Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Աղբյուրը՝ arfd.am
2 Նոյեմբերի այս օրը, 170 տարի առաջ, Օսմանեան Կայսրութեան տարածքին, Սուլթանի «Կայսերական Իրատէով» (հրամանագրով), «բողոքականութիւն»ը պաշտօնապէս ճանչցուեցաւ իբրեւ «միլլէթ» (ուրոյն հասարակութիւն)։
Թէեւ սուլթանական հրամանագիրը իրաւական անձնաւորութեան հանգամանք կը շնորհէր ընդհանրապէս բողոքականներու կրօնական համայնքին, բայց իրականութեան մէջ եւ էապէս նորահաստատ «Հայ Աւետարանական Եկեղեցի»ն էր, որ կ’արժանանար պաշտօնական ճանաչումի եւ ազատ ասպարէզ կը գտնէր, Օսմանեան Կայսրութեան մականին տակ ապրող բոլոր երկիրներու տարածքին, իր գործունէութիւնը լիարժէք ծաւալելու համար։
Պատմութենէն ծանօթ է, որ բողոքականութիւնը Եւրոպայի մէջ ծնունդ առաւ ու տարածուեցաւ 16րդ դարուն, երբ աւատապետական կարգերու եւ «Կաթոլիկութեան» Բարեկարգման համար ծաւալած ընդհանուր շարժման շրջագիծին մէջ, Լութեր հիմը դրաւ քրիստոնէական ու աստուածաբանական նոր հոսանքի մը, որուն «Բողոքականութիւն» անունը տուին ատենի Եւրոպային տիրապետող կրօնական եւ աշխարհական իշխանութիւնները՝ Հռոմի Պապական Աթոռին գլխաւորութեամբ։
Տասնամեակներու վրայ երկարած կրօնաքաղաքական պատերազմներու գնով՝ բողոքականութիւնը տարբեր անուններով պաշտօնական ու պետական ճանաչումի արժանացաւ Եւրոպայի տարածքին. Լութերականութիւն կոչուեցաւ Գերմանիոյ մէջ, Անկլիքանութիւն անուանուեցաւ Անգլիոյ մէջ, Քալվինականութիւն անունը ստացաւ Ֆրանսայի մէջ եւ, ժամանակի ընթացքին, հիմը դրաւ Անապափթիստ եկեղեցիներու՝ նորանուաճ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Սկզբնապէս բառին բուն իմաստով բողոքի եւ բարեկարգումի շարժում մը եղաւ բողոքականութիւնը։ Աստուածաբանական ու ընկերային-գաղափարաբանական ծառացում մըն էր կաթողիկէ եկեղեցւոյ դաւանած սուրբերու, հրեշտակներու, Աստուածածնի եւ սրբապատկերներու ծիսական պաշտամունքին դէմ, Քաւարանի կաթոլիկ դաւանամոլութեան եւ ընդհանրապէս աշխարհական իշխանութիւնը աստուածային կամքով սրբագործելու աւատապետական նկրտումներուն դէմ։
Բողոքականութիւնը էապէս Աւետարանչական շարժումի կազմաւորում եւ հունաւորում ունեցաւ՝ Սուրբ Գիրքին վերադառնալու եւ անոր ուսմունքով առաջնորդուելու հրամայականը շեշտելու իր դաւանանքով։ Բայց իր կարգին պաշտօնական հաստատութեանց ծնունդ տալով, իրարմէ անկախ գործող ուրոյն եկեղեցիներու վերածուելով եւ դաւանական իշխանութիւն հաստատելով՝ բողոքականութիւնը իր հերթին վերաճեցաւ սուրբ-գրային եւ աստուածաբանական ուրոյն ուսմունք եւ դպրոցներ քարոզող եկեղեցիներու բազմաճիւղ ընտանիքի մը։
Արեւելք թափանցելու առումով՝ 19րդ դարը ծաղկումի ժամանակաշրջան մը եղաւ բողոքականութեան համար։ Բողոքական միսիոնարական առաքելութիւններ կրնկակոխ հետեւեցան Նափոլէոնական արշաւանքներուն։ Յատկապէս հայ իրականութեան հետ շփումի իմաստով, մինչեւ 1820ականները կ՝երկարին բողոքական շարժումի կազմաւորման արմատները հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ։ 1821ին արդէն, Շուշիի մէջ, աշխոյժ գործունէութիւն ծաւալած էր զուիցերիական «Պազէլեան միսիոնարութիւն»ը։ Իսկ Օսմանեան Կայսրութեան տարածքին ապրող հայութեան մէջ բողոքական քարոզչութեան առաջին խմորումները զգալի սկսան դառնալ 1830ականներու սկզբնաւորութեան, երբ ամերիկացի միսիոնարներ սկսան հասնիլ Պոլիս։
Հայ Առաքելական Եկեղեցին դեռ չէր մարսած 1700ականներէն սկսեալ կաթոլիկութեան առաջացուցած ներքին ճեղքը, երբ բողոքականութեան առաջին ծլարձակումները սկսան։ Կաթոլիկութեան դէմ Հայ Առաքելական Եկեղեցիին մղած երկարատեւ պայքարը ի վերջոյ շրջադարձ ապրեցաւ, երբ սուլթանական հրամանագրով Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին առանձին «միլլէթ»ի պաշտօնական ճանաչումի արժանացաւ եւ պետական արտօնութիւն ստացաւ ազատօրէն գործելու։ Մօտաւորապէս նոյնը կրկնուեցաւ Հայ Աւետարանական Եկեղեցիի պաշտօնական ճանաչումը կատարող սուլթանական հրամանագրի պարագային, այն տարբերութեամբ, որ Սուլթանի 2 Նոյեմբեր 1847ի «Իրատէով»՝ իբրեւ ուրոյն «միլլէթ»ի ներկայացուցիչներու գործելու այդ պաշտօնական ճանաչումը շնորհուեցաւ Օսմանեան Կայսրութեան տարածքին յառաջացած ոչ միայն հայ, այլեւ բոլոր բողոքական եկեղեցիներուն։
Պատմաբաններու վկայութեամբ, 15րդ եւ 16րդ դարերուն, Յոյն Ուղղափառ եւ Հայ Առաքելական եկեղեցիներուն «միլլէթ»ի պաշտօնական կարգավիճակ շնորհելու սուլթանական քաղաքականութիւնը իւրովի կրկնուեցաւ նախ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցիին եւ, ապա, ընդհանրապէս Բողոքականութեան «միլլէթ»ի պաշտօնական ճանաչում շնորհելու քայլին մէջ։ Յոյն եւ Հայ Պատրիարքութեանց աշխարհական յարաճուն ազդեցութիւնը, այլ մանաւանդ եւրոպական մեծ տէրութեանց անուղղակի եւ ուղղակի թափանցումները հակակշռելու քաղաքական մտահոգութեամբ, սուլթանական իշխանութիւնը կաթոլիկութեան եւ բողոքականութեան առջեւ կանաչ լոյս բացաւ, որպէսզի կայսրութեան քրիստոնեայ բնակչութիւնը ներքնապէս բաժնէ եւ կառավարելի դարձնէ։
Բողոքականութեան պարագային յատկանշական եւ առանձնայատուկ երեւոյթը եղաւ այն, որ Յոյն Ուղղափառ եւ Կաթողիկէ Եկեղեցիները կայսրութեան ոչ-հայ քրիստոնեաները «արգիլեալ գօտի» դարձուցին բողոքականութեան թափանցումին առջեւ, իսկ սուլթանի կառավարութիւնը ամէն արգելք դրաւ, որպէսզի մահմետական բնակչութեան չկարենան մօտենալ բողոքական միսիոնարները։ Այդ առումով «անպաշտպան» եւ «բաց» դաշտ հանդիսացաւ կայսրութեան հայ բնակչութիւնը, որուն ուղղութեամբ թափ առին բողոքական թափանցումի քայլերը։
Ցարական տիրապետութեան տակ ապրող հայութեան պարագային եւս բողոքական շարժումը թափանցումի լուրջ դժուարութիւն ունեցաւ, որովհետեւ տակաւին 1836 թուին, Ցարական հրամանագրով, բողոքական եկեղեցին պաշտօնապէս արգիլուեցաւ Անդրկովկասի տարածքին։ Թէեւ միսիոնարական խմբակներն ու միութիւնները կրթական եւ ընկերային-մշակութային իրենց գործունէութիւնը շարունակեցին Արեւելահայաստանի մէջ, բայց դաւանական առանձին հոսանք առաջացնելու ցարական արտօնութիւն չունեցան։
Օսմանեան Կայսրութեան տարածքին նման արգելքի չբախեցան բողոքական միսիոնարները։ Սուլթանական իշխանութիւնը, իր արտաքին թէ ներքին քաղաքականութեան հրամայականներէն մեկնելով, նաեւ Հայոց Պատրիարքութեան մէջ երեւան եկած որոշակի ռուսասիրութիւնը հակակշռելու մտօք, շարժումի ազատութիւն շնորհեց բողոքականութեան։
Պատմաքաղաքական այս զարգացումներու խորապատկերին վրայ, 1840ականներու սկզբնաւորութեան, երբ միսիոնարական շարժումը Օսմանեան Կայսրութեան ողջ տարածքին արդէն թափ առած էր իբրեւ կրթական եւ ընկերային-խնամատարական գործունէութիւն, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ծոցին մէջ ծայր առաւ աւետարանչական սեփական արմատներուն վերադառնալու հոսանք մը։ Առաջնորդուելով այն սկզբունքէն, որ Հայաստանեայց Եկեղեցին հիմնուած էր Քրիստոսի առաջին Աւետարանիչներուն կողմէ եւ դաւանելով, թէ նոյնինքն Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ առաջին մեծ աւետարանիչն էր հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ, Հայոց Պատրիարքութիւնը կեանքի կոչեց իր միաբաններէն ու ժամանակի լուսամիտ մտաւորականներէն կազմուած յանձնաժողով մը, որուն վստահեցաւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ դաւանաբանութիւնը այժմէականացնելու, բարեկարգելու եւ ազգային իր աւանդներով վերականգնելու առաքելութիւնը։ Վերանորոգման այդ շարժումը, արտաքին թէ ներքին տարբեր ազդակներու ներգործութեան տակ, յանգեցաւ բուռն հակադրութեան Հայոց Պատրիարքութեան պահպանողական եւ յառաջդիմական թեւերուն միջեւ։ Հոգեւորականներու այդ ներքին ճեղքը խորացնելու եկան ամիրայական խաւի այն ներկայացուցիչները, որոնք ճաշակած էին բողոքական միսիոնարներու կրթական ծաւալուն գործունէութեան բարիքները, իւրացուցած էին եւրոպական յառաջադէմ մտքի քարոզած արժէքները եւ բուռն ընդդիմադիրները դարձած էին կղերապետական խաւարամտութեան։
Աւետարանչական-բողոքական թեւը, բախելով Հայոց Պատրիարքութեան ուժեղ եւ բիրտ մերժողականութեան, 1 Յուլիս 1846ին հիմը դրաւ, Պոլսոյ Բերա թաղին մէջ, առաջին Հայ Աւետարանական Եկեղեցիին եւ պաշտօնական դիմումնագրով մը ներկայացաւ կառավարութեան, որպէսզի պաշտօնական ճանաչում եւ արտօնութիւն ստանայ։
Այդ դիմումին ընդառաջելով էր, որ 2 Նոյեմբեր 1847ին սուլթանը ստորագրեց բողոքականութիւնը իբրեւ ուրոյն հասարակութիւն՝ «միլլէթ» ճանչնալու «Իրատէն» (Կայսերական Հրամանագիրը)։
Այդպէ՛ս իրաւականօրէն կեանքի կոչուեցաւ Հայ Աւետարանական Եկեղեցին մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ։
Հայոց Պատրիարքը օրին պաշտօնապէս բանադրեց բողոքականութիւնը եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցին մինչեւ քսաներորդ դարու երկրորդ կէսը բուռն պայքար մղեց հայ բողոքականներու ինքնահաստատման դէմ։
