Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ԱՄՆ Արեւելեան Շրջանի 121-րդ Շրջանային Ժողովը իր խիստ վրդովմունքը կ’արտայայտէ այն մասին, որ ՀՀ Ազգային Ժողովի մեծամասնութեան որոշ ներկայացուցիչներ, Խորհրդարանի փոխ-նախագահի գլխաւորութեամբ, իրենց լիազօրութիւնները գերազանցելով, արտախորհրդարանական հարթակներու վրայ ՀՀ օրհներգը փոխելու հարցը դարձուցած են քննարկումի առարկայ։
Դատապարտելով ազգային-պետական արժէքներ կամ խորհրդանիշներ վարկաբեկելու, արժեզրկելու որեւէ փորձ՝յստակօրէն կ’արձանագրենք, որ պետական խորհրդանիշներու փոփոխութեան այս քննարկումը որեւէ իրաւական հիմք չունի: Մեր պետականութեան կերտման համար զոհուածներու արեամբ նուիրականացած խորհրդանիշները այլընտրանք չունին։
Լուրջ մարտահրաւէրներու առջեւ գտնուող մեր հայրենիքի նորընտիր իշխանութիւններէն կը պահանջենք, որ հեռու մնան արհեստական օրակարգեր հրահրելու փորձերէն եւ կեդրոնանան հայրենիքի ու հայրենի ժողովուրդի կենսական խնդիրներուն լուծումներ գտնելու աշխատանքին վրայ:
ՀՅԴ ԱՄՆ Արեւելեան Շրջանի
121-րդ Շրջանային Ժողով
24 Փետրուար, 2019