Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Յունաստանի մայրաքաղաք Աթէնքի մէջ, 21 եւ 22 Հոկտեմբեր 2021ին, տեղի կ’ունենայ Եւրոպայի Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովի համագումարը, որուն մասնակցելու հրաւիրուած են 47 անդամ երկիրներու, յաւելեալ դիտորդի կարգավիճակով կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները (ընդհանուր թիւով 62 երկիրներու խորհրդարաններ)։ Սթրազպուրկի մէջ կազմակերպելու փոխարէն, այս տարուայ համագումարը տեղի կ’ունենայ Աթէնքի մէջ, ի պատիւ Յունաստանի մէջ 1821-ի Յեղափոխութեան 200 տարուայ յոբելեանին։
Հայրենի մամուլէն տեղեկացուեցաւ, թէ սոյն կազմակերպման մասնակցելու նպատակով Աթէնք կ’այցելէ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի գլխաւորած 13-անդամ պատուիրակութիւնը։
Հայաստանի խորհրդարանը ներկայացնող բազմանդամ այս պատուիրակութիւնը պիտի մասնակցի համագումարին, ինչպէս նաեւ ներկայ պիտի ըլլայ Հելլէն Խորհրդարանի շէնքէն ներս իրականացուող ցուցահանդէսին, որ նուիրուած է Յունական Յեղափոխութեան 200-ամեակին։
Եւրոպական երկիրներուն մէջ կարեւորութեամբ շեշտուող գաղափարները, ինչպիսին են՝ խորհրդարանական ժողովրդավարութեան, արդար իրաւական պետութեանց ստեղծման եւ քաղաքացիի իրաւունքներու պաշտպանութեան իմաստները, խարիսխը կը կազմեն եւրոպական մեծ ընկերութեան, նոյն այս յանձնարարականները ուղղելով ամբողջ աշխարհին։
Հ.Հ. Ա.Ժ.ի պատուիրակութիւնը կրնայ բաղկացած ըլլալ 13 անդամներէ, որոնց մէջ սակայն ներառնուած չեն ընդդիմութեան ներկայացուցիչներ, ինչպէս է պարտադիր համակարգը բոլոր երկիրներու պատուիրակութեանց համար։ Շռայլօրէն կազմուած 13 անդամ պատուիրակութիւն, սակայն բոլորը միակուսակցական, ինչ որ կը հակասէ արդարութեան եւ կը ծառայէ միայն մսխումի։
Կը հաւատանք, թէ Համաեւրոպական հասկացողութեան մէջ ժողովրդավարութեան սկզբունքին հանդէպ զգայուն ու արդար մօտեցումը, պարտաւորեցնող պէտք է ըլլայ Հ.Հ. Ա.Ժ.ի պատուիրակութեանց բաղկացուցիչ տարրին մէջ։
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէