Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
«… Կը ցաւիմ, որ կիրակի օրով տխուր լուր մը պիտի տամ քեզի: Գիտեմ, որ շատ պիտի նեղուիս… Հայաստան… քեզի եւ ինծի սիրելի ընկեր Վահիկը… Կեանքը քեզի… այսօր սրտի սուր տագնապ մը ունեցեր է…»:
Հեռաձայնողը Պոսթընէն ընկեր մըն է, նախկին պաշտօնակից մը. կ՛աւելցնէ քանի մը մանրամասնութիւն, եւ հեռաձայնը վար կը դնենք:
Փամփուշտով, ռումբի բեկորով, անգա՛մ դաշոյնի հարուածով մը ոչ մահացու վէրք ստացողը առաջին ակնթարթին ցաւի զգացում չ՛ունենար: Չի ալ գիտնար, թէ վիրաւորուած է, բայց երբ քանի մը ակնթարթ անցնի, զգայարանքները արձագանգեն հարուածին, յանկարծ ցաւը կը ծագի հարուածին հասած տեղը, հոն չի մնար, որովհետեւ զգայարանքներու կեդրոնը ուղեղն է, անոր կամուրջէն անցնելով` կը տարածուի ենթակային մարմինին այլ վայրերը: Իսկ երբ ցաւը հոգեկան է, ինչպէս` այս պարագային, ուղեղը ժամանակի կը կարօտի «մարսելու» ականջէն մտածը, ըմբռնելու ահաւոր գոյժին իմաստը. կ՛անդրադառնայ, որ հոն, հեռաւոր տեղ մը կորսնցուցած ես սրտամօտ ընկեր մը, որուն հետ տասնամեակներ առաջ գործած ես նոյն յարկին տակ, «լիբանանեան պատերազմ»-ի մէկէ աւելի փուլերուն միասնաբար խուսափած ես ռմբակոծումներէ ու այլ արհաւիրքներէ, փորձած ես դաժան օրերդ ժպիտով ու զուարթախոհութեամբ դիմագրաւել ու յաղթահարել, յետոյ, կը յիշես, որ բաժանումի տարիները չեն տժգունեցուցած սրտամօտութիւնդ:
Ժամերը կը սահին. յիշողութեանդ պաստառին վրայէն ալիք-ալիք կը սահին դէպքեր, մանրավէպեր, ուրախ եւ տխուր օրերէ դրուագներ, որոնք թէեւ անվերադարձ անցեալին կը պատկանին, սակայն անքակտելիօրէն կեանքիդ ու էութեանդ մէկ մասնիկը դարձած են: Կը փորձես սեղանիդ ետին նստիլ եւ անոնցմէ պատառիկներ թուղթին յանձնել` իբրեւ խղճի պարտք, սակայն ո՛չ ուղեղդ կը հնազանդի, ո՛չ ալ ձեռքդ յառաջ կ՛երթայ բան մը արձանագրելու: Կ՛անդրադառնաս, որ գերիրապաշտ ու անհեթեթի վիճակներն ու տրամադրութիւնները միայն անիմաստ պատերազմի օրերուն չեն ստեղծուիր, միայն գիրքերու էջերուն չեն սահմանուած, այլ նաեւ` ամէնէն խաղաղ կարծուած օրերուն ալ, կ՛անդրադառնաս, որ ընկերոջ մը վաղահաս ու յանկարծական կորուստը պերճախօս արտայայտութիւն մըն է անհեթեթի թատրոնի մը դերակատարները ըլլալնուս…
Ու ցաւը կը շարունակէ տարածուիլ էութեանդ մէջ, կը պաշարէ կարողութիւններդ. բաց կը մնայ միայն մէկ դուռ` աղուոր յիշատակներու դուռը, որուն կ՛ապաւինիս` մեղմացնելու համար ցաւդ, խուսափելու համար դառն իրականութենէն: Կը մտածես. լա՛ւ է, որ մարդս օժտուած է յիշողութեամբ, որուն անփոխարինելի հարստութիւն մը ըլլալը կը զգաս, ինչպէս որ անփոխարինելի են լաւ ընկերներդ, սրտամօտ հարազատներդ, գաղափարի աշխարհին մէջ գործակիցներդ:
Օրը կ՛անցնի ու ի վերջոյ ձեռքդ կ՛ենթարկուի քեզի, կ՛աշխատիս յուշերու պատառիկներէն բաներ մը արձանագրել` լաւ գիտնալով, որ բոլոր ուզածներդ պիտի չկարենաս տեղադրել քանի մը նեղ էջի մէջ, նաեւ պիտի չուզես բոլոր յիշածներդ դնել քով-քովի, որովհետեւ անոնցմէ մաս մը մտերմական են ու ենթակայ` «խորհրդապահութեան» օրէնքին, անյարմար` նման տխուր առիթներով լոյս աշխարհ գալու:
***
Վահէ Յարութիւնեանը, ընկերներուն համար` Վահիկը, մէկն էր պարսկահայ այն երիտասարդներէն, որոնք արհամարհելով «լիբանանեան պատերազմ»-ի վտանգալից պայմանները, Պէյրութ փութացին իրենց երկրորդականի ուսումը աւարտելէ ետք, որպէսզի Նշան Փալանճեան Ճեմարանի պատմական շրջափակին մէջ հայագիտական ուսում ստանան Համազգայինի Հայագիտական հիմնարկի յարկին տակ: Այդ հիմնարկը, որ ծնունդ առած էր պատերազմի նախօրեակին եւ արդար վաստակ մը կերտեց աւելի քան երեք տասնամեակ, խորքին մէջ եղաւ ուսումնատենչ երիտասարդներու համար ժամադրավայր մը` մէկտեղելով մասնաւորաբար Լիբանանէն, Իրանէն, Սուրիայէն ուսանողներ, որոնք ոչ միայն հետաքրքրուած էին հայուն պատմութեամբ, մշակոյթով ու Դատին պատմութեամբ, այլ նաեւ պատրաստակամ էին այդ հարստութիւններուն բաժնեկից դարձնել շրջապատը, դառնալ ուսուցիչ, խմբագիր, ազգային գործիչ, գործել այլապէս «ապերախտ» որակուած ասպարէզներու մէջ, ցոյց տալու, որ հոն ապերախտութիւն չկայ, այլ կայ գործող ու ազգի կեանքին կերտումին մասնակից ձեռքերու հսկայական կարիք: Ու եթէ այսօր արագ ակնարկ մը նետենք մեր հաւաքական կեանքին վրայ, պիտի տեսնենք, որ այդ փաղանգէն շատեր դարձած են բերդերու պաշտպան բդեշխներ, իրենց համար կեանքի ասպարէզ դարձուցած` ժողովուրդին, նոր սերունդներուն ու ազգի ծառայութիւնը: Վահիկը մէկն էր անոնցմէ, որ ի վերջոյ նուիրուեցաւ իր կուսակցութեան` Դաշնակցութեան աշխատանքի դաշտին, արդարացուց իր ու նմաններուն վրայ դրուած գրաւը:
80-ական տարիներուն, Վահիկը միացաւ «Ազդակ»-ի անձնակազմին, զուգահեռաբար Պէյրութի մէջ յանձն առաւ կազմակերպական աշխատանքներ, մասնաւորաբար` Դաշնակցութեան երիտասարդական մեքենային մէջ: Տարիներ շարունակ անբաժան եղաւ Ճեմարանէն, մասնակից եղաւ «Ազդակ»-ի ու ընկերներու ցաւերուն, երբ արձանագրուեցան անժամանակ կորուստներ: 80-ականներու վերջերուն «Ազդակ»-ի մէջ յանձն առաւ պատասխանատու