Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Աղբյուրը՝ armenianorthodoxchurch
Պրիւքսէլ իր կեցութեան կարճ շրջանին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը աշխատանքային հանդիպում մը ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան Որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանի բարերարին՝ Տէր եւ Տիկ. Ալէքքօ եւ Անի Պէզիքեաններու հետ։ Ազգային բարերարը միաժամանակ ատենապետն է յիշեալ թանգարանի յանձնախումբին։ Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ թանգարանի յանձնախումբի փոխ-ատենապետ՝ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան։
Հայր Սուրբը ընդհանուր գիծերով ներկայացուց թանգարանին աշխատանքները, իր գոհունակութիւնը յայտնեց հայ թէ օտար շրջանակներէն ներս թանգարանին նկատմամբ աճող հետաքրքրութեան, այցելուներու թիւի աճման, ինչպէս նաեւ պարզեց կարգ մը ծրագիրներու իրագործման կարեւորութիւնը։ Տէր եւ Տիկ. Ալէքքօ եւ Անի Պէզիքեանները սիրով յանձն առին հոգալ կատարուելիք աշխատանքներուն ծախսերը։ Ապա քննարկուեցան թանգարանը աւելի զարգացնելու կարելիութիւնները։
Այս առիթով, Նորին Սրբութիւնը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց ազգային բարերարին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նկատմամբ իր ցուցաբերած զօրակցութեան համար։