կարևոր
0 դիտում, 6 տարի առաջ - 2017-12-27 11:55
Հասարակություն

Արշակ Ջամալյան. անձնվեր հեղափոխականը, քաղաքական ղեկավարն ու պետական գործիչը

Արշակ Ջամալյան. անձնվեր հեղափոխականը, քաղաքական ղեկավարն ու պետական գործիչը

Աղբյուրը՝ arfd.am

1940ի Դեկտեմբեր 27ին, Երկրորդ Աշխարհամարտի թոհուբոհով կլանուած Փարիզի մէջ, առյաւէտ փակուեցան աչքերը Հայաստանի Անկախութիւնը կերտած Սերունդին ամէնէն ներկայացուցչական դէմքերէն՝ անձնուէր յեղափոխականի, քաղաքական ղեկավարի եւ պետական գործիչի դաշնակցական տիպարը մարմնաւորող հսկաներէն Արշակ Ջամալեան։

Երկու օր ետք, Դեկտեմբեր 29ին, համազգային յուղարկաւորութեան աննախընթաց շուքով եւ օտար քաղաքական-պետական յարգանքի հանդիսաւոր մթնոլորտին մէջ, հայրենի ոստաններէն հեռու, տարագրութեան ցուրտ հողին յանձնուեցաւ վահանգնատիպ, բայց արդէն յոգնաբեկ ու անկենդան մարմինը հայ ժողովուրդի քաղաքական մտքին ու յեղափոխական կամքին ճառագայթող այս արժանաւորը։

Հայաստանի Անկախութեան Սերունդին ամէնէն աշխոյժ ու վաստակաշատ նուիրեալներէն եղաւ դաշնակցական այս հսկան, որ շուրջ քառասուն տարի իր իւրայատուկ դրոշմը դրաւ հայ ժողովուրդի ազգային¬քաղաքական կեանքի հունաւորման վրայ։
Հայ մտքի եւ քաղաքական կամքի փոթորկաշունչ դարբինը դառնալու ճակատագրուած էր Գանձակի մէջ 22 Սեպտեմբեր 1882ին ծնած բազմաշնորհ Արշակը։ Հայրը՝ բարեկեցիկ ոսկերիչ Ջամալ Իսահակեանը (որուն անունով Արշակ ընտրեց յեղափոխականի իր Ջամալեան մականունը) յատուկ պատճառ ունէր իր զաւկին ուսումնառութիւնը քաջալերելու եւ ապահովելու, որովհետեւ ոչ միայն Արշակ ինք ընդունակ աշակերտ էր, այլեւ՝ Արշակի վաղամեռիկ մօր կտակն էր, որ իր տղան անպայման ուսանի եւ բարձրագոյն կրթութեան տիրանայ։

Արշակ Իսահակեան իր նախնական կրթութիւնը ստացաւ Գանձակի հայոց ծխական դպրոցին մէջ, ապա՝ երբ 1892ին ցարական հրամանագրով փակուեցան հայոց ծխական վարժարանները, յաճախեց Գանձակի ռուսական գիմնազիան։
Ռուսացման ալիքը ուժեղ էր այդ շրջանին եւ Արշակ սկսաւ տարուիլ հոսանքէն, բայց հայրը հոսանքի դէմ պայքարող մարդ էր եւ ամէն ճիգ թափեց, որպէսզի հայեցի կրթութիւն ապահովէ իր տղուն։ Զուգադիպութիւն մը օգնեց, որպէսզի Արշակի կեանքը հիմնովին նոր ուղղութիւն ստանայ։ 1896ի Վանի կոտորածներէն ետք, Ս. Էջմիածին ապաստանած գաղթական բազմութեան հետ էր ազգային հեղինակաւոր մանկավարժ Պլուզ Կարօ, որ Խրիմեան Հայրիկի կողմէ անմիջապէս ղրկուեցաւ Գանձակ՝ հայ դպրոցէ զրկուած սերունդին ազգային դաստիարակութիւն ջամբելու առաքելութեամբ։ Ջամալ Իսահակեան Պլուզ Կարոյէն խնդրեց, որ իր տղուն հայերէնի եւ հայոց պատմութեան մասնաւոր դասեր տայ։ Այդպէս ալ եղաւ։ Արշակի ընդունակութիւններուն ծանօթանալով՝ Պլուզ յորդորեց ու համոզեց Ջամալին, որ Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանը ղրկէ Արշակին։ Եւ այդպէս, 1897ին, Արշակ ընդունուեցաւ Գէորգեան Ճեմարանը։

