կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2019-12-19 11:15
Սփյուռք

Խնայենք անհատը պետութեան դէմ

Խնայենք անհատը պետութեան դէմ

Համաշխարհա­յին խրատարակութիւնը ձե­ւաւո­րած է որոշ հա­մոզումներ, որոնք կը մի­տին ան­հա­տը հա­ւանա­կան վտանգնե­րու դէմ պաշտպա­նել։ Այսպէ­սով կը սահ­մա­նափա­կուին պե­տու­թիւննե­րու զա­նազան կա­րողու­թիւննե­րը, ի նպաստ հա­մաշ­խարհա­յին մարդկու­թեան։ Ան­շուշտ այդ բո­լորը ձե­ւաւո­րուած է եր­կար տա­րինե­րու փոր­ձա­ռու­թեանց վրայ։ Պատ­մութեան գիր­քե­րով գի­տենք, թէ ան­ցեալին տե­ղի ու­նե­ցած պա­տերազմնե­րուն սկզբունքնե­րը կա­խեալ էին մարտնչող բա­նակ­նե­րու հրա­մատար­նե­րուն կամ­քէն։ Պար­տուած­նե­րը ոմանց հա­մար ան­տէր մնա­ցած գե­րիներ էին, որոնց կեան­քը կա­խեալ էր կա­մայա­կան որո­շու­մէ մը։ Իբ­րեւ թէ մեր քա­ղաքակրթու­թիւն կո­չած ըն­կա­լու­մը փո­խեց այդ կա­մայա­կանու­թիւնը եւ եր­կիրնե­րու պար­տադրեց որոշ կա­նոն­ներ։ Այ­սօր պա­տերազ­մի գե­րինե­րը կը պաշտպա­նուին որոշ կա­նոն­նե­րու հի­ման վրայ։ Յաղ­թա­նակող կող­մը չի կրնար ոտ­նա­կոխել այդ իրա­ւունքնե­րը։ Օրի­նակի հա­մար չի կրնար զրկել բու­ժօգնու­թե­նէ։ Իրա­ւունք չու­նի գե­րիին ար­ժա­նապա­տուու­թիւնը վի­րաւո­րելու։ Բայց միւս կող­մէ կը տի­րէ իրո­ղու­թիւնը եւս։ Գի­տենք թէ պե­տու­թիւններ որ­քան դիւ­րաւ կը դրժեն իրենց իսկ ստո­րագ­րած հա­մաձայ­նութիւննե­րը եւ դիւ­րաւ կը ոտ­նա­կոխեն ան­հա­տի բո­լոր ձեռքբե­րումնե­րը։

Նա­խորդ շա­բաթո­ւայ ըն­թացքին ակա­նատե­սը եղանք այս տե­սակի գայ­թակղու­թեան մը։ Լրագ­րող Ազիզ Օրուչ ինչպէս թուրքիացի բազ­մա­թիւ լրագ­րողներ, են­թարկո­ւած էր պե­տական հա­լածան­քի։ Ծանր մե­ղադ­րանքներ հնչած էին իր դէմ, որոնք փոր­ձա­ռու­թեամբ գի­տենք թէ առ­հա­սարակ ան­հիմն են։ Եւ ան յա­նուն իր կեան­քի ապա­հովու­թեան խոյս տո­ւած էի երկրէն ու եր­կար ժա­մանակ ապաս­տա­նած Հիւ­սի­սային Իրա­քի Քրտա­կան Ինքնա­վար Մար­զը։ Ապա որո­շեց անցնիլ Եւ­րո­պա, որուն հա­մար գնաց Հա­յաս­տան։

Մա­մու­լով կը տե­ղեկա­նանք, թէ Հա­յաս­տա­նի ոս­տի­կանու­թիւնը ձեր­բա­կալած է զինք սահ­մա­նը կեղծ ան­ցա­գիրով հա­տելու մե­ղադ­րանքով։

Ան­շուշտ որ ապօ­րէն եղա­նակ­նե­րով երկրի մը սահ­մա­նէն անցնիլ յան­ցա­գոր­ծութիւն է բո­լոր պայ­մաննե­րու տակ։ Բո­լոր յան­ցա­գոր­ծութիւննե­րը բնա­կանա­բար կ՚ու­նե­նան իրենց պատ­ժա­միջոց­նե­րը։ Բայց միւս կող­մէ կայ նաեւ ան­հա­տի կեան­քը խնա­յող ան­հա­մար կարգ ու կա­նոն։ Եւ մա­նաւանդ, երբ մէ­կը քա­ղաքա­կան ապաստանութիւն կը խնդրէ պայ­ման է, այդ դի­մու­մը նկա­տի ու­նե­նալ։

Այս օրի­նակի մէջ ցաւ ի սիրտ Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւննե­րը ան­տե­սած են մարդկա­յին այդ սկզբունքնե­րը եւ Օրու­չը բռնի կեր­պով դուրս շպրտած են երկրի սահ­մաննե­րէն։ Հա­ւանա­բար Հա­յաս­տան խու­սա­փած ըլ­լայ ար­դէն իսկ բա­զում խնդիր­ներ ապ­րած Թուրքիոյ հետ նոր գլխա­ցաւ մը եւս ապ­րե­լէ։ Իր տրա­մաբա­նու­թեան մէջ հասկնա­լի է այդ մտա­հոգու­թիւնը։ Բայց Ազիզ Օրուչ գրե­թէ նոյն վե­րաբե­րու­մին ար­ժա­նացած է Պարսկաս­տա­նի սահ­մա­նի վրայ եւս, ուր պար­սիկ սահ­մա­նապահ­նե­րը զինք շպրտած են սահ­մա­նի հան­դի­պակած կող­մը, ըսե­լով որ «Գնա՛յ որ թուրքե­րը սպան­նեն քեզ»։

Այժմ Ազիզ Օրուչ ար­դէն բան­տարկուած է թրքա­կան բան­տե­րէն մէ­կուն մէջ եւ յայտնի չէ թէ որ­քան կը տե­ւէ անոր բան­տարկու­թեան շրջա­նը ու տա­կաւին ի՞նչ վտանգներ կը սպառ­նան իրեն։

Իւ­րա­քան­չիւր պե­տու­թիւն պար­տի պա­տաս­խա­նատու ըլ­լալ մա­նաւանդ անար­դա­րու­թեան են­թարկո­ւած ան­հա­տի անվտան­գութեան հա­մար։ Այս բա­ները պէտք չէ կա­խեալ ըլ­լան եր­կիրնե­րուն տո­ւեալ պա­հու կամ դիր­քի թե­լադ­րած պայ­մաննե­րէն։ Գի­տենք որ նոյ­նիսկ բա­ցայայտ յան­ցա­գործներ ու­րիշ երկրի մէջ ձեր­բա­կալո­ւելով չեն յանձնո­ւիր այն երկրին, ուր կը տի­րէ մա­հապա­տիժը։ Այդքա­նը բա­ւարար է, որ եր­կիրներ հրա­ժարին իրենց սահ­մաննե­րէն ներս ձեր­բա­կալո­ւած մէ­կը պա­հան­ջով երկրին վե­րադարձնե­լէ։ Մա­նաւանդ երբ խնդրոյ առար­կայ է ան­հա­տի կեան­քի անվտան­գութիւ­նը, այդ ան­հա­տը մա­հուան ճի­րան­նե­րը նե­տելը շատ ծանր յան­ցա­գոր­ծութիւն պէտք է հա­մարո­ւի։

Կարճ խօս­քով անըն­դունե­լի է Ազիզ Օրու­չի ապաս­տա­նելու խնդրան­քին մեր­ժումը։

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