կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-02-05 13:17
Առանց Կատեգորիա

Սրբազան Պարտքի Գիտակցութեամբ («Մեր Հայրենիք»-ի Շուրջ Ստեղծուած Բանավէճին Առիթով)

Սրբազան Պարտքի Գիտակցութեամբ («Մեր Հայրենիք»-ի Շուրջ Ստեղծուած Բանավէճին Առիթով)

Շաբաթէ մը ի վեր ընկերային ցանցերն ու տեղեկատուական հաղորդակցութեան միջոցները` թերթ, ձայնասփիւռ թէ պատկերասփիւռ, յորդած են ազգային մեր խորհրդանիշներէն «Մեր հայրենիք» քայլերգը փոխելու կամ չփոխելու տեսակէտներով:

Տեսակէտներու փոխանակումները ընթացիկ քննարկումներէն քիչ մըն ալ անդին անցնելով, չափ ու սահման կորսնցուցած են եւ վերածուած` վէճ-վիճաբանութեան, փոխադարձ վարկաբեկումի, անարգանքի եւ վիրաւորանքի:

Հարցը լուրջ երկփեղկում յառաջացուցած է ֆէյսպուքահայութեան մէջ` «Մեր հայրենիք»-ը պաշտպանողներու եւ մերժողներու միջեւ: Ժողովուրդի մաս մըն ալ, առանց հասկնալու կատարուածը, կը մնայ լուռ ու անտարբեր:

Նախ պարզենք, թէ հարցը ինչո՞ւմն է:

Մեծ վիպասան Րաֆֆին կ՛ըսէ. «Խենթը քար մը գլտորեց, հարիւր խելօքներ հաւաքուեցան եւ չկարողացան դուրս հանել»:

Այս պարագային քարը գլտորողը Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ, «Իմ քայլը» խմբակցութեան ղեկավար Ալեն Սիմոնեանն է, որ դիմատետրի իր էջով, 30 յունուարին կազմակերպեց ժողովրդային հարցախոյզ մը` հարց տալով իր բարեկամ-ծանօթներուն, թէ ո՞ր քայլերգը կը նախընտրեն. հի՞նը, թէ՞ իր առաջարկած նորը:

Ալեն Սիմոնեանի ձայնակցեցան մշակոյթի նախկին նախարար Լիլիթ Մակունցը, որ «Իմ քայլը» խմբակցութեան ղեկավարներէն է եւ մշակոյթի այլ նախկին նախարար մը` Յասմիկ Պօղոսեան: Սիմոնեան, Մակունց եւ Պօղոսեան առաջարկեցին «Մեր հայրենիք»-ը փոխարինել Խորհրդային Հայաստանի քայլերգով, որուն երաժշտութիւնը կը պատկանի մեծ երգահան Արամ Խաչատուրեանին, իսկ բառերը` բանաստեղծ Սարմէնին (Արմենակ Սարգսեան): Անոնք առաջարկեցին Սարմէնին բառերը փոխարինել նոր բառերով եւ ունենալ նոր քայլերգ:

«Մեր հայրենիք»-ի փոփոխութեան պաշտպանները, իրենց առաջարկը հիմնաւորելու համար փորձեցին տալ հետեւեալ բացատրութիւնները.-

ա) «Մեր հայրենիք»-ը չի համապատասխաներ քայլերգի մը չափանիշներուն: Երաժշտութիւնը վատ է, բառերը ոգեղէն չեն, պատգամներ չեն փոխանցեր:

բ) «Մեր հայրենիք»-ը կը խորհրդանշէ իտալական ազատագրական պայքարը եւ որեւէ կապ չունի հայ ժողովուրդին հետ:

գ) Պէտք է ժամանակին հետ քայլ պահել: Ալեն Սիմոնեանի բառերով` «Դարեր են անցնում, ժամանակ է փոխւում»: Հետեւաբար, նոր օրերու հետ պէտք է ունենալ նոր քայլերգ:

դ) Հայաստանի երգահաններու միութեան նախագահ Արամ Սաթեանի բառերով` «Կարելի չէ հանդուրժել այսպիսի լացակումաց պետական քայլերգ մը, որուն մէջ քանի մը անգամ մահ բառը կը հնչուի»:

Վերոյիշեալ բացատրութիւնները եթէ սովորական մարդոց պատկանէին, հաւանաբար շատեր այնքան ալ լուրջի չառնէին զանոնք եւ շատ արագ անցնէին անոնց վրայէն, բայց երբ անոնք կը պատկանին հայրենի բարձրաստիճան պատասխանատուներու, որոնց կարգին` Ազգային ժողովի փոխնախագահի մակարդակով անձնաւորութեան մը, անոնք չեն կրնար լուրջ չըլլալ, քաղաքական ենթահող մը կամ հիմնաւորում մը չունենալ:

Ի վերջոյ, ազգային խորհրդանիշները «պարապ վախտի խաղալիք չեն», որոնցմով պետական այրեր զբաղին, երբ ուզեն կամ ձանձրանան: Պատասխանատուներ, վստահաբար, նպատակ մը կը հետապնդեն, երբ նման հարց մը հրապարակ կը նետեն:

Նպատակը կը թուի ըլլալ պարզ, բացատրութիւնները` անհիմն եւ ոչ համոզիչ:

Նպատակը անցեալը մերժելն է: Նպատակը նոր, այսպէս կոչուած յեղափոխական երկրի յատուկ յեղափոխական քայլերգի մը որդեգրումն է: Քայլերգ մը, որ համահունչ ըլլայ նոր իշխանութիւններու «Երջանիկ անհատ, հոգատար հանրութիւն, հզօր պետութիւն» կարգախօսին, որովհետեւ, ըստ իրենց, «Մեր հայրենիք»-ը չի համապատասխաներ մեր երկրի այսօրուան նկարագիրին, իբրեւ խորհրդանիշ եւ իբրեւ ազգային տեսլականներու արտայայտիչ:

Երեւանի նոր իշխանութիւններուն համար, ըստ երեւոյթին, խորթ է իր որդիքը ազատ, անկախ Հայաստան կանչող գաղափարը, հայրենադարձութեան նպատակը:

Կամ, հաճելի չէ Երեք գոյնով դրօշ, իբրեւ նուիրական նշան, թշնամիին դէմ փողփողելու տրամադրութիւնը:

Եւ կամ, ամէնէն վտանգաւորը, երանի չէ ան, որ «իր ազգի ազատութեան կը զոհուի»:

Այս տողերը, ճի՛շդ այս տողերն են, որոնք «ոգեղէն չեն» եւ «պատգամներ չեն փոխանցեր», ըստ Սիմոնեան-Մակունց-Պօղոսեան եռեակին:

Բայց արդեօ՞ք այս տողերը հայ ազատագրական պայքարի խորհրդանիշը չեն վերջին մէկուկէս դարու մեր կեանքին մէջ: Կը բաւէ քիչ մը պատմութիւն գիտնալ, յիշելու համար, որ`

«Մեր հայրենիք»-ը նախքան իբրեւ քայլերգ ծնիլը, նախ ծնաւ մեր ժողովուրդի հոգիներուն մէջ: Ծնաւ յուզումով, տագնապով եւ յեղափոխական երկունքով: Ան եղաւ Վանի 1915-ի ինքնապաշտպանութիւնը ոգեշնչող ստեղծագործութիւնը: Այդ օրերուն ստեղծուած մանկական փողային նուագախումբը զայն պարբերաբար նուագեց ինքնապաշտպանութեան ուժերու դիրքերուն:

Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի հերոսները իրենց արիւնը թափեցին «Մեր հայրենիք»-ի ներշնչումով ու հաւատամքով:

1 օգոստոս 1918-ին, հայ ժողովուրդի պատմութեան առաջին խորհրդարանին անդրանիկ նիստը բացուեցաւ «Մեր հայրենիք»-ով: Տարի մը վերջ, Միացեալ Հայաստանի հռչակման ժամանակ եւս խորհրդարանին մէջ հնչեց նոյն քայլերգը: Եւ այսպէս, Փետրուարեան ապստամբութեան ժամանակ, Արցախեան շարժումի օրերուն, բոլորին համար անառարկելի եղաւ «Մեր հայրենիք»-ի խորհուրդն ու թելադրականութիւնը:

«Մեր հայրենիք»-ը գտաւ համաժողովրդային ընդունելութիւն եւ իր մէջ ամփոփեց մեր ժողովուրդի տարբեր ժամանակներու ազգային իղձերն ու ապրումները: Այդ պատճառով ալ, Հայաստան երբ վերանկախացաւ, Տէրպետրոսեանական իշխանութիւնը չվարանեցաւ 1 յունիս 1991-ին «Մեր հայրենիք»-ը ազգային քայլերգ հռչակելու: 14 տարի ետք, այս անգամ համաժողովրդային հանրաքուէով ընդունուած Հայաստանի Սահմանադրութիւնը ճշդեց երկրին ազգային քայլերգը որոշելու յատուկ կարգը, որուն հիմամբ` տարի մը վերջ, 2006-ին, կատարուեցաւ մրցոյթ եւ 85 դիմումներու քննութենէն ետք, «Մեր հայրենիք»-ը դարձեալ վերահաստատուեցաւ իբրեւ քայլերգ:

Սփիւռքի մէջ, 70 տարի, յաջորդական սերունդներ ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի երազը փայփայեցին «Մեր հայրենիք»-ով, իբրեւ կորուսեալ անկախութեան յիշատակ, իբրեւ պետական արժէք եւ ազգային խորհրդանիշ: Հերոսները Հայ դատի հետապնդման ճամբուն վրայ նահատակուեցան, որովհետեւ հաւատացին, որ «Մարդ մի անգամ պիտ մեռնի, բայց երանի, որ իր ազգի ազատութեան կը զոհուի»:

Ճիշդ է, «Մեր հայրենիք»-ը աշխարհի լաւագոյն երգը չեղաւ, ո՛չ ալ լաւագոյն բառերը կամ երաժշտութիւնը ունեցաւ, բայց հայ մարդը սիրեց ու կառչեցաւ անոր, որովհետեւ անոր մէջ տեսաւ իր պատմութիւնը, իր ժողովուրդին հարազատ կենսագրութիւնը, այն երգը, զոր երգելով մարդիկ կ՛ուզեն անկախութիւն ստեղծել, պայքարիլ եւ մեռնիլ:

«Մեր հայրենիք»-ը մեր անցեալն է եւ անցեալը կարելի չէ մերժել: Մենք անցեալէն կու գանք, եւ «Մեր հայրենիք»-ը կը խորհրդանշէ վեց հարիւր տարուան գերութենէ ետք կերտուած մեր անկախ պետականութիւնը, որուն իրաւայաջորդն ու ժառանգորդն է ներկայ Հայաստանը:

«Մեր հայրենիք»-ը պետական խորհրդանիշ է եւ պետական խորհրդանիշները չեն կրնան փոխուիլ մարդոց քմահաճոյքով ու ճաշակով: Խորհրդանիշի մը հարազատութիւնը կ՛որոշէ պատմութիւնը եւ ո՛չ թէ ժողովուրդը: Եթէ հարցը ժողովուրդին վստահուի, ժողովուրդը կը նախընտրէ Արամ Ասատրեանի կամ Թաթուլի երգերը, կ՛ըսէ հայրենի լրագրող Յովիկ Աֆեան: 2006-ին, նոր քայլերգի քննարկումներու ժամանակ, վաղամեռիկ ընկեր Վահան Յովհաննիսեան իրեն յատուկ զուարթախոհութեամբ մը նկատել կու տար, որ եթէ հարցը ժողովուրդով պիտի վճռուի, ժողովուրդը Թաթային «Անապատի արեւ»-ը կ՛ընտրէ քայլերգ:

Իսկ այդ ո՞ր ժողովուրդին մասին է խօսքը: «Հանրապետութեան» հրապարակը լեցուցած 200 հազարի՞ն մասին է: Բայց չէ՞ որ 2 միլիոն 200 հազար ժողովուրդ ալ հրապարակէն բացակայ է: Իսկ եթէ խօսքը նոր Ազգային ժողովի պատգամաւորներուն մեծամասնութիւնը ընտրած 884.864 հայերուն մասին է, այդ պարագային Հայաստանի մէջն ու դուրսը նոյնքան եւ կրկնապատիկ կամ քառապատիկ թիւով հայեր կան, որոնք տարբեր կարծիք ունին կամ կրնան ունենալ: Ինչպէս որ իշխանամէտ զանգուածը ժողովուրդ է, նաեւ իշխանութեան հետ տարակարծիք զանգուածը ժողովուրդ է: Չէզոքները եւ անտարբերները եւս ժողովուրդ են: Ճիշդ չէ ժողովուրդ հասկացողութիւնը նոյնացնել հետեւորդ ամբոխին հետ եւ շահարկել զայն անվերջ:

Իսկ եթէ քայլերգի փոփոխութեան պատճառը Հայաստանի պատմութեան եւ պետականութեան մէջ կատարուած ինչ որ արմատական փոփոխութեան մը յառաջացումն է, նման փոփոխութիւն ցարդ տեսանելի եւ շօշափելի չէ: Հետեւաբար, հարցը կեղծ է եւ անտեղի:

2004-ին, երբ Վրաստանի նախագահ Սահակաշվիլին իշխանութեան հասնելով երկրին քաղաքական ուղղութիւնն ու դիմագիծը փոխեց` քայլերգը չփոխեց:

Արեւմտեան ուղղութեան ջատագով այսօրուան իշխանութիւններուն կ՛արժէ յիշեցնել նոյնինքն արեւմտեան երկիրներու փորձառութիւնն ու օրինակը այս մասին:

Ֆրանսայի քայլերգը, օրինակ, աւելի քան երկու դարէ ի վեր կը մնայ անփոփոխ: Այս միջոցին Ֆրանսան միապետական կարգերէն անցաւ հանրապետական դրութեան: Հանրապետական վարչակարգեր իրարու յաջորդեցին, աքսորական կառավարութիւն յառաջացաւ, դիմադրութիւն կազմակերպուեցաւ, թշնամիին հետ գործակցող բարձրագոյն մակարդակի դէմքեր գնդակահարուեցան, հանրաքուէով նախագահ հրաժարեցաւ, բայց «Մարսէյէզ»-ը մնաց «Մարսէյէզ»:

Գերմանիոյ քայլերգը ո՛չ թէ Գերմանիոյ, այլ` Աւստրիոյ Ֆրանսիս երկրորդ կայսեր նուիրուած ստեղծագործութիւն մըն է, որ 1797-ին գրուած է աւստրիացի երգահան Ժոզեֆ Հայտընի կողմէ: Ստեղծագործութիւնը կը կոչուի «Աստուած պահպանէ Ֆրանսիս կայսրը»: Հետագային, գերմանացի բանաստեղծ եւ լեզուաբան Օկիւսթ Հենրիխ Հոֆման նոր բառեր գրած է այդ ստեղծագործութեան համար, որուն առաջին երկու տուները կը սկսին «Գերմանիա, Գերմանիա, ամէն բանէ վեր» արտայայտութեամբ, ինչ որ ժամանակին շատ կը սիրէին կրկնել Հիթլերի նացիները: Այսօր, Գերմանիոյ մէջ ոչ ոք կը պահանջէ փոխել այդ քայլերգը: Գերմանացիք պարզապէս չեն երգեր այդ քայլերգին առաջին եւ երկրորդ տուները եւ կը բաւարարուին երրորդ տունով միայն: Գերմանացիք աւելի լաւ քայլերգ մը չե՞ն կրնար ունենալ: Վստա՛հ, որ կրնան: Ո՛չ բանաստեղծներով աղքատ են, ո՛չ ալ երգահաններով, բայց անոնք կառչած կը մնան իրենց պատմութեան եւ ինքնութեան հարազատ քայլերգին:

Անգլիոյ քայլերգը, որուն բառերուն հեղինակը կը մնայ անծանօթ, փառաբանանքը կը կատարէ մայր թագուհիին, մինչ Իտալիոյ քայլերգը կոչ կ՛ուղղէ համախմբուելու եւ մահուան պատրաստուելու, որովհետեւ Իտալիան կը կանչէ զիրենք: Հապա՞ Միացեալ Նահանգներու քայլերգը: Ան կը պատմէ առաւօտեան վաղ արշալոյսին, կռուի դաշտին վրայ ծածանող դրօշին մասին եւ կ՛ոգեկոչէ այն քաջերը, որոնք պատրաստ են մարտնչելու այդ դրօշին տակ:

Անգլիացիք, իտալացիք եւ ամերիկացիք աւելի ժամանակակից քայլերգներով չե՞ն կրնար ոտքի կանգնիլ եւ իրենց հայրենիքները պատուել: Անշո՛ւշտ, որ կրնան, բայց անոնք գեղագիտական չափանիշներով, բանաստեղծական կամ երաժշտական որակի մտահոգութիւններով չեն առաջնորդուիր, այլ` պատմութեամբ, ազգային արժէքներով եւ սերունդներու վրայ անոնց ունեցած ազդեցութեամբ:

Ինչո՞ւ, ուրեմն, «Մեր հայրենիք»-ի նկատմամբ այս վերաբերումը, մանաւանդ որ անոր փոխարէն առաջարկուած տարբերակը Հայաստանի պետականութիւնը կործանած, անկախութեան գաղափարը ոտնակոխած համայնավար իշխանաւորներու եւ անոնց պատուէրով գրուած Արամ Խաչատուրեանի մէկ ստեղծագործութիւնն է, որ խորքին մէջ Գայեանէ պալէին երրորդ գործողութեան հատուածներէն մէկն է: Արդեօք նման առաջարկ մը վիրաւորանք չէ՞ համայնավար բռնութիւններու զոհ գացած մեր բազմահազար զոհերու յիշատակին:

1980-ին, Արամ Խաչատուրեանի քայլերգի օրերուն ծնած հայրենի բարձրաստիճան պաշտօնատարը եւ անոր համախոհները կրնան անցեալի վերադարձի կարօտը ունենալ, բայց այդ կարօտը չի կրնար ազգային մեր յիշողութեան, ինքնութեան եւ պատմութեան հաշուոյն ըլլալ: Նման անտեղի առաջարկներ պարզապէս վիհը աւելի կ՛ընդլայնեն հայ ժողովուրդի զգացական տրամադրութիւններու եւ միասնականութեան դաշտին մէջ, այն պահուն, երբ ակնկալուածը ազգային միասնականութեան ամրապնդումն է, մեր ժողովուրդի բովանդակ ներուժին համախմբումն ու օգտագործումը, որպէսզի կարելի ըլլայ իսկապէս պետականաշինութեան գործին լծուիլ, փտածութեան, կաշառակերութեան եւ հովանաւորչութեան երեւոյթներուն դէմ պայքարիլ, երկրին մէջ ընկերային արդարութիւն հաստատել, նոր որակի իշխանութիւն ձեւաւորել եւ խորհրդարանական նորահաստատ վարչակարգը ամրապնդել:

Քայլերգի փոփոխութիւն առաջարկողները, մէկ շաբթուան ընթացքին, գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար ալեկոծեցին մեր կեանքը: Թէ ինչպէ՞ս կացութիւնը պիտի խաղաղի` չենք գիտեր: Ալեն Սիմոնեանի եւ Լիլիթ Մակունցի վերջին օրերու յայտարարութիւնները, թէ եղածը քայլերգի փոփոխութիւն չէ` քննարկում է, եւ թէ` նման հարց այսօր օրակարգի վրայ չկայ, «մեղմացուցիչ դէպք յանցանաց» չեն կրնար ըլլալ:

Կատարուածին պատասխանատուները պարտաւոր են հաշիւ տալ մեր ժողովուրդին եւ ցնոր տնօրինութիւն ենթարկուիլ ազգային քայլերգի մասին Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքին, միշտ յիշելով ու չմոռնալով օրէնքին 8-րդ յօդուածին երրորդ կէտը, որ` «քայլերգին նկատմամբ խորին յարգանքը իւրաքանչիւր քաղաքացիի սրբազան պարտքն է»:

Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