Հայ ազգային¬ազատագրական շարժման եռուն ժամանակաշրջանն էր, իսկ Գէորգեան Ճեմարանը, հակառակ հոգեւոր հաստատութիւն մը ըլլալու իր պաշտօնական հանգամանքին, փաստօրէն վերածուած էր յեղափոխական շարժման հնոցի մը, ուր կը տիրէր յատկապէս դաշնակցական ոգին։ Նիկոլ Աղբալեանի եւ Ա. Վռամեանի օրինակով դաշնակցական մեծութիւններու հոգեմտաւոր կազմաւորման օրրանը դարձած Ճեմարանը իր բարեբեր ազդեցութիւնը ունեցաւ նաեւ ու մանաւանդ Արշակ Ջամալեանի վրայ, որ իր սերունդին յեղափոխական խմորումներուն եւ աշակերտական ըմբոստացումներուն մղիչ ուժն ու յառաջապահը եղաւ շուտով։

Իր կենսագիրներուն վկայութեամբ՝ Ջամալեան գաղափարական շարժման փոթորիկ մը առաջացուց Ճեմարանի մէջ՝ ձեռագիր «Նաւակ» աշակերտական թերթի խմբագրումէն մինչեւ հայաստանեայց եկեղեցին ծիսապաշտութենէ դուրս բերելու եւ բարեկարգելու պայքարին ծաւալումը։

Բայց յատկապէս Երկրի մէջ սաստկացած յեղափոխական կենդանի կռուին անձնապէս նուիրուելու իր կոչերով՝ արդէն դաշնակցականի իր ուղին գտած Ջամալեանը իր դէմ լարեց Ճեմարանի պահպանողական պատասխանատուներուն դժգոհութիւնը։ Եւ հակառակ իր աշակերտական փայլուն արդիւնքներուն, Ճեմարանի լսարանական (համալսարանական) բաժնի առաջին տարին հազիւ աւարտած, 1902ին, Ջամալեան տուն ճամբուեցաւ եւ Ճեմարանի դռները իր առջեւ վերջնականապէս փակուեցան։

Քսանամեայ երիտասարդ՝ Ջամալեան քանի մը տարի մնաց իր ծննդավայրին՝ Գանձակի մէջ, ուր ծաւալեց դաշնակցական աշխոյժ գործունէութիւն՝ գաղափարական մթնոլորտ ստեղծելու եւ տեղւոյն երիտասարդութիւնը կազմակերպելու ուղղութիւններով։

Իսկ երբ վրայ հասան 1905ի հայ¬թաթարական ընդհարումները եւ բացայայտ դարձաւ ազգամիջեան թշնամանք հրահրելու ցարական շխանութեանց գրգռիչ դերակատարութիւնը, Ջամալեան մասնակցեցաւ ոստիկանապետի մը դաշնակցական ահաբեկումին, որուն հետեւանքով 7 ամիս բանտարկուեցաւ, իսկ ազատ արձակուելէ ետք՝ անցաւ Եւրոպա, ուսումը շարունակելու համար։

Ճեմարանական տարիներէն իսկ, Արշակ Ջամալեան շեշտակի հետաքրքրութիւն ցուցաբերած էր հայ հասարակագիտական մտքի զարգացման եւ հարստացման ուղղութեամբ։ Լսարանական առաջին տարուան իր ծաւալուն շարադրութիւններէն մէկը, որ կը վերաբերէր Րաֆֆիի պատմավէպերուն մէջ արծարծուած հասարակական խնդիրներու ուսումնասիրութեան, արժանացաւ Ճեմարանի ատենի ուսուցչական կազմին բարձր գնահատանքին։ Հետեւաբար, երբ Ջամալեան հասաւ Եւրոպա եւ արձանագրուեցաւ Պերլինի համալսարանը, աւելի քան բնական էր, որ ընկերային գիտութեանց վրայ պիտի կեդրոնանար անոր բարձրագոյն ուսումը։

