կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-01-24 19:40
Աշխարհ

ՀՕՄ-ի Արևմտյան շրջանը կնշի իր 35-ամյակը

ՀՕՄ-ի Արևմտյան շրջանը կնշի իր 35-ամյակը

1984էն առաջ Rocky Mountains-էն արեւմուտք, հայ համայնքի ծաղկումը սկսած էր Քալիֆորնիոյ նահանգին մէջ, ուր գոյութիւն ունէր 8 ՀՕՄի հայկական միօրեայ վարժարաններու ցանցը, առաւել քան 30 եկեղեցիներ եւ բազմաթիւ հայկական մշակութային եւ ընկերային ծառայութեանց կեդրոններ, Լոս Անճելըսէն մինչեւ Սան Ֆրանսիսքօ:

1915ին Ֆրեզնոյի մէջ արմատներ նետած էր Հայ Օգնութեան Միութիւնը եւ իր 16 մասնաճիւղերով տարածուած էր: Արդէն պահանջը մեծ էր տարածաշրջանին ղեկավարութիւն ունենալու:

Այսպիսով կը հիմնուի Արեւմտեան շրջանի Հայ Օգնութեան Միութեան Շրջանային վարչութիւնը, որ այս տարի պիտի տօնախմբէ իր հիմնադրութեան 35ամեակը, Քալիֆորնիա, Արիզոնա, Թեքսաս եւ Նեւատա նահանգներուն մէջ, իր 25 մասնաճիւղերով:

ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան 35ամեակի Կալան տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 9 Մարտ 2019ին, Կլենտէյլի «Հիլթոն» Պանդոկի սրահին մէջ, 100 W. Glenoaks Blvd., Glendale, California:

Երեկոն պիտի խանդավառէ հռչակաւոր «Ալեն Ճի» նուագախումբը: Սոյն ձեռնարկին հասոյթը պիտի տրամադրուի մեր համայնքի տնազուրկ կամ անոր եզրին գտնուող անհատներու եւ ընտանիքներու: Անմիջական օգնութեան կարիք ունեցողներուն թիւի շարունակական աճը մեր տեղական ծրագիրներուն մէջ իր առաջնահերթութիւնը կը պարտադրէ եւ ՀՕՄի Արեւմտեան շրջանս կ՛ակնկալէ համայնքին աջակցութիւնը:

ՀՕՄի 35ամեակին նուիրուած այս Կալային, ՀՕՄի Շրջանային վարչութիւնը նաեւ պիտի պարգեւատրէ երկար տարիներու իր անդամ եւ Շրջանային վարչութեան գրասենեակի ընդհանուր տնօրէն Ժասիկ Ջառահեանը: Ան 1990էն ի վեր նուիրումով կը գործէ եւ կ՛իրականացնէ ՀՕՄի մարդասիրական առաքելութիւնը: Անոր աշխատանքային անհասանելի ոյժն ու կազմակերպչական փորձառութիւնը, մեծաթիւ ծրագիրներ յաջողութեան եւ արդիւնաւորման առաջնորդած է, Հայաստանի եւ Արցախի օգնութենէն սկսեալ մինչեւ որբն ու քոլեճի ուսանողը, կարօտեալ անհատներն ու ընտանիքները, տնազուրկը, տեղական ծրագիրները եւ աւելին:

Յաւելեալ տեղեկութիւններու, հովանաւորութեան եւ մոմավառութեան համար՝

հաճեցէք կապուիլ ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան գրասենեակը՝ հե-ռաձայնելով

(818) 500-1343 թիւին կամ

[email protected] ե-նամակի հասցէին:

0124jasicjarahian

Ժասիկ Ջառահեան

Հայ Օգնութեան Միութիւնը հիմնուած է 1910ին Նիւ Եորք քաղաքին մէջ, ունի մասնաճիւղեր 27 երկիրներու մէջ: ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանը 10 Շրջանային վարչութիւններէն մէկն է, զոր կը ղեկավարէ ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութիւնը: Արեւմտեան շր-ջանս ունի 1240 անդամներ:

Մեր շրջանի առանցքային ծրագիրները նպատակ ունին աջակցութիւն ցուցաբերել անհատներու եւ հասնելու ընտանիքներու կարիքներուն՝ կրթական, ընկերային եւ ընտանեկան ծառայութիւններ, մարդասիրական օգնութիւն, մշակութային եւ այլ ոլորտներու մէջ: ՀՕՄի Արեւմտեան շրջանը ունի իր Ընկերային ծառայութեան գրասենեակներու բաժանմունք եւ Հոգեբանական կեդրոն մը, ուր կը մատուցեն ծառայութիւններ երեխաներու, երիտասարդներու եւ ընտանիքներու: Շրջանին մէջ կը գործեն 16 միօրեայ վարժարաններ եւ 3 մանկամսուրներ: ՀՕՄը նաեւ նիւթապէս կ՛օժանդակէ Հայաստանի, Արցախի եւ Ջաւախքի մանկապարտէզներուն եւ երիտասարդական կեդրոններու:

 

ՀՕՄ-Ի ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