Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Երբ Հ․Յ․Դ․ 33-րդ ընդհանուր ժողովի վերջին օրերուն մասնակցող ժողովականները կրկին կը հանդիպէին «Կովկասի Զուիցերիոյ»՝ Արցախի Հանրապետութեան ղեկավարութեան հետ, միեւնոյն ժամերուն Զուիցերիոյ Ալպեան լեռնաշղթայի զբօսաշրջական հանրածանօթ Տաւոս աւանին մէջ, մէկ ժամէն աւելի տեւողութիւն ունեցող տեսակցութիւն մը տեղի կ՛ունենար խորհրդարանական վարչակարգով ղեկավարուած Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի բռնապետ Իլհամ Ալիեւի միջեւ։
Ձմեռնային հանրածանօթ զբօսավայրին մէջ, տնտեսական եւ պարզ յարաբերական բնոյթ ունեցող հանդիպումներու ընթացքին, նաեւ կը կատարուին մտերմիկ տեսակցութիւններ եւ գլուխ-գլխի զրոյցներ։
Այսպիսի պայմաններու տակ կատարուեցաւ Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպումը, որուն մասին կրնայ դեռ շատ բան գրուիլ։
Պատահական չէր հանդիպումը, այլ ծրագրուած դէմ առ դէմ տեսակցութիւն մը՝ վստահաբար մեծ պետութիւններու հովանաւորութեամբ եւ օրհնութեամբ։ Միջանկեալ, Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան աշխատանքի շարունակուող սառեցումը անցեալ Դեկտեմբեր 22-էն (ի վերջոյ լուծուած եւ վերացուած՝ Յունուար 26-ին) ի վեր ՛ոչ մէկ ազդեցութիւն ունէր արտաքին հարցերով զբաղող կարգ մը պատասխանատուներու գործունէութեան վրայ։ Այսպէս, Սպիտակ Տան ազգային անվտանգութեան հարցերու խորհրդական Ճոն Պոլթըն զրուցած է երկու երկիրներու ներկայացուցիչներուն հետ, որպէսզի կատարուի այս «պատահական եւ ինքնաբուխ հանդիպումը»։
Ի վերջոյ, երկու ղեկավարները չեն զրուցած քարիւղի, ձկնկիթի կամ տուֆ քարի ներածման եւ արտածման մասին։ Այդ տեսակցութեան սպառիչ նիւթը արցախեան հիմնահարցը եղած է։
Արցախ մը, որ վերջին երեսուն տարիներու ընթացքին եղած է հայութեան հիմնահարցը։ Բնականաբար՝ Հ․Յ․Դաշնակցութիւնն ալ այս գծով եղած է ռահվիրան, եւ զուգադիպութիւն մը չէ, որ իր 129-ամեայ պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով ընդհանուր ժողովը կազմակերպէ «Տատիկի եւ Պապիկ»-ի երդիքին տակ։
Այսպէս, պատահական չէր որ Հ․Յ․Դ․ 33-րդ ընդհանուր ժողովը կը կատարուէր սուրբ հողի մը վրայ։ Հող մը, որուն վրայ թարմ ու ջինջ են 1988-էն ի վեր կայք հաստատած, պայքարած, արիւն թափած դաշնակցական ազատամարտիկներու հետքերը։ Այդ ազատագրութեան յիշատակելի օրերէն շատ առաջ, Խամսայի մելիքութիւններու բազկերակէն ծնունդ առած են Արամ Մանուկեանի եւ Նիկոլ Դումանի նման առասպելական հերոսներ։ Դումանի թանգարան-տունը՝ վկայ իր ազդեցիկ ու գերտպաւորիչ կառոյցով։
․․․Թէպէտ՝ երանի՜ Արամ Մանուկեանի Երեւանի բնակարանն ալ նմանօրինակ գուրգուրանքի ենթարկուած եւ տուն-թանգարանի վերածուած ըլլար, փոխանակ փլատակ պայմաններու տակ մնալու։
Հ․Յ․Դաշնակցութեան ընդհանուր ժողովը զօրավիգ կանգնեցաւ Արցախի արդար պայքարին, ազատ ինքնորոշման իրաւունքին, անկախութեան ու հողային ամբողջականութեան պահպանման եւ անոր ժողովրդային ու տարածքային միասնութեան անվտանգութեան: Դեռ աւելին՝ ժողովը հաստատեց, որ արցախեան հողը սրբազան արժէք մըն է եւ այդ գծով Հ․Յ․Դաշնակցութիւնը գործ ունի կատարելիք յատկապէս միջազգային բեմահարթակներէն, ի խնդիր ամբողջական միջազգային ճանաչման, ազգային-ազատագրական եւ ինքնորոշման պայքարի պահպանման, ազատագրուած տարածքներու զարգացման եւ վերաբնակեցման։
hairenikweekly.com