Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Բեղուն գործունէութեան մէջ է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբը, որ դրական վերլուծումով հաղորդագրութիւն մը լոյս ընծայած էր, տեղեկացնելով, թէ պատշաճ միջավայրի պահպանման անհրաժեշտութեան դիմաց, կ՛ողջունէ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ յառաջիկային սպասուող՝ առաջին ուղղակի շփումներու պատրաստակամութիւնը։ Հաղորդագրութիւնը, շարունակելով իր լաւատեսութիւնը, սահմանային շրջաններուն անդրադառնալով, ամենայն ինքնավստահութեամբ նշած էր, թէ «միջնորդները դրական կը գնահատեն վերջին շրջանին շփման գիծին վրայ մահուան դէպքերու բացակայութիւնը, նաեւ որոշ սկզբնական քայլերը, որոնք կը կատարուին բնակչութիւնները խաղաղութեան նախապատրաստելու համար»։
Միջազգային համբաւ վայելող եւ մեծ պետութիւններու հսկողութեան տակ գործող խմբակին կողմէ հրատարակուած այս հաղորդագրութիւնէն գրեթէ «ակնթարթ» մը ետք․․․ Մարտ 12-ի առաւօտեան ժամերուն, այդ վերոյիշեալ շփման գիծին վրայ մահուան դէպք մը արձանագրուած էր, երբ հայոց պաշտպանութեան բանակի հիւսիսարեւելեան զօրամասերէն մէկ մարտական դիրքին մէջ զոհուած էր քսան գարուններ դեռ նոր բոլորած երիտասարդ զինուոր մը։ Իսկ հաւանաբար այդ միեւնոյն լաւատեսութիւն բուրող հաղորդագրութեան պատրաստութեան ժամանակին, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի պատասխանատուները քաջատեղեակ էին, թէ Ատրպէյճանի բանակը Մարդ 11-էն 15 լայնածաւալ ռազմափորձեր պիտի կատարէին, տասը հազար զինուորներու մասնակցութեամբ, որոնք իրենց տրամադրութեան տակ պիտի ունենային ցամաքային թէ օդային ծանր հրետանի։ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը՝ յաւելեալ մանրամասնելով այս ռազմափորձերուն նպատակը, նշած էր, թէ անոնք պիտի կատարուին ի մտի ունենով յարձակողական ծրագիր մը, որուն նպատակն է թշնամիին հարուածներ հասցնել զանազան ուղղութիւններէ, ճեղքելով անոր պաշտպանողական դիրքերը։
Յստակ էր պատասխանը, թէ ինչո՞ւ, ինչի՞ համար կը կատարուէին այս ռազմափորձերը, ո՛չ թէ վասն ոչինչի։ Անոնք բոլորովին կը ժխտէին ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբին նկարագրած «վարդագոյն երկինքն ու զուլալ եւ վճիտ բնութիւնը», որուն մէջ կը վերյիշուէին Հելսինքիի եզրափակիչ փաստաթուղթի սկզբունքները, նշելով՝ որ հիմնախնդրին ամբողջական կարգաւորման համար, պէտք է որ ամբողջովին բացառուի ուժի եւ սպառնալիքի գործածութիւնը եւ յարգուին հաւասար իրաւունքներու, հողային ամբողջականութեան եւ ժողովուրդներու ինքնորոշման սկզբունքները:
Հաղորդագրութիւնը՝ ջայլամի քաղաքականութենէն աւելի, պղտոր ջուրի մէջ ձուկ որսալու մթնոլորտ մը ստեղծած էր, յատկապէս գոհունակութիւն պատճառելով Պաքուին, մանաւանդ երբ հաղորդագրութեան մէջ կը նշուէր, թէ Լեռնային Ղարաբաղի յարակից հողերը պէտք է որ վերադարձուին Ատրպէյճանին, ապահովութեան եւ ինքնակառավարման երաշխիքներ տրամադրուին Արցախին։ Նաեւ՝ վերադառնալու իրաւունք շնորհուի տեղահանուած անձերու ու գաղթականներու, ինչպէս նաեւ միջազգային ապահովութեան երաշխիքներ, որոնք բնականաբար կ՚ընդգրկուին խաղաղապահ գործողութեան մէջ։
Հուսկ, կը նշուի Հայաստանն ու Արցախը կապող միջանցք, եւ վերջապէս ամենէն աւելի խնդրայարոյց կէտը՝ վերջնական իրաւական կարգավիճակի ապագայ յստակացում՝ կամքի իրաւական արտայայտման, այսինքն հանրաքուէի միջոցով։ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբը, այս հաստատումը նշելով, նկատի չունի՞ կամ արդեօք ապօրինի՞ կը նկատէ Դեկտեմբեր 1991-ին կատարուած հանրաքուէն։
Մինսքի խումբի անխոհեմ եւ անպատասխանատու ընթացքը կը դիւրացնէ Ատրպէյճանի մերժողական եւ հայատեաց գործելաձեւը։ Գրգռիչ ոճ մը․․․կերպ մը, որ կը հրահրէ ատրպէյճանցին յաւելեալ ատելութեամբ լեցուելու հայութեան հանդէպ եւ համերաշխութեան փոխարէն հայատեացութիւն սերմանելու։
hairenikweekly.com