Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Յունուարի 25-ը, մինչեւ 2011, Եգիպտոսի մէջ կը նշուէր իբրեւ Ոստիկանութեան օր։ Այդ օր էր որ եգիպտացի ոստիկանական կայազօրը՝ 1952-ին մինչեւ վերջին փամփուշտը պաշտպանած էր Իսմայիլէյայի կառավարչատունը Սուէզի ջրանցքը ապահովող բրիտանական ուժերէն եւ նահատակներ տուած։
2011-ին, այդ օրն ալ ընտրուած էր ոստիկան ուժերուն ձեռնոց նետելու համար եւ ապստամբութեան դրօշ պարզելու, ընդդէմ ամիսներ առաջ կատարուած խորհրդարանական ընտրութիւններուն տեղ գտած աննախընթաց կեղծիքին եւ յանուն՝ լճացումը դիմագրաւելու եւ պետութեան հեռանկարային զարգացման ուղիներ բանալու, հասարակ քաղաքացիի կենսամակարդակը բարելաւելու։
Օր մը, տասնամեակներ անց, երբ ազատ, անկախ, ժողովրդավար ու թափանցիկ Եգիպտոսի մօտիկ անցեալի արխիւները բացուին ուսումնասիրողներուն դիմաց, մեծ հաւանականութիւն կայ, որ սուր՝ անթարթ դիտուող կամ մէկ շունչով կարդացուող զգայացունց պատմութեան հումք ստանայ տաղանդաւոր սցենարիստը կամ վիպասանը։
Արդարեւ, այն ինչ կատարուեցաւ երկու տարի՝ 2011-ի Յունուարի 25-էն մինչեւ 2013 Յունիսի 30 կամ Յուլիսի 3, ըստ ամենայնի դէպքերու եւ զգայացունցին անկրկնելի թաւալում էր. ամէն օր նորութիւն, երբեմն արիւն, յաճախ անորոշութիւն, միախառնուած յուսախաբութեան եւ հակառակին, անվերջ հարցման նշաններ, բայց՝ հետաքրքրաշարժ դիպաշար։
Այսօր՝ պարագան տարբեր է. ունինք ամուր, կայուն, նոյնիսկ ժողովուրդի մեծամասնութեան շնչահատութեան հասցնող սեղմուած գօտին՝ ժուժկալութեան, տնտեսական խրթնութեան պայմաններուն մէջ, առնուազն կանխատեսելի երկիր ու կառավարութիւն։
Երկիրը, հասարակ ժողովուրդը թանկ վճարեց ապստամբութեան համար։ Յեղափոխութիւնը դեռ չէ եկած. մաղթենք՝ խաղաղ բարեշրջումով երկիրը կը հասնի արմատական փոփոխութիւններու եւ յարատեւ զարգացման սեփական ուղին կը գտնէ։
Մէկ առ մէկ թուելու համար այդ երկու տարիներու անցքերու թէկուզ ուրուագիծերը երկար պիտի տեւէ եւ ընդհանրապէս մոռցուած ալ չէ։ Կարճ՝ այդ երկամեակին Եգիպտոս փրկուեցաւ ժառանգական իշխանութեան արատէն, աւելին՝ քաղաքական իսլամի գրաւած դիրքերը մեծապէս թուլցուց, նահանջի մատնեց, թէեւ չենք կրնար ըսել, որ յետադիմականութիւնը վերջնականապէս պարտուեցաւ։ Ահաւոր ժառանգութիւն մը կայ, զոր քայլ առ քայլ քաղաքական իսլամը կուտակած է եօթանասունականներու սկիզբէն, պարբերական զիջումներ կորզելով քաղաքական իշխանութիւններէն եւ արմատաւորուելով ժողովրդական գիտակցութեան մէջ, իբրեւ համաշխարհայնացող աշխարհին մէջ ինքնութեան պահպանման ապաւէն եւ գործողութիւններու առանցք։
Եգիպտոս 2011-էն թեւակոխեց նոր փուլ, թէեւ վերջնարդիւնքով քաղաքական համակարգը էական փոփոխութիւն չկրեց։ Բանակը մնաց իշխանութեան ղեկին եւ իշխանական դատարկութիւնը լեցուց։ Ոչ միայն իշխանութենէն, այլեւ փողոցէն հեռացուց քաղաքական իսլամի գլխաւոր դերակատար եւ իշխանութեան յաւակնորդ Եղբայրները, յաջողեցաւ ժողովուրդին մօտ ուժեղ հակակրանք յառաջացնել անոր հանդէպ, զրկել զայն նահատակի լուսապսակէն, ապօրէն հռչակել ու երկրէն արտաքսել կազմակերպութիւնը։ Ներկայիս ընդյատակեայ դաւադրական եւ ահաբեկչական գործունէութեան առանցքներէն մին է այն։
Այս տարիներուն թէեւ Եգիպտոս խորհրդարանական հանրապետութիւն հռչակուեցաւ, սակայն ընդունուած ընտրական օրէնսգիրքով փաստացի դարձաւ նախագահական համակարգով ղեկավարուող, միանձնեայ դերակատարութեամբ։
