Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Աղբյուրը՝ Aztagdaily
Զբօսաշրջութեան նախարար եւ ՀՅԴ ընտրամեքենայի պատասխանատու Աւետիս Կիտանեան երէկ «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի դաշինքներուն եւ տարբեր ընտրաշրջաններուն մէջ Դաշնակցութեան հետեւորդներուն քուէարկութեան մանրամասնութիւններուն:
Հարցազրոյցին ընթացքին նախարար Կիտանեան Ս. Յարութեան տօնին առիթով շնորհաւորեց բոլոր լիբանանցիները` անոնց յայտնելով իր բարեմաղթութիւնները:
2000-էն սկսեալ երեսփոխանական եւ քաղաքապետական ընտրութիւններուն մասին ՀՅԴ-ի որդեգրած կեցուածքներուն հակիրճ պատմական ակնարկէ մը ետք Ա. Կիտանեան շեշտեց, որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան քաղաքական գործունէութիւնը միշտ ալ հիմնուած է բարոյականութեան, իմաստութեան, հաւատարմութեան եւ երկխօսութեան վրայ: «Իբրեւ այդպիսին եւ նկատի ունենալով համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ու նախընտրութեան քուէ կրող ընտրական նոր օրէնքը` ՀՅԴ 2018-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն կը մասնակցի միայն չորս թեկնածուներով` Մեթնի եւ Պէյրութի Ա. ընտրաշրջանին մէջ: ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն կրնար աւելի մեծ թիւով թեկնածուներ առաջադրել, սակայն ինչպէս ժողովրդային առածը կ՛ըսէ` պէտք է ոտքերը վերմակին համեմատ երկարել, հետեւաբար Կեդրոնական կոմիտէն կատարեալ իրապաշտութեամբ միայն չորս թեկնածուով կը ներկայանայ այս ընտրութիւններուն», շեշտեց ան:
Ա. Կիտանեան հաստատեց, որ ՀՅԴ-ն քաղաքական եւ ընտրական անխախտ դաշինք ունի Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ` աւելցնելով, որ այդ դաշինքը հաստատուած է 2005-ին` հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի Լիբանանի վերադարձով: «Միւս կողմէ, ՀՅԴ-ն նաեւ Մուսթաքպալ հոսանքին դաշնակից ուժ է, որ 2004-ին, 2010-ին եւ 2016-ին քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններուն ընթացքին գործակցած է եւ դաշնակցած այդ հոսանքին հետ: Իսկ 2016-ի քաղաքապետական ընտրութիւններուն ընթացքին քաղաքական ուժերուն միջեւ համախոհական ցանկի գոյութեամբ հանդերձ, քաղաքական այլ ուժեր խզեցին իրենց խոստումը եւ քուէարկեցին ի նպաստ քաղաքացիական ընկերութեան ցանկերուն: Բայց եւ այնպէս ընտրութիւններու արդիւնքներուն լոյսին տակ յստակ դարձաւ, որ միակ հաւատարիմը` համախոհական ընտրացանկին` Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնն էր, եւ ասոր շնորհիւ վարչապետ Սաատ Հարիրի հրապարակաւ շնորհակալութիւն յայտնեց իր հաւատարիմ դաշնակիցին` ՀՅԴ-ին: Հետեւաբար ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն այդ դաշինքներուն հիման վրայ է, որ որոշեց իր թեկնածուներն ու ընտրաշրջանները: Պէյրութի Ա. ընտրաշրջանին մէջ համաձայնութիւն գոյացաւ, որ Մուսթաքպալ հոսանքին եւ Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութեան (ՍԴՀԿ) միջեւ ընտրական դաշինքին իբրեւ դրսեւորում` առաջադրուի երեսփոխան Սեպուհ Գալփաքեանի թեկնածութիւնը, իսկ նոյն ընտրաշրջանին համար ՀՅԴ-ն առաջադրեց երեք այլ թեկնածուներ», ըսաւ ան:
Ա. Կիտանեան հաւանական նկատեց, որ ՀՅԴ-ՍԴՀԿ-Մուսթաքպալ հոսանք-Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւն դաշինքին ընտրացանկը 8 երեսփոխան հաշուող Պէյրութի Ա. ընտրաշրջանին մէջ ապահովէ 4 երեսփոխանի յաղթանակը` նկատի ունենալով քուէներու անցման համեմատութիւնը: Ան աւելցուց նաեւ, որ անցման համեմատութեան կոտորակներէն կախեալ կ՛ըլլայ նաեւ հինգերորդին յաջողութեան կարելիութիւնը:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ՀՅԴ-ի կողմէ չառաջադրուած հայ այլ թեկնածուներուն հայկական ինքնութիւնը կասկածի տակ առնելու գծով ամբաստանութիւններ կ՛արձակուին Դաշնակցութեան դէմ` ընտրապայքարի շրջագիծին մէջ, Ա. Կիտանեան ըսաւ. «Մենք բոլոր թեկնածուներուն յաջողութիւն կը մաղթենք: Ոչ ոքի չարիք կը ցանկանք: Ո՛վ որ աշխատած է եւ ճիգ թափած, թող յաջողի: Սակայն հետեւեալ օրինակով կրնանք բացատրել ՀՅԴ-ի կեցուածքը` այլ հայ թեկնածուներուն նկատմամբ: Եթէ նկատի ունենանք ընտանիք մը, որ երկու զաւակ ունի. անոնցմէ մէկը կ՛արտագաղթէ եւ իր ամբողջ կեանքը դուրսը կ՛ապրի, կը յաջողի եւ կը փայլի: Իսկ միւս զաւակը իր ընտանիքին եւ ծնողքին հետ կը մնայ եւ ամբողջ կեանքին ընթացքին կը հասնի անոնց հոգատարութեան` իր կարողութեան սահմաններուն մէջ: Եւ տասնեակ տարիներ ետք, օր մը արտերկիր գտնուող զաւակը` հետապնդելով որոշ նպատակ մը, որ կրնայ կտակ կամ ուրիշ բան ըլլալ, կը փափաքի վերադառնալ իր ծնողքին մօտ եւ անոնց հոգատարութիւն ցուցաբերել: Այդ ծնողքին նայուածքը ի՞նչ պիտի ըլլայ այդ զաւկին նկատմամբ: Այս օրինակով կարելի է բացատրել ՀՅԴ-ի կեցուածքը հայ այլ թեկնածուներուն նկատմամբ, որոնք հայկական իրականութեան մէջ բնաւ գոյութիւն չեն ունեցած եւ ներկայիս յանկարծ յայտնուած են ու կ՛ուզեն երեւիլ այնպէս, որ կարծէք իրենք մնայուն ներկայութիւն եղած են հայութեան կեանքին մէջ: Այս օրինակին հիման վրայ է, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը կը հաստատէ, որ այդ թեկնածուները լիբանանահայութիւնը չեն ներկայացներ: Մենք 18 տարուան ընթացքին լիբանանեան խորհրդարանին մէջ միայն երկու երեսփոխանով ներկայացուեցանք, սակայն մեր ժողովուրդին հետ մնացինք եւ զայն ներկայացուցինք, թող հայ այլ թեկնածուները իրենք իրենց հարց տան, թէ ինչո՞ւ այդպէս եղած է», շեշտեց Ա. Կիտանեան:
Զահլէի մէջ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ թեկնածու չառաջադրելու որոշումին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ա. Կիտանեան ընդգծեց, որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան համար Զահլէի մէջ ատակ թեկնածուն պիտի ըլլար Ճորճ Փուչիկեանը, որ յարգուած անձնաւորութիւն է: «Այս թեկնածուն պէտք էր որդեգրուէր Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ Մուսթաքպալ հոսանքին կազմած ընտրացանկին մէջ` նկատի ունենալով, որ այդ շրջանին մէջ ի նպաստ ՀՅԴ-ին կայ 3.500 քուէ, սակայն այս պարագային Մուսթաքպալ հոսանքը աւելի յարմար գտաւ հայ այլ թեկնածու մը որդեգրել, հետեւաբար մեր զօրակցութիւնը վայելող Ճորճ Փուչիկեանը միացաւ Միրիամ Սքաֆի գլխաւորած ընտրացանկին:
Այս պարագային մենք իւրայատուկ պարագայ մը կը ներկայացնենք, որովհետեւ Պեքաայի մէջ ունինք Այնճար հայկական գիւղաքաղաքը, եւ ոմանք պիտի փափաքին քուէարկել ի նպաստ Փուչիկեանի: Այս իմաստով ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն տակաւին յստակ որոշում չէ տուած, սակայն կայ մէկ յստակ իրականութիւն, որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը իր դաշնակիցներուն չի դաւաճաներ եւ ուր որ ալ ըլլայ` Պէյրութի, Մեթնի, Զահլէի, Քեսրուանի, հիւսիսային Լիբանանի, Պաթրունի, Սայտայի, Սուրի, Ժեզզինի եւ Ալէյի մէջ, պիտի զօրակցի իր դաշնակիցներուն», հաստատեց Ա. Կիտանեան:
Մեթնի ընտրաշրջանին մէջ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին որդեգրած ընտրական դաշինքներուն եւ երեսփոխան Միշել Մըրի հետ կէս դար տեւած դաշինքի խզումին մասին հարցումի մը պատասխանելով` նախարար Կիտանեան շեշտեց, որ Մեթնի մասին կարելի չէ խօսիլ` առանց երեսփոխան Մըրը մատնանշելու: «Այս ընտրաշրջանին մէջ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ամէն ջանք ի գործ դրաւ Միշել Մըրի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան միջեւ դաշինք մը գոյացնելու` մեկնելով երկու կողմերուն հետ իր ունեցած հաստատ դաշինքներէն, սակայն այդ ճիգերը անյաջող դուրս եկան: Մենք հաստատ կը մնանք Ազգային ազատ հոսանքին հետ մեր դաշինքին վրայ եւ հանգիստ ենք, որ Միշել Մըր կը յաջողի իր կազմած ընտրացանկին ընդմէջէն, եւ մեր միջեւ բարեկամութիւնը եւ մտերմութիւնը կը շարունակուի», ըսաւ ան:
Ա. Կիտանեան աւելցուց, որ ինք համոզուած է, որ ՀՅԴ-ի Մեթնի թեկնածուն` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի պիտի ըլլայ Մեթնի անակնկալը: Ան նշեց, որ ՀՅԴ, Ազգային ազատ հոսանք եւ Ղովմի կուսակցութիւններ, Սարգիս Սարգիս եւ Քորին Աշքար պարփակող ընտրացանկը իր կշիռը ունեցող ընտրացանկ է Մեթնի մէջ:
Նախարար Կիտանեան հաւանական նկատեց, որ Մեթնի մէջ այդ ընտրացանկէն 4 կամ 5 թեկնածուներ յաղթանակ արձանագրեն:
Երեսփոխանական ընտրութիւններուն յաջորդող փուլին մասին կարգ մը հարցումներու պատասխանելով` Աւետիս Կիտանեան յայտնեց, որ իր կարծիքով` Նեպիհ Պըրրի պիտի վերընտրուի խորհրդարանի նախագահ` նկատի ունենալով իր փորձառութիւնը, ատակութիւնը եւ կարողութիւնները:
Խորհրդարանի դիւանին մէջ լիբանանահայութեան ներկայացուցիչին մասին Ա. Կիտանեան մաղթեց, որ Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամներուն թիւը աւելնայ, եւ պլոքի անդամ երեսփոխաններէն մէկը դառնայ խորհրդարանի դիւանի անդամ:
Իսկ յաջորդ կառավարութեան կազմութեան մասին Ա. Կիտանեան ըսաւ, թէ նախարարաց խորհուրդի ներկայ կազմը եւ հանրապետութեան նախագահին ու վարչապետ Սաատ Հարիրիի միջեւ ներդաշնակութիւնը ցուցանիշ են, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը երկար ժամանակ պիտի չխլէ, այլ` պիտի ըլլայ արագ, որովհետեւ ներկայ կառավարութեան կազմին աշխատանքի ոգիին շնորհիւ մեծ թիւով նուաճումներ իրականացան, ինչպէս` երկու ամավարկեր, ընտրական նոր օրէնք, նշանակումներ, նաւթի արտահանման պայմանագիրի ստորագրութիւն եւ բազմաթիւ այլ ծրագիրներ: «Համոզուած եմ, որ աշխատանքի նոյն ոգիով գործող կառավարութիւն մը պէտք է կազմուի, որպէսզի երկրին քաղաքական եւ ապահովական մակարդակը բարձրացնելէ ետք, կարենայ նաեւ երկրին տնտեսական մակարդակը բարձրացնել», հաստատեց ան:
Զբօսաշրջութեան բնագաւառին մասին նախարար Կիտանեան յայտնեց, որ 10 մայիսին Լիբանան պիտի հիւրընկալէ «Վիզիթ Լեպանոն» ծրագիրի երկրորդ միջազգային խորհրդաժողովը` «Վիզիթ Լեպանոն 2018», որուն պիտի մասնակցին մեծ թիւով համաշխարհային ճամբորդական գրասենեակներ, որոնք հանդիպումներ պիտի ունենան լիբանանեան ճամբորդական գրասենեակներու ու ընկերութիւններու հետ եւ ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն բարելաւելու համար երկրին զբօսաշրջութեան բնագաւառը, որ տնտեսական հսկայ շահեր կրնայ ապահովել Լիբանանին: