Փոխարժեքներ
25 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
Աղբյուրը՝ «Գանձասար»
«Սուրիոյ բարեկամ ժողովուրդին՝ խաղաղութեան ջերմ մաղթանքներով»: Այս մաղթանքներով Հայաստանի Հանրապետութիւնը Սուրիական Արաբական Հանրապետութեան հետ բարեկամական ջերմ եւ փոխադարձ վստահութեան վրայ հիմնուած յարաբերութիւններուն կողքին, մարդասիրական օժանդակութիւններով անգամ մը եւս կը հաստատէ իր զօրակցութիւնը Սուրիոյ ժողովուրդին:
Արդարեւ, Ուրբաթ 24 Փետրուար 2017-ին ՀՀ մարդասիրական երկրորդ հանգրուանի օժանդակութիւններու երկրորդ բաժինը Լաթաքիոյ Հըմէյմիմ ռազմակայանէն ռուսական բեռնատարներով հասաւ Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցի: Օժանդակութիւնները ստանձնեցին ՀՀ Հալէպի Հիւպատոսութեան երկրորդ քարտուղար Արմէն Գէորգեան եւ Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան Հալէպի Գործադիր Մարմնի անդամները:
Օժանդակութիւնը կը պարունակէր սննդամթերք, հանդերձանք եւ քնապարկեր:
Շտապ օգնութեան Հալէպի Գործադիր Մարմինը ապրանքատեսակներու համապատասխան բաժանումը կատարելէ ետք պիտի բաշխէ զանոնք ժողովուրդին:
Նշենք, որ յիշեալ օժանդակութիւններու առաջին բաժինը Հալէպ հասած էր նախորդ Կիրակի՝ 19 Փետրուար 2017-ի առաւօտեան: