կարևոր
2335 դիտում, 1 տարի առաջ - 2023-05-27 15:24
Քաղաքական

Պետութեան Պատուանդանը Քաղաքացին Է

Պետութեան Պատուանդանը Քաղաքացին Է

Մեզ համար 1918 Մայիս 28-ը Հայոց պատմութեան շրջադարձային պահերէն մին է, ազգի մէջքը ուղղող եւ գլուխը բարձրացնող, ճակատը պայծառացնող եւ էութեա՛մբ ճաճանչելու ճամբան հարթող։

Այլոց համար անիկա սովորական ամսաթիւ է, որ ԺԱՄԱՆԱԿԱՒՈՐ կացուցաձեւ մը կը ստեղծէր, մինչեւ «բնական» վիճակի՝ ԵՆԹԱԿԱՅՈՒԹԵԱՆ վերադարձը, կարեւոր չէր թէ որո՞ւն ենթակայութեան. կարեւորը իրենք, իրենց ընտանիքը եւ անմիջական շրջապատը հանգիստ իրենց կեանքը վարէին, ծնէին, հասակ նետէին ու անկողնուն մէջ վախճանէին, շառէն-փորձանքէն հեռու…

Միջանկեալ՝ մինչեւ Մայիս 28 մղուած հերոսամարտերը՝ Սարտարապատը, Բաշ Ապարանը, Ղարաքիլիսան, հարկադիր ծառացում էին, բաց պահելու բնականոն կեանքի վերադարձի ճամբան. ո՛չ ատկէ աւելին։ Պէտք էր կռուիլ՝ չմեռնելու համար։ Կռուեցան՝ որպէսզի շարունակեն ապրիլ այնպէս ինչպէս ապրած էին ու շարունակեցին ապրիլ։ Կարեւորը՝ դարերէ եկած կարգը պահպանելն էր, ատկէ աւելին ալ պէտք չէր։

Ու դեռ հարց է, եթէ Արամ Մանուկեան ճիշդ ժամանակին յայտնուած չըլլար Արարատեան դաշտավայր, արդեօ՞ք մեռելներէն Հայաստանի մայիսեան յարութիւնը իրականութիւն կը դառնար։

Հարիւրհինգ տարի ետք Հայաստանի պետութիւնը 1918-ի մակարդակին մնացած է թէ՛ մարդոց՝ քուէ տուող եւ ընտրելու իրաւունք ունեցող հասարակութեան որակով, թէ՛ պետութեան պահպանման եւ զարգացման կազմակերպութիւնը։ Կը գործէ նո՛յն տրամաբանութիւնը․ կռի՞ւ է՝ կը կռուինք, զաւակ ալ կը զոհենք, նեղութիւն ալ կը քաշենք, մինչեւ որ ՏԷՐ ՄԸ յայտնուի եւ ԲՆԱԿԱՆՈՆ կեանքը վերականգնէ…

Անառագաստ եւ անղեկ նաւարկութեան գաղափարախօսութիւն ըստ էութեան։ Չընկղմիլն է կարեւորը։ Էական չեն նաւուն ուղղութիւնը, հաւաքականութեան ապագան, անոր բովանդակութիւնը, որակը։

Մեր հայրենիքի ղեկին յայտնուած մարդոց նման մտածելակերպով, հոգեբանութեամբ եւ «իտէալով» տոգորուած «քաղաքացիներ» ընտրած են, որոնք՝ փերեզակի նման իրենց կառքը քաշող ձիերը փոխելու համար կ’ակնկալեն աւելի խոստմնալիցի երեւումը՝ կարեւոր չէ ուրկէ, ինչ դաւանանքի կրող, կարեւորը՝ աւելի կայունութիւն եւ բարգաւաճում խոստացող։

Հայաստանի «քաղաքացիներու» այս մեծամասնութիւնը, փոքրամասնութեան մեծ տոկոսին հետ չեն անդրադառնար, որ իրե՛նք են գրաստները, որոնք չեն ուզեր նժոյգ դառնալ, ու կառապա՛ն ման կու գան, ամէն ոք ըստ իր ճաշակի։ Վարձկան կառապանները կառքը կ’առաջնորդեն ըստ պատուէրի ու կը վարձատրուին մինչեւ այն պահը, որ պատուէրը կատարելու ատակ կը նկատուին։

Ա՛յս է իրավիճակը։ Կառապան դառնալու թեկնածուները կը մրցին թէ՛ դուրսը, թէ՛ ներսը։ Դուրսը՝ վարձող գտնելու, ներսը՝ կառապանի «գահին» բազմելու, միշտ «ժողովրդավարութեան» կանոնները յարգելով։

«Քաղաքացիներու» բախտէն պատահեցաւ, որ գրաստներու սանձին վերջին տիրացողը, անշո՛ւշտ «յարգելով» «ժողովրդավարութեան» բոլոր կանոնները, ըլլայ ամենէն «տաղանդաւոր» կառապանը, որ պատուէրը գերկատարելու եւ իր «գահը» չկորսնցնելու նախանձախնդրութեամբ, Մայիս 28-ը կերտած ազնուատոհմ՝ ըմբոստ տեսակի ոչնչացման ճամբով կառքը անշեղօրէն կ’առաջնորդէ դէպի անյատակ եւ մութ անդունդ։

Ներկայիս յոյսը կառքը քաշող գրաստներու բնազդին մնացած է։ Արդեօք անոնք իրենց բնազդով թանկագին կառքը իր հազարամեակներու արժէքաւոր բեռով կը շեղե՞ն կործանարար ուղիէն, թէ անցած տասնամեակներուն այդ բնազդն ալ վերջնականապէս բթացած է։ Օրերը ցոյց պիտի տան։

Հայաստանի քաղաքացիի կերտումը կը մնայ ՕՐԱԿԱՐԳ, որմէ կախում ունի ոչ միայն արդի փորձութիւնն անցընելը, այլեւ ընդհանրապէս Ա՛ՅՍ ՄԱԿԱՐԴԱԿԻ փորձութիւնները բացառելը։

Մայիս 28-ով խորհրդանշուող պետականութեան վերականգնումը ա՛յդ խորհուրդն ունի․ պարբերական ճգնաժամերէն անդին անցնիլ, արեամբ ձեռք բերուած ազատութիւնը ԱՆԴԱՌՆԱԼԻ անկախութեան ամրապնդման ծառայեցնել։

Իսկ անկախութեան անդառնալիութի՛ւն պատուաստելը տքնաջան ու երկա՜ր աշխատանք է, որ կը սկսի Հայաստանի Հանրապետութեան ՔԱՂԱՔԱՑԻՆ ԿՈՓԵԼՈՎ։ 1918-էն 20, հակառակ նախորդած ժամանակահատուածի լուսաւորութեան եւ իրաւատիրութեան համար մղուած յամառ եւ զոհառատ պայքարին, հակառակ գործիչներու նուիրումին եւ թելադրած օրինակին, 600 կամ 900 տարուան գերութեան ու ենթակայութեան մշակոյթը չյեղափոխուեցաւ եւ 30 ամիս տեւած ազատ պետականութեան անկախութիւնը դարբնելու ճիգը խափանուեցաւ թշնամական պետութիւններու արիւնոտ ճնշման տակ։

Այսօր տարբե՞ր է։ Գնահատումի չափանիշերը եթէ հայու տեսակի մը համար չէ փոխուած, անդին մեծ զանգուած մը կայ որ առնուազն իր անտարբերութեամբ ցոյց կու տայ որ չի տարբերիր իր նախնիներէն։ Ընդհակառակը։

Եթէ Մայիս 28-ին մահուկենաց պայքարով կենդանի մնացած Արեւելահայաստանի ժողովուրդը մակարդուած էր ցեղասպանութենէն մազապուրծ՝ խրատուած Արեւմտահայութեամբ, որ՝ ըստ յուշագրողներու, աւելի՛ մարտունակ էր ու նախանձախնդիր իր պետականութեան պահպանման, այսօր աւելի քան հարիւր տարի անց անոր աղօտ յուշը միայն մնացած է։

Ի հարկ է կը մնայ կորիզ մը՝ Արցախի թէ Հայաստանի Հանրապետութեան տարբեր բնակավայրերու մէջ, որ դիմադրութիւն ցոյց տալու կորովը եւ կամքը պահած է։ Նժարին վրայ տարբերութիւն պիտի ընէ ուժեղ, յամառ, յանձնառո՛ւ եւ տեսլականի տէր հոսանքի յայտնութիւնը։

Այն ինչ որ փաստագրած են ժամանակակից դերակատարները, Հայաստանի Հանրապետութիւնը 1920-ին արտաքին թշնամիէն առաջ՝ պարտուած էր իր ներքին լքումին եւ օտարի ենթակայութեան հետ հաշտուած զանգուածին։ Ներ-քի՛ն որակը առաջին հերթին չբաւարարեց որ 1918-ի մայիսեան յաղթանակները կրկնուէին ու յետ մղուէին արեւմուտքէն ու արեւելքէն արշաւող թշնամական քեմալական եւ պոլշեւիկեան բանակները։

Կը հետեւի, որ Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանը նախ եւ առաջ պայմանաւորուած է ի՛ր քաղաքացիով, անոր կամքով եւ յանձնառութեամբ։

Չկայ քաղաքացիական այդ որակը, չկայ պետականութեան նախադրեալը։

Ոչինչ կ’օգնէ, ոչ մէկ զիջում կամ համակերպում կ’երաշխաւորէ պետականութեան պահպանումը եթէ անոր տէրն ու կերտողը պատրաստ չէ պաշտպանելու իր ու իր սերունդներուն իրաւունքները։

Եւ եթէ այսօր՝ դաւադի՛ր դաւաճան իշխանութեան դիմաց կրաւորական եւ մորթապաշտ «քաղաքացիի» տեսակն է, զայն առաջին հերթին պէտք է վերագրել ոչ թէ դաւադիր դաւաճան վոհմակին ենթադրեալ արտակարգ կարողութիւններուն կամ արտաքին թիկունքին, որքան՝ երկրէն ներս վատնուած 32 տարուան ազատութեան ձախողութեան։ Ազատութիւնը Հայաստանի մէջ սխալ թարգմանեցին շահադէտները եւ իշխանութիւնները՝ առնուազն, անկարող գտնուեցան անոնց առջեւ։

Այսօր՝ վերջին վայրկեանի արդարացումները ոչ ոքի պէտք են, չեն կենդանացըներ յանուն հայրենիքի այս տարիներուն նահատակուածները, ոչ ալ երկիրը կը փրկեն, սակայն ժամանակի եւ ճիգի մեծագոյն վատնում պիտի ըլլայ այս դառն փորձառութեան զոհաբերումը երանելի՜ մոռացութեան…

Տխուր է Մայիս 28-ի օրով նման մտքերով կիսուիլը, բայց թարախը պէտք է մաքրուի մեր հաւաքական մարմինէն, որպէսզի կենսունակ եւ ստեղծագործ մնայ տօնին խորհուրդը։

ԶԱՒԷՆ ԼԻՅԼՈԶԵԱՆ

«Յուսաբեր»