կարևոր
0 դիտում, 3 տարի առաջ - 2021-06-29 22:00
Հասարակություն

Հայաստանի պետութեան ընդհուպ անհետացումը

Հայաստանի պետութեան ընդհուպ անհետացումը

Իշխանութեան եկան՝ գործադրելու ժողովրդավարութիւնը, հաստատելու թափանցիկութիւնը, եւ պաշտպանելու քաղաքացիին շահերը։

Իշխանութեան տիրացան՝ կիրարկելու քաղաքացիական ազատութիւններ, ամրացնելու մարդկային իրաւունքներ , եւ հետապնդելու ընկերային հաւասարութիւն։

Իշխանութիւնը իւրացուցին՝ վերացնելու մենատիրութիւնը, քանդելու օլիգարխիային, եւ վերակերտելու տնտեսութիւնը։

Ժողովուրդը խաբուեցաւ։ Ճիշդը՝ ժողովուրդը խաբեցին։ Կեղծ էին խոստումները։ Սուտ էին բացատրութիւնները։ Մեծխօսիկութիւն էին լոզունգները։ Բայց ժողովուրդը գինովցաւ։ Նոր յոյսեր կապեց եկուորներու պոռոտախօսութեան ։ Գինովութիւնը հիմա վերածուած է առաւօտեան գլխացաւի եւ սրտխառնուքի։ Յոյսերը հիմա դարձած են հիասթափութիւն եւ յուսալքում։

Ժողովուրդին հիմա մատնուած է տառապանքի։ Տառապանք՝ ուրկէ փախուստը երկու ուղղութեամբ է։ Եթէ կարող է՝ արտագաղթել իր բաղդը որոնելու օտար երթիկներու տակ։ Եթէ կարող չէ՝ ստիպուած մնալ ու ապաստանիլ անտարբերութեան եւ կրաւորականութեան մէջ։

Մենք այսօր կը վերապրինք ճիշդ հարիւր տարի առաջ մեզի պարտադրուած փորձառութիւնը։ 1921-ին էր, երբ Մարքսիզմ-Լենինիզմի կարմիր սուիններու յենելով եկան Պոլշեւիկները՝ խոստանալով «վեհ» սկզբունքներ, եղբայրութիւն, հաւասարութիւն, արժանապատուութիւն, հաց, գործ...։ Բայց ստեցին։ Հաստատեցին բռնատիրութիւն, ե՛ւ աւերումներ, ե՛ւ կորուստներ։

Ահաւասիկ, մէկ դար ետք, օտարի ուժերով իշխանութեան եկած են նոյնանման մարդիկ։ Ոճը նոյնն է՝ ստաբանութիւն եւ խաբէութիւն։ Իշխանութիւն պահելու գաղափարները եւս նոյնն են։ Կոմունիստական պարտիայի նեցուկին փոխարէն՝ նորերը ունին Թուրքական եւ Արեւմտեան յենարաններ։

Ինչպէս Պոլշեւիկները, այս նորերը չեն հաւատար ո՛չ հայրենիքին, ո՛չ ալ ազգին։ Երկուքին նպատակը միեւնոյնն է՝ տիրանալ ու պահել իշխանութիւնը միայն սեփական տեսակի շահերուն համար։ Իրենց համար ժողովուրդը անպէտք է։ Անպէտք դարձնելու համար, ժողովուրդը պէտք է մոլորեցնել, խաբել, յուսահատեցնել, անտարբերութեան մղել, որպէսզի յուսահատօրէն ենթարկուի դիկտատուրայի պահանջներուն կամ հեռու մնայ իր քաղաքացիական պարտաւորութիւններէն։

Նպատակին գաղափարական հիմնաւորումը եւս միեւնոյնն է։ Իրենց իշխանութիւնը դիկտատուրան է պարտիային՝ մինչեւ պետութեան ընդհուպ անհետացումը։ Պետութիւն չկայ, պիտի չըլլայ։ Կա՛յ պարտիան։ Ժողովուրդ չկայ, պիտի չըլլայ։ Կա՛յ պարտիայի հեգեմոնիան։ Նոյնիսկ հայրենիք չկայ։ Կա՛յ հողատարածք, որ պէտք է աճուրդել թշնամիին՝ պահելու համարի սեփական դիկտատուրան։

Պոլշեւիկներու պարագային տեղի չունեցաւ պետութեան ընդհուպ անհետացում, բայց մնաց պարտիայի դիկտատուրան։

Նիկոլականներու պարագային շրջուած է տեսութիւնը։ Նախ ընդհուպ քանդել պետութիւնը, ապա հաստատել իրենց պարտիայի դիկտատուրան։

Վերջաւորութեան վախճանը միեւնոյնն է։ Այս դիկտուտարան եւս, եւ շատ շուտով, պիտի նետուի հայոց պատմութեան աղբամանը։         

Սեդօ Պոյաճեան

Յունիս 29, 2021