Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
18/8/1992
ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան վարչութիւն
Սիրելի՛ ընկերներ,
Սեպտեմբեր 4-էն սկսեալ պիտի հաստատուիմ Երեւան եւ պիտի մնամ երկար ժամանակ, հետեւաբար կը խնդրեմ ձեզմէ` զիս փոխանցէք Երեւանի «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան շարքերը:
Ընկերական բարեւներով`
Մհեր Ջուլհաճեան
24/11/2017
Մհեր Ջուլհաճեանին
Սիրելի՛ ընկեր,
Նամակիդ մէջ նշած թուականէդ 25 տարի անցած է. 25 անգամ սեպտեմբեր 4-եր անցած են, 24 անգամ` օգոստոս 23-ներ, որուն առաջինը 1993-ին էր, երբ, հաւատարիմ դաշնակցականի երդմանդ, հանգչեցար մայր հողին գիրկը, մահն անգամ չբաժնեց քեզ մայրաքաղաք Երեւանէն, ուր մնալու մասին գրած էիր` «երկար ժամանակ»:
Ինչպէ՞ս է Երեւանը, ընկե՛ր Մհեր. ինչպէ՞ս է այդ կտոր մը հողը, որ քու սեփականութիւնդ դարձաւ. ինչպէ՞ս կը բացատրես այդ քու «անձնասիրութիւնդ», որ ուրիշներու չտեսած հայրենիք Հայաստանի ամենապատուաւոր տարածքէն քանի մը մեթր հողաշերտ սեփականացուցած` 24 տարիէ ի վեր կը հանգստանաս Արարատի դիմաց:
Տակաւին որքա՞ն կը պատրաստուիս մնալ այդտեղ, ըսէ՛ մեզի, այդ դո՞ւն էիր, որ «անառակ որդի»-ին պէս գտար հայրդ` հողը եւ ամուր գրկեցիր զայն. քեզ չծնած մօրդ գտնելու համար գացիր, անոր պատիւը պահելու համար կռիւ տուիր եւ զոհուեցար. անմահութիւն ձեռք բերիր, եւ այդպէ՛ս յաղթեցիր բոլոր ժամանակներուն, բոլոր խոստումներուն ու երդումներուն. նամակիդ մէջ գրած «երկար ժամանակ»-դ վերածեցիր տարիներու…
100 տարի առաջ Վտարանդի գրած է, որ Դաշնակցութեան դրօշակներուն տակ մահը քաղցրութիւն ունի ծնունդի, ու հին մեռելները հողի խորերէն իրենց զինուորներուն կը նախանձին:
Ընկե՛ր Մհեր, դուն ճաշակեցիր այդ դրօշակներուն տակ նահատակուելու քաղցրութիւնը, եւ այսօր քեզի կը նախանձին ո՛չ միայն հին մեռելները, ո՛չ միայն անոնք, որոնք հայրենիքի համար կռուելու սրբազան պարտքէն խուսափած` դաւաճանի ու դասալիքի անունը կրելու երկիւղով ապրեցան, այլեւ անոնք, որոնք կ՛ապրին այդ վախով, կ՛ապրին հայրենիքը սրբապղծելով: Կը նախանձի քեզի նո՛ր սերունդը, եւ պիտի նախանձին իրերայաջորդ սերունդներ:
Նամակիդ մէջ գրած բառերուդ հետ պիտի չափուի ժամանակը, որուն անսահմանութեան մէջ, սակայն, փառքդ երբեք պիտի չսահմանափակուի:
Այդ անսահմանութեան մէջ տակաւին շատեր պիտի գան այդ հողը ունենալու երազանքով եւ իրենց «անառակ» հայրենասիրութիւնը դրօշակելու դէպի անմահութիւն տանող լուսաւոր արահետիդ եզերքներուն, իսկ դուն պիտի տանիս զանոնք դէպի նահատակութեան դրախտի սրբազնագոյն լուսաւորութիւնը:
Պիտի գան տակաւին` որպէս նոր ուխտեալները հայրենիքի ամբողջականութեան ու յաւերժականութեան, իրենց ետեւ ձգելով ամէն ինչ, իսկ դուն, որպէս ձեռնադրուած սպասաւորներէն մէկը մեր գաղափարի տաճարին, հայրենանուէր խաչեալներու արիւնաներկ զոհասեղանին մօտ անոնց գլուխները պիտի օրհնես:
Պիտի գան տակաւին` որպէս կորսուած զաւակ, անտեսելով ամէն ինչ, իսկ դուն զանոնք դէպի ամենասուրբ մայրութեան գուրգուրանքի աւազանը պիտի առաջնորդես:
ՍԵՒԱԿ ԱՐՈՅԵԱՆ
Ք. Երեւան