Պէտք է արձանագրել, որ եգիպտացի ժողովուրդը իր ընդվզման հետեւանքներուն տէր կանգնեցաւ, թէկուզ տրտունջով։ Ան իր քսակը լայն բացաւ նոր իշխանութեան ծրագիրներու իրագործման համար յայտարարուած ներդրումներու հրաւէրին և անիւին թափ հաղորդեց, առանց ուշադրութիւն դարձնելու երկրի արևելքէն, արևմուտքէն և հարաւէն ահաբեկչական թափանցման փորձերուն և գործողութիւններուն, անոնց հոգսը բանակին ու ոստիկանութեան վստահած։
Այսօր տեսանելի են ահռելի փոփոխութիւններ՝ կրկնակի լայնքով Սուէզի ջրանցք, նախատեսուած միաժամանակ երթեւեկի համար, աւելի տարողունակ՝ հսկայ փոխադրանաւեր ընդունելու խորութեամբ։ Ջրանցքը եզերող արդիւնաբերական եւ սպասարկման միջազգային նախատեսուած գօտին թէեւ դանդաղ կը յառաջանայ, քարիւղի ու կազի գիներու նուազումը չեն խրախուսեր հսկայ բեռնափոխադրողները Սուէզի ջրանցքը նախընտրել, ահաբեկչական գործողութիւններն առայժմ թոյլ չեն տար որ զբօսաշրջութեան թոքերը բացուին ու լայն շունչ քաշէ, Եթովպիա կը շարունակէ «Զարթօնք» ջրամբարի շինարարութիւնը, զոր Եգիպտոս ջուրի իր մասնաբաժնին սպառնալիք կը նկատէ ու կը տագնապի. այնուամենայնիւ իշխանութիւններն երկրի զարգացման եւ յառաջդիմութեան իրենց ծրագիրներն անվրդով յառաջ կը մղեն. արդէն իրականութիւն է վարչական նոր մայրաքաղաքը եւ շուտով գործել կը սկսի, արդիւնաբերական անիւը ներդրումներ կը ներգրաւէ ու թափ կը հաւաքէ, ժողովուրդն արդէն մոռցած է ելեկտրականութեան անտանելի անջատումներուն մասին, իսկ հիւլէական ելեկտրակայանի շինարարութիւնը շուտով կը սկսի, Միջերկրական ծովուն բացերը բնական կազի եւ քարիւղի հսկայ պահեստներէն Եգիպտոսի բաժինը, առաւել՝ Եւրոպա արտածման ենթակառոյցը երկիրը մրցակցային դարձուցած է, մինչ Կիպրոսի, Յունաստանի, Լիբանանի, Պաղեստինի, Իսրայէլի ու Իտալիոյ հետ արեւելեան Միջերկրականի կազի շահագործման շուրջ համաձայնութիւնը բարի արդիւնք խոստանայ, թէպէտ դիմացն ունի Թուրքիան, իր մեծ ու փոքր դաշնակիցներով։
Յունուարի 25-ի ընդվզումի այս տարեդարձը թերեւս աւելի լաւատեսութեամբ պէտք է դիմաւորել, անտեսելով եգիպտական դրամանիշն արժեզրկելու 2017-ի Նոյեմբերի 3-ի որոշման բացասական ազդեցութիւնը ժողովուրդի կենսամակարդակին վրայ։ Բանող համակարգ ու արդիւնք կայ։ Միակ մտավախութիւնն այն է, որ տնտեսական արդիւնքն ակնկալուածի մակարդակին չհասնի և հասարակ քաղաքացիի կենսամակարդակին վրայ էական ազդեցութիւն չունենայ։ Արդիւնաւէտ վարչարարութեան հարցն է ամենուր։ Աւելին, կը մնայ յաջողիլ՝ ներքին համերաշխութիւնն ու ներդաշնակութիւնը երկրի առօրեայի՝ բնական մասնիկը դարձնել, քաղաքական ամայացած դաշտը վերաշխուժացնելու աշխատանքները սեղմումներէ ազատել, չկաշկանդել մամուլը, խօսքը, կարծիքը եւ ունկնդիր դառնալ անոնց, գործող սահմանադրութեան տրամաբանութեամբ վերամշակել ընտրական օրէնսգիրքը։ Տակաւին՝ հեռու մնալ անտեղի արտաքին հակամարտութիւններէ։
Այս բոլորը սերտօրէն շաղկապուած են եւ միաժամանակ պէտք է յառաջ տարուին, որպէսզի տնտեսական եւ ընկերային բարեկարգումներու ջանքերը եւ զոհողութիւնները յումպէտս չվատնուին, փոքրաթիւ մարդիկ միայն չօգտուին անոնցմէ, այլ բոլորին վրայ տարածուին, իսկ քաղաքական իշխանութիւնը մենաշնորհի չվերածուի կըրկին։
Աւելի քան հարիւր միլիոն բնակչութիւն հաշուող երկրի մը համար դժուար է ձեւականութեամբ արդիւնքի հասնիլ։ Խորքային պիտի ըլլայ այն, ո՛չ ի ցոյց արտաքին աշխարհին, այլ երկրի ապագային համար։
Դժուար է՝ ըսելիք չկայ, սակայն անհրաժեշտ է, իսկ «կամենալը՝ կարենալ է» կʼըսէ ժողովրդային իմաստութիւնը։
Եգիպտոսի կշիռով պետութիւն մը տիպար պիտի դառնայ և շրջանային առաջնորդութեան մականը վերստին ձեռք առնէ։
«Յուսաբեր»