Այդ պատճառով ալ, Հայ Աւետարանական Եկեղեցին, թէեւ աւելի քան հարիւր տարի դատապարտուեցաւ լուսանցքային դերակատարութեան հայ ժողովուրդի հոգեւոր կեանքին մէջ, այսուհանդերձ մեծապէս ազդու ներգործութիւն ունեցաւ հայաբնակ բոլոր քաղաքներու նորահաս սերունդներու ուսումնառութեան վրայ։ Թէ՛ 19րդ դարավերջի հայկական գաւառի հայ երիտասարդութեան ազգային-յեղափոխական զարթօնքին մէջ, թէ՛ 1920ականներէն սկսեալ յետ-եղեռնեան գաղթական սերունդները ուսումով ապահովելու եւ կեանքի պայքարին մէջ յաջողութեան առաջնորդելու մարզերուն մէջ, մեծապէս բարեբեր եղաւ Հայ Աւետարանական Եկեղեցիին ազգային առաքելութիւնը։ Նաեւ խորհրդային երկաթէ վարագոյրէն անդին, բողոքականութեան վայելած շարժումի մասնակի ազատութեանց բերմամբ, Հայ Աւետարանական Եկեղեցին կրցաւ կրթական եւ ընկերային-խնամատարական իր նպաստը բերել հայրենի հողի վրայ կազմաւորուող հայ ժողովուրդի նորահաս սերունդներուն։
Դժուար ժամանակներու մէջ ծնունդ առաւ Հայ Աւետարանական Եկեղեցին եւ երկար ժամանակ հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական ոգորումներուն անհաղորդ ուղղութեան մէջ պահեց քրիստոնէական հաւատամքի եւ հոգեւոր պաշտամունքի իր առաքելութիւնը։ Բայց ինչպէս որ օտար կամ արտաքին բոլոր մեծ թափանցումներու պարագային եղած է, բողոքականութեան պարագային եւս հայ ժողովուրդը կրցաւ ազգայնացնել Հայ Աւետարանական Եկեղեցին, որ այսօր իր արժանաւոր տեղը ունի հայ ժողովուրդի հաւաքական կեանքի ու հոգեմտաւոր ուժի կազմակերպումին ու հզօրացման մէջ։
Այդպէս եղաւ, որովհետեւ հայ ժողովուրդին իմաստուն մեծամեծները օրին իսկ անդրադարձան կրօնը անհատական խղճի հարց համարելու եւ հայեցիութեան արժեչափով հասարակական որեւէ շարժում գնահատելու հրամայականին։
Վկան անմահանուն մեծն Րաֆֆին է, որ օրին, հայ բողոքականութեան դէմ ծաւալած բուռն արշաւներու մթնոլորտին մէջ, մարգարէական իր շունչով՝ Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ առջեւ պարզեց հայացման ուղին.
«Կրկնում եմ, շատ ցաւալի է տեսնել Թուրքիայում կրօնի պատճառով հայերի մի մասն անջատուած ազգային ամբողջութիւնից: Բայց քանի որ դա արդէն պատմական կատարուած իրողութիւն է, ուրեմն պէտք է միաւորելու հնարներ որոնել եւ ոչ թէ բաժանող վիհն աւելի ու աւելի լայնացնել։
«Վէճը կարծիքների տարբերութեան մէջ է, թէ որպէ՛ս պէտք էր միաւորուել։
«Կրկին թթուած ազգասիրութեամբ քարոզել այն մաշուած թեման, թէ մենք կրօնական ժողովուրդ ենք, թէ մեր ազգութիւնը ճանաչւում է մեր եկեղեցիով, թէ ով որ լուսաւորչական չէ, հայ եւս համարուել չէ կարող եւայլն. այդ տեսակ քարոզներ գուցէ մի ժամանակ հարկաւոր լինէին, իսկ այժմ գնացել են։
«Իմաստակութիւնը մեր մէջ թթուած ազգասիրութեան հետ ձեռք ձեռքի է գնում: Հայ կաթոլիկը եւ հայ բողոքականն անցեալ չունեն,- ասում են ոմանք,- միայն լուսաւորչական հայերը անցեալ ունեն, որովհետեւ պատմութիւնը նրանց է պատկանում։ Դրանից ստոր երեխայական մտածութիւններ լինել չեն կարող»։
Եզրակացնելու համար կը մնայ լուսարձակը կեդրոնացնել, Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ իրաւական ճանաչման՝ հիմնադրութեան 170ամեակին առիթով, այժմէական այն հարցադրումին վրայ, թէ թրքական պետութիւնը ինք ինչպէ՞ս վարուեցաւ ու, մանաւա՛նդ, այսօր ինչպէ՞ս կը վարուի 170 տարի առաջ Բողոքականութեան շնորհած իր պաշտօնական՝ «կայսերական» ճանաչումին հետ։ Յատկապէս՝ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը համիսլամականութեան եւ համա-օսմանականութեան «փառք»ի օրերուն վերադարձնելու դրօշը պարզած Էրտօղանի իշխանութեան շրջանին։
Հայաստանեան «Նորավանք» հանդէսի էջերուն իր լոյս ընծայած ուսումնասիրութեան մէջ՝ «Թուրքիոյ հայ բողոքական համայնքը» խորագրին տակ, Վահրամ Հովեան կը հաստատէ, թէ «Առաջին Աշխարհամարտի ընթացքում իրագործուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ինչպէս նաեւ դրան յաջորդած քրիստոնեաների շարունակական հալածանքները Թուրքիայում խիստ բացասական ազդեցութիւն ունեցան նաեւ հայ բողոքական համայնքի վրայ՝ յանգեցնելով վերջինիս թուաքանակի խիստ նուազմանը։ Եթէ մինչեւ Առաջին Աշխարհամարտը բողոքական հայերի թիւը Թուրքիայում անցնում էր 60 հազարից, ապա Ցեղասպանութիւնից յետոյ նրանց թիւը կազմում էր 14 հազար։ Հայ բողոքականների մի մասը զոհուեց Ցեղասպանութեան հետեւանքով, մի զգալի մասն էլ բովանդակ հայութեան հետ միասին տարագրուեց, որով էլ «սկսուեց հայ աւետարանականութեան սփիւռքի շրջանը»։ Ցեղասպանութիւնից յետոյ արդէն հանրապետական Թուրքիայում հայ բողոքական համայնքի թուաքանակը շարունակեց նուազել քրիստոնեաների նկատմամբ շարունակուող անհանդուրժողականութեան եւ հալածանքների հետեւանքով»։
Նոյն ուսումնասիրողին համաձայն՝ թրքական պաշտօնական տուեալներով իբր թէ միայն 500 հայ աւետարանական մնացած է այսօրուան Թուրքիոյ մէջ, բայց իսկական թիւը բազմապատիկ շատ աւելի է, մանաւանդ որ թաքնուած կամ բռնի իսլամացուած հայերու միլիոնը անցնող զանգուածէն ներս, վերջին տասնամեակին թափ առած վերաքրիստոնէացման շարժումին լոյսին տակ, մեծ թիւ կը կազմեն անոնք, որոնք բողոքականութեան մէջ կը գտնեն իրենց հայ քրիստոնեայի արմատները։
Մեծ Եղեռնի նախօրեակին հայ աւետարանական համայնքի թուական պատկերին եւ կազմակերպական իրավիճակին մասին մանրամասն տուեալներ կու տայ Վերապատուելի Պարգեւ Տարագճեանի վերջերս լոյս ընծայած անգլերէն յօդուածը՝ «Աւետարանչութիւնը Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ սկզբնական շրջանին» խորագրին տակ։ Այսպէս, օրինակ՝
— Օսմանեան Կայսրութեան տարածքին, 1914ին, կը գործէին 150 աւետարանական եկեղեցիներ, որոնք ունէին 100 հազար հաւատացեալներ։
— 1870ականներուն, տարեկան 30 հազար Ս. Գիրք կը վաճառուէր հայերու եւ օրական 300 հազար Ս. Գիրք կþընթերցուէր։
— Մեծ Եղենէն առաջ 675 հայ աւետարանական դպրոցներ կը գործէին Օսմանեան Կայսրութեան տարածքին։
Այդ պատկերին լոյսին տակ պարզապէս աւելիով կը շեշտուի ահաւորոթիւնը թրքական պետութեան կիրարկած ճնշումի եւ հալածանքի քաղաքականութեան, որուն վերաբերեալ Վ. Հովեան կþաւելցնէ հետեւեալը.
— «Թուրքիայում փոքրամասնութիւնների նկատմամբ իրականացուած հալածանքները յանգեցրին նաեւ հայ բողոքականների կազմակերպական կառոյցների կրճատմանը: Ի տարբերութիւն այլ երկրների հայ բողոքական համայնքների, որոնց բնորոշ է տարատեսակ (հոգեւոր-եկեղեցական, կրթամշակութային, սոցիալական, տեղեկատուական) կառոյցների առատութիւնը, Թուրքիայի հայ բողոքական համայնքի կազմակերպական կառոյցները ներկայումս կազմում են խիստ սահմանափակ թուով եկեղեցական ու կրթական հաստատութիւնները: Երբեմնի բազմաթիւ աւետարանական եկեղեցիների փոխարէն, որոնք սփռուած էին Թուրքիայի հայաշատ վայրերում, կայ ընդամէնը երկու հայ աւետարանական եկեղեցի` Կ.Պոլսի Կետիքփաշա եւ Պէյօղլու թաղամասերի հայ աւետարանական եկեղեցիները: Եթէ Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի նախօրէին հայ բողոքական համայնքն Օսմանեան Կայսրութիւնում ունէր բազմաթիւ դպրոցներ, ապա այժմ կայ միայն Կ.Պոլսի Կետիքփաշա թաղամասի Հայ Աւետարանական եկեղեցուն կից դպրոցը: Այլ կարգի հաստատութիւնները` բարեգործական, տեղեկատուական եւ այլն, բացակայում են:
«Նախկինում գործող Հայ Աւետարանական եկեղեցիներն աւերուած ու լքուած են:
«Թուրքական կառավարութիւնը թոյլ չի տալիս վերանորոգելու եւ վերագործարկելու դրանք, իսկ իր կողմից վերանորոգուածները ծառայում են միայն որպէս թանգարանային նմոյշ` զբօսաշրջութեան զարգացման համար: Ինչ վերաբերում է Հայ Աւետարանական եկեղեցու երբեմնի հարուստ կալուածներին (դպրոցներ, ճամբարներ, որբանոցներ եւ այլն), ապա դրանք բռնագրաւուած են պետութեան կողմից: Դրանք վերադարձնելու ջանքերն առայժմ արդիւնք չեն տուել: Խնդիրն այն է, որ Թուրքիայում կրօնական համայնքներին արգելուած է սեփականութիւն ունենալ: Բռնագրաւուած գոյքի մի մասն էլ թուրքական կառավարութիւնը վաճառել է մասնաւոր անձանց, ինչն աւելի է դժուարացնում դրանց վերադարձման գործը»:
Ահա՛ խիստ համառօտ պատասխանը այն հարցադրումին, թէ թրքական պետութիւնը ինչպէ՞ս վարուեցաւ 170 տարի առաջ սուլթանական հրամանագրով Բողոքականութիւնը՝ իմա՛ Հայ Աւետարանական Եկեղեցին պաշտօնապէս ճանչնալու իր որոշումին հետ։
Ամբողջ հայ ժողովուրդին եւ անոր կազմակերպ բոլոր կառոյցներուն դէմ պետականօրէն գործադրուած ցեղասպանական մեծ ոճիրին ենթարկուեցաւ ճակատագիրը նաեւ հայ աւետարանականներուն ու Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ։
Այդ առումով ալ, Թուրքիոյ Հանրապետութեան ղեկին կանգնած այսօրուան իշխանութիւնները հաշիւ պիտի տան նաեւ հայ աւետարանականներու նկատմամբ իրենց գործադրած իրաւազրկումի եւ դաւանական հալածանքի քաղաքականութեան համար՝ ի վերջոյ տէր կանգնելու համար հայ ժողովուրդին դէմ պետականօրէն իրենց գործադրած ցեղասպանութիւնը ճանչնալու, դատապարտելու եւ քաղաքական հատուցում կատարելու անժամանցելի պարտաւորութեան։
Ն.