կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-04-24 09:41
Առանց Կատեգորիա

24 Ապրիլ 1915. Հայոց Ցեղասպանության կիզակետը խորհրդանշող թվական

24 Ապրիլ 1915. Հայոց Ցեղասպանության կիզակետը խորհրդանշող թվական

Ապ­րիլ 24ին կը բա­ցո­ւի հա­յոց օ­րա­ցոյ­ցին ա­մէ­նէն սեւ ու ա­րիւ­նա­լի է­ջը։

Տա­րո­ւան այս օ­րը, ա­հա 100 տա­րիէ ի վեր, երկ­րա­գուն­դի ա­մէ­նէն կոր­սո­ւած ան­կիւնն ին­կած հայ բե­կորն ան­գամ, տե­ղը եւ ձե­ւը կը գտնէ միա­ժա­մա­նակ՝

– թէ՛ յար­գե­լու յի­շա­տա­կը բիւ­րա­ւոր մեր նա­հա­տակ­նե­րուն,

– թէ՛ ան­մի­ջա­կան շրջա­պա­տին ու ամ­բողջ աշ­խար­հին յի­շեց­նե­լու, որ տա­կա­ւին ան­պա­տիժ կը մնայ հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ թրքա­կան պե­տու­թեան գոր­ծադ­րած ցե­ղաս­պա­նա­կան մեծ ո­ճի­րը,

– թէ՛ նոյ­նինքն թուրք պե­տա­կան մտա­ծո­ղու­թե­նէն պա­հան­ջե­լու, որ խոս­տո­վա­նի իր գոր­ծած ո­ճի­րը եւ ստանձ­նէ ինչ­պէս շա­րու­նա­կո­ւող Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հե­տե­ւանք­նե­րու դար­ման­ման, այն­պէս եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի ոտ­նա­կոխուած ի­րա­ւունք­նե­րուն ամ­բող­ջա­կան վե­րա­կանգն­ման ուղ­ղու­թեամբ իր ան­ժա­ման­ցե­լի պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը։

Ապ­րիլ 24 է դար­ձեալ՝ սեւ ու ա­րիւ­նա­լի խորհր­դա­նիշ թո­ւա­կա­նը հայ ժո­ղո­վուր­դի նա­հա­տա­կու­թեան։

Այս տա­րի նաեւ՝ 100րդ տա­րե­լի­ցը Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան։

Ան­մի­ջա­պէս նշենք, որ թրքա­կան պե­տու­թեան գոր­ծադ­րած ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն վե­րապ­րած հա­յու­թիւ­նը, Մեծ Ե­ղեռ­նի մեր բիւ­րա­ւոր նա­հա­տակ­նե­րու ո­գե­կոչ­ման Սու­գի օր հռչա­կե­լով հան­դերձ Ապ­րիլ 24ը, տա­րի­նե­րու եւ տաս­նա­մեակ­նե­րու թա­ւա­լու­մին հետ աս­տի­ճա­նա­բար իր մէջ զար­գա­ցուց եւ ար­մա­տա­ւո­րեց այն հա­մո­զու­մը, թէ Հա­յաս­տա­նի եւ հա­յու­թեան հա­մար տա­րո­ւան բո­լոր օ­րե­րը Ապ­րիլ 24 են այն­քան ժա­մա­նակ, որ­քան Ի­րա­ւուն­քի եւ Ար­դա­րու­թեան դա­տաս­տա­նին առ­ջեւ բե­րո­ւած չէ ցե­ղաս­պան թուրք պե­տու­թիւ­նը, այ­լեւ դեռ չէ հնչած Մեծ Հա­տուց­ման ժա­մը։

Նոյն­պէս ընդգ­ծենք, որ միայն 24 Ապ­րիլ 1915ին չսկսաւ գոր­ծադ­րու­թիւ­նը թուրք պե­տա­կան մտա­ծո­ղու­թեան յղա­ցած Հա­յաջնջ­ման Ո­ճի­րին, ոչ ալ 1915ի հա­մա­տա­րած տա­րագ­րու­թեամբ եւ ջար­դե­րով իր ա­ւար­տին հա­սաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի կոր­ծան­ման ու բնաջնջ­ման, այ­լեւ Հա­յաս­տա­նի հա­յա­թափ­ման եւ վերջ­նա­կան իւ­րաց­ման մի­տող թուրք ցե­ղաս­պա­նա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը։

24 Ապ­րիլ 1915ին թրքա­կան պե­տու­թիւ­նը պար­զա­պէս պատ­ռեց ցե­ղաս­պա­նի իր բուն դէմ­քը ծած­կող խա­բէու­թեան քո­ղը՝ պաշ­տօ­նա­պէս պե­տա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն հռչա­կե­լով իր իշ­խա­նու­թեան են­թա­կայ հո­ղե­րուն վրայ ապ­րող հա­յե­րուն բնաջն­ջու­մը։

Հե­տե­ւա­բար, նա­հա­տա­կո­ւած հայ ժո­ղո­վուր­դին ազ­գա­յին յի­շո­ղու­թիւ­նը կը խո­ցեն բո­լոր ա­նոնք, ո­րոնք կը փոր­ձեն «ան­ցեա­լի տխուր դէպ­քեր» ո­րա­կել կամ, լա­ւա­գոյն պա­րա­գա­յին, «Օս­մա­նեան Կայս­րու­թեան կող­մէ գոր­ծո­ւած հա­յոց մեծ ջարդ» կո­չել կա­տա­րո­ւա­ծը։ Ան­ցեա­լը ան­ցեա­լին մէջ ձգե­լու եւ սե­փա­կան գլու­խը ա­ւա­զին մէջ խրե­լով թաք­նո­ւե­լու ջայ­լա­մի քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն է այդ մօ­տե­ցու­մը, որ խոր­քին մէջ, ազ­գա­յին մեր յի­շո­ղու­թեան հետ ու կող­քին, խա­թա­րել կը փոր­ձէ ամ­բողջ մարդ­կու­թեան յի­շո­ղու­թիւ­նը։

Այդ­պէ՛ս, 100 տա­րի է, որ մե­ծա­պե­տա­կան աշ­խար­հի «նե­րո­ղա­միտ» ու «հաս­կա­ցող» հա­յեաց­քին տակ՝ թրքա­կան պե­տու­թիւ­նը ոչ միայն կը շա­րու­նա­կէ իր գոր­ծած ցե­ղաս­պա­նա­կան ո­ճի­րին մեղ­քի պտուղ­նե­րը ա­նար­գել վա­յե­լել, այ­լեւ՝ ա­մե­նայն կա­մա­կո­րու­թեամբ եւ Մի­ջազ­գա­յին Օ­րէն­քի ու Ի­րա­ւուն­քի ար­հա­մար­հա­կան ան­տե­սու­մով յա­ռաջ մղել Մեծ Ու­րաց­ման իր քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը։

Այդ ա­ռու­մով պատ­մա­կան ճշմար­տու­թեան ամ­րագրման օրն է Ապ­րիլ 24ը։

Օրն է նախ հաս­տա­տե­լու, որ 24 Ապ­րիլ 1915ին կա­տա­րո­ւե­ցաւ զան­գո­ւա­ծա­յին ձեր­բա­կա­լու­թիւ­նը Պո­լիս ապ­րող հայ ժո­ղո­վուր­դի ներ­կա­յա­ցուց­չա­կան դէմ­քե­րուն։ Ա­ւե­լի քան 250 հո­գե­ւո­րա­կան, ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան, գրա­կան-մտա­ւո­րա­կան եւ մշա­կու­թա­յին ղե­կա­վար գոր­ծիչ­ներ, մէկ գի­շե­րո­ւան մէջ, նա­խա­պէս պատ­րաս­տո­ւած եւ հայ դա­ւա­ճան-մատ­նիչ­նե­րով ստու­գո­ւած ցան­կե­րու հի­ման վրայ, ձեր­բա­կա­լո­ւե­ցան ու աք­սո­րո­ւե­ցան Չանղ­րի եւ Ա­յաշ, որ­պէս­զի ճամ­բու ըն­թաց­քին կամ վախ­ճա­նին ա­մե­նայն վայ­րա­գու­թեամբ մոր­թո­ւին…

Բա­ռին բուն ի­մաս­տով՝ հայ ժո­ղո­վուր­դի գլխատ­ման պե­տա­կան ոճ­րա­գոր­ծու­թիւն էր կա­տա­րո­ւա­ծը, որ միա­ժա­մա­նակ պի­տի ծա­ռա­յէր գա­ւառ­նե­րու մէջ ա­միս­ներ ա­ռաջ սկսած հա­յու­թեան զի­նա­թափ­ման եւ հայ զի­նո­ւո­րագ­րեալ­նե­րու գաղ­տա­գո­ղի սպան­դին շուրջ լռու­թեան պատ հիւ­սե­լու նպա­տա­կին։

