Փոխարժեքներ
25 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
Իսկ երբ փաշային հարցուցած էին, թէ «քիչ մը դաժան չե՞ն հայերու բնաջնջման միջոցները, Սայիտ Հալիմ պատասխանած էր.- «Ես Թուրքիոյ ապագային մասին կը մտածեմ։ Դուք չէք կրնար պատկերացնել իսկ, որ գալիք սերունդները մեզ որքա՜ն երախտապարտ պիտի ըլլան մեր այս հայրենասիրական նախաձեռնութեան համար»։
Թրքական կառավարութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան ծրագիրը այսպիսի՛ ոճրային ու թրքամոլ տրամաբանութեամբ հաստատած եւ գործադրութեան դրած էր Առաջին Աշխարհամարտի նախօրէին, 1914ի գարնանամուտին, երբ Հին Աշխարհը կը գալարուէր գաղթատիրութեան ճիրաններուն մէջ եւ ազգային ինքնորոշման ի խնդիր պայքարները իրարու դէմ հանած էին մէկ կողմէ կայսերական ուժերը եւ միւս կողմէ ազգային-ժողովրդային շարժումները։ Մօտալուտ համընդհանուր պատերազմը յարմարագոյն պահը նկատելով հայասպանական իր ծրագրին գործադրութեան համար՝ Օսմանեան Թուրքիոյ պետական ղեկավարութիւնը շարժման մէջ դրաւ ոճրային իր բոլոր միջոցներն ու հնարքները՝ յանուն Հայկական Հարցէն «մէկանգամընդմիշտ ձերբազատուելու» իր իթթիհատական ցնորքին…։
Թուրքիա պատերազմի մէջ մտաւ Գերմանիոյ կողքին եւ արեւելեան ռազմաճակատին վրայ ռուսական զօրքերուն հետ իր մղած կռիւները պատրուակելով՝ պետականօրէն գործադրեց Հայոց Ցեղասպանութեան ծրագիրը, նախ հայութիւնը բռնի տեղահան ընելով, ապա՝ ճամբու ընթացքին անզէն եւ անպաշտպան մեր ժողովուրդը կոտորելով։
Աշխարհամարտը աւարտեցաւ Կայսերական Գերմանիոյ եւ Օսմանեան Կայսրութեան չարաչար պարտութեամբ։ Իթթիհատական կառավարութիւնը տապալեցաւ եւ անոր գլխաւոր դէմքերէն ոմանք աքսորուեցան, իսկ ուրիշներ փախուստ տուին դէպի Եւրոպա եւ… կեդրոնական Ասիա։
Յաղթական Դաշնակիցները Սուլթանին պարտադրեցին զինուորական դատարան կազմել եւ, ի բացակայութեան, դատել Իթթիհատական պարագլուխները։
Իրենց գործած պատերազմական ոճիրներուն եւ յատկապէս հայ, յոյն թէ ասորի ժողովուրդներուն դէմ իրենց գործադրած բնաջնջումի յանցանքներուն համար՝ Թալէաթ եւ ընկերք դատապարտուեցան ծանրագոյն պատժի վճիռներու, որոնք սակայն մեռեալ տառ մնացին…
Ի տես այդ բոլորին, իր անկախութիւնը նուաճած եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմերը ամրապնդող հայ ժողովուրդը, բնականաբար, չէր կրնար անպատիժ ձգել Հայասպանութեան պատասխանատուները։
Հայ ժողովուրդին հաւաքական կամքը եւ մեր նահատակներուն արդար վրէժի կտակը գործադրելով՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը 1919ին, Երեւանի մէջ գումարուած իր 9րդ Ընդհանուր Ժողովին, որոշեց կեանքի կոչել «Նեմեսիս» Գործողութիւնը եւ անոր պատասխանատու մարմնին յանձնել Հայասպանութեան պատասխանատուները ահաբեկելու համազգային վսեմագոյն առաքելութեան իրականացումը։
«Նեմեսիս»ի առաքելութեան ամէնէն շռնդալից դրսեւորումներէն մէկը եղաւ, ահա՛, Իթթիհատական կառավարութեան վարչապետին՝ Սայիտ Հալիմ Փաշայի ահաբեկումը Արշաւիր Շիրակեանի ձեռամբ։
Հայկական Ցեղասպանութեան պատասխանատու թրքական պետութեան ներկայացուցիչները պատուհասող դաշնակցական արդարագործներու փաղանգին մէջ Արշաւիր Շիրակեան հանդիսացաւ ա՛յն իւրայատուկ դէմքը, որ իր առաքելութեան ազգային-քաղաքական ամբողջական գիտակցութեամբ եւ յանձնառութեամբ գործեց։
1973ին իր աչքերը առյաւէտ փակած մեծագործ հայը՝ Արշաւիր Շիրակեան, 1965ին, Մեծ Եղեռնի յիսնամեակին առիթով, լոյս ընծայեց եւ հայ ազգային յիշողութեան ԱՒԱՆԴ յանձնեց իր յուշերը՝ «Կտակն էր Նահատակներուն» անունով, հայոց սերունդներուն փոխանցելու համար արեւուն տակ խրոխտ կեցուածքով եւ բաց ճակատով քալելու եւ յառաջանալու անսպառ հպարտութիւնը։
Իր յուշերուն մէջ Արշաւիր Շիրակեան ահա այսպէս կը նկարագրէ Սայիտ Հալիմի ահաբեկումը.-
« Սայիտ Հալիմի վերջին օրը.
«1921, Դեկտեմբերի 5: Առաւօտ շատ կանուխ դուրս ելայ սենեակէս: Նախորդ գիշերը մաքրած էի ատրճանակս եւ փամփուշտներն ալ համրած:
«Թարմ-թարմ ածիլուած էի եւ լոգանք մը առած, ու ամբողջ կէս սրուակ օ տը քոլոնիայով մարմինս շփած էի: Ճերմակեղէններէս մինչեւ հագուստներս եւ գլխարկս, արթիսթի սեւ գլխարկս, նոփզնոր. ուսանողի կամ արուեստագէտի սեւ փողկապ մը դրած էի. կարծես հարսնիքի երթայի: Վերարկուս վրաս՝ գացի փաշային դղեակին մօտերը, առանց Մ.ին հանդիպելու: Վճռած էի այդ օրն իսկ գործը վերջացնել՝ առանց այլեւս մտածելու հետեւանքներու մասին:
«Ժամը ճիշդ 1ին ինքնաշարժ մը կեցաւ փաշային դրան առջեւ. դուրս ելաւ Թեւֆիք Ազմին եւ պայուսակ մը թեւին տակ ներս մտաւ. քիչ վերջ փաշային հետ դուրս ելան եւ աճապարանքով մեկնեցան, շատ կարեւոր գործի մը գացող մարդոց երեւոյթով: Չմտահոգւեցայ. այնքան լաւ ուսումնասիրած էի երթեւեկները, որ վստահ էի, որ, ուր ալ ըլլար, չէր կրնար հրաժարիլ իր յետմիջօրէի պտոյտէն եւ անպայման պիտի վերադառնար: Տրամաբանօրէն, առնուազն երկու ժամ պիտի ուշանար: Փութացի Վիլլա Բորգեզէ, ուր յաճախ կառքով, երբեմն ալ քալելով կու գար ան: Նոյնիսկ, օր մը, հետապնդումիս ընթացքին տեսայ, որ թիկնապահին գնել տուաւ ափ մը խորոված շագանակ, փողոցի վրայ նստող շագանակավաճառէ մը: Ժամը 12ին ատենները Մ. եկաւ ու հարցուց, թէ ինչո՞ւ ճաշի չէի գացած մեր ուսանողներուն ճաշարանը, ուր կէսօր եւ իրիկուն սովոր էինք հանդիպիլ:
