կարևոր
0 դիտում, 6 տարի առաջ - 2018-01-13 11:35
Հասարակություն

Երբ նորելուկ աղվեսը հանդիպում է ագահ գայլին

Երբ նորելուկ աղվեսը հանդիպում է ագահ գայլին

Աղբյուրը՝ arfd.am

«Երբ շուները լաւապէս պահակութիւն կատարէին, գայլին միայն ոսկորներն ու մորթը կը մնային»
Ժան Տը Լա Ֆոնթէն («Գայլն ու Շունը» առակէն)

Դեռ բազմաթիւ այլ մէջբերումներ, վերլուծումներ կարելի է աւելցնել 17-րդ դարաշրջանին լոյս ընծայուած ֆրանսացի գրագէտ Ժան Տը Լա Ֆոնթէնի առակներէն, անդրադառնալու համար անցեալ շաբաթավերջին լոյսերու քաղաքին մէջ տեղի ունեցած Մաքրոն – Էրտողան հանդիպումին:

Նոր-դրամատիրական (neo-capitalist) գաղափարներու տէր Ֆրանսայի նախագահը կը կարծէր, որ Փարիզ հրաւիրելով եւ հետզհետէ կղզիացած եւ յատկապէս Արեւմուտքէն մերժուած Էրտողանին յաւելեալ առիթ մը տալով, պիտի կարենար ըստ իր ցանկութեան դառնալ կացութեան տէրը։ Սակայն, երիտասարդ եւ ինքզինք չափէն աւելի ճարպիկ կարծող աղուէսին երեւակայածը բոլորովին տարբեր էր, մանաւանդ որ իր դիմաց ունէր անօթի եւ ագահ գայլ մը:

Ֆրանսայի երիտասարդ նախագահը առաջին անգամ չէր, որ «անկեղծ ու թափանցիկ» ոճով տեսակցութիւններ կը վարէր։ Նախագահ ընտրուելէ քիչ ետք, ան նմանօրինակ դէմ առ դէմ տեսակցութիւններ ունեցած էր Եգիպտոսի ղեկավար Էլ Սիսիի, եւ անշուշտ երկու «մեծ»երուն՝ Ռուսաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահներ Փութինի եւ Թրամփի հետ: Գործելաձեւ մը, որ այդքան ալ արդիւնաւէտ չի թուիր ըլլալ, իսկ յատկապէս նկատի ունենալով Էրտողանի հետ հանդիպումն ու անոր ձգած արձագանգը, ընդհակառակը՝ կարելի է մտահոգիչ նկատել:

Ի վերջոյ, կարելի չէ բաւարարուիլ միայն տնտեսական դաշինքներ կնքելով, եկամուտ ապահովելով եւ նիւթական վիճակը բարելաւելով, ապա գոհունակութեամբ յաջողութիւն մաղթել եւ հուսկ ճամբել հիւրը՝ լեզուական մարզանքներով ու գգուանք արտայայտող փաղաքշական խօսքեր փոխանակելով:
Պատեհապաշտ Մաքրոնի համար, առիթ մըն էր սիրաշահելու գործակից մը, որ իր կարգին, յատկապէս արտաքին գետնի վրայ, սկսած էր հետզհետէ անբաղձալի նկատուիլ:

Ֆրանսայի երիտասարդ նախագահը քաջատեղեակ պէտք է ըլլայ, որ իր ղեկավարած երկիրը մարդկային իրաւունքներու համար պայքարող ռահվիրայ այն երկիրն է, որ կը հաւատայ ազատութեան, հաւասարութեան եւ եղբայրութեան: Իրականութիւբը կարելի չէ ծածկել անձնական մութ հաշիւներով եւ նոյնիսկ խեղաթիւրել Սուրիոյ պատերազմին հետ առնչուող իրադարձութիւններ:

Ինքզինք խորամանկ նկատող «աղուէս» Մաքրոնը ո՛չ մէկ քննադատական խօսք ըսաւ ի նպաստ Իսլամական Պետութեան գործած Էրտողանի մասին։ Ընդհակառակը՝ ան գորշ «գայլ» Էրտողանին յաւելեալ առիթ ընծայեց, որ ազատ եւ համարձակ, հռետորական ու սուլթանամէտ քաղաքականութիւնը քարոզէ բեմահարթակէն:

Այս տիրող կացութեան դիմաց, բնականաբար անտեղի էր Հայոց Ցեղասպանութեան մասին նոյնիսկ հարցադրումներ կատարելը:

Վերադառնալով Ժան Տը Լա Ֆոնթէնի վերոյիշեալ իմաստուն խօսքին, տեղին է հաստատել, թէ երբ շուները կը դերանան իրենց պահակութեան պաշտօնին մէջ, գայլերը խնճոյք կ՚ընեն իրենց բաժնին ինկած եղնիկով։

hairenikweekly.com