կարևոր
0 դիտում, 7 տարի առաջ - 2017-09-06 12:28
Հասարակություն

4-7 ­Սեպ­տեմ­բեր 1922. ­Ժը­նե­ւի մէջ գու­մա­րո­ւե­ցաւ «­Հա­յա­սէր­նե­րու ­Մի­ջազ­գա­յին ­Լի­կա»-ին պատ­մա­կան հա­մա­գու­մա­րը

4-7 ­Սեպ­տեմ­բեր 1922. ­Ժը­նե­ւի մէջ գու­մա­րո­ւե­ցաւ «­Հա­յա­սէր­նե­րու ­Մի­ջազ­գա­յին ­Լի­կա»-ին պատ­մա­կան հա­մա­գու­մա­րը

Աղբյուրը՝ arfd.am

Սեպ­տեմ­բե­րի այս օ­րե­րուն (4էն 7), 95 տա­րի ա­ռաջ, «­Հա­յա­սէր­նե­րու ­Մի­ջազ­գա­յին Լի­կա»ն ­պատ­մա­կան հա­մա­գու­մար մը ու­նե­ցաւ ­Ժը­նե­ւի մէջ (­Զո­ւի­ցե­րիա), հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ թրքա­կան պե­տու­թեան գոր­ծադ­րած ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րուն՝ վե­րապ­րող բիւ­րա­ւոր հայ գաղ­թա­կան­նե­րուն տէր կանգ­նե­լու հիմ­նա­կան օ­րա­կար­գով։

Զ­միւռ­նիոյ շուրջ մղո­ւող յոյ­նեւթր­քա­կան բուռն պա­տե­րազ­մի ար­հա­ւիր­քի օ­րերն էին, յոյ­նե­րով եւ հա­յե­րով բնա­կո­ւած հի­նա­ւուրց, այ­լեւ մե­ծա­պէս ծաղ­կուն ա­ռեւտ­րա­կան-մշա­կու­թա­յին քա­ղա­քի քե­մա­լա­կան գրաւ­ման ու հրկիզ­ման ա­հա­ւոր ժա­մա­նա­կաշր­ջանն էր։ Եւ­րո­պա­յի տա­րած­քին, ինչ­պէս նաեւ Ա­մե­րի­կա­յի ­Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րուն մէջ գոր­ծող մար­դա­սի­րա­կան բա­զում կազ­մա­կեր­պու­թեանց պա­տո­ւի­րակ­նե­րը եւ հռչա­կա­ւոր հա­յա­սէր գոր­ծիչ­ներ հա­ւա­քո­ւած էին ­Ժը­նեւ, որ­պէս­զի միաս­նա­բար քննէին եւ հո­գա­տա­րա­կան լու­ծում­ներ գտնէին թէ՛ ­Մեծ Ե­ղեռ­նէն վե­րապ­րած հայ­րե­նա­հան հայ գաղ­թա­կա­նու­թեան ող­բեր­գա­կան դրու­թեան, թէ՛ տա­կա­ւին Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թիւն նկա­տո­ւող թրքա­կան պե­տու­թեան կող­մէ ­Քե­մա­լի ձե­ռամբ շա­րու­նա­կո­ւող ցե­ղաս­պա­նա­կան ո­ճիր­նե­րու հայ զո­հե­րուն ան­տի­րու­թեան եւ թշո­ւա­ռու­թեան վի­ճա­կին։

Թէեւ նոր­վե­կիա­ցի Ֆ. ­Նան­սէնն էր հա­մա­գու­մա­րի շար­ժիչ ո­գին, բայց ա­ռա­ւե­լա­բար զո­ւի­ցե­րիա­ցի հա­յա­սէր­նե­րու շնոր­հիւ էր, որ ­Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի եւ Եւ­րո­պա­յի տա­րած­քին հող­մաց­րիւ ե­ղած հայ գաղ­թա­կա­նու­թեան վե­րապ­րու­մը ա­պա­հո­վե­լու մտա­սե­ւե­ռու­մը իր հու­նով ա­ռաջ­նոր­դեց հա­մա­գու­մա­րին աշ­խա­տանք­նե­րը։

Հա­մա­գու­մա­րին կա­րե­ւո­րա­գոյն ի­րա­գոր­ծու­մը ե­ղաւ բիւ­րե­ղա­ցու­մը՝ «­Նան­սէ­նեան Անձ­նա­գիր» ա­նու­նով յայտ­նի՝ մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւա­կան փաս­տա­թուղ­թով մը հայ գաղ­թա­կա­նու­թիւ­նը օ­րէն­քով պաշտ­պա­նե­լու գա­ղա­փա­րին։ Ի­րո­ղա­պէս ար­դէն պատ­մու­թեան ան­ցած Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան տե­ղա­հա­նո­ւած հայ քա­ղա­քա­ցի­նե­րը պէտք է ար­ժա­նա­նա­յին նո­րաս­տեղծ Ազ­գե­րու ­Լի­կա­յին կող­մէ շնոր­հո­ւած մի­ջազ­գա­յին յա­տուկ կար­գա­վի­ճա­կի, որ ա­նոնց գաղ­թա­կա­նի կե­ցու­թիւնն ու երկ­րէ եր­կիր ճամ­բոր­դու­թիւ­նը պի­տի օժ­տէր ի­րա­ւա­կան փաս­տա­թուղ­թով։ Ֆ. ­Նան­սէն ինք աշ­խոյժ ան­դամ­նե­րէն էր «­Հա­յա­սէր­նե­րու ­Մի­ջազ­գա­յին ­Լի­կա»յին, իսկ այդ օ­րե­րուն ար­դէն նշա­նա­կո­ւած էր Ազ­գե­րու ­Լի­կա­յին գաղ­թա­կա­նու­թեան հար­ցե­րով ­Բարձր Յանձ­նա­կա­տար։

Ինչ­պէս որ հրա­պա­րա­կա­գիր ­Վար­դան Օ­հա­նեան դի­տել կու տայ ­Նան­սէ­նի նո­ւի­րո­ւած իր հրա­պա­րա­կում­նե­րէն մէ­կուն մէջ՝
«­Յայտ­նի է, որ թէ՛ Ազ­գե­րու ­Լի­կա­յին, թէ՛ ­Լօ­զա­նի ­Հա­մա­գու­մա­րին մէջ զուր ան­ցան հա­յու­թեան հա­մար դրա­կան, քա­ղա­քա­կան լու­ծում­ներ ստա­նա­լու՝ հայ քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­նե­րու, ­Նան­սէ­նի ու միւս հա­յա­սէր­նե­րու ջան­քե­րը. կը մնար գաղ­թա­կան­նե­րու դրու­թիւ­նը գո­նէ տա­նե­լի դարձ­նե­լու, ա­պա՝ հայ­րե­նա­դար­ձու­թիւն կազ­մա­կեր­պե­լու գոր­ծը: ­Հայ­կա­կան ­Հար­ցը քա­ղա­քա­կա­նէն վե­րա­ծո­ւե­ցաւ զուտ մար­դա­սի­րա­կա­նի: ­Բանն այն է, որ բազ­մա­հա­զար հայ գաղ­թա­կան­ներ, կորսնց­նե­լով ի­րենց քա­ղա­քա­ցիա­կան ի­րա­ւունք­նե­րը սե­փա­կան երկ­րին մէջ՝ չու­նէին այդ­պի­սիք ի­րենց հանգ­րո­ւա­նած պե­տու­թեան մէջ:

Ն­ման ի­րա­ւա­զուրկ վի­ճա­կի մէջ յայտ­նո­ւած այ­լազ­գի­նե­րը նոյն­պէս մեծ թիւ կը կազ­մէին՝ յոյ­ներ, հրեա­ներ, ռուս­ներ…
«­Հար­ցին լու­ծու­մը տո­ւաւ ­Նան­սէն 1922ին, ­Ժը­նե­ւի յա­տուկ հա­մա­գու­մա­րին՝ ա­ռա­ջար­կե­լով սահ­մա­նել իր ստո­րագ­րու­թեամբ անձ­նա­կան վկա­յա­կան: 52 երկր­նե­րու կա­ռա­վա­րու­թիւն­ներ ըն­դու­նե­ցան «­Նան­սէ­նեան Անձ­նա­գիր»նե­րուն ի­րա­ւա­կա­նու­թիւ­նը, ինչ որ նոր ե­րե­ւոյթ էր մարդ­կու­թեան պատ­մու­թեան մէջ, երբ տո­ւեալ երկ­րի զի­նան­շա­նին փո­խա­րէն՝ անձ­նագ­րին մէջ կը փակ­ցո­ւէր դրոշ­մա­նիշ ­Նան­սէ­նի նկա­րով ու «Ազ­գե­րու ­Լի­կա» գրու­թեամբ: ­Տաս­նեակ հա­զա­րա­ւոր հա­յեր դար­ձան «­Նան­սէ­նա­կան», ո­րոնց մէկ մա­սը հե­տա­գա­յին ներ­գաղ­թեց ­Խորհր­դա­յին ­Հա­յաս­տան: ­Վեր­ջին­նե­րուս օգ­նե­լու նպա­տա­կով՝ Ազ­գե­րու ­Լի­կան 1924ի ­Սեպ­տեմ­բե­րի 25ին կազ­մեց յա­տուկ յանձ­նա­ժո­ղով՝ ­Նան­սէ­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ»։

95 տա­րո­ւան հե­ռա­ւո­րու­թե­նէն նա­յե­լով ­Ժը­նե­ւի մէջ ­Հա­յա­սէր­նե­րու ­Սեպ­տեմ­բեր 1922ի հա­մա­գու­մա­րով ճամ­բայ հա­նո­ւած եւ Ազ­գե­րու ­Լի­կա­յին կող­մէ որ­դեգ­րո­ւած այդ քայ­լին, ան­կաս­կած միայն դրա­կան ար­ժե­ւո­րում կա­րե­լի է տալ ցու­ցա­բե­րո­ւած մար­դա­սի­րա­կան մօ­տե­ցու­մին։ ­Բայց նոյ­նը կա­րե­լի չէ հաս­տա­տել «­Նան­սէ­նեան Անձ­նա­գիր»ի քա­ղա­քա­կան նշա­նա­կու­թեան մա­սին, ո­րով­հե­տեւ ի­րա­ւա­կա­նօ­րէն նո­ւի­րա­գոր­ծե­լով հայ­րե­նա­զուրկ հա­յոց հայ­րե­նա­հա­նի ու գաղ­թա­կա­նի մի­ջազ­գա­յին կար­գա­վի­ճա­կը, փաս­տօ­րէն ­Հայ­կա­կան ­Հար­ցը քա­ղա­քա­կան օ­րա­կար­գէ հա­նուե­ցաւ. այդ­պէ՛ս նա­խա­պատ­րաս­տո­ւե­ցաւ ­Յու­լիս 1923ի ­Մեծ Ու­րաց­ման ­Լօ­զա­նի ­Դաշ­նա­գի­րը։

1922ի ­Սեպ­տեմ­բե­րի 4էն 7 ­Ժը­նե­ւի մէջ գու­մա­րո­ւած «­Հա­յա­սէր­նե­րու ­Մի­ջազ­գա­յին Լի­կա»յի խորհր­դա­ժո­ղո­վին ա­ռի­թով կ­՛ար­ժէ նշել, որ ­Զո­ւի­ցե­րիա­ցի հա­յա­սէր­նե­րը 19րդ դա­րու վեր­ջե­րէն սկսեալ կա­րե­ւոր ներդ­րում ու­նե­ցած են ոչ միայն ­Հա­մի­տեան կո­տո­րած­նե­րու հայ զո­հե­րուն պատս­պար­ման, որ­բախ­նա­մու­թեան եւ ու­սու­մով ա­պա­հով­ման մար­զե­րուն մէջ, այ­լեւ՝ ­Հայ­կա­կան ­Հար­ցի ար­դար լուծ­ման ի խնդիր ի­րենց ծա­ւա­լած հան­րա­յին կար­ծի­քը զօ­րա­շար­ժի մղե­լու նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րով։

Հան­րա­գի­տա­կան տե­ղե­կու­թեանց հա­մա­ձայն՝ ­Զո­ւի­ցե­րիան հայ­կա­կան աղ­բիւր­նե­րու մէջ ա­ռա­ջին ան­գամ յի­շա­տա­կո­ւած է ­Մար­տի­րոս Եպս. Երզն­կա­ցիի «­Պատ­մու­թիւն ֆռան­կեաց երկ­րին, զոր տե­սեալ է Երզն­կա­ցի ­Մար­տի­րոս Ե­պիս­կո­պոսն» վեր­նա­գի­րը կրող վէ­պին մէջ, 15րդ ­դա­րուն։ Ա­տե­նին, նոյն հայ հո­գե­ւո­րա­կա­նը, ճա­նա­պար­հոր­դե­լով Եւ­րո­պա­յի տա­րած­քին, գրած է ու­ղեգ­րա­կան նո­թեր, ո­րոնց մէջ տեղ է յատ­կա­ցո­ւած նաեւ ­Զո­ւի­ցե­րիա­յի նկա­րագ­րու­թեան:

Հա­յե­րու ներ­կա­յու­թիւ­նը ­Զո­ւի­ցե­րիոյ մէջ սկսած է շեշ­տո­ւե­լու 19րդ ­դա­րու երկ­րորդ կի­սուն, երբ ­Հա­յաս­տա­նի տար­բեր շրջան­նե­րէն հայ ե­րի­տա­սարդ­ներ հաս­տա­տո­ւած են հոն՝ զո­ւի­ցե­րիա­կան հա­մալ­սա­րան­նե­րու մէջ բարձ­րա­գոյն ու­սում ստա­նա­լու նպա­տա­կով։ 19 դա­րա­վեր­ջին եւ 20րդ ­դա­րաս­կիզ­բին, ­Պա­զէ­լի, ­Լօ­զա­նի, ­Ժը­նե­ւի, Ցիւ­րի­խի եւ զո­ւի­ցե­րիա­կան այլ հա­մալ­սա­րան­նե­րու մէջ ու­սա­նած են մե­ծար­ժէք հայ գրող­ներ ­Ռու­բէն ­Սե­ւա­կ, Ա­ւե­տիս Ա­հա­րո­նեա­նը, Ա­ւե­տիք Ի­սա­հա­կեա­ն, ­Դե­րե­նիկ Դե­միր­ճեա­ն, հրա­պա­րա­կա­խօս Գ­րի­գոր Արծ­րու­նին, Ա­մե­նայն ­Հա­յոց ­Կա­թո­ղի­կոս՝ պոլ­շե­ւիկ­նե­րու ձե­ռամբ խեղ­դա­մահ ե­ղած ­Խո­րէն ­Մու­րադ­բե­կեա­ն եւ ու­րիշ­ներ:

Ծա­նօթ է, որ 1887ին ­Ժը­նե­ւի մէջ հիմ­նո­ւե­ցաւ ­Սո­ցիալ-­Դե­մոկ­րատ Հն­չա­կեան Կու­սակ­ցու­թիւ­նը: Իսկ Հ.Յ.Դ. պաշ­տօ­նա­թերթ «Դ­րօ­շակ»ի հրա­տա­րա­կու­թեան ա­ռա­ջին շրջա­նը՝ 1891էն 1914, կա­տա­րո­ւե­ցաւ ­Ժը­նե­ւի մէջ։ 1907ին ­Լօ­զա­նի հա­մալ­սա­րա­նի ու­սա­նող­նե­րը հիմ­նե­ցին «Ար­մե­նիա» միու­թիւ­նը, իսկ 1914ին՝ «­Տե­ղե­կա­տու ­Բիւ­րօ» կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը: ­Մին­չեւ մեր օ­րե­րը ­Զո­ւի­ցե­րիոյ մէջ կը գոր­ծէ հայ­կա­կան փոք­րա­թիւ, բայց աշ­խոյժ գա­ղութ մը։

Զո­ւի­ցե­րիոյ հա­սա­րա­կու­թիւ­նը մշտա­պէս հե­տաքրք­րու­թիւն ցու­ցա­բե­րած է ­Հա­յաս­տա­նը յու­զող հար­ցե­րու նկատ­մամբ: 1894-96ին, ­Հա­մի­տեան կո­տո­րած­նե­րէն յե­տոյ, ­Զո­ւի­ցե­րիոյ հա­յա­սէր շրջա­նակ­նե­րը դի­մե­ցին երկ­րի կա­ռա­վա­րու­թեան` պա­հան­ջե­լով, որ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը դա­տա­պար­տեն հա­յե­րու ջար­դը եւ բո­ղոք յայտ­նեն Օս­մա­նեան Կայս­րու­թեան դէմ:

1897ի ­Մար­տին, ­Զո­ւի­ցե­րիոյ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը քննար­կեց այդ դի­մու­մը եւ հան­դէս ե­կաւ պաշ­տօ­նա­կան յայ­տա­րա­րու­թեամբ` հա­յե­րու կո­տո­րա­ծը Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան մէջ ո­րա­կե­լով որ­պէս ոճ­րա­գոր­ծու­թիւն մարդ­կու­թեան դէմ:
Պա­տա­հա­կան չէ, որ մեր օ­րե­րուն ­Զո­ւի­ցե­րիա օ­րէն­քով կը պատ­ժէ ­Հա­յաս­պա­նու­թեան փաս­տը ու­րա­ցող­նե­րը։
Զո­ւի­ցե­րիա­ցի հա­յա­սէր­նե­րու կազ­մա­կերպ­ման ա­ռա­ջին քայ­լե­րէն մէ­կը կը նկա­տո­ւի Պա­լէ քա­ղա­քի քա­հա­նայ ­Փօլ ­Ռի­կեն­պա­խի «­Հա­յե­րու ­Զո­ւի­ցե­րիա­ցի ­Բա­րե­կամ­նե­րու Ըն­կե­րու­թիւն» բա­րեխ­նամ հաս­տա­տու­թիւ­նը, որ 19րդ ­դա­րա­վեր­ջին որ­բա­նոց­ներ եւ անվ­ճար բժշկա­կան հաս­տա­տու­թիւն­ներ հիմ­նեց Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան հայ­կա­կան շրջան­նե­րուն մէջ: Իսկ 1920ին հիմ­նո­ւե­ցաւ «­Զո­ւի­ցե­րիոյ ­Հա­յա­սէր­նե­րու Ըն­կե­րու­թիւ­նը», որ նպա­տակ ու­նէր դի­ւա­նա­գի­տա­կան եւ քա­ղա­քա­կան մի­ջոց­նե­րով պաշտ­պա­նե­լու Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան՝ իբ­րեւ հա­յոց ան­կախ պե­տու­թեան ի­րա­ւունք­նե­րը: Այդ Ըն­կե­րու­թիւնն էր՝ իր ղե­կա­վար­նե­րէն խորհր­դա­րա­նի ան­դամ­ներ ­Ճիւ­զեփ­փէ ­Մոթ­թա­նի եւ ­Կիւս­տաւ Ա­տո­րի գլխա­ւո­րու­թեամբ, որ հիմ­նա­կան դեր խա­ղաց 4էն 7 ­Սեպ­տեմ­բե­րին, 1922 թո­ւին, ­Ժը­նե­ւի մէջ «­Հա­յա­սէր­նե­րու ­Մի­ջազ­գա­յին ­Լի­կա»յին հա­մա­գու­մա­րը կազ­մա­կեր­պե­լու ի­րա­գործ­ման մէջ։

Թր­քա­կան պե­տու­թեան գոր­ծադ­րած հա­յաս­պա­նա­կան մեծ ո­ճի­րին դէմ մի­ջազ­գա­յին դա­տա­պար­տու­մի ու­ժեղ ա­լիք բարձ­րա­ցու­ցած ­Հա­մա­գու­մա­րին 95ա­մեա­կը ո­գե­կո­չե­լով՝ կ­þար­ժէ հայ քա­ղա­քա­կան մտքի օ­րա­կար­գին վրայ բե­րել հրա­մա­յա­կան անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը՝ նա­խա­ձեռ­նե­լու եւ կազ­մա­կեր­պե­լու, մեր օ­րե­րուն, ի­րա­պէս հա­մաշ­խար­հա­յին ընդգր­կու­մով ­Հայ ­Դա­տի ­Մի­ջազ­գա­յին ­Բա­րե­կամ­նե­րու հա­մա­գու­մա­րի մը։

Կա­ռա­վա­րա­կան, քա­ղա­քա­կան, հա­սա­րա­կա­կան, ա­կա­դե­մա­կան եւ ընդ­հան­րա­պէս ա­զա­տա­խոհ եւ մար­դա­սէր մտա­ւո­րա­կան ե­րե­ւե­լի դէմ­քե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ՝ ա­ռա­ջադ­րո­ւած ­Հա­մա­գու­մա­րը, այս ան­գամ, կո­չո­ւած է շեշ­տա­կիօ­րէն քա­ղա­քա­կան բնոյթ եւ հնչե­ղու­թիւն ու­նե­նա­լու եւ ողջ աշ­խար­հին յի­շեց­նե­լու, այ­լեւ ու մա­նա­ւանդ Թուր­քիան պար­տա­ւո­րեց­նե­լու, որ­պէս­զի պե­տա­կա­նօ­րէն հա­տու­ցա­նէ հա­րիւ­րեր­կու տա­րի ա­ռաջ իր գոր­ծադ­րած, բայց մին­չեւ այ­սօր ան­պա­տիժ մնա­ցած հայ ժո­ղո­վուր­դը բնաջն­ջե­լու եւ ­Հա­յաս­տա­նի բռնագ­րա­ւու­մը «օ­րի­նա­կա­նաց­նե­լու» ցե­ղաս­պա­նա­կան, այ­լեւ՝ քա­ղա­քա­կան մեծ ո­ճի­րը՝ ամ­բող­ջա­պէս վե­րա­կանգ­նե­լով հայ­րե­նա­հան հա­յու­թեան ազ­գա­յին, քա­ղա­քա­կան, տնտե­սա­կան եւ մարդ­կա­յին ի­րա­ւունք­նե­րը, ­Մեծ Ար­դա­րու­թիւ­նը։

Ն.