Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
18 մայիսին Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցած յարձակումը լրջագոյն զարգացում մըն է, որ կը յորդեցնէ համբերութեան բաժակը: Անիկա շատ լուրջ զարգացում մըն է` նկատի ունենալով Հրանդ Մարգարեանի հանգամանքը` իբրեւ Արցախի ազատագրութեան պայքարին մէջ անուրանալի ներդրում ունեցած անձ, ՀՅԴ Բիւրոյի 19 տարիներու ներկայացուցիչ ու կուսակցական գործիչ, այլ խօսքով` դէպքը կը վերաբերի քաղաքական կշիռ, 128-ամեայ աւանդ ունեցող եւ կառուցողական ընդդիմութիւն եղող աշխարհասփիւռ կուսակցութեան մը: Կարելի չէ նաեւ չնկատել, որ դէպքին վայրը, իր անունին բերմամբ, հեգնական էր ու բարացուցական: Աւելի քան յստակ է, թէ վոհմակին կողմէ իր թոռներուն հետ զբօսնող ընկ. Հրանդին դէմ կատարուած յարձակումը պատահականութեան մը արդիւնքը չէ:
Որեւէ քաղաքակիրթ երկրի մը մէջ իշխանութիւնն ու ընդդիմութիւնը, իրենց դերը կատարելով, կ՛աշխատին ու կը գործեն ի նպաստ երկրին ու քաղաքացիին ընդհանրական շահերուն, սակայն երբ իշխանութիւնը երկրին հասարակութիւնը կը բաժնէ յեղափոխականներու եւ հակայեղափոխականներու դասակարգերու, ապա ատիկա վատառողջ մթնոլորտի եւ ժխտական հետեւանքներով յղի կացութեան մը գոյութեան ախտանշան է:
Ընդդիմադիր ըլլալ չի նշանակեր հակայեղափոխական ըլլալ, սակայն կը թուի, թէ այդ իրողութիւնը հասկնալու կարողութիւնը կամ կամքը գոյութիւն չունի: Ընդդիմադիրները հակայեղափոխական նկատելը այլակարծութիւնը մերժող հին պոլշեւիկեան մտածելակերպ մը, գործելաոճ մը եւ իշխանութիւնը սեփականացնելու հնարք մըն է, որ անխուսափելիօրէն կ՛առաջնորդէ բռնատիրութեան: Իրողութիւն մը, որ պիտի չվրիպի միջազգային ընտանիքի եւ զանգուածային լրատուամիջոցներու ուշադրութենէն:
18 մայիսին արձանագրուած «Սիրոյ եւ հանդուրժողականութեան» արտայայտութիւն եղող յարձակումը յստակ վկայութիւն մըն է, թէ երկիրը չ՛ընթանար դէպի լուսաւոր ապագայ: Ուստի, եթէ «Հայաստանի Հանրապետութեան պատկերը մեր անվտանգութեան լաւագոյն երաշխաւորն է», ինչպէս վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը պնդէ, ապա ան պէտք է շտապէ յստակ, աներկբայելի կերպով եւ հրապարակաւ արձագանգելու Հրանդ Մարգարեանին դէմ կատարուած յարձակումին, այլապէս իր լռութեամբ բարձրաձայնած պիտի ըլլայ իշխանութեան մեղսակցութեան կամ առնուազն հաւանութեան մասին:
Վարչապետը պէտք է դէպքին պատշաճ գնահատական տայ, անկէ դաս քաղելով սրբագրէ իր ընթացքը: Ի վերջոյ ինք կը կրէ կատարուածին քաղաքական պատասխանատուութիւնը, որովհետեւ ինքն էր, որ իր աւելի քան միամեայ «սեւ-սպիտակ»-ի եւ «յեղափոխական-հակայեղափոխական»-ի հռետորաբանութեամբ ստեղծեց այս յանցագործութեան առաջնորդած «սիրոյ եւ հանդուրժողականութեան» մթնոլորտը:
Վահրամ ԷՄՄԻԵԱՆ