադառնալով աղէտի գօտիին մէջ ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու եւ կամաւորներու աշխատանքներուն` Յ. Բագրատունի նշեց, որ Մար Մըխայէլ, Քարանթինա եւ Ժըմմէյզի տուած իր այցելութիւններուն ընթացքին յստակօրէն շօշափած է բարեսիրական միութիւններուն միջեւ համագործակցութեան պակասը եւ բաշխուած սննդեղէնի մսխումը:

«Յստակ էր նաեւ այն իրականութիւնը, որ ոմանք` մեկնելով իրենց շահերէն եւ հետապնդած ապագայ ծրագիրներէն երեսփոխան ընտրուելու կամ նախարար նշանակուելու, գործի անցան եւ ժողովուրդին ցաւը շահագործելու նպատակով օժանդակութիւններ կատարեցին` ապահովելով քարոզչական հսկայական անդրադարձ: Լիբանանեան պետութենէն կը պահանջուի նուազագոյնը համակարգել այս աշխատանքը», ըսաւ Յ. Բագրատունի:

Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինին ֆինանսաւորման դրութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ Լիբանան եւ արտասահման գտնուող անհատ նուիրատուներու կողմէ կը գոյանայ այդ գումարը:

«Հայկական սփիւռքը անսաց Արամ Ա. կաթողիկոսի կոչին եւ իր լուման նուիրաբերեց լիբանանահայութեան վերականգնումի նպատակին: Հետեւաբար, հաւաքուած այս գումարներն է, որ մարմինը կը տրամադրէ վնասուած ու տուժած քաղաքացիներուն:

«Տակաւին անցնող շաբաթավերջին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը իր կարգին Պէյրութի միջազգային օդակայան հասցուց սննդեղէնի հազար տուփեր, որոնք ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին ճամբով պիտի բաշխուի տուժած ընտանիքներուն», հաստատեց ան:

Դիմատետրեան էջի ուղղակի սփռումով կատարուող հարցազրոյցին ընթացքին հետեւորդ մը յայտագիրի հաղորդավարին ճամբով, Յ. Բագրատունիի յղած էր հարցում մը, որ ի՞նչու Պուրճ Համուտի մէջ «Տաֆա» արշաւին աշխատանքները արգելակուած են:

Յ. Բագրատունի ըսաւ. «Պուրճ Համուտի մէջ կը գործեն ՀՅ Դաշնակցութիւնը, Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութիւնը (ՍԴՀԿ), Ռամկավար ազատական կուսակցութիւնը (ՌԱԿ), Լիբանանեան ուժեր, Փաղանգաւոր, Ամալ շարժում, Հըզպալլա եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնները: Լիբանանի մէջ Պուրճ Համուտը միակ շրջանն է, ուր բոլորը կը գոյակցին համերաշխութեամբ: Պուրճ
Վարչապետի պաշտօնին համար ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքին կողմէ Մուսթաֆա Ատիպի թեկնածութիւնը առաջադրելու մասին խօսելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ նախեւառաջ պէտք է ըմբռնել, թէ Լիբանանի մէջ ոչ մէկ վարչապետ իր մշակած ծրագիրին համար նշանակուած է: «Հասսան Տիապն ու Սաատ Հարիրին, կամ Նաուաֆ Սալամը ունէի՞ն ծրագիրներ», հարց տուաւ երեսփոխան Բագրատունի:

Ան ընդգծեց, որ Մուսթաֆա Ատիպի անուան շուրջ համաձայնութիւնը եղաւ Ֆրանսայի եւ լիբանանեան քաղաքական ուժերուն հետ: «Մեր թեկնածուն Սաատ Հարիրին էր, սակայն ան մերժեց վարչապետի պաշտօնը վերստանձնել: Սակայն, մեր կարծիքով, այս ժամանակաշրջանին Հարիրին էր երկրին վարչապետի յարմարագոյն թեկնածուն: Անշուշտ առաջարկուեցան երեք անուններ` դատախազ Ղասսան Օուէյտաթ, Մոհամետ Հութ եւ դեսպան Մուսթաֆա Ատիպ: Օուէյտաթի թեկնածութիւնը մերժուեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կողմէ` նկատի ունենալով նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան թղթածրարին հսկելու անոր պատասխանատուութիւնը: Հութի անունը առաջարկուած էր` մերժուելու նպատակով, հետեւաբար, քաղաքական տարբեր ուժերուն միջեւ համաձայնութիւն գոյացաւ Մուսթաֆա Ատիպի անուան շուրջ: Ֆրանսա Ատիպի անունը առաջարկեց` Լիբանանին օժանդակելու նպատակով, որովհետեւ Ֆրանսա կը վստահի անոր: Լիբանանի մէջ պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ, նախապէս Սուրիան, Սէուտական Արաբիան եւ Եգիպտոսը կ՛որոշէին, այսօր Ֆրանսան եւ Միացեալ Նահանգները կ՛որոշեն` շրջանային երկիրներու հետ համադրաբար: Երբ համաձայնութիւն կայ, կարելի չէ հակադրուիլ: Դժբախտաբար, մեզի հասցուցած են այս մակարդակին», ըսաւ ան:

Պատասխանելով այն հարցումին, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը եւս պատասխանատու է այս իրավիճակին, որուն հասած ենք` Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ Դաշնակցութիւնը իր չափով եւ դերակատարութեամբ յստակ է բոլորին համար եւ իր գործունէութիւնը կը դրսեւորէ ծառայութեանց յատուկ նախարարութեամբ մը: «Այս առումով ալ վարչապետ Մուսթաֆա Ատիպի հետ պիտի գործակցինք` կազմելու համար նոր կառավարութիւնը: Կը մաղթենք, որ Ատիպ կարենայ շրջանցել ուժային կամ ծառայութիւններու նախարարութիւնները այս կամ այն համայնքին յատկացնելու բեմագրութիւնը», ըսաւ ան:

Ատիպի թեկնածութիւնը առաջադրելու իմաստով Յ. Բագրատունի նշեց, որ երբ թեկնածուի մը շուրջ համախոհութիւն կայ, ինչո՞ւ մուտք գործել հակադրութիւններու եւ այլընտրանքներու մէջ, յատկապէս նկատի ունենալով, որ այս մէկը քաղաքական աշխատանք է, եւ աւելի ուշ կառավարութեան կազմութեան խորհրդակցութիւններ պիտի կատարուին:

Մաքրոնի հետ հանդիպումին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ լիբանանեան քաղաքական ուժերուն հետ առաջին հանդիպումին ինք ներկայ չէր, այլ` երկրորդին:

«Առաջին հանդիպումին ներկայ չգտնուելու առիթով հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցայ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէի հետ: Ան ընդունեց, որ սխալ մը գործուած է այդ իմաստով, որովհետեւ Հայկական երեսփոխանական պլոքը լիբանանահայութիւնը կը ներկայացնէ, իսկ երկխօսութեան առումով` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն 1943-էն ի վեր երկխօսութեան կոչ կ՛ուղղէ, եւ ոչ մէկ անգամ զէնքի ուժին դիմած է:

«Մաքրոնի հետ 1 սեպտեմբերի հանդիպումին ընթացքին դիտողութիւն կամ յանդիմանութիւն չկար, այլ` Մաքրոն կատարեալ անկեղծութեամբ ներկայացուց բարեկարգումներու նախաձեռնութիւն մը, որուն գծով յանձնառութիւն պահանջեց: «Լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը համաձայն էին այդ նախաձեռնութեան կէտերուն շուրջ, բացի կանխահաս երեսփոխանական ընտրութիւններէն: Այս մասին տարակարծութիւն յայտնեցին Սլէյման Ֆրենժիէն, Մոհամետ Ռաատը, Ժըպրան Պասիլը եւ ես: Իմ խօսքիս մէջ շեշտեցի, որ եթէ կը խօսինք քաղաքացիական պետութեան համակարգի մասին, ուրեմն պէտք է մշակել ընտրական համապատասխան ծրագիր:

«Այս խորհրդակցութիւններուն աւարտին Մաքրոն առաջարկեց բոլորին յանձնառու մնալ այն կէտերուն, որոնց շուրջ համախոհութիւն գոյութիւն ունի: Ան առաջարկեց օրակարգէ դուրս բերել այն հարցերը, որոնք երկխօսութեան կը կարօտին, եւ որոնց մասին, եթէ այսօր երկխօսութիւնը սկսի, ապա բարեկարգումները կրնան ձախողիլ:

«Մաքրոն անդրադարձաւ նաեւ մէկ այլ կարեւոր իրականութեան` երբ Սամի Ժեմայէլ պնդեց, որ պէտք է կանխահաս երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարուին: Մաքրոն ըսաւ, որ զօր. Միշել Աուն օրինական կերպով հանրապետութեան նախագահ ընտրուած է` խորհրդարանին կողմէ, իսկ խորհրդարանը` օրինական կերպով ընտրուած է ժողովուրդին կողմէ: Ան շեշտեց, որ նոյնիսկ քաղաքացիական ընկերութիւնը յստակ ու մէկ ընտրական օրէնքի պատկերացում չունի` աւելցնելով, որ եթէ այսօր երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարուին` մօտաւորապէս նոյն խորհրդարանը կը ձեւաւորուի» ըսաւ Բագրատունի: Ան նշեց, որ Մաքրոն ըսաւ. ձեր հարցը այն է, որ իրարու նկատմամբ կասկած ունիք: Ես կ՛ընդունիմ «Ձեր յանձնառութիւնը, հակառակ անոր որ չեմ ճանչնար ձեզ, սակայն ձեզի կը վստահիմ: Սրտանց կը վստահիմ ձեզի, միաժամանակ սրտանց ձեզի դէմ պիտի կենամ, եթէ ձեր յանձնառութեան տէր չկանգնիք», ըսաւ երեսփոխան Բագրատունի:

Ան աւելցուց նաեւ, որ Մաքրոն մերժած է Հըզպալլայի ապազինման թղթածրարը քննարկել` ընդգծելով, թէ իրեն համար առաջնահերթութիւն է, որ յառաջիկայ երեք ամիսներուն Լիբանան ինքզինք դնէ բարեկարգումներու իրագործման հունին մէջ:

Յ. Բագրատունի անդրադարձաւ նաեւ հանդիպումին ընթացքին նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի արտայայտութեան` բարձր գնահատելով անոր անկեղծութիւնը: «Հարիրի յայտնեց, որ Պէյրութի նաւահանգիստին պայթումը Լիբանանին հանդէպ մարդասիրական պատուհան մը բացած է, իսկ ես Մաքրոնի հետ կրցայ դուռ մը բանալ: Կրցանք Մուսթաֆա Ատիպը վարչապետ նշանակել. ես պատրաստ եմ մինչեւ վերջ երթալ` կառավարութիւնը յաջողցնելու նպատակով, սակայն եթէ կարելի չեղաւ կառավարութիւնը յաջողցնել, ապա բոլորդ պատասխանատու էք, եւ ես Մուսթաֆա Ատիպէն կը խնդրեմ, որ 4 ամիս վերջ հրաժարի իր պաշտօնէն», յայտնեց ան:

Երեսփոխան Բագրատունի ընդգծեց, որ հանդիպումին աւարտին Մաքրոն այս կամ այն անձնաւորութեան դէմ պատժամիջոցներու սպառնալիքներ չէ ուղղած, այլ հաստատած է, որ ինք յետս պիտի կոչէ իր առաջարկած բարեկարգումներու նախաձեռնութիւնը:

Կառավարութեան կազմութեան գծով Յ. Բագրատունի դիտել տուաւ, որ այդ իմաստով հանգիստ չէ, որովհետեւ կառավարութեան կազմութեան համար ճշդուած 15 օրուան ժամկէտին մէկ շաբաթը արդէն անցած է:

Ան նշեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքը, Ազգային ազատ հոսանքը տակաւին չեն որոշած կառավարութեան մաս պիտի կազմե՞ն կամ ոչ` աւելցնելով, որ քաղաքական այլ ուժերու պարագային տակաւին կեցուածքները յստակ չեն, իսկ վարչապետը տակաւին չէ որոշած, թէ իր կառավարութիւնը ինչպիսի կառավարութիւն մը պիտի ըլլայ:

Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութեան շուրջ կայ անորոշութիւն:

Ան հարց տուաւ, որ ինչո՞ւ տեղեկատուութեան մարզն ու քաղաքացիական ընկերութիւնը վերջ տուած են «Դրամի կէտ»-երուն մասին խօսելու, եւ կատարեալ անկեղծութեամբ շեշտեց, որ դժբախտաբար այդ նոյն կէտերն են, որոնք տեղեկատուութեան մարզը եւ շատ մը այլ մարզեր կը ֆինանսաւորեն` «Բոլորը այսինքն բոլորը» կարգախօսը յառաջ տանելով եւ բոլորը քաղաքական անձնաւորութիւններուն դէմ լարելով:

Ընկերային ցանցերուն կողմէ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի դէմ մղուած արշաւին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ մարդիկ պէտք է յաւելեալ տրամաբանութեամբ մտածեն:

«Երեսփոխան Ռաատ Պաապտայի մէջ սարքուած ճաշկերոյթը լքա՞ծ պիտի ըլլայ գինիի մատուցման համար: Այս օրերուն, երբ Լիբանանի կացութիւնը խոցելի է եւ գերզգայուն, իսկ Ֆրանսայի եւ Հըզպալլայի միջեւ լաւ յարաբերութիւններ կան, Ռաատ նման քա՞յլի պիտի դիմէ: Իրապէս պէտք է նախ տրամաբանել, ապա արտայայտուիլ: Այս առիթով կ՛ուզեմ նաեւ անդրադառնալ ընկերային ցանցերուն վրայ ինծի դէմ սկսած արշաւին: Ոմանք Նաասի մէջ կը փնտռեն նոր կառուցուող առանձնատուն մը, որ իբր թէ ինծի կը պատկանի: Խնդրեմ, եթէ անոնք այդ առանձնատան պայմանագիրը ունին կամ վայրը գիտեն, թող զիս տեղեակ պահեն: Ես Նաասի մէջ ոչ առանձնատուն ունիմ, ոչ ալ հողաշերտ: Ունիմ հօրենական բնակարան մը` 1945-էն, Պհըրսաֆի մէջ, եւ բոլորը գիտեն, որ այդ մէկը իմ բնակարանս է: Այս անհամ խօսքերուն պէտք է վերջ տալ, սակայն դժբախտաբար կան նաեւ մարդիկ, որոնք կը հաւատան այս բոլորին:

«ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէն անցեալ ամիս 6 հազար սննդեղէնի սնտուկներ բաշխեց կարիքաւորներուն: Կար կին մը, որ այդ սննդեղէնի բաժինէն չէր ստացած: Թող ան դիմէր մեզի եւ տեղեակ պահէր, որ չէ ստացած: Պայման է, որ լրագրող մը գտնէ զինք եւ ընկերային ցանցերուն վրայ հայհոյանքներով լեցուն վիտէօ մը պատրաստէ: Իսկ մենք ստիպուած պիտի ըլլանք հերքելու այդ տեղեկութիւնը եւ ըսելու, որ, տիկի՛ն, դուն մեզի չես դիմած», հաստատեց երեսփոխան Յ. Բագրատունի:

Կառավարութեան կազմի թիւին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի նշեց, որ տակաւին յստակ պատկերացում չկայ` աւելցնելով, թէ ինք կ՛առաջարկէ նախարարութիւններուն թիւին համաձայն կազմել կառավարութիւնը, որպէսզի իւրաքանչիւր նախարար ստանձնէ նախարարութիւն մը, որովհետեւ նախարարութեան մը աշխատանքներուն ծանօթանալու համար նուազագոյնը մէկ ամսուան ճիգի եւ աշխատանքի կարիքը կայ:

Մասնագէտներու կառավարութեան գծով, Յ. Բագրատունի յայտնեց, թէ ինք կը նախընտրէ, որ քաղաքական կողմեր ստանձնեն նախարարութիւնները, որպէսզի պատասխանատուութիւն կրեն, յատկապէս` խորհրդարանին դիմաց:

«Անկեղծօրէն կը մաղթեմ, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը զիջի ուժանիւթի նախարարութենէն», ըսաւ երեսփոխան Բագրատունի` յոյս յայտնելով, որ իրաւական հաշուեքննութիւնը կատարուի: Եթէ այսօր մենք կրցանք իրականութեան 50 առ հարիւրը բացայայտել` նուաճում արձանագրած կ՛ըլլանք եւ ժողովուրդին փաստած, որ հաշուեքննութիւն կատարելու ի վիճակի ենք», շեշտեց ան:

Ամերիկեան տոլարի սակին բարձրացումին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ ինք չի գիտեր, թէ ամերիկեան տոլարի սակը ինչքան կրնայ բարձրանալ:

Ժողովուրդին աւելի վատթարացման եւ պայմաններու յաւելեալ դժուարութեան գծով եղող ակնկալութիւններուն վերաբերող հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի ըսաւ, որ այս իրավիճակէն աւելի վատ ի՞նչ կրնայ ըլլալ: «Կ՛առաջարկեմ աւելի վատին մասին երեւակայելու փոխարէն կեդրոնանանք ներկային վրայ: Եկէք համոզուինք, որ նախապէս մեր ապրած կեանքը վերջ գտաւ, եւ որ անիկա իրական կեանք մը չէր: Այսինքն` 2000 ամ. տոլար ամսականով կարելի չէր, որ Պէյրութի մէջ բնակարան մը, ծովափին շալէ մը եւ գիւղը տուն մը ունենալ, ինչպէս նաեւ տարեկան երեք ճամբորդութիւն կատարել», հաստատեց ան:

Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ, իր կարծիքով, կառավարութիւնը օրէնսդրական իրաւասութիւններ պիտի չունենայ:

Ան ընդգծեց, որ նախագահ Աունի իշխանութեան շրջանէն գոհ չէ` աւելցնելով, որ «այդ իշխանութեան ընթացքին չկրցանք երազը իրականացնել»:

«Օրին Պաշիր Ժեմայէլի երազը եւս կարելի չեղաւ իրականացնել` ազատութեան, անկախութեան, գերիշխանութեան եւ 10,452-ի Լիբանանի երազը: Փտածութեան դէմ երազը նաեւ կարելի չեղաւ իրագործել: Մենք հանրապետութեան նախագահ ընտրեցինք զօր. Միշել Աունը, հզօր հանրապետութեան նախագահը, սակայն պայմանները չօժանդակեցին: Եթէ հարցումը այն է, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ պատասխանատո՞ւ է այսօրուան կացութեան, ապա այո՛, ան պատասխանատու է իր պլոքին չափով, իսկ մենք պատասխանատու ենք մեր պլոքին չափով: Մենք շատ անգամ փորձած ենք օգտակար ըլլալ, տեսակէտներու մերձեցում ստեղծել, սուր անկիւնները ճկուն դարձնել, սակայն պէտք է համոզուիլ, որ իշխանութիւնը միայն հանրապետութեան նախագահ չէ, այլ` կառավարութիւն, խորհրդարան, վարչակարգ, գետնի վրայ աշխատանք: Իշխանութիւնը որոշում է` փտածութիւնը հարուածելու որոշում, զոր չկրցանք տալ:

«Նախագահ Աունի իշխանութիւնը շրջափակուած է` ներքին եւ արտաքին իմաստով: Իսկական հարցը նախագահ Աունը չէ, այլ` Հըզպալլայի զէնքը: Լիբանանի հանրապետութեան նախագահին դիրքն ու պաշտօնը որեւէ դիրք չէ, անիկա մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ, հետեւաբար, կարելի չէ մնայուն կերպով հանրապետութեան նախագահին հրաժարականը պահանջել: Կարելի չէ նախընթացներ ստեղծել, եւ քրիստոնեայ համայնքին յանձնուած այս պաշտօնը պէտք է բծախնդրութեամբ պաշտպանել», յայտնեց Յակոբ Բագրատունի:

aztagdaily.com