Պատ­մու­թիւ­նը բա­ւա­րար ու անհ­րա­ժեշտ ա­մէն ար­ձա­նագ­րու­թիւն ու­նի, որ­պէս­զի հաս­տա­տէ, թէ պե­տա­կա­նօ­րէն ծրագ­րո­ւած ու գոր­ծադ­րո­ւած ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճամ­բով հայ ժո­ղո­վուր­դը բնաջն­ջե­լու եւ Հա­յաս­տա­նը իւ­րաց­նե­լու ա­հա­ւոր ծրա­գի­րը ե­ղած է մտա­սե­ւե­ռու­մը թուրք պե­տա­կան մտա­ծո­ղու­թեան ա­մէն գոյ­նի եւ բո­լոր ժա­մա­նակ­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն։

Նոյ­նիսկ Ապ­տիւլ Հա­մի­տով չսկսաւ, ինչ­պէս որ Իթ­թի­հա­տով վերջ չգտաւ Հա­յաս­պա­նու­թեան ա­հա­ւոր ծրագ­րին հե­տապն­դու­մը թրքա­կան պե­տու­թեան կող­մէ։

Մին­չեւ Հա­միտ, թուրք օս­ման­ցի սուլ­թան­նե­րը վա­րե­ցին ե՛ւ ա­մէ­նօ­րեայ կե­ղե­քում­նե­րու, ե՛ւ պար­բե­րա­կան կո­տո­րած­նե­րու ճամ­բով հայ­կա­կան հո­ղե­րը հա­յա­թափ­ման են­թար­կե­լու քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն։ Հա­միտ պար­զա­պէս փոր­ձեց կազ­մա­կեր­պո­ւած հու­նի մէջ դնել դա­րա­ւոր այդ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը։

Իսկ Իթ­թի­հա­տը մեկ­նա­կէտ ու­նե­ցաւ այն հա­մո­զու­մը, որ հա­յաջն­ջու­մի Հա­մի­տեան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը ան­յոյս էր մի­ջազ­գա­յին ար­գել­քի եւ ճնշու­մի պայ­ման­նե­րուն մէջ։ Հե­տե­ւա­բար, թուրք պե­տա­կան մտա­ծո­ղու­թեան հա­մո­զու­մով՝ հարկ էր մշա­կել եւ պատ­րաստ վի­ճա­կի բե­րել Հա­յաս­պա­նու­թեան պե­տա­կան ծրա­գիրն ու ցե­ղաս­պա­նա­կան լա­րո­ւած մե­քե­նայ մը, որ­պէս­զի հա­մաշ­խար­հա­յին ի­րա­րան­ցու­մի «յար­մար» պա­հուն կա­րե­լի ըլ­լար ամ­բողջ թա­փով շարժ­ման մէջ դնել հա­յե­րու բնաջնջ­ման ծրագ­րին ար­մա­տա­կան ի­րա­կա­նա­ցու­մը։

Ա­ւե­լի՛ն. Օս­մա­նեան Կայս­րու­թեան փլա­տակ­նե­րուն վրայ թրքա­կան պե­տու­թեան վե­րա­կանգ­նու­մին ձեռ­նար­կած Մուս­թա­ֆա Քե­մալն ան­գամ չվա­րա­նե­ցաւ յո­խոր­տա­լու, որ Թա­լէա­թի կի­սատ թո­ղած գոր­ծը ինք ա­ւե­լի ձեռն­հա­սօ­րէն «ա­ւար­տուն տեսք»ի բե­րաւ։

Ինչ­պէ՞ս…

– Մէկ կող­մէ Ռու­սաս­տա­նի պոլ­շե­ւի­կեան ղե­կա­վա­րու­թեան հետ գոր­ծակ­ցու­թիւն հաս­տա­տեց եւ Թուր­քիոյ Հան­րա­պե­տու­թեան սահ­ման­նե­րը տա­րա­ծեց Ա­րե­ւե­լա­հա­յաս­տա­նի վրայ՝ հա­րիւր-հա­զա­րա­ւոր հա­յե­րու յա­ւելեալ ա­րիւն հե­ղե­լով։