գործ. մամուլի աշխատանքը սրտին խօսող գործ էր, Համազգայինի Հայագիտականը զինք ալ օժտած էր այս ասպարէզին պահանջներուն ընդառաջելու կարողութիւններով, գիտելիքներով: «Ազդակ»-ը դարձաւ տառացի իմաստով իր երկրորդ տունը, մանաւանդ պատերազմական տարիներու վերջին փուլին` 80-ականներու վերջերուն: Երբ ռմբակոծումները անկարելի կը դարձնէին անձնակազմի ապահով տեղափոխութիւնը, սպառիչ առօրեայէն ետք` սեփական բնակարանիդ հանգստութիւնը քանի մը ժամ վայելելու պատեհութիւնը, առանձնանալու առիթը, Վահիկն ալ ամիսներ շարունակ «բնակութիւն հաստատեց» խմբագրատան մէկ գրասենեակին մէջ, նա՛եւ միշտ «գործին վրայ» ըլլալու նախանձախնդրութեամբ: Այդ օրերուն էր նաեւ, որ անձկութեամբ հետեւեցաւ արցախեան պայքարի շղթայազերծման ու զարգացման երթին, օրը օրին ընթերցողին հետ բաժնեկցելով հերոսական դրուագները:
Խաղաղութեան վերահաստատումէն ետք, երբ Հայաստան կանգնած էր վերանկախացման սեմին, երբ լիբանանցի հայ երիտասարդներ եւս ընդառաջած էին արցախեան ազատամարտի հրաւէրին, Վահիկն ալ ընդառաջեց հայրենիքին կանչին: Ան մէկն էր Հայաստան ներգաղթողներու առաջին սերունդին (նաեւ մէկը` «Ազդակ»-ի անձնակազմի քանի մը անդամներուն), որոնք հայրենիք փութացին վերջնականապէս հոն հաստատուելու եւ իրենց ձեռքերը միացնելու վերանկախացող Հայաստանի կերտումի գործին: Եւ հոն է, որ Վահիկը դարձաւ կուսակցական գործիչ. անոր աշխատանքի վայրը եղաւ Բիւրոյի գրասենեակը, ու իր գիտակից կեանքի աւելի քան կէսը տրամադրեց այդ յարկին տակ տարուող գործերուն: Այլ խօսքով, Վահիկին կենսագրութիւնը միաձուլուեցաւ վերանկախացած Հայաստանին ու անոր երկինքին տակ վերակենսաւորուած Դաշնակցութեան կեանքին:
Հայրենիք հաստատուելէն կարճ ատեն ետք ընտանիք կազմեց գաղափարակից ընկերուհիի մը հետ. բախտաւորուեցան զաւակով մը, որ գրեթէ տարեկից է վերանկախացած հայրենիքին… Հայրական ընտանիքէն իր բաժանումը` ուսման համար Լիբանան տեղափոխութեան պատճառով, այսպիսով փոխարինուեցաւ սեփական յարկով, թէեւ չմնաց ընտանեկան հարազատներէն անջատ. առիթ ստեղծեց այցի երթալու Միացեալ Նահանգներ հաստատուած եղբօր ու ընտանիքին, ինչ որ առիթներ եղան նաեւ իրեն հետ հանդիպումներուս: Վերջին անգամ մեր հանդիպումը եղաւ Հայաստանի մէջ, Հայաստանի վերանկախացման մէկ տարեդարձին: Ամբողջ Երեւանը տօնական մթնոլորտի մէջ էր, փառատօն, հրապարակային հանդիսութիւններ, հրավառութիւն… Երբեք ալ չզարմացայ, երբ առաջարկեց օրը միասին անցընել կարգ մը յիշատակելի վայրեր այցելելով, հեռու` քաղաքի ժխորէն, ընդառաջելով մեր պատմութիւնն ու մշակոյթը կերտողներու ժառանգութեանց հրաւէրին:
***
Յիշելով այդ վերջին հանդիպումը` այսօր, անժամանակ հեռացման այս պահուն, կը փորձեմ վերականգնել Վահիկին նկարագրային կարգ մը գիծերը եւ իբրեւ բարի յիշատակ արձանագրել այստեղ:
Ինչ որ շեշտակիօրէն կը պարզուի աննիւթական պաստառիս վրայ, այն է, որ Վահիկը իր աշխատանքի բոլոր տարիներուն ու ասպարէզներուն մէջ եղաւ լուռ ու լուսարձակներէն խուսափող աշխատունակ գործիչ մը: Իր յանձն առած պատասխանատուութիւնները անսահման առիթ կրնային ընծայել դառնալու «ժողովրդական» մարդ, յաճախ հանդէս գալ մամուլի էջերուն կամ հրապարակաւ, սակայն անոր կեանքի պատմութիւնը աչքի առջեւ ունենալով` կարելի է վստահօրէն ըսել, որ ան հաւատացողն էր Գործին, եւ ոչ թէ` խօսքին (թէեւ խօսքն ալ իր տեղը ունի կեանքի ու աշխատանքի մէջ), կարծես թէ հաւատարիմ մէկ հետեւորդը Դաշնակցութեան այն մեծ ուսուցիչին, որ օր մը ըսած է. «Եթէ Դաշնակցութիւնը շատ խօսէր, գործ պիտի չընէր…»: Այդ սկզբունքին հաւատարմութեամբ ալ ան իր անձն ու գործը պահեց լուսարձակներէ ու բեմերէ հեռու, զանգուածներէն քիչ ճանչցուած:
Ընդհանրապէս գործի ու աշխատանքի տարբեր կալուածներու մէջ զինք ճանչցողը ունեցած է այն տպաւորութիւնը, որ Վահիկը լուրջ, լրջախոհ եւ հաղորդականութենէ ալ խուսափող տղայ էր, սակայն անոնք, որ աւելի մօտէն ճանչցած են զինք, գիտեն, որ ան ունէր նուրբ զուարթախոհութիւն եւ կատակելու, ծիծաղ յառաջացնող նկատողութիւններու իւրայատուկ գիծ մը: Կարելի է բազմաթիւ դէպքեր ու պատահարներ արձանագրել այս իմաստով` շեշտելու համար, որ Վահիկը պիտի յիշենք նա՛եւ իր կատակներով ու զուարթախոհութեամբ: Գոնէ իբրեւ մէկ օրինակ այս գիծէն` կ՛արժէ արձանագրել հետեւեալը:
Պէյրութեան ամրան տաք օր մըն էր. հազիւ պատերազմական վիճակը մեր ետին թողած էինք: Կէսօր մը «Ազդակ»-ի Պուրճ Համուտի խմբագրատունէն հարկադրուած էինք Անթիլիաս երթալու, որքան կը յիշեմ` կաթողիկոսարանին մէջ մամուլի ներկայացուցիչներու ուղղուած հրաւէրի մը ընդառաջելով: Վահիկը այդ օր ծանր հարբուխէ կը տառապէր. եթէ կարենար աչքերը բանալ, կարմրած աչքերուն նայողը զինք պիտի քաջալերէր, որ հանգիստ ընէ ու անկողինէն դուրս չգայ, սակայն պարտականութիւնը իրեն ուրիշ բան թելադրած էր: Մայրուղիին վրայ աւանդական խճողումը հեղձուցիչ էր: Մօտաւորապէս ժամ մը տեւեց տեղ հասնիլը: Փախուստի միակ միջոցը «Վանայ Ձայն»-էն սփռուող երգերն էին ու կատակելը: Վահիկը շատ ալ ի վիճակի չէր խօսելու, զրուցավարի պարտականութիւնը թողած էր վարորդին` ինծի: Աչքերը փակած կամ կիսախուփ` մերթ ընդ մերթ ակնարկութիւն մը կ՛ընէր կամ քառորդ-մասնակցութիւն մը կ՛ունենար երեք-քառորդ մենախօսութեանս: Անցած էինք Ժել Էլ Տիպի կամուրջը եւ կը մօտենայինք Անթիլիասի խաչմերուկին: Ճամբուն կողքին, փուռերուն ու վաճառատուներուն առջեւ շարք կազմած էին մանրավաճառներ, «պատերազմ»-էն մնացած հին սովորութիւն մը: Ինչե՜ր ըսես` չէիր գտներ այդ մանրավաճառներուն քով: Յանկարծ ուշադրութիւնս գրաւեց վաճառորդ մը, որ կանգնած էր ջուրի ապակեայ մեծ ու փոքր ընդունարաններու կողքին, գունաւոր մանր ու գեղեցիկ ձուկեր կը ծախէր: Հարկադրաբար կանգնած էինք անոր ճիշդ առջեւը: «Վահի՛կ,- ըսի,- տե՛ս, ի՜նչ գեղեցիկ ձուկեր են. հաւանաբար բաւական սուղ ըլլալու են…»: Աչքերը հազիւ բանալով` ակնարկ մը նետեց դէպի ձուկերը եւ արհամարհական ձայնով մը պատասխանեց. «Բանի չեն գար…», ու դարձեալ փակեց աչքերը: «Ի՜նչ կ՛ըսես, ընկե՛ր, մարդիկ որքա՜ն կը վճարեն անոնց համար», ըսի զարմացած: «Պարապ բան, չեն ուտուիր» նետեց` թոյլ տալով, որ լիաթոք խնդամ…
Նման զուարթախոհութիւններու «տոպրակ» մը կարելի է լեցնել այստեղ` ըսելու համար, որ լուռ ու մունջ աշխատող, ինքզինք լուսարձակներէ հեռու պահող Վահիկը նաեւ կատակասէր ընկեր էր ու հաճելի սեղանակից, մանաւանդ` խնդուք ու ծիծաղ բաշխող խաղընկեր, այն օրերուն, երբ «Ազդակ»-ի յարկին տակ գիշերները արեւածագին կը մօտեցնէինք ռումբերու «երգչախումբը» մտիկ ընելով ու պահակ ընկերներու եւ անոնց վարիչներուն հետ պլոթ խաղալով: Վահիկը, որ նոր սորվեր էր խաղը, երեւակայելի ու աներեւակայելի խաղարկութեամբ «հրաշքներ» կը գործէր` խնդուք տարածելով դուրսի ռումբերուն դէմ, եւ ամէնէն առաջ ինք խնդալով իր գործած սխալներուն վրայ:
Այս քանի մը տողը արդարութիւն չեն ըներ իր վաստակին, այլ արտայայտութիւն մըն են այն մտածումին, թէ զինք պիտի յիշեմ նա՛եւ իր նուրբ զուարթախոհութեան ու համակրելի ընկերականութեան շնորհիւ` ձայնակցելով բանաստեղծին այն խօսքերուն, որ կ՛ըսէ` մարդու գործն է միշտ անմահ: Սակայն նաեւ գործէն անդին բաներ ալ, ինչպէս` լաւ յիշատակները: Կասկած չունիմ, որ մտերիմներ այս տխուր առիթով պիտի փորձեն լուսարձակի տակ բերել նաեւ նկարագրային այլ գիծեր, որոնք աղուոր են ու անմոռանալի:
Վահի՛կ ջան, ընկե՛ր, նուրբ ու քողարկուած կատակներդ մի՛շտ համով էին: Այս վերջին «կատակդ» չսազեց նկարագիրիդ. ի՜նչ խօսք, որ ստիպուած ենք զայն ալ կուլ տալ դառնահամ դեղահատի պէս:
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