Եւրոպայի մէջ ուսանողական տարիները Ջամալեանի առջեւ բացին ոչ միայն գաղափարական իր հետաքրքրութեանց ու ծանօթութեանց հորիզոնը ընդարձակելու, այլեւ կազմակերպական իր բնածին տաղանդը մշակելու եւ զարգացնելու լայն հորիզոններ։ Եղաւ հիմնադիրներէն մէկը Եւրոպայի Հայ Ուսանողական Միութեան եւ անոր պաշտօնաթերթ «Ուսանող»ին, որուն էջերէն Արիսեան ստորագրութեամբ հանդէս եկաւ հայ միտքը աշխուժացնող եւ ազգային ու հասարակական խնդիրներու գիտական քննարկումը հարստացնող յօդուածներով եւ աշխատասիրութիւններով։

Արդէն գաղափարական ու կազմակերպական իր դէմքը հաստատած էր Արշակ Ջամալեան 1907ին, երբ Եւրոպայի Հայ Ուսանողութեան կողմէ պատգամաւոր ընտրուեցաւ Հ.Յ.Դ. Չորրորդ Ընդհանուր Ժողովին։ Այդ ժողովին էր, որ Դաշնակցութիւնը սուր կերպով դիմագրաւեց երկփեղկման վտանգը։ Մէկ կողմէ արեւմտահայ մարտական գործիչները վարակած Միհրանական շարժումը կատաղի պայքար բացած էր Դաշնակցութեան ընկերվարական գործունէութեան դէմ՝ դատապարտելով համառուսական յեղափոխական շարժումներուն Հ.Յ.Դ. մասնակցութիւնը։ Իսկ միւս կողմէ արեւելահայ մտաւորականութիւնն ու ուսանողութիւնը վարակած ձախապաշտ հակումները յանգած էին Դաշնակցութեան մէջ անջատողական շարժման մը առաջացումին՝ արեւմտահայ եւ արեւելահայ դատերը իրարմէ անջատ կուսակցութիւններով ղեկավարելու պահանջով։

Պառակտիչ այդ մթնոլորտին մէջ ուղղակի փրկարար դեր կատարեց Ջամալեան՝ դաշնակցական երիտասարդ ուսանողի դիրքերէն պահապան կանգնելով կուսակցութեան ներքին միասնութեան եւ ազգայինն ու ընկերվարականը համադրելու դաշնակցական աշխարհայեացքին։

1908ին Ջամալեան վերադարձաւ Կովկաս եւ հաստատուեցաւ Թիֆլիս, ուր Ներսիսեան վարժարանի մէջ իր ստանձնած ուսուցչական պաշտօնի կողքին դաշնակցական աշխոյժ գործունէութիւն ծաւալեց՝ Աղբալեանի հետ «Հորիզոն»ի խմբագրութեան պատասխանատուութիւնը ստանձնելով։ Ռուսերէնի, գերմաներէնի եւ ֆրանսերէնի իր տիրապետումը մեծապէս օգնեց, որ այդ ժամանակներէն իսկ Ջամալեան կեդրոնական դէմքերէն մէկը դառնայ ռուս, վրացի եւ թաթար յեղափոխական շրջանակներու հետ Դաշնակցութեան հաստատած յարաբերութեանց։ Թէ՛ հայ մտքի արդիականացման, թէ՛ համառուսական միջավայրի մէջ հայ քաղաքական կամքի արմատաւորման ի խնդիր Ջամալեանի թափած ճիգերը եւ կատարած մեծ ներդրումները բաւարար նկատուեցան, որպէսզի 1914ի Հ.Յ.Դ. 8րդ Ընդհանուր Ժողովին- եւ ի բացակայութեան – ան ընտրուի Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ եւ շարունակէ մնալ այդ պաշտօնին վրայ մինչեւ 1933, երբ Հ.Յ.Դ. 12րդ Ընդհանուր Ժողովի որոշումով ան կոչուեցաւ Դաշնակցութեան մնայուն քաղաքական գործիչի աշխատանքին ու պատասխանատուութեան։

1914էն 1921 երկարող եւ հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան ամէնէն բախտորոշ ժամանակաշրջանը հանդիսացած տարիներուն, Արշակ Ջամալեան բառին բուն իմաստով փոթորկաշունչ ներկայութիւն եղաւ հայ ժողովուրդի պաշտպանութեան, Հայաստանի անկախացման եւ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական ամրապնդման յառաջապահ դիրքերուն վրայ։ Եղաւ Հայ Կամաւորական Շարժման ղեկավարներէն։ 1917ի համառուսական յեղափոխութեան երկար ամիսներուն, ներկայացուց Դաշնակցութիւնը բոլոր մակարդակներուն վրայ։ Անդրկովկասեան Սէյմի կառավարութեան մաս կազմեց եւ Երզնկայի մէջ հաշտութեան բանակցութիւնները վարեց թուրքերուն հետ՝ յանուն Սէյմի։ Նշանակուեցաւ նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վրաստանի մօտ։ Ընտրուեցաւ Հայաստանի խորհրդարանի պատգամաւոր եւ Երեւան տեղափոխուեցաւ Թիֆլիսէն։ 1919ի հայ¬վրացական պատերազմին շուտափոյթ դադրեցումը ապահովող գլխաւոր բանագնացը եղաւ։ 1920ին մաս կազմեց Համօ Օհանջանեանի Բիւրօ¬կառավարութեան, իբրեւ հաղորդակցութեան նախարար։ Իսկ Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք, 1922ին, պոլշեւիկներու հետ Դաշնակցութեան բանագնացը եղաւ Րիկայի խորհրդակցութեանց ժամանակ։

Տարագրութեան մէջ եւս, շուրջ քսան տարի, Ջամալեան ղեկավար դերակատարութիւն ունեցաւ։ Արշակ Ջամալեան վճռորոշ դերակատարութիւն ունեցաւ, յատկապէս, սփիւռքեան պայմաններու մէջ ծաւալած հակադաշնակցական բուռն պայքարը դիմագրաւելու գաղափարախօսական ճակատին վրայ։ Ջամալեան դրօշակիրը եղաւ Դաշնակցութեան գաղափարական վերաշխուժացումին եւ, այդ հիման վրայ, դաշնակցական ներքին միակամութեան ամրապնդումին։

Գաղափարական բուռն պայքարներու այդ ժամանակաշրջանէն կու գայ օրինակը Ջամալեանի գրչին պատկանող հետեւեալ պոռթկումին.-

«Չարաշուք հայ հրապարակագիրներից մէկը, չգիտենք ի՛նչ առթիւ, գրել է մի անգամ, թէ հայ ժողովուրդը տարուայ 365 օրերից որեւէ մէկը կարող է ազգային տօն դարձնել, բացի Մայիս 28ից, որովհետեւ վերջինս հայոց պատմութեան ամենադառն օրն է…

«Այսպէ՛ս դատելով՝ ոչ մի քրիստոնեայ չպէտք է տօնի Քրիստոսի ծնունդը, որովհետեւ դրա հետ կապուած է յիշողութիւնը այն անագորոյն հալածանքների, որոնց երեսից փախստական Մարիամն ու Յովսէփը Բեթլեհեմի մսուրն էին ապաստանել՝ անասունների աղբի մէջ, չոր ծղօտի վրայ ծնունդ տալու նոր կրօնի հիմնադրին…

«Բոլոր ծնունդները կապուած են մայրական ահաւոր տանջանքների հետ. Քանի՜, քանի՜ մարդիկ աշխարհ են գալիս վիրահատի դանակի տակ՝ իրենց ծնողի արեւը խաւարեցնելով։ Բայց միթէ՞ մենք նման պատճառներով հրաժարւում ենք տօնել ոեւէ մեծ մարդու ծննդեան տարեդարձը, եթէ նա երախտագիտական զգացումներ է յարուցանում մեր մէջ»։
Ջամալեան կարեւոր ներդրում ունեցաւ, նաեւ, Եւրոպայի տարածքին Հայ Կապոյտ Խաչի հիմնադրութեան, տարածման եւ ժողովրդականացման գործին մէջ։ Իր կենսագիրներէն Գաբրիէլ Լազեան յատուկ կարեւորութեամբ եւ անձնական վկայութեամբ կը հաստատէ, թէ մանաւանդ Յունաստանի եւ ընդհանրապէս Պալքաններու տարածքին, Հայ Կապոյտ Խաչի զարգացման հոլովոյթին մէջ, Ջամալեան հիմնարար դեր կատարած է։