– Միւս կող­մէ՝ գա­ղու­թա­րար Ֆ­րան­սա­յի հետ սադ­րան­քի եւ մութ գոր­ծար­քի մէջ մտնե­լով՝ ձեռք ձգեց նաեւ Կի­լի­կիոյ վերջ­նա­կան հա­յա­թա­փու­մը։

Պատ­մա­բան­նե­րը ա­մե­նայն ձեռն­հա­սու­թեամբ ի­րա­զեկ են այս բո­լո­րին։ Ոչ միայն Օս­մա­նեան Կայս­րու­թեան ար­խիւ­նե­րը, այ­լեւ մե­ծա­պե­տա­կան բո­լոր եր­կիր­նե­րու ազ­գա­յին ար­խիւ­նե­րը յա­գե­ցած են հա­մա­պա­տաս­խան փաս­տա­թուղ­թե­րով։

Ա­ւե­լորդ է, հե­տե­ւա­բար, պատ­մա­կան ար­խիւ­նե­րու փնտռտուքն ու բա­ցա­յայ­տու­մը։

Կա­րե­ւո­րը յաղ­թա­հա­րումն է թրքա­կան պե­տու­թիւ­նը ան­պարտ հռչա­կե­լու բուն չա­րի­քին, որ կը յա­մե­նայ, ա­հա՛ 100 տա­րիէ ի վեր, Հա­յաս­պա­նու­թեան սեւ ու ա­րիւ­նա­լի թղթած­րա­րին վրայ հա­կող մե­ծա­պե­տա­կան աշ­խար­հի տի­րա­կան մօ­տե­ցու­մին մէջ։

Այ­լա­պէս, ե­թէ մե­ծա­պե­տա­կան աշ­խար­հը յաղ­թա­հա­րէ այդ ներ­քին կաշ­կան­դու­մը եւ զգայ անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը թրքա­կան պե­տու­թիւ­նը ար­դար դա­տաս­տա­նի յանձ­նե­լու քայ­լին, այդ պա­րա­գա­յին մե­ծե­րը ի­րենք պատ­րաս­տի բո­լոր ար­խիւ­ներն ու եզ­րա­յան­գում­նե­րը ու­նին, որ­պէս­զի նախ ի­րենք հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ գոր­ծո­ւած ո­ճի­րը կո­չեն իր բուն ա­նու­նով՝ Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն եզ­րով, ա­պա՝ թրքա­կան պե­տու­թե­նէն պա­հան­ջեն, որ նախ ան­սայ պատ­մա­կան ճշմար­տու­թեան եւ վերջ տայ Մեծ Ու­րա­ցու­մին, ա­պա մա­նա­ւանդ՝ տէր կանգ­նի ամ­բող­ջա­կան Հա­տուց­ման իր պար­տա­ւո­րու­թեան։

Այդ պա­րա­գա­յին նոյ­նինքն թուրք պե­տա­կան վեր­նա­խա­ւը, բո­լո­րէն ա­ռաջ, ի վի­ճա­կի պի­տի ըլ­լայ խոս­տո­վա­նե­լու, որ Թուր­քիոյ պե­տա­կան ար­խիւ­նե­րուն մէջ պահ­պա­նո­ւած են ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րը Իթ­թի­հա­տա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան ցե­ղաս­պա­նա­կան ո­ճի­րը դա­տե­լու կո­չո­ւած 1919ի Պոլ­սոյ Զի­նո­ւո­րա­կան Ա­տեա­նին, որ ի բա­ցա­կա­յու­թեան մա­հո­ւան դա­տա­պար­տեց Իթ­թի­հա­տի պա­րագ­լուխ­նե­րը։

Ա­ւե­լի՛ն. թրքա­կան պե­տու­թիւ­նը Հա­յաս­տա­նի հա­յա­թափ­ման քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն սկսած է վա­րել Ա­սիա­կան տա­փաս­տան­նե­րէն գա­լով Փոքր Ա­սիոյ մէջ տե­ղա­ւո­րուե­լու իր ար­շա­ւանք­նե­րու ժամ­մա­նա­կաշր­ջա­նէն՝ բռնագ­րա­ւեալ հայ­կա­կան հո­ղե­րը թրքաց­նե­լու մտա­սե­ւե­ռու­մով։

Սուլ­թան­նե­րը բար­բա­րո­սա­բար գե­րե­վա­րած են հայ ժո­ղո­վուր­դը՝ ժա­մա­նա­կին վստա­հե­լով հա­յե­րու թրքա­ցու­մը կամ հե­ռա­ցու­մը հայ­կա­կան հո­ղե­րէն, ի հար­կին կո­տո­րա­ծի զէն­քով ա­րա­գաց­նե­լով Հա­յաս­տա­նի ու հա­յու­թեան կոր­ծա­նու­մը։

Իսկ հա­յաջն­ջու­մի պե­տա­կան ծրագ­րի մշակ­ման ու գոր­ծադ­րու­թեան յար­մա­րա­գոյն ե­ղա­նա­կի փնտռտու­քը սկսաւ ա.) Ապ­տիւլ Հա­մի­տի զան­գո­ւա­ծա­յին կո­տո­րած­նե­րով, բ.) իր ամ­բող­ջա­կան գոր­ծադ­րու­թեան յար­մար պա­հը գտաւ Իթ­թի­հա­տի օ­րով Թուր­քիոյ Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մարտ մուտք գոր­ծե­լով եւ գ.) քա­ղա­քա­կան ա­ւար­տուն վար­քագ­ծի վե­րա­ծո­ւե­ցաւ Քե­մալ Ա­թա­թուր­քի կող­մէ։

Այդ հիմ­նա­ւո­րու­մով ալ, Հա­յաս­պա­նու­թեան սկզբնա­ւո­րու­մը պէտք է կա­պել 1894ի Հա­մի­տեան կո­տո­րած­նե­րուն, իսկ 1909ի Ա­տա­նա­յի եւ ամ­բողջ Կի­լի­կիոյ Ա­ղէ­տը պէտք է նկա­տել Հա­յաս­պա­նու­թեան Ծ­րագ­րի վե­րամշակ­ման փու­լի սկիզ­բը։ Այ­սօր ար­դէն պատ­մա­բան­նե­րուն հա­մար պարզ է, որ 1914ի Օ­գոս­տո­սէն իսկ թրքա­կան պե­տու­թիւ­նը, նոր սկսած հա­մաշ­խար­հա­յին ա­ռա­ջին պա­տե­րազ­մին միա­նա­լով Գեր­մա­նիոյ կող­քին, մին­չեւ 24 Ապ­րիլ 1915ի հայ մա­տա­ւո­րա­կա­նու­թեան զան­գո­ւա­ծա­յին ձեր­բա­կա­լու­թիւ­նը, աք­սո­րը եւ սպան­դը, թէ՛ Կի­լի­կիոյ եւ թէ՛ Ա­րեւմ­տա­հա­յաս­տա­նի տա­րած­քին գոր­ծադ­րու­թեան յանձ­նեց հայ զին­ծա­ռա­յող­նե­րու զի­նա­թա­փու­մը, հա­յե­րու զան­գո­ւա­ծա­յին տա­րագ­րու­թիւն­նե­րը եւ հայ յե­ղա­փո­խա­կան ղե­կա­վար գոր­ծիչ­նե­րու դա­ւադ­րա­կան սպա­նու­թիւն­նե­րը։

24 Ապ­րիլ 1915ին ա­ռանձ­նա­յա­տուկ ա­հա­ւո­րու­թիւ­նը եւ խորհր­դան­շա­կան ի­մաս­տը կը կա­յա­նայ այն ի­րո­ղու­թեան մէջ, որ Պոլ­սոյ հա­յու­թիւ­նը գլխա­տե­լու իր քայ­լով՝ թրքա­կան պե­տու­թիւ­նը ծալ­լեց եւ մէկ­դի նե­տեց մեծ տէ­րու­թեանց հետ հա­շո­ւի նստե­լու իր պար­տա­ւո­րու­թիւ­նը եւ, «­Զոհ»ին հետ ա­ռան­ձին մնա­ցած «­Դա­հիճ»ի վայ­րա­գու­թեամբ, անձ­նա­տուր ե­ղաւ հա­յաջն­ջու­մի իր ծրագ­րին ար­մա­տա­կան գոր­ծադ­րու­թեան։

Եւ մին­չեւ 1923 թո­ւի Լօ­զա­նի դաշ­նագ­րին ստո­րագ­րու­թիւ­նը, թուրք պե­տա­կան ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը ետ պա­տեա­նի մէջ չդրաւ իր ա­րիւ­նոտ սու­րը։

Իսկ ա­ռանց սու­րի, 1923էն սկսեալ, աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան նո­րաս­տեղծ պայ­ման­նե­րուն հա­մա­հունչ, պե­տա­կան-քա­ղա­քա­կան ճնշում­նե­րու հու­նով շա­րու­նա­կո­ւե­ցաւ թուրք պե­տա­կան մտա­ծո­ղու­թեան մէջ ար­մա­տա­ցած՝ այս­պէս կո­չո­ւած «հայ­կա­կան սեպ»էն ձեր­բա­զա­տո­ւե­լու ցե­ղաս­պա­նա­կան վար­քա­գի­ծը։

Այդ պատ­ճա­ռով է, որ Հա­յաս­տանն ու հայ­կա­կան հո­ղե­րը, իբ­րեւ հայ ազ­գի պատ­մա­կան սե­փա­կա­նու­թիւ­նը, գո­յու­թեան ի­րա­ւունք չու­նին յաչս թրքա­կան պե­տու­թեան այժ­մու վա­րիչ­նե­րուն, ո­րոնք թուրք ցե­ղին բռնագ­րա­ւած հո­ղե­րը թրքաց­նե­լու եւ թրքա­կան գե­րիշ­խա­նու­թիւ­նը ամ­րապն­դե­լու միակ կո­չու­մով կ­þա­ռաջ­նոր­դո­ւին եւ, այդ ճամ­բուն վրայ, ո՛չ մէկ քա­ղա­քա­կան, ի­րա­ւա­կան կամ մարդ­կա­յին կաշ­կան­դում կը ճանչ­նան, ոչ մէկ խո­չըն­դոտ կ­þըն­դու­նին…

Իսկ հայ ժո­ղո­վուր­դը, ան­կա­խա­բար ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան ինք­նա­հաս­տատ­ման իր բնա­կան ձգտում­նե­րէն եւ սե­փա­կան ան­կախ հայ­րե­նի­քի ու պե­տա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քէն, սոսկ քա­ղա­քակր­թա­կան իր կեն­սու­նա­կու­թեամբ, կա­մայ թէ ա­կա­մայ կ­þար­գե­լա­կէ ամ­բողջ տա­րա­ծաշր­ջա­նին վրայ թրքա­կան գե­րիշ­խա­նու­թեան «պահ­պա­նու­մը»…

Ինչ որ ալ ըլ­լան պատ­մա­կան զար­գա­ցում­նե­րու հե­տե­ւան­քով ա­ռա­ջա­ցած աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան պայ­ման­նե­րը, թրքա­կան պե­տու­թիւ­նը դա­տա­պար­տո­ւած կը զգայ ինք­զինք շա­րու­նա­կե­լու հա­յաջն­ջու­մի ծրագ­րին գոր­ծադ­րու­թիւ­նը։ Կր­նայ միայն ու պար­զա­պէս հա­յաջնջման ծրագ­րին գոր­ծադ­րու­թեան ձե­ւե­րը փո­փո­խու­թեան են­թար­կել՝ ար­տա­քին պայ­ման­նե­րուն հա­մա­պա­տաս­խան յա­ռաջ ըն­թա­նա­լու հա­մար։

Ապ­րիլ 24 է դար­ձեալ եւ ի­րա­ւա­տէր հա­յը ա­մէն պատ­ճառ եւ հիմք ու­նի պա­հան­ջե­լու, որ Հա­յաս­տա­նի կոր­ծան­ման եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի բնաջնջ­ման թուրք պե­տա­կան ոճ­րա­գոր­ծու­թիւ­նը ճանչ­ցո­ւի իբ­րեւ այդ­պի­սին՝ իբ­րեւ ցե­ղաս­պա­նա­կան յան­ցա­գոր­ծու­թիւն։

Որ­պէս­զի ա­րար աշ­խար­հին հետ նաեւ թուրք ժո­ղո­վուր­դը գիտ­նայ ամ­բո՛ղջ ճշմար­տու­թիւ­նը։

Ո­րով­հե­տեւ Մեծ Ու­րա­ցու­մին յաղ­թա­հա­րու­մը այն միակ ու­ղին է, որ կրնայ են­թա­հող ծա­ռա­յել հա­յեւ­թուրք իս­կա­կան երկ­խօ­սու­թեա­ն։

Ն.

Գրված է Ցեղասպանության 100-երորդ տարելիցի առիթով