Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Աղբյուրը՝ arfd.am
Դեկտեմբեր 19ին կ’ոգեկոչենք յիշատակը մեր ժողովուրդի եզակի ծնունդներէն Լեւոն Թադէոսեանի, որ իր անձով ու գործով արժանաւորապէս մարմնաւորեց հայ ղեկավար գործիչի բարոյական հեղինակութեան աւանդը։
1935ի այս օրը, Փարիզի մէջ, 70 տարեկան հասակին աչքերը առյաւէտ փակեց հայ յեղափոխականի ու քաղաքական-պետական ազգային գործիչի ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆ նուիրեալ մը՝ Լեւոն Թադէոսեան, որ իր գաղափարական առաքինութեան եւ անձնդիր ծառայութեան համար արժանացաւ Պապաշա (ռուսերէն՝ հայրիկ) անուանումին։
Թէ՛ գաղափարի իր ընկերներուն, թէ՛ մեր ժողովուրդի լայն խաւերուն համար իսկապէս բարոյական մեծ հեղինակութեան տէր «Հայրիկ» մը եղաւ Լեւոն Թադէոսեան։ Ապրեցաւ ու գործեց իբրեւ բոլորին «Հայրիկ»ը՝ իր անսահման բարութեամբ ու անձնազոհութեամբ, ընկերասիրութեամբ ու մարդասիրութեամբ, պարզութեամբ ու հաւատարմութեամբ, սկզբունքայնութեամբ ու անշահախնդրութեամբ։
Քրիստափոր Միքայէլեանի քրոջ որդին է Լեւոն Թադէոսեան, ծնած՝ Գողթն գաւառի Վերին Ագուլիս գիւղը, 1865 թուականի Փետրուար 2ին։ Հայրը վաճառական էր եւ խանութ ունէր Ջաքաթալայի մէջ, որ բաւական հեռու էր Ագուլիսէն։ Երեք տարին մէկ անգամ կու գար Ագուլիս՝ տեսնելու ընտանիքը եւ այդ պատճառով ալ, ինչպէս Պապաշայի կենսագրութեան մէջ Սիմոն Վրացեան կը նշէ, երեք եղբայր եւ մէկ քոյր Թադէոսեանները իրարմէ երեք տարուան տարբերութիւն ունէին։ Լեւոն անդրանիկն էր տան, Սամսոն՝ միջնեկը, իսկ Յովսէփ՝ կրտսերը։ Երեքն ալ հանրային եւ յեղափոխական անուանի դէմքեր եղան հայ իրականութեան մէջ։
Հօր բացակայութեան, Թադէոսեան եղբայրները կազմաւորուեցան իրենց մօր շունչով, որ իր զաւակները զգաստացնելու կամ ուղղելու համար կը դիմէր «Քրիստափոր քեռիին»։ Թէեւ այնքան ալ մեծ չէր տարիքի տարբերութիւնը Քրիստափորի եւ իր քրոջ որդիներուն միջեւ, այդուհանդերձ՝ իր անհատականութեան ու հասունութեան շնորհիւ, Քրիստափոր օրինակելի տիպար եւ առաջնորդող հեղինակութիւն մը եղաւ Թադէոսեան եղբայրներուն, յատկապէս Լեւոնի համար։
Պապաշա իր տարրական կրթութիւնը ստացաւ Ագուլիսի ծխական վարժարանին մէջ՝ ուսուցիչ ունենալով Րաֆֆին։ Այնուհետեւ, Քրիստափորի օրինակին հետեւելով, գիւղի հոգաբարձութեան ծախսերով ուղարկուեցաւ քեռիին մօտ, Թիֆլիս, «Ներսիսեան» վարժարանին մէջ ուսումը ամբողջացնելու եւ այնուհետեւ, Ագուլիս վերադառնալով, չորս տարի գիւղին մէջ ուսուցչութիւն ընելու յանձնառութեամբ։
Կեանքը դաժան գտնուեցաւ այս համեստ ընտանիքին համար։ Հայրը կանխահաս մահ ունեցաւ, Թադէոսեանները որբացան եւ Լեւոն պատանի հասակէն իր վրայ վերցուց ընտանիքին հոգը։
Աստուածավախ եւ հաւատացեալ էր Լեւոն, որ Քրիստոսի մէջ մարմնաւորուած կը տեսնէր յանուն մարդկութեան եւ հասարակութեան ազատագրումին իր անձն ու կեանքը նուիրաբերող մեծ մարդասէրն ու ընկերային գործիչը։ Այդ ներշնչումով ալ Պապաշայի մտածողութեան եւ նկարագրին մէջ ամուր տեղ գրաւեցին սեփական ժողովուրդին կարիքներուն հասնելու եւ ցաւերը ամոքելու հայրական հոգածութիւնն ու ամբողջական անձնուիրումը։
1883ին, ցարական ոստիկանութիւնը փակեց հայոց ծխական վարժարանները։ Քրիստափորի յորդորով, Լեւոն անցաւ Գանձակ, ուր թեմական վարժարանին մէջ ուսուցչութեան լծուեցաւ, բայց շուտով բախում ունեցաւ տեղւոյն կղերամիտ եւ պահպանողական մտայնութեանց հետ։ Էջմիածնէն՝ Մակար Կաթողիկոսի յանձնարարութեամբ, կրթական յատուկ քննիչ ուղարկուեցաւ Գանձակ։ Ըմբոստ աշակերտութիւնն ու ուսուցիչները պատժելու իր կարգադրութեանց ճամբով՝ Էջմիածինի կողմէ առաքուած քննիչը Լեւոն Թադէոսեանին զրկեց ոչ միայն տեղւոյն դպրոցին մէջ, այլեւ՝ որեւէ թեմական վարժարանի մէջ պաշտօնավարելու եւ դասաւանդելու իրաւունքէն։ Այդպիսով վերջ գտաւ ուսուցչական ասպարէզը Պապաշայի համար, որ այնուհետեւ հաշուապահական իր ընդունակութիւններով նետուեցաւ կեանքի ասպարէզ՝ միաժամանակ նուիրուելով հետզհետէ թափ հաւաքող հայ յեղափոխական շարժման։
1890ականներուն Պապաշա աշխոյժ մասնակցութիւն բերաւ Դաշնակցութեան հիմնադիր ժողովներուն եւ ինքնակազմակերպման սկզբնական քայլերուն։ Անբաժան գործակիցը դարձաւ Քրիստափորի, որ Լեւոնի մէջ գտած էր ոչ միայն ժողովուրդի լայն խաւերուն հետ հաղորդակցելու եւ վստահութիւն ներշնչելու բարոյական մեծ դրամագլուխի տէր յեղափոխականը, այլեւ՝ կազմակերպչական անդուլ աշխատանքի, անշահախնդրութեան, անկաշառ նկարագրի եւ տնտեսումի բացառիկ ընդունակութիւններով օժտուած գործիչը։
Լեւոն Թադէոսեանի դաշնակցական եւ ազգային-հանրային գործունէութեան հիմնական ասպարէզը դարձաւ Պաքուն, ուր ան հաստատուեցաւ 1900ին եւ ուր անդուլ գործեց մինչեւ 1918ի Սեպտեմբերին քաղաքին գրաւումը թուրքերուն կողմէ։
Կովկասի նաւթարդիւնաբերութեան կեդրոն Պաքուն եւ Հ.Յ.Դ. Ոսկանապատի Կեդրոնական Կոմիտէն, այդ ժամանակաշրջանին, ընդհանրապէս կեդրոնական տեղ կը գրաւէին հայ իրականութեան մէջ։ Իսկ Լեւոն Թադէոսեան շուտով դարձաւ հայ ազգային-քաղաքական եւ ռուս աշխատաւորական-յեղափոխական վերիվայրումներուն մէջ առանցքային դերակատարութիւն ստանձնած ղեկավար գործիչներէն մէկը, որոշ պարագաներու նաեւ՝ բոլորին «Հայրիկ»ը, որ հիմնական դեր ունեցաւ հայ ժողովուրդի ներքին միասնութեան պահպանման, ամրապնդման եւ ընդլայնման մէջ։
Պապաշայի դերակատարութիւնը մեծ եւ անփոխարինելի եղաւ թէ՛ «Փոթորիկ»ի ճամբով հայկական ազատամարտին մեծահարուստ հայերու նիւթական աջակցութիւնը ապահովելու գործին մէջ, թէ՛ Դաշնակցութիւնը ներքնապէս պառակտելու փորձերուն դիմագրաւման ճակատին վրայ՝ 1904-1907 թուականներուն, թէ՛ հայ-թաթարական արիւնալի ընդհարումներու հանգրուանին՝ 1905ին, թէ՛ ցարական իշխանութեանց հակադաշնակցական հալածանքը ձախողութեան մատնելու ճակատին վրայ՝ 1908-1912 տարիներուն։
1908ին Պապաշա իր կարգին ձերբակալուեցաւ ու բանտարկուեցաւ Ցարիզմի կողմէ, ցմրուր ճաշակեց Մետեխի բանտին դաժանութիւնը, բայց անպարտ արձակուեցաւ Դաշնակցութեան Դատէն ետք եւ միշտ մնաց պատնէշի վրայ՝ ղեկավար մասնակցութիւն ունենալով, Առաջին Աշխարհամարտի տարիներուն, Պաքուի հերոսական ինքնապաշտպանութեան գործին մէջ։
Պաքուի անկումէն ետք, ընտրուելով անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին խորհրդարանի պատգամաւոր, Պապաշա տեղափոխուեցաւ Երեւան եւ մեծակշիռ գործ կատարեց խորհրդարանի ելեւմտական յանձնաժողովին խօսնակի իր պաշտօնավարութեամբ։ Հայոց նորահաստատ պետականութեան ելեւմտական հիմերու ամրապնդման մէջ հսկայական ներդրում ունեցաւ Պապաշա։ Երեւան մնաց մինչեւ 1921ի Փետրուարեան Ապստամբութեան աւարտը, երբ անցաւ Ատրպատական՝ Թաւրիզ, ուր կարճ ժամանակ մը գործեց իբրեւ Հ.Յ.Դ. Գերագոյն Դատական Ատեանի անդամ, պաշտօն՝ որուն ընտրուած էր 1919ին, Երեւանի մէջ գումարուած Հ.Յ.Դ. 9րդ Ընդհանուր Ժողովին կողմէ։
1923ին Պապաշա անցաւ Ժընեւ, ապա՝ Փարիզ, ուր ստանձնեց Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Դիւանի վարիչի պաշտօնը։ Բայց արդէն քայքայուած էր առողջութիւնը եւ 19 Դեկտեմբեր 1935ին ան բաժնուեցաւ մեր աշխարհէն՝ «Հայրիկ»ի հետեւեալ պատգամը կտակելով իր պաշտած Դաշնակցութեան եւ հայ ժողովուրդի բոլոր նուիրեալներուն.
— «Սիրեցէք իրար միշտ անկեղծօրէն եւ ներողամտաբար ուղղեցէք իրարու սխալները, միշտ զսպեցէք ձեր ինքնասիրութիւնը, որ պզտիկ բաներից վեր մնաք»։
Պապաշաներու կենդանի ու վարակիչ այս օրինակով է, որ 19րդ դարավերջին շղթայազերծուած հայ ազգային-ազատագրական պայքարը մեր ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան շարժիչ ուժը հանդիսացաւ ոչ միայն յեղափոխական հայորդիներու հերոսական մարտունակութեան եւ գաղափարապաշտ անձնազոհութեան շնորհիւ, այլեւ՝ հայ կեանքի բոլոր ոլորտներէն ներս բարոյականութեան ու առաքինութեան գօտեպնդող մթնոլորտ ստեղծելու իր իւրայատկութեամբ։
Սուլթաններու, խաներու եւ ցարերու լուծին տակ, դարաւոր գերութեան մէջ ապրելով՝ հայ ժողովուրդը շատ բան կորսնցուց ազգային իր արժանիքներէն եւ 19րդ դար հասաւ եսակեդրոն, դրամապաշտ, վաշխառու եւ չերչի տիպարներու այլասերած ու հեղձուցիչ մթնոլորտով։
Այդ առումով ալ խաւարամիտ կղերի եւ մակաբոյծ փողատէրերու առաջացուցած բարոյական անկումի այդ չարիքէն հայ ժողովուրդը ազատագրելու՝ բարոյական ինքնամաքրման եւ գաղափարական վերածնունդի ի խնդիր պայքար մը եղաւ, նաեւ ու էապէ՛ս, հայ ազգային-ազատագրական շարժումը՝ Հայկական Յեղափոխութիւնը։
Որոշապէս Դաշնակցութեան հիմնադիր սերունդին մօտ շեշտուեցաւ հայ ժողովուրդի բարոյական ու գաղափարական արժէքները ստրկութեան կեղտաջուրերէն մաքրելու եւ նորովի կենսագործելու այդ խստապահանջութիւնը, որ կարեւորագոյն երաշխիքը եղաւ Հ.Յ.Դ. կազմակերպութեան հանդէպ մեր ժողովուրդին ցուցաբերած վստահութեան ու ակնածանքին։
Դաշնակցութեան բարոյական ու գաղափարական այդ խստապահանջութիւնը մարմնաւորած ու իբրեւ կազմակերպական աւանդ եւ դրամագլուխ հարստացուցած արժանաւոր դէմքերէն է Պապաշան՝ Լեւոն Թադէոսեանը, որ արժանաւորապէս իր մնայուն տեղը գրաւած է Սիմոն Զաւարեանի եւ Յոնան Դաւթեանի կողքին՝ իբրեւ հայ ղեկավար գործիչի բարոյական հեղինակութեան աւանդը կերտած եւ ամենայն հաւատարմութեամբ պահպանած նուիրեալի։
Ն.