«- Որովհետեւ,- պատասխանեցի,- վճռած եմ այսօր այս գործը գլուխ հանել, ամէն պարագայի տակ եւ ամէն գնով: Ջղայնացած էի փաշային ուշանալէն եւ քիչ մը եւս սպասեցի ու Գրիգորին ըսի.- Ես տան կողմերը կ’երթամ: «Այո՛»,- ըսաւ ու դուրս ելանք եւ քանի մը քայլ առի՝ դառնալու համար հանրակառքին փողոցը:
«Հասայ Վիա Նոմենտանա, ուր հանրակառքը կեցաւ. իջայ եւ քալելով մտայ Օստակիօ փողոցը: Յանկարծ դէմս ցցուեցաւ Հելենան: Ոստիկանի մը հանդիպումը այնքան չպիտի նեղէր զիս, որքան այդ սիրուն աղջկան ներկայութիւնը այդ պահուն: Ջղային վիճակի մէջ պաղ վերաբերում մը ցոյց տուի: Մտերիմներ դարձած էինք եւ աղջիկը կը զարմանար իմ անակնկալ պաղ վերաբերումէս: Տարօրինակ նայուածքով կը դիտէր, կարծես առաջին անգամ զիս տեսած ըլլար:
«Անպիտան աղջիկը կատարեալ հարցաքննութեան մը սկսած էր եւ բաժնուելու միտք չունէր: Ժամը 4ին կը մօտենար: Փողոցին վարի կողմը նոր շէնքի մը շինութեան աշխատող բանուորները աշխատանքէ կ’արձակուէին եւ, սովորաբար, այդ ամայի եղող փողոցին մէջ բազմութիւն կար: Վայրկեանէ վայրկեան փաշան կրնար հասնիլ: Փողոցին խանգարիչ երթեւեկը չբաւէր կարծես, դեռ կար այս յամառ աղջիկը, որ անվերջ կը խօսէր ու կը ցրուէր ուշադրութիւնս:
«Եւ յանկարծ վերէն լսուեցաւ կառքի մը դղրդիւնը: Մէկէն մարմնէս անծանօթ սարսուռ մը անցաւ, երբ տեսայ հսկայ ձիերը, որոնց բաշերը հովէն կ’ալեծփէին: Կառքին մէջն էր Սայիտ Հալիմ փաշան՝ իր թիկնապահին հետ: Փողոցին միւս ծայրը նայեցայ. Մ. դեռ հասած չէր: Վայրկեանապէս «ցտեսութիւն» ըսի Հելենային՝ պատուիրելով, որ շուտ ներս մտնէ, քանի որ «հայրս» կու գար…
«Անմիջապէս քալեցի միւս մայթը, որպէսզի լաւագոյն դիրքով մը ահաբեկումը կատարեմ, բայց քանի մը ակնթարթ ուշացած ըլլալուս՝ քիչ մնաց ձիերու տակ մնայի. ձեռքս վերցուցի, բռունցքս ցցած, ձիերը խրտչեցան եւ ծառացան: Այդ իրարանցումին մէջ արագ ոստումով մը անցայ եւ ցատկեցի կառքին վրայ՝ կոխելով ոտնատեղին: Մէկ ձեռքով բռնեցի կառքին յենարանը, քիչ մը երերացի, բայց հաւասարակշռութիւնս կրցայ պահել: Մինչ թիկնապահը կառապանին կը նայէր ու բաներ մը կ’ըսէր, երեւի հասկնալու համար ձիերուն խրտչիլը. Սայիտ Հալիմ փաշային աչքերը հանդիպեցան աչքերուս: «Երէն»,- ըսաւ թիկնապահին: Այս եղաւ սատրազամին վերջին բառը: Աչքերը սարսափով լեցուն էին, երբ ատրճանակիս փողը ուղղեցի աջ քունքին եւ կրակեցի: Երկրորդ փամփուշտի մը հարկ չմնաց: Խռպոտ ձայն մը եւ փաշան նստած տեղէն տապալեցաւ կառքին մէջ, գլուխը իմ կողմս, գրեթէ ոտքերուս տակ: Կառքը դեռ կ’արշաւէր: Թեւֆիք Ազմին, առաջին շփոթէն սթափած, ատրճանակ մը հանեց ու կը պատրաստուէր կրակել, երբ ատրճանակիս փողը անոր ալ ճակտին ուղղելով, գոռացի թուրքերէնով.
«- Աթ աշաղա, կեպերտիրիրըմ,- Նետէ՛ զէնքդ, կը սատկեցնեմ…
«Հնազանդեցաւ եւ ատրճանակը կառքէն դուրս նետեց, ահաբեկ դէմքով: Ատրճանակիս կոթովը այս անգամ սկսայ հարուածել կառապանին կռնակին՝ պոռալով իտալերէն. «Ասբետա, ասբետա». «Կեցի՛ր, կեցի՛ր»: Խեղճ կառապանը վախէն կը դողար եւ յուսահատական ճիչերով զիս վկայութեան կը կանչէր՝ ըսել ուզելով,- Տե՛ս, կեցնել կ’ուզեմ, բայց ձիերը չեն կենար:
Կառապանը չյաջողեցաւ կեցնել ձիերը, որոնք վազքը շարունակեցին մինչեւ փաշային տան առջեւ եւ ինքնաբերաբար կանգ առին: Դրան առջեւ խափշիկ ծառան մեքենաբար ձեռքը ճակտին տարաւ՝ «թեմեննահ» ընելու ձեւով, բայց փաշային ինկած գլուխը տեսնելով՝ այդ դիրքին մէջ քարացած մնաց, ապշահար: Առանց կարեւորութիւն տալու ծառային՝ վար ցատկեցի կառքէն եւ ատրճանակս ցցած թեւովս լայն շարժում մը գծեցի շուրջս՝ թէ՛ սարսափ ձգելու եւ թէ՛ փախուստիս ուղղութիւնը որոշելու համար»…
Արշաւիր Շիրակեանի յանձնարարուած միակ գործը չեղաւ Իթթիհատական կառավարութեան վարչապետին ահաբեկումը։
Դաշնակցական ընտանիքի մէջ մեծցած, Մեծ Եղեռնի արհաւիրքը 15 տարեկանի իր զարհուրած աչքերով տեսած ու ապրած եւ 18 տարեկանին Դաշնակցութեան անդամագրուած գաղափարապաշտ մարտիկ էր Ա. Շիրակեան։ Երբ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը տուաւ «Նեմեսիս»ի որոշումը եւ յատուկ պատասխանատու մարմին մը առաջացուց զայն գործադրելու համար, Շիրակեան առաջիններէն եղաւ այն երիտասարդ դաշնակցականներուն, որոնք կամաւոր ներկայացան, որպէսզի արժանանան վրիժառուի պատուին եւ ընդգրկուին արդարահատոյց ընտրեալներու փաղանգին մէջ։
Շիրակեան վստահութիւն ներշնչող նկարագիր ունէր եւ արժանացաւ ահաբեկիչի կոչումին։
Արշաւիր Շիրակեանի ահաբեկչական մկրտութիւնը կատարուեցաւ Պոլսոյ տխրահռչակ հայ մատնիչին՝ Վահէ Իհսանի (Եսայեան) ահաբեկումով։ Հետեւեցաւ Սայիտ Հալիմ փաշայի ահաբեկումը։ Իսկ ազգային ու պատմական իր այդ պանծալի առաքելութիւնը Արշաւիր Շիրակեան աւարտեց՝ Արամ Երկանեանի հետ միասին ահաբեկելով, Պերլինի մէջ, 1922ին, թրքական պետութեան ցեղասպան ղեկավարներէն Պէհաէտտին Շաքիրն ու Ճեմալ Ազմին։
Հայոց Ցեղասպանութեան զոհաբերուած ու այսօր արդէն սրբադասուած մեր Նահատակներու Կտակին արժանաւոր արդարահատոյցը, այլեւ գաղափարականօրէն սրբադասուած ազգային հերոսը կը հանդիսանայ Արշաւիր Շիրակեան։