Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Աղբյուրը` Aztagdaily
Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ Վերտանի «Ռետիսըն Պլու» պանդոկին մէջ ներկայ գտնուեցաւ «Փիւնիկեցիներու ճամբու Եւրո-միջերկրականեան երկխօսութեան Է. խորհրդաժողով»-ի բացման արարողութեան, որ կազմակերպուած էր Լիբանանեան- ամերիկեան համալսարանին կողմէ` գործակցութեամբ զբօսաշրջութեան նախարարութեան, Եւրոպական խորհուրդին, մշակոյթի նախարարութեան եւ Լիբանանի մէջ գործող եւրոպական տարբեր խորհուրդներուն:
Խորհրդաժողովին ներկայ գտնուեցան նաեւ մշակոյթի նախարար Ղաթթաս Խուրի, Լիբանանի մէջ Կիպրոսի եւ Թունուզի դեսպանները, Յունաստանի եւ Սպանիոյ դեսպաններու ներկայացուցիչները, «Փիւնիկեցիներու ճամբու» ծրագիրի պատասխանատու Անթոնիօ Պարոնի, ինչպէս նաեւ Լիբանանեան-ամերիկեան համալսարանի նախագահ Ժոզեֆ Ժապրա եւ շարք մը այլ պատասխանատուներ:
Այս առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ նախարար Աւետիս Կիտանեան հաստատեց «Փիւնիկեցիներու ճամբու» ծրագիրին կարեւորութիւնը, որ Լիբանանը կը ծանուցէ իբրեւ փիւնիկեցիներու հայրենիքը:
Ան անդրադարձաւ Լիբանանի մասին օտար լրատուութեան հարցին` նկատել տալով, որ անիկա կը պնդէ Լիբանանի վատ երեսը ներկայացնել աշխարհին, եւ լուսարձակէ հեռու կը պահէ այն իրականութիւնը, որ Լիբանան այցելած զբօսաշրջիկներուն թիւը 2018-ին բարձրացաւ երկու միլիոնի` բաղդատած 2017-ին, երբ Լիբանան այցելած զբօսաշրջիկներուն թիւը հասած էր մէկ միլիոն եօթը հարիւր հազարի:
«Գիտեմ, որ զբօսաշրջութեան համաշխարհային երկիրներուն համար այս թիւը շատ համեստ է, սակայն Լիբանանի համար այս թիւը լաւ կը նկատուի եւ կը փաստէ այն ջանքերը, որոնք լիբանանցիները կը կատարեն` Լիբանանը վերածելու համաշխարհային զբօսաշրջութեան վայրի», ըսաւ ան:
Նախարար Կիտանեան անդրադարձաւ նաեւ Լիբանանի քաղաքակրթական բազմազանութեան, որուն շնորհիւ ան կը հզօրացնէ միջերկրականեան երկիրներուն կապը` փիւնիկեցիներու ճամբուն վրայ գտնուող երկիրներուն եւ Զբօսաշրջութեան համաշխարհային կազմակերպութեան հետ:
Ա. Կիտանեան իր խօսքը եզրափակեց շնորհակալութիւն յայտնելով օտար պատուիրակութիւններուն` այս խորհրդաժողովին անոնց մասնակցութեան առիթով: