Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Երէկ երեկոյեան ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն իր գումարած նիստին ընթացքին որոշեց ցնոր տնօրինութիւն առկախել աղբերու ընդունումը Պուրճ Համուտի մէջ յատկացուած յատուկ հողամասին վրայ, ուր պիտի կառուցուի տեսակաւորուած աղբի թափօններու թաղման վայրը, եւ հրապարակեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը:
Հաղորդագրութիւն
17 յուլիս 2015-ին Նաամէի աղբանոցին փակումով Լիբանան մուտք գործեց մութ փակուղի մը, երբ Նաամէի աղբանոցը փակուեցաւ, առանց աղբերու հարցը լուծելու յստակ այլընտրանքներու:
Աղբի տագնապը տեւեց ութ ամիս, որուն ընթացքին կատարուեցան շարք մը առաջարկներ, ներկայացուեցան լուծումներ, լուծման ծրագիրներ` շրջանցելու համար այդ տագնապը: Տագնապին ամբողջ տեւողութեան, ՀՅ Դաշնակցութիւնը մերժեց վերաբանալ Պուրճ Համուտի աղբանոցը, որուն մինչեւ վերջնական փակումը, 1997-ին, ան արդէն իսկ վերածուած էր աղբակոյտի մը:
Հակառակ այս վերջնական կեցուածքին, եւ երկիրը աղբերու մէջ թաղուելէ եւ ախտերու տարածուելէն ետք, աղբի տագնապի լուծման կառավարական յատուկ յանձնախումբը դարձեալ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին առաջարկեց մասնակից դառնալ աղբի տագնապի լուծման` գործադրելով քառամեայ փոխանցման ծրագիր մը, որմէ ետք կարելի պիտի ըլլար հասնիլ վերջնական լուծման:
Կեդրոնական կոմիտէն դրական կերպով վարուեցաւ աղբի տագնապի լուծման իբրեւ փոխանցման փուլ որդեգրուած այդ միջոցառումներուն նկատմամբ:
Կենսոլորտի փորձագէտներու եւ պատասխանատուներու հետ տեղի ունեցած բազմաթիւ հանդիպումներէ եւ խորհրդակցութիւններէ, շրջանին բնակչութեան առողջութիւնը ապահովող թեքնիք մանրամասնութիւնները քննելէ, ինչպէս նաեւ Պուրճ Համուտի ծովափին վրայ գտնուող քսանամեայ աղբանոցը վերացնելու կարելիութիւնը սերտելէ ետք, համաձայնութիւն գոյացաւ փոխանցման լուծման այդ ծրագիրին շուրջ:
Պէտք է աւելցնել սակայն, որ 12 մարտ 2016-ի կառավարութեան նիստին ընթացքին վաւերացուած լուծման ծրագիրը Կեդրոնական կոմիտէին առաջարկով սրբագրուեցաւ 17 մարտ 2016-ին` հիմնուելով ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ ճշդուած ժամկէտին, վնասազերծուած թափօններու թաղման վայրին մէջ օրական դրութեամբ թաղուելիք թափօններու քանակին, ինչպէս նաեւ հոն կատարուող աշխատանքներուն հսկելու իմաստով Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանին վերապահուած իրաւունքին վրայ: Աշխատանքին հսկողութիւնը կ՛ենթադրէ թափօններու քանակին, աղբի տեսակաւորման եւ մշակման աշխատանքին, ինչպէս նաեւ վնասազերծուած թափօններու թաղման վայրի ստեղծման աշխատանքները, պայմանաւ որ չորս տարուան ժամկէտի աւարտէն ետք Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան ամբողջ տարածքին մէջ որեւէ տեսակի ծրագիր չգործադրուի:
Այս համաձայնութենէն ետք, կառավարութիւնը կրցաւ նաեւ վնասազերծուած թափօններու թաղման երկրորդ վայրի համաձայնութիւն մը ապահովել Քոսթապրաւայի մէջ եւ այդպիսով աւարտել աղբի տագնապին լուծումը, որ ութ ամիս շարունակ լիբանանցի քաղաքացիին համար վերածուեցաւ ծանր բեռի մը:
Ծրագիրի վաւերացումէն ետք, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն վարչապետ Թամմամ Սալամի, Բարգաւաճման եւ վերաշինութեան խորհուրդին, կապալառուին եւ նուազուրդի հոլովոյթին խորհրդատուներուն հետ իրերայաջորդ ժողովներու ընթացքին հետեւեցաւ վնասազերծուած թափօններու թաղման վայրի ստեղծման աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ հսկեց աղբի տեսակաւորման, մշակման եւ տեսակաւորուած աղբերու հաւաքման աշխատանքին:
– Նկատի ունենալով, որ այս ծրագիրը ամբողջական եւ համապարփակ ծրագիր է, հետեւաբար անոր բոլոր փուլերը պէտք է գործադրուին` համաձայն այն բոլոր մանրամասնութիւններուն, որոնց շուրջ համաձայնութիւն գոյացաւ նախարարաց խորհուրդին հետ, որ 12 մարտ 2016-ի նիստին միաձայնութեամբ վաւերացուց ծրագիրը: Հետեւաբար կարելի չէ անտեսել, կամ ուշացնել կամ ջնջել այդ ծրագիրէն որեւէ բաժին:
– Նկատի ունենալով, որ աղբերու թափօններու թաղման վայրին մօտ գտնուող տեսակաւորուած աղբերու մթերման վայրին մէջ անոնց հաւաքման, այս թափօններու առողջապահական բջիջներու ստեղծման եւ աղբակոյտի վերացման նպատակով ծովային պատնէշի կառուցման համար ճշդուած 3-6 ամսուան ժամկէտը չէ յարգուած:
– Նկատի ունենալով նաեւ, որ ծրագիրի առաջին բաժինը առողջապահական առաջին բջիջի ստեղծումն է` վնասազերծուած թափօններու թաղման վայրին մէջ, սակայն մթերման վայրերուն մէջ տեսակաւորուած աղբերու ընդունման դէմ ցուցաբերուած մերժողական կեցուածքին պատճառով յապաղում արձանագրուած է:
Այս ծրագիրի իրագործման նկատմամբ ոմանք մերժողական կեցուածք ճշդած են` զայն վնասակար նկատելով շրջանին բնակչութեան առողջութեան համար, առանց նկատի ունենալու, որ տեսակաւորուած նշեալ մթերման վայրին մէջ կուտակուած աղբերը առողջապահական եւ կենսոլորտային առումով աւելի հսկայ վնասներ կը պատճառեն, քան նոյնինքն վնասազերծուած թափօններու թաղման վայրը:
– Նկատի ունենալով, որ վնասազերծուած թափօններու թաղման վայրը չկառուցուելու եւ աղբանոցը չվերացուելու պարագային, կտրականապէս կը մերժենք, որ Պուրճ Համուտի ծովեզերքը վերածուի աղբանոցի, ինչպէս որ է կացութիւնը հիմա:
Հետեւաբար ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը որոշեցին այսօր` չորեքշաբթի, 24 օգոստոս 2016-էն սկսեալ արգիլել տեսակաւորուած աղբերու ընդունումը Պուրճ Համուտի ծովեզերքը գտնուող աղբերու ժամանակաւոր մթերանոցին մէջ, մինչեւ որ վերսկսի 17 մարտ 2016-ին կառավարութեան կողմէ վաւերացուած ծրագիրին գործադրութիւնը` յայտնելով մեր պատրաստակամութիւնը ուսումնասիրելու որեւէ առաջարկ, որ նշեալ ծրագիրը կը բարելաւէ, առանց այդ ծրագիրին հիմնական կէտերը խեղաթիւրելու:
ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷԻ
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