Իսկ իր կեանքի վերջալոյսին, երբ Ջամալեանի վստահուեցաւ Հ.Յ.Դ. մնայուն գործիչի պարտականութիւնը, յատկապէս նորահաս սերունդներուն գաղափարական կազմաւորումը ամուր հիմքի վրայ դնելու պատասխանատուութիւնը, ան գործի վերածեց ուսանողական տարիներէն իր մէջ արմատաւորուած այն համոզումը, թէ՝

«Պէտք է նկատի ունենալ, որ արտասահմանեան այսօրուայ պայմաններում մէկին իսկական դաշնակցական դարձնելը այլեւս այնպէս դիւրին չէ, ինչպէս որ էր երէկ՝ երկրի մէջ։ Այնտեղ դաշնակցականը իր կուսակցական աշխատանքն սկսում էր, կարելի է ասել, հէնց առաջին օրից գործօն պայքարի թոհ ու բոհի մէջ նետուելով, յաճախ հրի ու սրի դէմ կանգնելով։ Սրա՛ համար էլ երկրում դաշնակցական արձանագրուածը շատ կարճ ժամանակամիջոցում թրծւում էր կուսակցական կարգապահութեան եւ պարտաճանաչութեան մէջ։ Այստեղ, արտասահմանում, յեղափոխական գործի այդ նպաստաւոր պայմանները չկան եւ, դրա համար, կրկնակի եւ եռակի աշխատանք է հարկաւոր Դաշնակցութեան շարքերը դիմող երիտասարդներին կուսակցական գիտակցութեան բերելու, նրա քաղաքական մտածողութիւնը յստակացնելու եւ կարգապահութեան ու պարտաճանաչութեան ոգին նրա մէջ մշակելու համար»։

Գործի եւ Գաղափարի այսպիսի՛ տարողութեամբ առաջնորդող դէմքը եղաւ Արշակ Ջամալեան եւ բնաւ պատահական չէր, որ 73 տարի առաջ, երբ յետ կարճատեւ հիւանդութեան առյաւէտ փակեց աչքերը, անոր կորուստը սգացին եւ յարգանքի իրենց տուրքը մատուցանելու եկան ոչ միայն հայ կեանքի գլխաւոր հոսանքներու ներկայացուցիչները, այլեւ՝ արտասահման աքսորուած ռուս, վրացի եւ ատրպէյճանցի ծանօթ հեղինակութիւններ, ինչպէս նաեւ Ընկերվար Միջազգայնականը ներկայացնող ֆրանսացի եւ եւրոպացի ականաւոր գործիչներ։

Հայ մտքի եւ քաղաքական կամքի փոթորկաշունչ այս դարբինին՝ Արշակ Ջամալեանի մահուան տարելիցին առիթով, յիշեցնենք Հ.Յ.Դ. 40ամեակին նուիրուած եւ «Դրօշակ»ի էջերուն լոյս տեսած անոր գաղափարական կտակ.-

«Հայ ժողովուրդը գիտէ, որ Դաշնակցութիւնը միշտ կանգնած է եղել իր վճռած կամ պաշտպանած գործի յետեւը ամբողջ հասակով, կատարեալ անկեղծութեամբ եւ բոլորանուէր անձնազոհութեամբ։ Հայ ժողովուրդը համոզուած է նաեւ, որ եթէ վաղը նոր զոհաբերութեան եւ նոր արիւնի հարկադրանքն ստեղծուի Հայկական Դատը «մեռեալ կէտից» շարժելու համար՝ դարձեալ դաշնակցականներն են շարժուելու վտանգաւոր դիրքերի վրայ, դարձեալ նրանք են նուիրաբերելու առաջին լուման ¬ լինի դա չարքաշ աշխատանք, դրամ թէ արիւն ¬ որպէսզի գործը քալէ»։

Ն.