Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Աղբյուրը՝ Aztagdaily
15-17 սեպտեմբերին Այնճարի մէջ տարբեր նախաձեռնութիւններով նշուեցաւ Մուսա լերան հերոսամարտի 102-ամեակը:
Ս. Պատարագ Եւ Մատաղօրհնութիւն
Կիրակի, 17 սեպտեմբեր 2017-ի առաւօտեան, Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց եւ քարոզեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, որ անդրադարձաւ Խաչվերացին եւ Մուսա լերան հերոսամարտի տարեդարձին` զոյգ առիթները նկատելով կարեւոր, անկիւնադարձային եւ օրինակելի մեր ժողովուրդին համար:
Առաջնորդ սրբազանը անդրադարձաւ Քրիստոսի խաչափայտին համար մղուած պատերազմին` զայն վերադարձնելու համար գերութենէ, պատերազմը, որուն իր մասնակցութիւնը բերած է նաեւ հայկական այրուձին: Գերութենէ վերադարձին խաչափայտը ժողովրդային տարողութեամբ դիմաւորուած է նաեւ Հայաստանի մէջ, եւ Խաչվերացի տօնը խաչին եւ խաչեալին հաւատարմութեան տօնն է, որ կը հզօրացնէ հաւատացեալները աստուածային հաւատքով:
Անդրադառնալով Մուսա լերան հերոսամարտին` առաջնորդ սրբազանը ըսաւ. «Մուսալեռցիները հաւատացին իրենց կամքի ուժին եւ նախընտրեցին արժանապատիւ նահատակութիւնը` փոխան սոսկական չարչարանքին ու մահուան: Անոնք լեռ բարձրացան եւ հայուն արժանապատուութիւնը բարձր պահելով պայքարեցան ու Աստուծոյ օգնութեամբ փրկուեցան»:
Պատարագի աւարտին ներկաները ուղղուեցան դէպի Մուսա լերան յուշարձան-համալիր, ուր տեղի ունեցաւ Մուսա լերան նահատակներու հոգեհանգստեան արարողութիւն: Ապա կատարուեցաւ մատաղի օրհնութիւնը:
Մուսա Լերան Հերոսամարտի 102-ամեակի
Ժողովրդային Տօնախմբութիւն
Շաբաթ, 16 սեպտեմբեր 2017-ի երեկոյեան ժամը 9:00-ին, հայրենակիցներու հոծ բազմութիւն մը` հետեւելով ՀՄԸՄ-ի Այնճարի շեփորախումբին, ուղղուեցաւ դէպի Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ շրջափակ, ուր տեղի ունեցաւ Մուսա լերան հերոսամարտի 102-Ամեակի ժողովրդային տօնախմբութիւնը` կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին:
Ձեռնարկը ընթացք առաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներով` կատարողութեամբ ՀՄԸՄ-ի Այնճարի շեփորախումբին, ապա օրուան հանդիսավար Կրէյս Գալուստեան բեմ հրաւիրեց Մարինէ Գարայեանը` արտասանելու բացման խօսքը:
Մարինէ Գարայեան նախ բազմութիւնը հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելու յիշատակը Մուսա լերան հերոսամարտի նահատակներուն եւ վերջին շրջանին ահաբեկչութեան դէմ պատերազմին ընթացքին լիբանանեան բանակի տուած նահատակներուն, ապա ըսաւ, որ մեզ մէկտեղողը, ամէն տարուան պէս, դարձեալ Մուսա լերան ոգին է եւ Մուսա լերան նահատակներուն մղած հերոսամարտի սխրանքը: Ան շարունակեց. «Ոչ մէկ ճիգ պիտի խնայուի Այնճարի հայկական դիմագիծի պահպանման ու Այնճարի բարեզարդման, եւ քաղաքապետութեան կողքին ու գիւղիս մէջ գործող երեք համայնքներուն ու քոյր միութեանց հետ ձեռք-ձեռքի պիտի շարունակենք ճառագայթող Այնճարը պահել ամբողջ հայութեան ներշնչման անսպառ աղբիւրը, այնպէս ինչպէս 102 տարիներ առաջ Մուսա լերան ժողովուրդը 40 օրերու հերոսամարտով իր ազդու պատգամը ուղղեց ե՛ւ թուրքին, ե՛ւ յաջորդող սերունդներուն»:
Ապա Համազգայինի «Քնար» պարախումբը ներկայացուց ազգագրական պար մը:
Օրուան պատգամախօս Յակոբ Հանտեան իր խօսքին մէջ ըսաւ, թէ ժամանակը թէեւ շատ բաներ փոխած է, սակայն թշնամին կը մնայ նոյնը: Թուրքը թուրք է, չի փոխուիր: Ան տակաւին կը պայքարի իր համաթուրանական երազներուն հասնելու: «Այս դարուս պէտք է արթուն ըլլալ, որովհետեւ համաշխարհայնացման ալիքը կը սպառնայ բոլոր ազգերու զաւակներուն` հեռացնելով զանոնք իրենց ազգային արմատներէն, սովորութիւններէն եւ աւանդութիւններէն», դիտել տուաւ ան: Յակոբ Հանտեան վեր առաւ Մուսա լերան ժողովուրդի սխրանքին կարեւորութիւնը` 1915 թուականին ինչ որ իրագործուեցաւ ժողովուրդի քաջութեան, միասնականութեան եւ առողջ բնազդին գոյութեամբ:
Այս առիթով խօսք առաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, որ ըսաւ. «Նոյնիսկ 100 տարի ետք եւ որքան ալ որ տարիները անցնին, Մուսա լերան հերոսամարտի յիշատակը վառ կը մնայ իւրաքանչիւր հայու հոգիին մէջ` միշտ յիշելով անոր խորհուրդը ու նահատակներուն զոհողութիւնն ու սխրագործութիւնները»:
Գեղարուեստական յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Համազգայինի տհոլահարներու համոյթը եւ Լալէ Զէյթլեան:
Ձեռնարկը շարունակուեցաւ բարձր տրամադրութիւններով ու հայաշունչ մթնոլորտի մը մէջ. ելոյթ ունեցան հայրենասիրական եւ ժողովրդային երգերու մեկնաբան հայրենի երգիչ` Սեւակ Ամրոյեան եւ աշուղական երգերու մեկնաբան Գարմէն Աճէմեան:
Տօնակատարութիւնը աւարտեցաւ Մուսա լերան աւանդական թմբուկ զուռնայով եւ շուրջպարով` Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ:
Բացում` Այնճարի 2017-ի Փառատօններուն
Ուրբաթ, 15 սեպտեմբերին տեղի ունեցաւ պաշտօնական բացումը 2017-ի Այնճարի փառատօներուն` հովանաւորութեամբ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի եւ կազմակերպութեամբ Այնճարի բարգաւաճման միութեան:
Բացման հանդիսութեան ներկայ էին զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեան, երեսփոխաններ, պատկան մարմիններու եւ քաղաքապետական, դատական, թէ ապահովական կառոյցներու ներկայացուցիչներ:
Բացման խօսքը արաբերէնով արտասանեց Մարի Մարաշլեան, որ նախ հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելու լիբանանեան բանակի նահատակներուն յիշատակը, ապա ան ըսաւ, որ այս տարուան փառատօնին մենք կը տեսնենք անցեալը իր աւանդութիւններով ու ներկան իրեն հետ բերած նորութիւններով:
Ապա ան հրաւիրեց Այնճարի բարգաւաճման միութեան տնօրէն Ճորճ Փուչիկեանը, որ նշեց, թէ այս փառատօնին բացումը կը զուգադիպի Մուսա լերան հերոսամարտի 102-ամեակի տօնակատարութիւններուն, ինչպէս նաեւ Խաչվերացի տօնին, որ ամէն տարի տօնական շուքով կը նշուի Այնճարի մէջ: Ան անդրադարձաւ նաեւ վերջին շրջանին բանակին արձանագրած յաջողութիւններուն, որոնց շնորհիւ այսօր կայուն վիճակ կը տիրէ երկրին մէջ:
Խօսք առաւ Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեան, որ նախ արաբերէնով, ապա հայերէնով ըսաւ. «Փառատօնային այս մթնոլորտը չի կրնար ամբողջանալ, եթէ անիկա հիմնուած չըլլայ ապահովական, ընկերային ու տնտեսական որոշ արժեչափերու վրայ, որոնք հաւասարակշռուեցան Լիբանանի նախագահ զօր. Միշել Աունի կողմէ»:
Ապա ելոյթ ունեցաւ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, որ ըսաւ, թէ Այնճարի մէջ ան կը զգայ մտերիմ: Անիկա ըլլալով Պեքաայի միակ հայաշունչ գիւղը, կապ կը պահէ Պեքաայի քաղաքապետութիւններուն եւ տարբեր ներկայացուցիչներուն հետ:
Հանդիսութեան աւարտին ներկաները հիւրասիրուեցան գիւղին աւանդական ուտեստեղէններով եւ շրջեցան հրապարակը տեղադրուած կրպակները:
Տոհմիկ Երեկոյ
Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղին, ուրբաթ, 15 սեպտեմբերին տեղի ունեցաւ Մուսա լերան հերոսամարտի 102-ամեակին նուիրուած տոհմիկ երեկոյ` ներկայութեամբ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու եւ բազմաթիւ հայորդիներու:
ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութեան անունով բացման խօսքը արտասանեց Ռոզիկ Պաքքալեան, որ ըսաւ, թէ այն համարձակութիւնն ու յանդգնութիւնը, զորս մեր պապերը ցոյց տուին հայոց պատմութեան ամէնէն ողբերգական մէկ պահուն` Մուսա լերան քառասուն օրերու սխրագործութեամբ, պարզապէս հպարտութեան առիթ չէ մեզի համար, այլ կոչ` պահելու եւ բծախնդրութեամբ նորահաս սերունդներուն փոխանցելու ազգային ու մարդկային այն բարձր մակարդակը, որ արեան գնով նուաճուեցաւ լերան գագաթին:
Ապա խօսք առաւ Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեան, որ ընդգծեց կնոջ կարեւորութիւնը մեր կեանքերուն մէջ` նկատի առնելով, որ ԼՕԽ-ը յանձնախումբեր կը ստեղծէ, եւ այդ յանձնախումբերուն ընդմէջէն ժողովուրդին օգտակար կ՛ըլլայ` մայրութիւն ընելով հասարակութեան եւ օժանդակութեան կարիք ունեցող ընտանիքներուն:
Երեկոն հանդիսավարեց Յակոբ Այնթապլեան, գեղարուեստական բաժինին մասնակցեցան Քնար Գամպէրեան` ասմունք, Մարիա Աբէլեան, Նազանի Ադամեան եւ Նարոյ Ադամեան` երգ, Համբիկ Յովսէփեան եւ Սեւատա Անտոնեան` նուագ: Ելոյթ ունեցաւ Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» քոլեճի պարախումբը` պարուսոյց ունենալով Ժիրայր Քեչեճեանը: Լարա Գարակէօզեան եւ Մարիա Աբէլեան ներկայացուցին Մուսա լերան բարբառով ասմունք մը` «Հայր իմ ըզգի ուզիցա, վիտտըդ փիփակ ըր…»: Փոքրիկ Աշոտ Գարագաշեան Մուսա լերան բարբառով ներկայացուց «Արի Հէյ Ամուղլայ»-ը:
Ապա Լոռի, Արփա եւ Յասմիկ Այնթապլեաններ կտոր մը նուագեցին:
Գեղարուեստական յայտագիրին մաս կազմեցին գիւղին երիտասարդները իրենց զանազան տաղանդներով:
Մանրամասները՝ սկզբնաղբյուրում: