կարևոր
0 դիտում, 7 տարի առաջ - 2017-09-14 15:56
Հասարակություն

Դաշնակցութեան Ազգային Արեւելումէն Խաւարողները

Դաշնակցութեան Ազգային Արեւելումէն Խաւարողները

Աղբյուրը՝ arfd.am

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ

Կան հանրութիւնը յուզող դէպքեր, որոնք ազգային արժանապատուութիւնը կը խոցեն։ Նման դէպք մը պատահեցաւ մի քանի օր առաջ, Սեպտեմբեր 12ին, երբ Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարարութիւնը որոշեց փակել Յովհաննէս Թումանեանի թանգարանի «Խաւարում» խորագրութեամբ բացօթեայ ցուցահանդէսը, որ նուիրուած էր Խորհրդային բռնատիրութեան զոհերուն։

Կան հանրութիւնը մտահոգող պահանջներ, որոնք ազգային պատմութիւնը սրբագրելու կը ձգտին։ Նման պահանջ մըն էր Երեւանի մէջ բոլշեւիկ ղեկավարներու անունը կրող փողոցներու վերանուանումը՝ ազգային հարազատ արժէքներ մարմնաւորող անհատներու եւ պատմական դէպքերու անուններով։

Կան նաեւ հանրութեան հպարտութիւնը վերահաստատող նախաձեռնութիւններ, որոնք կը վերականգնեն մեր ազգային գիտակցութիւնը, կը յաւերժացնեն մեր հաւաքական յիշողութիւնը եւ կը լուսագծեն ճանապարհը մեր ժողովուրդի անկատար իղձերուն ու պատմական առաքելութեան։ Նման նախաձեռնութիւն էր Երեւանի կեդրոնը մեր անկախ հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի յուշարձանի տեղադրման որոշումը։

Նման դէպքերու ճամբով է, որ կը կոփուի հայ մարդուն քաղաքացիական գիտակցութիւնը, կը ձեւաւորուի առողջ քաղաքական մշակոյթի զարգացումը, եւ կը պատրաստուի գիտակից ազգային ղեկավարութիւնը։ Այս ակնկալութիւններուն թարգմանն ու խթանը պէտք է հանդիսանային նշեալ երեք դէպքերը։

Թումանեանի թանգարանի «Խաւարում» ցուցահանդէսը կոպտօրէն խափանուեցաւ մեր պետութեան այն նախարարութեան կողմէ, որուն վստահուած է մեր մշակոյթի պաշտպանումը, պահպանումը եւ յաւելեալ զարգացումը։ Փակման որոշումի կապակցութեամբ մշակոյթի փոխ նախարար Արեւ Սամուէլեան նշած է, թէ «Ճիշտ է, թեման ակտուալ է, մենք պէտք է պատմութեանը պարզ երեսով նայենք, բայց կարծում եմ, որ այն մի փոքր քաղաքականացուած էր:» Այսպիսի յանձնապաստան բացատրութիւն պարզապէս փորձ մըն է սքօղելու նման որոշումի ետին կանգնող պատասխանատուներու նենգ մտայնութիւնը։

Արուեստի ճամբով ճշգրիտ պատմութեան ներկայացումը բնականաբար պիտի ունենայ քաղաքականացուած պատգամ, որովհետեւ ներկայացման թեման ըստ ձեւի ու ըստ էութեան քաղաքական բովանդակութիւն ունի։ Կ՚ակնկալուի որ մեր մշակոյթի նախարարութիւնը կազմուած ըլլայ մասնագէտներէ, որոնք օժտուած ըլլան բազմակողմանի գիտելիքներով եւ տեղեակ ըլլան արուեստի արտայայտութեան այլազան տեսակի ոճերու։ Այլապէս, նախարարութեան ներկայ անձնակազմը պիտի չզարմացնէ եթէ պոռնկագրութեան բացատրութեամբ ցուցահանդէսէ մը դուրս հանէ մերկութիւն արտայայտող քանդակագործութիւն մը։

Հիմնովին սխալ էր նախարարութեան այս որոշումը եւ, իբրեւ այդպիսին, աններելիօրէն դատապարտելի։

Երկրորդ դէպքը, բոլշեւիկ մարդկանց անուանակոչումով Երեւանի փողոցներու վերանուանման հարցը ցարդ անհետեւանք մնացած անորոշութիւն մըն է երկու պատճառներով։ Առաջին, վերանուանման պահանջին անկազմակերպ, այլեւ ամբոխավարական ձեւն ու բնոյթը ի սկզբանէ ամլութեան դատապարտուած բաղձանքի մը կերպարանքին վերածուեցաւ։ Տիրեց բազում աղմուկը, բացակայեցաւ ծրագրուած ու հիմնաւորուած վերանուանման առաջադրութիւնը։

Երրորդ դէպքը, Արամ Մանուկեանի յուշարձանի տեղադրումը ընթացքի մէջ գտնուող նախաձեռնութիւն է։ Սակայն, կարելի չէ մտահան ընել յուշարձանի կառուցման դէմ բարձրացուած այն վայնասունը, որուն հեղինակները՝ քաղաքական դիրքի վրայ թէ արուեստագէտի պիտակի տակ նախկին կոմսոմոլականներ են, որոնց համար տակաւին անընդունելի կը մնան Դաշնակցութեան արժէքներն ու հերոսները։

Այսպէս, երեք դէպքեր, որոնք կրնային աւելի պայծառացնել մեր ազգային դիմագիծն ու ինքնութիւնը, ինչպէս եւ աւելի խորացնել մեր ազգային գաղափարախօսութիւնը։ Ցաւալի է որ այդպէս չեղաւ։

Մինչ տակաւին կայ աւելի ցաւալին։ Հայ հանրութեան ցաւերն ու արժանապատուութիւնը յուզող նման դէմքեր առանցքային արժէք ու իմաստ ունին ազգային առումով։ Անոնք կը ձգտին վերականգնել մեր պատմութիւնը, կենսագործել մեր արժանապատուութիւնը եւ լուսաւորել մեր հաւաքական նպատակները։

Հետեւաբար, նման դէպքեր քաղաքական սին հաշիւներով իշխանութիւն հարուածելու եւ երկիրը ապակայունացնելու նենգ նպատակներու պատանդ պէտք չէ դառնան։

Սակայն, դարձան։ Իւրաքանչիւր դէպքի հետ կարգ մը շրջանակներ առնչակից դարձուցին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը։ Անոնք փորձեցին պարտադրել իրենց սեփական օրակարգը, որպէսզի դէպքերուն ներքեւ մխրճեն Դաշնակցութիւնը, ապա բացատրութիւն պահանջեն, եւ ապա մեղադրեն, որ «ահա, կը տեսնէք աչքովին, Դաշնակցութիւնը ոչինչ կ՚ընէ»։ Ասիկա, ըստ երեւոյթին, իշխանափոխութեան պայքարի շարունակութիւնն է հակադաշնակցականութեամբ։

Երեք դէպքերու պարագային ալ Դաշնակցութիւնը ըսած է իր ըսելիքը եւ ըրած է ու կը շարունակէ կատարել իր ընելիքը։ Ոչ մէկը կրնայ յանդգնութիւնը ունենալ Դաշնակցութեան դաս տալու պոլշեւիկեան քանդումներուն եւ սպանդներուն մասին։ Մանաւանդ, հայ կեանքէ ներս ոչ ոք կրնայ Դաշնակցութեան շուքին իսկ հասնիլ, երբ հարցը կը վերաբերի բոլշեւիկի դէմ Դաշնակցութեան մղած եօթանասունամեայ պայքարին։

Սակայն, պէտք է ճիշդ ըմբռնել իշխանափոխական այս շրջանակներու մարտավարութիւնը, որ յարձակման ու մեղադրման թիրախի վերածած է Դաշնակցութիւնը։ Ասոնք «սորոսեան» թէ այլ շրջանակներէ հարկ եղած աջակցութիւնը ստացող շրջանակներն են։

Անշուշտ խորամանկ են «սորոսեան» ֆինանսաւորումը վայելող այս շրջանակները։ Եւ ինչո՞ւ չըլլան։ Ո՛չ միայն դրամ եւ գործ, այլեւ խորհուրդ կը ստանան «մասնագէտ» գործակալութիւններէ։ Նպատակնին միշտ նոյնն է.- հայրենիքի ապակայունացումով իշխանափոխութիւն։

Սպառած ըլլալով իրենց ժանգոտած փամփուշտները, այս նոյն մարդիկը այժմ սկսած են «մտահոգուիլ» Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան «վարկով»։ Սակայն իրենց մտահոգութիւնը կը յայտնեն հակադաշնակցականութեամբ։

Թիրախը Դաշնակցութիւնն է։ Շատ հասկնալի է այս։ Հայրենիքի ու հայրենի ժողովուրդի, Հայկական Սփիւռքի ու բովանդակ հայութեան շահերը հաստատակամ ու հետեւողական կերպով պաշտպանելու Դաշնակցութեան վճռականութիւնը դիւր չի գար ո՚չ Ռուսաստանի, ո՚չ Թուրքիոյ, ո՚չ Ատրպէճանի, եւ ոչ ալ ԱՄՆին։ Անշուշտ, ո՚չ ալ հայրենի սորոսականներուն

Ճիշդ այս կէտին, այսինքն՝ հակադաշնակցականութեան, վրայ կը նոյնանան շահերը Ռուսաստանամէտին, Ազերիամէտ եւ Թրքամէտին, Ամերիկամէտին, Հայաստանի բոլոր տեսակի բոլշեւիկներուն եւ սորոսեան գունաւոր իշխանափոխութեան հետամուտ հայրենի շրջանակներուն։

Մինչ այս տիպարները պիտի շարունակեն մնալ իրենց օտար տէրերու շահերուն ծառայող արեւելումներով, Դաշնակցութիւնը ամուր եւ կանգուն կը մնայ իր ազգային արեւելումով, որուն պաշտպանութեան եւ հոգատարութեան առանցքը միայն ու միայն Հայաստանն ու Արցախն է, բովանդակ հայ ժողովուրդն է իր հայրենական տարածքներով եւ Սփիւռքով։

Լոս Անճելըս,

Սեպտեմբեր 13, 2017