Փոխարժեքներ
20 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 388.97 |
EUR | ⚊ | € 410.79 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.89 |
GBP | ⚊ | £ 491.54 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.35 |
Մանաւանդ հայրենիքէն ներս, կան որոշ քաղաքական գործիչներ, մամլոյ պատասխանատուներ, հրապարակագիրներ եւ մտաւորականներ, որոնցմէ կը խուսափի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան խօսքը, գործը եւ էութիւնը ճիշդ ներկայացնելու եւ արդար դատելու ըմբռնողութիւնը։
Այս կացութիւնը մասամբ կարելի է բացատրել իբրեւ արդիւնք այն հակադաշնակցական մոլուցքին, որ շղթայազերծեցին ու տակաւին կը շարունակեն՝ պոլշեւիկեան եւ նէօ-պոլշեւիկեանն շրջանակները։
Զուգահեռաբար, գոյութիւն ունին մակերեսայնութեամբ կամ օրուան քաղաքական հաշուարկներէ մղուած Դաշնակցութեան ծանօթացումը կատարողներու յեղյեղուկ շրջանակները։
Նաեւ գոյութիւն ունի շրջանակ մը, որ «սրտացաւութեամբ» Դաշնակցութեան ապագային ու ընելիքին մասին վճիռներ կ՚արձակէ եւ թելադրանքներ կ՚առաջադրէ՝ հիմնուելով իրեն թիւր եկած մեկնաբանութեանց եւ թէական տուեալներու վրայ։
Այսուհանդերձ, կան նաեւ անոնք, որոնք ճիշդ ճանչցած են կամ անդրադարձած են ճիշդ ըմբռնել Դաշնակցութիւնը։ Լաւագոյն օրինակը Կոմանդոսն է, Արցախեան ազատամարտի հերոս՝ գեներալ-մայոր Արկադի Տէր Թադեւոսեան, որ մեր ազատագրական պայքարի այդ տաք օրերուն հետեւեալ բնութագրումը կատարեց.- «Ես ոչ դաշնակցական եմ, ոչ ՀՀՇ-ական, բայց պիտի ասեմ, որ Շուշիի ժամանակ գլխաւոր դերը ՀՅԴ-ն էր խաղում, ՀՅԴ-ի գիծը ճիշտ գիծ էր, իրենք պաշտպանում էին Ղարաբաղը, ուզում էին, որ շարժումը համաժողովրդական լինի, ես շփուել եմ երկու կողմի հետ էլ, կարող էի ՀՀՇ-ի կողմից անպատիւ խօսքեր լսել դաշնակցականների մասին, բայց դաշնակցականները տենց չէին խօսում…։»
Այսօր եւ ընդմիշտ «դաշնակցականները տենց» չեն խօսիր ու գործեր։ Դաշնակցականները կը խօսին ազգամիջեան համերաշխութեան մասին, ընդհանրական շահերու մասին, հաւաքական աշխատանքի մասին, միայն ու միայն հայրենիքին ու ժողովուրդին ծառայելու մասին։ Այդ խօսքը կը հնչէ ոչ միայն մարտի դաշտին վրայ, այլեւ արդարութեան, հաւասարութեան, տնտեսական բարօրութեան, սոցիալական բաւարարման եւ քաղաքացիական ազատութեան ճակատներու վրայ։ Դաշնակցականի այս խօսքին անբաժան ընկերակիցն է Դաշնակցական գործը, որպէսզի իրականանայ խօսքը։ Ինչպէս ատենին հայութեան աշխարհիկ սուրբը Սիմոն Զաւարեան ըսած է, Դաշնակցութեան համար «խօսքը առանց գործի մեռեալ է։»
Այսքան պարզ են Դաշնակցութեան խօսքն ու գործը, որոնք գաղափարական, քաղաքական եւ կազմակերպական պարտադրանք են իւրաքանչիւր Դաշնակցական մարդու համար։ Այս պարտադրանքը հանրագումարն է կազմակերպական երկար փորձառութեան։
Բայց գոյութիւն ունի իրավիճակ մը, որ իրականութիւն ըլլալէ չի դադրիր հայրենի հողին վրայ։ Այս իրավիճակը հեղձուցիչ է Դաշնակցութեան խօսքի ընկալման եւ արգելակիչ է Դաշնակցական գործի կիրարկման համար։ Մօտ երեք տասնամեակներէ ի վեր ու նաեւ այսօր հայրենիքն ու հայրենի ժողովուրդը գործ ունին սեփական տիրութիւնը պարտադրող իշխանական մշակոյթի մը հետ, որու արմատները կ՚երթան մինչեւ համայնավարական մենատիրութեան օրերը։
Յոյսը այն էր, որ Մայիսեան ժողովրդային յեղափոխութիւնը վերջ պիտի դնէր այս իրավիճակին։ Սակայն այսօր փաստը այն է, որ իրավիճակը կրկին ինքզինք կը պարտադրէ։
Երեւանի քաղաքապետական արտահերթ ընտրութիւններուն՝ քուէարկողներու ութսուն տոկոսէն աւելի իրենց քուէները տուին օրուան վարչապետի հովանաւորած ցանկին։ Տարի մը առաջ կայացած ընտրութիւններուն, օրուան իշխանաւոր Հայաստանի Հանրապետական Կուսակցութիւնը Երեւանի մէջ ստացաւ քուէներու գրեթէ ութսուն տոկոսը։ Երբ կը բաղդատենք երկու ընտրութեանց մասնակից քուէարկողներու ցանկերը, կը նկատենք որ նոյն քուէարկողները աւելի քան ինիսուն տոկոսով մասնակցած են երկու ընտրութիւններուն։ Ըստ երեւոյթին, նոյն շարժիչ ուժերը այս անգամ քուէները ուղեւորեցին ի նպաստ նոր իշխանութեան։
Ոչ մէկ պատճառ կայ ակնկալելու, թէ այս Դեկտեմբերին կայանալիք խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւնները պիտի վնասազերծուին շարժիչ ուժերու ազդեցութենէն։ Ընդհակառակը, այս ուժերը ողջ եւ առողջ են իրենց թաղապետերով եւ գիւղապետերով։ Անոնց համար առաջնահերթութիւն չեն ժողովուրդը եւ յեղափոխութեան սկզբունքները, այլ՝ միայն ու միայն իրենց սեփական առանձնաշնորհումները եւ սեփական շահերը։
Հետեւաբար, այսօր, իշխանութեան ղեկի տիրոջ համար նոյն օլիգարխը դարձած է գործակից, անցեալի թալանողը վերածուած է բարերարի, գողապետներու շրջապատի մարդիկը կը յայտնուին իբրեւ խորհրդարանի րէյթինկային ու համամասնական ցուցակներու թեկնածուներ, մինչեւ իսկ կը նշանակուին մարզպետներ…։
Չմոռնանք, հակառակ Մայիսին կատարուած խոստումներուն, ցարդ ոչ մէկ օլիգարխ կամ թալանչի դատական ընթացակարգի ենթարկուած է։ Տակաւին չենք ուզեր անդրադառնալ տնտեսական եւ սոցիալական բարեկարգումներու կամ կառավարական այլ աշխատանքներու աղաղակող բացակայութեան մասին։
Ուրեմն, ո՞ւր է իրական յեղափոխութիւնը։ Ինչո՞ւ չի գար։
Նոր իշխանաւորներուն այլազան գոյնի պաշտպանները այսօր կ՚ուզեն համոզել ժողովուրդին, թէ պէտք է գործակցիլ անոնց հետ, որոնց դէմ ու անոնց ներկայացուցած համակարգին դէմ էր յեղափոխութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ «ներսէն» կատարել անհրաժեշտ փոփոխութիւնները։
Սակայն նոյն մարդիկը տարիներ շարունակ «ներսէն» բարեփոխելու Դաշնակցութեան ճիգերը դաւաճանութեան որակումին կ՚արժանացնէին։
Այս մարդոց համար անցեալին եղածը դաւաճանութիւն էր, սակայն այսօրուան գործակցութիւնը պետականութեան կառուցման անհրաժեշտութիւն է։
Այս պայմաններու տակ, Դաշնակցութեան խօսքին ու գործին հանդէպ յերիւրածին վճիռ արձակելը պարզապէս կեղծաւորութեան համազօր է։
Սեդօ Պոյաճեան
Լոս Անճելըս
Նոյեմբեր 8, 2018