կարևոր
0 դիտում, 7 տարի առաջ - 2017-09-27 16:39
Հասարակություն

Հանրաքվեն դեռ անկախություն չէ

Հանրաքվեն դեռ անկախություն չէ

Իրաքեան Քիւրտիստանի մէջ կայացած հանրաքուէն ակնկալուած կարգով կը նկատուի տարածաշրջանային կարեւորագոյն իրադարձութիւններէն մէկը, որ ստացած էր արդէն աշխարհաքաղաքական տարողութիւն: Տարածաշրջանին մէջ, անկախ ժողովրդագրական պատկերներու կտրուկ եւ յարափոփոխ միտումներէն, ըստ էութեան աշխարհագրական առաջին քարտէսավերագծումի մեկնարկին նախադրեալներն են, որ կը փոխանցուին:

Այս չի նշանակեր անշուշտ, որ հանրաքուէն իրաւական անկախութիւն է կամ ճանչցուած հանրապետութեան կայացում: Հանրաքուէն այդ ճամբուն վրայ առնուած առաջին քայլն է, բայց նաեւ աշխարհաքաղաքական նկրտումներն ու ծրագիրներու մասին վերլուծումները նկատի ունենալով` շանթաժի կամ խաղաթղթային քաղաքականութեան կարեւորագոյն գործօններէն մէկը:

Յայտարարութիւնները նկատի ունենալով, բացի Իսրայէլէն (որոշ երանգներով նաեւ Քանատան) որեւէ կողմ չ՛ողջուներ կամ չ՛ուզեր ճանչնալ նորովի երկրի մը ստեղծման ուղղութեամբ առնուած քայլը: Այդ յայտարարութիւններու ոճերուն մէջ կան տարբերութիւններ. կտրուկ ընդդիմութենէն, հետեւանքներու ծանրութեան զգուշացումներէն մինչեւ Իրաքի տարածքային ամբողջականութիւնը չխախտելու կոչեր` իրենց երանգներով եւ նրբերանգներով տակաւին պիտի շարունակուին:

Բայց անկախ քրտական գործօնէն կան ուժեր, աշխարհաքաղաքական կեդրոններ, որոնց կատարած յայտարարութիւններն ու գետնի վրայ նման իրաւակարգային գործընթացներու կանաչ լոյս տալու մղումները իրար չեն համընկնիր: Փաստօրէն կ՛ապրինք ժամանակի մը մէջ, ուր քաղաքական նման տարածաշրջանային իրադարձութիւնները ինքնուրոյն չեն կայացուիր եւ ինչպէս պատերազմական գործողութիւնները, այնպէս նաեւ քաղաքական նման ցնցումներ կը համաձայնեցուին տարբեր շահագրգիռ կողմերու հետ:

Բայց կայ իրօք ռազմաքաղաքական անհանգստութիւն: Կան նաեւ այս հարթութեան վրայ շահերու համընկնումներ: Եթէ Իրանն ու Թուրքիան իրենց սահմանները կը փակեն անկախացման ճամբան բռնած Քիւրտիստանի հետ, ըսել է, թէ հեռանկարային առումով թէ՛ Իրանի եւ թէ՛ Թուրքիոյ մէջ ապրող քիւրտերու եւ անոնց բանեցուցած քաղաքական գործօնին նկատմամբ գոյութիւն ունի խոր մտահոգութիւն: Իրաքեան տարածքներէն բացի միայն Սուրիոյ հետ այս պահու դրութեամբ բաց սահման ունեցող անկախացման կամք արտայայտած իրաքեան Քիւրտիստանը, ըստ էութեան նաեւ կամրջուած է աշխարհագրականօրէն Սուրիոյ մէջ ապրող քիւրտ ազգաբնակչութեան, հետեւաբար նաեւ քիւրտ զինեալ ուժերուն հետ:

Պաշտօնական Ուաշինկթընի համար ՏԱՀԵՇ-ը վերացնելու եւ Իրանը ետ կանգնեցնելու համար Իրաքը պէտք է միացեալ տեսնել: Իրաքի տարածքային ամբողջականութիւնը պահպանելու առաջադրանքին մասին արտայայտուած է նաեւ պաշտօնական Մոսկուան. առայժմ այս չափով եւ նշումով:

Հանրաքուէին նկատմամբ յայտարարուող միջազգային ընդդիմութիւնը միանշանակ շարժառիթներ չունի անշուշտ. պարզ է սակայն, որ ամէնէն անհանգիստը Անգարան է, որ այս պարագային ճիգի մէջ է յատկապէս Թեհրանի եւ նաեւ Պաքուի հետ միացեալ ճակատ կազմելու` Քիւրտիստանի անկախացման գործընթացը արգելակելու առումով:

Ազրպէյճանական գործօնը այս պարագային ազդեցիկ չէ: Չմոռնանք, որ կան յամառ զրոյց-համոզումներ իշխող ընտանիքին քրտական ծագում ունենալուն մասին: Սակայն ինքնութեան այս փաստը անցած է վերափոխման խորհրդային եւ ազրպէյճանական հզօր փուլերէ եւ թերեւս դժուար ըլլայ արմատներու վերադարձի միտումներ նկատել այս պարագային:

Խնդիրը հայկական ոսպնեակով, աշխարհաքաղաքական այս դիտակէտերէն բացի ունի նաեւ գաղափարաքաղաքական մօտեցումներու վերաբերող հայեցակէտեր: Ոչ անպայման պատմական, հեռանկարային իմաստով պահանջուած տարածքներու պատկանելիութեան գալիք վէճերու առումով, այլ զուտ այժմէական հնչեղութեամբ:

Ի վերջոյ այս պարագային եւս կայ մէկ կողմէ տարածքային ամբողջականութեան միջազգային իրաւունք եւ միւս կողմէ ազգերու ինքնորոշման միջազգային սկզբունք: Իրաւական տեսաբանութեան այս մօտեցումին մէջ հայկական կողմը ինքնահակասութենէ խուսափումի պատճառներ ունի տարբեր կողմերէն աւելի: Ինքնավար Քիւրտիստանի հետ առեւտրական յարաբերութիւններ հաստատած պաշտօնական Երեւանը հայեցակարգային դիրքորոշում որդեգրելու անհրաժեշտութեան առջեւ կրնայ գտնուիլ շրջափակուող Քիւրտիստանի հետ:

Փոխլրացուցիչ քաղաքականութիւնը եթէ մէկ կողմէ նկատի կ՛ունենայ Հայաստանի Հանրապետութիւնն ու անկախացման ուղին բռնած Քիւրտիստանը շրջափակած Անգարան, միւս կողմէ անպայման նաեւ Հայաստանին կարեւոր ցամաքային ելք մնայունօրէն բաց պահած Թեհրանը, որ այս պարագային Անգարայի հետ շահերու համընկնումի դիրքին վրայ է:

Առանց պաշտօնական ճանաչումի յարաբերութիւնները շարունակելու Երեւանի վարքագիծը շեղում կամ շրջադարձ կատարելու նախադրեալներ չունի: Մանաւանդ որ հանրաքուէն տակաւին անկախութիւն չի նշանակեր. եւ թէկուզ խաղաթղթային դերով, այնուամենայնիւ Քիւրտիստանը աշխարհաքաղաքական օրակարգ է:

«Ա.»

aztagdaily.com